Վիքիդարան hywikisource https://hy.wikisource.org/wiki/%D4%B3%D5%AC%D5%AD%D5%A1%D5%BE%D5%B8%D6%80_%D5%A7%D5%BB MediaWiki 1.47.0-wmf.21 first-letter Մեդիա Սպասարկող Քննարկում Մասնակից Մասնակցի քննարկում Վիքիդարան Վիքիդարանի քննարկում Պատկեր Պատկերի քննարկում MediaWiki MediaWiki քննարկում Կաղապար Կաղապարի քննարկում Օգնություն Օգնության քննարկում Կատեգորիա Կատեգորիայի քննարկում Հեղինակ Հեղինակի քննարկում Պորտալ Պորտալի քննարկում Էջ Էջի քննարկում Ինդեքս Ինդեքսի քննարկում TimedText TimedText talk Մոդուլ Մոդուլի քննարկում Event Event talk Հեղինակ:Լևոն Շանթ 100 36 397402 397400 2026-09-29T09:12:48Z Emptyfear 547 /* Վիպակներ */ 397402 wikitext text/x-wiki {{Հեղինակ |լրիվ անուն = Լևոն Շանթ |դասակարգում = Շանթ, Լևոն |սկզբնատառ = Շ |ծնվել է = 1869 |մահացել է = 1951 }} {{ՀԻ|Տարի=1951}} ==Բանաստեղծություններ== {{սյուն}} * [[Ինչու (Լևոն Շանթ)]] * [[Ուրվանկարներ]] * [[Հյուսք]] * [[Գնացքը (Լևոն Շանթ)]] * [[Մահ (Լևոն Շանթ)]] * [[Ժանգը]] * [[Հողմաղաց]] * [[Անուշ հովիկ]] * [[Վեր]] * [[Ալիքը]] * [[Անտառին երգը]] * [[Աղոթքը]] * [[Մակույկը]] * [[Ասուպ մը]] * [[Երնեկ]] * [[Փոթորիկ (Լևոն Շանթ)]] * [[Ստվերդ]] * [[Ես պատրանքը սիրեցի]] * [[Շոգենավին մեջ]] * [[Լուսնին տակ (Լևոն Շանթ)]] * [[Դուն իմս էիր]] * [[Ինչպես մեգը]] * [[Սրինգ]] * [[Լուռ]] * [[Հոս եկուր]] * [[Եթե (Լևոն Շանթ)]] * [[Մութին մեջ (Լևոն Շանթ)]] * [[Գիշերապահը (Լևոն Շանթ)]] * [[Զգուշ]] * [[Ֆանթազի]] * [[Նետ մը]] * [[Պատկերին մեջ]] * [[Մահիկը]] * [[Ծով (Լևոն Շանթ)]] * [[Սեվերու մեջ]] * [[Սիմֆոնի]] * [[Փիլիսոփաներ]] {{սյուն ավարտ}} ==Պոեմներ== * [[Լեռան աղջիկը|Լեռան աղջիկը]] ==Պիեսեր== * [[Հին աստվածներ|Հին աստվածներ]] * [[Կայսր]] * [[Շղթայվածը]] == Վիպակներ == * [[Երազ օրեր (Լևոն Շանթ)]] * [[Դարձ (Լևոն Շանթ)]] == Այլ == * [[Գրքեր և մարդիկ]] * [[Գրական երկերու դերը]] * [[Մեր անկախութիւնը]] b8w1y6vi11s61ikg8lhdyrlpul3gxig Մեր անկախութիւնը 0 151852 397403 2026-09-29T09:13:59Z Emptyfear 547 Նոր էջ «{{Վերնագիր |title= Մեր անկախութիւնը|previous =|next =|author =Լևոն Շանթ|section =|translator=|year =1925|notes = }} == ԿԱՄՔԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՐՈՒՄ == ==== I. Ազգային Ձգտումներ ==== Ժողովուրդի մը անկախութիւն ձեռք բերելը ազգամիջեան քայլ մըն է, մօտէն կամ հեռուէն կը շօշափէ շատ մը ազգերու հաշիւները, մանաւանդ ձեռնտո...»: 397403 wikitext text/x-wiki {{Վերնագիր |title= Մեր անկախութիւնը|previous =|next =|author =Լևոն Շանթ|section =|translator=|year =1925|notes = }} == ԿԱՄՔԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՐՈՒՄ == ==== I. Ազգային Ձգտումներ ==== Ժողովուրդի մը անկախութիւն ձեռք բերելը ազգամիջեան քայլ մըն է, մօտէն կամ հեռուէն կը շօշափէ շատ մը ազգերու հաշիւները, մանաւանդ ձեռնտու է կամ աննպաստ մասնաւորապէս մէկ-երկու ժողովուրդի շահերուն ու ձգտումներուն: Եւ ատոնցմէ ամէն մէկը` գործին ընծայած կարեւորութեան չափովը եւ իր կարողութեան համեմատ, կը ջանայ օժանդակելու կամ խանգարելու: Եւ երբ մեր միտքը, իրերը կանխել ուզելով, ըմբռնել կը ցանկայ, թէ այդ ընդհանուր հրմշտուքին ու քաշքշուքին մէջ մեր անկախութեան գունդը ո՞ւր պիտի գլտորի եւ ի՞նչ գծով, ամենէն առաջ պահանջ կը զգացուի որոշելու, թէ որո՞նք են այն ժողովուրդները, որոնք մասնաւոր կերպով լուրջ շահեր եւ ծրագիրներ ունին այն հողամասերուն մէջ ու շուրջը, որ մենք մեր հայրենիքը կ’անուանենք: Սակայն ինչպէ՞ս գիտնանք միւս ժողովուրդներուն ուզածը, ինչպէ՞ս իմանանք մեր դէմի ժողովուրդին դիտաւորութիւնը: Չէ՞ որ շատ բան պարզ չեն ըսեր, ամենէն կարեւորը կը ծածկեն. յաճախ ըսուած խօսքին ու կատարուած գործին մէջ տրամագծօրէն հակասութիւն կայ: Խաբէութիւնը հնագոյն դարերէն համարուեր է հիմքը քաղաքականութեան: Քաղաքականութիւն բառը ինքնին նոյնանիշ է դարձած կեղծիք բառին, ինչպէս որ շատ տեղ վաճառականութիւնը` խաբեբայութեան: Միւս կողմէն` հաստատ ու անյեղլի բաներ չեն ժողովուրդներու ցանկութիւններն ու բռնած ընթացքը: Շատ կը պատահի, որ այսօրուան ծրագիրը համապատասխան չըլլար վաղը առնուած քայլին` նայելով իրենց ներքին պայմաններուն, կուսակցութիւններու պայքարին, ընտրութիւններու հետեւանքին կամ արտաքին դժուարութիւններուն: Երբեմն նոյնիսկ իրար հակառակ կարծիք կ’ունենան նոյն մինիստրութեան1 պատկանող երկու անդամը, օրինակ, վարչապետն ու արտաքին գործերու նախարարը, արտաքին գործերու նախարարը եւ պատերազմականը, եւ ատոր համեմատ ալ քայլեր կ’առնեն, խօսքեր կը զրուցեն, որոնք իրար կը հերքեն, եւ այդ քաոսին մէջ կարծես հնար չէ ըմբռնելը, թէ ի՞նչ է դէմինիդ բռնած ընթացքը, իր ուզածը, ո՞րն է իսկականը` երէկուա՞նը, թէ այսօրուանը: Ճշմարիտ է այս բոլորը «օրուայ» քաղաքականութեան տեսակէտէն, երբ աչքի առջեւ ունինք առօրեայ շարժումները, օրը օրին առնուած քայլերը, օրուան զիկզակները: Բայց, երբ երեւոյթներուն նայինք քիչ մը վերէն եւ աչքի առաջ ունենանք աւելի երկու ու տեւական ժամանակներ, միշտ որոշ նկատելի է ժողովուրդի մը գլխաւոր ձգտումը, այն հիմնական ուղղութիւնը, որով ան կ’երթայ, ինչքան ալ, որ ծուռումուռ ըլլայ իր քալած գիծը ու զիկզակներ տայ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ բարձրութենէ դիտուած գետի մը կամ ճամբու մը ուղղութիւնը միշտ պարզ կարելի է որոշել, ինչքան ալ որ շատ ոլորներ, յետս դարձումներ ու կոտրտուքներ ունենան ճամբան ու գետը: Օրուան զիկզակներուն եւ առօրեայ շարժումներուն նուրբ հոտառութիւնը ունենալը կարեւոր է օրուան բռնելիք քաղաքականութեանդ համար: Իսկ ասոնց ընդհանուր ուղղութիւնը, ժողովուրդներու հիմնական շարժումն ու տեւական քաղաքականութիւնը ըմբռնելը անհրաժեշտ է քու սեփական տեւական ու հաստատ ճամբադ ընտրելու համար, որը նոյնպես միւսներուն նման կրնայ շատ կոտրտուիլ ու ծռմռուիլ գետնի պայմաններուն յարմարուելով, բայց եւ այնպէս պէտք է ունենայ իր յստակ ու որոշ ուղղութիւնը: Եւ ամէն ժողովուրդ ունի իր հիմնական, մեծ, ընդհանուր քաղաքականութիւնը, որուն կը ձգտի, որուն յամառ կը հետեւի, թէեւ երբեմն շատ դանդաղ ու շատ աննկատելի: Այդ խոշոր գծերով, այսպէս ըսեմ, ծրագրային քաղաքականութեան կից կ’երթայ այդ ծրագրի առօրեայ մասնակի ու հնարաւոր գործադրութիւնը, նայելով դրական ու իրական պայմաններուն ու պատեհութեան, իր ելքերովն ու էջքերովը, նահանջելով, յառաջանալով, կանգ առնելով. այսինքն գործնական քաղաքականութիւնը, օրուան քաղաքականութիւնը: Ժողովուրդներու այդ գլխաւոր ձգտումները միշտ մեր մտքին դէմ ունենալը անհրաժեշտ է ամէն մէկ գործնական քայլ առնելու ժամանակ. ատիկա է ուղեցոյցը, կողմնացոյցը, օրուան գահավէժ դէպքերուն ու հակընդդէմ փոփոխութիւններուն առջեւը չի մոլորուելու, գլուխդ չի կորսնցնելու համար, մանր ու խոշոր հակասութիւններու յորձանքին մէջը չի խեղդուելու համար, եւ անցողակի բարեկամութիւններուն ու թշնամութիւններուն վրայէն քու իսկական ուղեկիցդ, շահակիցդ, յենարանդ ու հակառակորդդ իրարմէ որոշել կարողանալու համար: ==== II. Ժամանակի Ոգին եւ Հասարակաց Կարծիք ==== Ազգամիջեան ամէն մէկ շարժման յաջողութիւնը, արագութիւնը եւ ուղղութիւնը էապէս ու նախապէս կախուած է այդ ազգային ձգտումներու փոխադարձ ընդհարումէն: Սակայն այդ հիմնական ու արմատական մասնաւոր ազդակներէն զատ, կան միջազգային տեսակի աւելի լայն ազդակներ, որոնք իրենց ազդեցութեան բաժինը կը բերեն ժողովուրդներու կատարած ազգամիջեան շարժումներուն վրայ: Այդ ուժերուն կարգէն ամենէն լայնը եւ ամենէն կարեւորը այն ընդհանուր ուղղութի՛ւնն է, որ բռնած է համամարդկային քաղաքակրթութիւնը, այն ճամբա՛ն, որով հիմա կը քալէ մարդկային զարգացումը, այն ղեկավար ըմբռնումնե՛րը, որ իւրացուցած է եւ իբրեւ անհրաժեշտութիւն մը կը նկատէ մարդկութեան ամենէն առաջադէմ մասը, այն ամէն՛ը ինչ որ կարճ բառով կրնանք անուանել ժամանակի ոգին: Քաղաքակրթութեան զարգացման ամէն աստիճանի վրայ պատմական ամէն խոշոր ու հիմնական շրջան ունի իր ժամանակի ոգին, իր տեսակէտները, իր սկզբունքները, որոնք խորապէս կ’ազդեն բոլոր ժողովուրդներու շարժումներուն ու ձգտումներուն: Ամէն ձգտում, որ ժամանակի ոգիին հոսանքովը կ’երթայ, յաջողելու հաւանականութիւնը ունի իր հետ, եւ ընդհակառակը, ժամանակի ոգիին հակառակ գնացողը կը թիավարէ հոսանքին ընդդէմ եւ մեծ վտանգի մէջ է ջրերու ուժէն քշուելու ու սուզուելու: Եւ իմաստուն պետութիւնները իրենց շահերն ու հաշիւները կը յարմարցնեն ժամանակի պահանջած ձեւերուն ու ըմբռնումներուն: Յենուելով ժամանակի ոգիին` անոնք դիւրացում ու թեթեւութիւն կուտան իրենց ձեռնարկներուն, ընդհանուրի համակրանքը կ’ապահովեն իրենց թիկունքին, եւ կ’ունենան մեծ հպարտութիւնը քաղաքակրթութեան ծառայած ըլլալու, որ ինքնին արդէն ուժ ու վստահութիւն ներշնչող գիտակցութիւն մըն է: Որով եւ իրենց առած քայլերը բարձրութիւն մը, ազնուութիւն մը կը քաշեն իրենց ետեւէն, ինչքան ալ որ այդ քայլերը իրե՛նք առած ըլլան զուտ ներքին անձնական շահերէ դրդուած: Մինչդեռ այդ նոյն շահերը եւ նոյն անձնական հաշիւները, երբ կը տարուին արհամարհելով ժամանակի հակումներն ու ըմբռնումները` իրենց վրայ կը կրեն յետադիմութեան կնիքը, հանրութեան հակակրանքը եւ կը նկատուին իբրեւ թշնամութիւն ու թշնամանք նետուած քաղաքակրթութեան երեսին: Ժամանակի ոգին իր հետ ունենալը խոր ու ներքին առաւելութիւն մըն է, ներքին զսպանակ մը, ներքին յաջողանք մը: Շատ աւելի մակերեսային, շատ աւելի խախուտ եւ շատ աւելի արտաքին առաւելութիւն մըն է հասարակաց կարծիքը քեզի հետ ունենալը, որը այդ կարգի երկրորդ ընդհանուր ու միջազգային ազդակ մըն է ժողովուրդներու առած քայլերուն վրայ: Հասարակաց կարծի՛ք, այսինքն զանազան ժողովուրդներու ղեկավար մարդոց համակրանքն ու հակակրանքը: Իսկ ղեկավար մարդիկն են բարձր պետական պաշտօնէութիւնը, վերին հոգեւորականութիւնը, խոշոր դրամատիրութիւնը, զանազան կուսակցութիւններու պարագլուխները, գիտութեան ու գեղարուեստի քանի մը աչքի իյնող դէմքերը եւ ատոնց բոլորի առօրեայ բերանը եղող լրագրութիւնը: Ուրիշ խօսքով` բազմագոյն ու այլակաշի ամբոխ մը, որ երբեք նոյն շահերն ու տեսակէտները չի կրնար ունենալ. կէս մասի այո՛-ն անպայման կերպով միւս կէսի ո՛չ-ն է, որով բոլոր տեսակի համակրանքներն ու հակակրանքները վերջ ի վերջոյ իրար կը չէզոքացնեն ընդհանրապէս: Եթէ քու հաշուին աւելցուկ մըն ալ մնայ` բաւական տարակուսելի է իր արժէքը, որովհետեւ այդ համակրանքն ու հակակրանքը շատ յաճախ ծնունդ են տգիտութեան, անտեղեակութեան, պատահականութեան, կամ կը բխին քու վիճակիդ հետ բնաւ կապ չունեցող կողմնակի, երբեմն անխոստովանելի աղբիւրներէ, որոնք քեզի օգնելէ աւելի կը վնասեն, եթէ յանկարծ ուզենաս յենուիլ զգացումներու այդ արտայայտութեան վրայ: Աւելի եւս գէշ, եթէ այդ արտայայտութիւնները արդիւնք են գութի, կարեկցութեան, խղճահարութեան, որովհետեւ հոդ կը պակսի յարգանքը, որը միակ եւ իսկական հիմքն է ամէն համակրանքի: Անշուշտ արժէք ունի այն հետաքրքրութիւնը, որ առաջացած է քու արժանիքիդ, քու կարողութիւններուդ, քու կամքիդ, կռուիդ ու ձգտումներուդ բնական գնահատումէն: Նմանապէս այն համակրութիւնը, որ կը բխի արդարութեան սկզբունքէն, իրաւունքի գիտակցութենէն, ժամանակի ոգիի պահանջէն եւ որ կը նայի ուրիշ ժողովուրդի մը վրայ, ինչպէս հաւասարի, եւ արդարութիւն կ’ուզէ անոր համար: Ջանա՛նք մեզի հետ ունենալու այս տեսակի համակրանքը, եթէ կրնանք, որովհետեւ ասիկա ալ ուժ մըն է վերջապէս ու ազդակ մը: Միայն երբեք չմոռնանք, որ գործի ու կեանքի մէջ այդ բոլոր համակրանքներն ու յարգանքները մարդիկ շատ դիւրութեամբ կը ծալլեն ու կը դնեն իրենց գրպանը ցնոր տնօրինութիւն, եթէ իրենց շահերուն ու տրամադրութիւներուն յանկարծ հակառակ դուրս գայ: Հեռուէն ու տեսականօրէն պատրաստ են ե՛ւ արդար ըլլալու ե՛ւ կարեկցոտ, բայց երբ հարցը կը մօտենայ ու կ’անցնի գործնական հողին վրայ, իսկոյն վարիչ սկզբունքը կը դառնայ հաշիւը: Եւ քու բարեկամդ է ա՛ն, որուն շահը քու շահիդ հետ զոյգ կ’երթայ, եւ միայն ա՛յն չափով, ինչ չափով որ քու թշնամիդ ան է, որուն ձգտումներն ու քու ձգտումներդ իրար կը խաչաձեւեն: Ո՛չ մէկ համակրանք, յարգանք կամ գութ հոդ քեզի չի օգներ: «Կը ցաւիմ, բայց…» ահա՜ պատասխանը: Այս բոլորը թէեւ չափազանց տարրական ու ակնյայտնի բաներ են, բայց մեր ժողովուրդը, որ նորեկ մըն է քաղաքականութեան ասպարէզը, իսկապէս նորեկ ալ չէ, այլ պարզ ընտրել մը միայն, եւ միւս կողմէն այնքա՜ն շատ է եղած թշնամիներով շրջապատուած, այնքա՜ն զրպարտութիւն, սուտ ու կեղծիք է թափուեր իր վրայ եւ այնքա՜ն իրավացի ու անիրաւ մեղադրանք իր գլխուն, որ դարձած է չափազանց զգայուն` համակրական ամէն մէկ ցոյցի, ամէն քաղցր խօսքի, նոյնիսկ պարզ քաղաքավար սիրալիրութեան հանդէպ եւ ատոնց վրայ մեծ յոյսեր կը կապէ: Երեւոյթը հասկանալի է անշուշտ, բայց ժամանակ է արդէն, որ ձեռք բերենք քիչ մը աւելի քաղաքացիական հպարտութիւն եւ քիչ մըն ալ նուազ քաղաքական միամտութիւն: ==== III. Միջազգային սեղան ==== Ժողովուրդի մը առած քայլերուն վրայ զդեցութիւն ունեցող միջազգային երրորդ ուժ մը կը ներկայացնեն զանազան տեսակի վեհաժողովները, բարձրագոյն խորհուրդները, խորհրդակցութիւնները եւ ասոնց արդիւնքը եղող զանազան միջազգային դաշնագիրները. մեծ տարբերութիւն մը չունի եւ Ազգերու Լիգան: Ասոնց բոլորի միակ նպատակն է դուրսը իրար ընդհարուող շահերու ու ձգտումներու հետեւանքին վաւերացումը, ձեռք բերուած յաջողութիւններուն իրաւական ձեւակերպումը եւ անոնց տեւականութիւն տալու ջանքը: Ուրիշ խօսքով, յաղթողներուն համար է, ուժեղներուն ծառայող գործիք մը: Եւ այդ միջազգային իրաւական սեղաններուն շուջը կատարուածն ալ նոյն դուրսի անողոք կռուին շարունակութիւնն է: Եւ եթէ մէջէ մէջ, հոս ու հոն, կրնայ պատահիլ, որ հասարակաց կարծիքը ունենայ վայրկենական բռնկումներ յանուն ազնուութեան, ասպետութեան, արդարութեան, յանուն մարդկային իրաւունքի, քաղաքակրթութեան ու զարգացման, հո՛ս, այս միջազգային սեղաններուն շուրջը, այդ բոլոր սիրուն բառերը վերջնականապէս կը նկատուին իբրեւ պարզ քաղաքավարական դարձուածներ: Եւ շատ ծիծաղելի կը դառնան բոլոր անոնք, որոնք յանկարծ ուզենան այդ բառերուն լրջօրէն վերաբերուիլ. միեւնոյնն է թէ միամիտին մէկը վեր կենար եւ մինիստրի մը նամակին տակը գրուած «Ձեր խոնարհ ծառան» խօսքերը յանկարծ իրենց իսկական իմաստով առնէր: Այդ ժողովներուն մէջ ձայն ունի միայն ուժը: Եւ, ով կ’ուզէ այդ ժողովներուն մէջ իրական յաջողութիւն մը ձեռք բերել, պէտք է ուժ ունենայ իր ետեւը: Իսկ այն փոքր ժողովուրդները, որոնք հարկ եղած ուժը չունին, եւ կամ մեզի նման եղող ու չեղող ժողովուրդներ են, որոնք բնաւ աթոռ ալ չունին այդ ժողովներուն մէջ, երբ իրենց իրավունքը կը պահանջեն, բնականաբար ստիպուած են կախուելու ուժերի մը փէշէն, կամ քանի մը ուժեցներու, նայելով թէ ինչ յարաբերութիւն կայ իր եւ անոնց շահերուն միջեւ: Եւ ժողովին մէջ ի հարկէ կը բարձրանայ քու հարցդ, երբեմն նոյնիսկ շատ մեծ աղմուկով ու հնչուն բառերով: Ինչքան բառերը հնչուն են եւ «արդարութեան» ու «ազնուութեան» հովեր ունին իրենց վրայ, այնքան կը նշանակէ քիչ կարեւորութիւն ունի քու հարցդ խօսողի շահուն համար: Որովհետեւ այդ բոլոր աղմուկը եւ քու ամբողջ խնդիրդ յաւելուածական զէնք մըն է միայն քու պաշտպանիդ ձեռքը իր սեփական շահերը առաջ քշելու համար, յաւելուածական սպառնալիք մը, վերադիր ճնշում մը իր հակառակորդին դէմ: Եւ, երբ քու հարցդ աւարտած է արդէն իր սպառնալիքի դերը, իսկոյն կը նետուի մանր զիջումներու կողովը` հրամցուելու համար հակառակորդին, շատ աւելի իրական ստացումներու փոխարէն: Իսկ քաղաքավարութեան ձեւը փրկելու համար դաշնագրին կամ արձանագրութեան մէջ կարելի է մտցնել ոչ մէկ արժէք չունեցող վերացական յօդուած մը: Այնպէս որ` ով մեզմէ մեծ յոյսեր կը դնէ միջազգային սեղաններուն վրայ, միշտ պէտք է հիասթափուած մնայ. մինչեւ այն օրը, երբ մենք ինքներս որեւէ ուժ ներկայացնենք եւ մեր հարցը դառնայ ուժեղ պետութեան մը հաշիւներուն մէկ մասը, մտնէ լրջօրէն անոր ծրագիրներուն մէջ: Հա՛, այն ժամանակ հարցը կը քալէ եւ ինքնիրենը, առանց մեր մասնաւոր հետապնդումին. այն ժամանակ իրենք կը քաշեն քեզի մէջտեղ, կը հրեն քեզի առաջ, կը փսփսան ականջիդ պէտք եղածը, ձեռքդ թուղթեր կը կոխեն եւ ցոյց կուտան հարկ եղած դռները: Միջազգային սեղաններուն վրայ մեծ յոյսեր չդնելը խելացիութիւն է անշուշտ, բայց այդ սեղանները արհամարհելն ու բնաւ կարեւորութիւն չտալն ալ կը դառնայ անմտութիւն: Ժողովուրդ մը, երբ նպատակի մը կը ձգտի, իրաւունք չունի ո՛չ մէկ բան արհամարհելու, որ այս կամ այն աստիճանով կրնայ իրեն նպաստաւոր ըլլալ: Պէտք է շահագործել ամէն միջոց, ինչքան ալ թոյլ ըլլայ մեր ունեցած ակնկալութիւնը: Ատկէ, զատ, երբ հարց մը կուգայ միջազգային վեհաժողովներու ու խորհրդակցութիւններու բոլոր սեղաններուն վրայ, արդէն ինքնին կը դառնայ իրաւական գոյութիւն մը ու կը ստանայ բարոյական ուժ մը, որ անդին նետելու բան չէ, մանաւանդ երբ ատոր կը միանայ մեծ պետութիւններու խոստովանութիւնը մեր տուած զինուորական աջակցութեան, իրենց տուած յստակ խոստումներուն եւ մեր անկախութեան պաշտօնական ու իրաւական ճանաչումը: Ասոնք բոլորը թէեւ հիմա գործնականապէս անարժէք, բայց մուրհակներ են մեր ձեռքը եւ մենք կը մնանք միշտ պահանջատէր մը, թէեւ անզօր ու իր խօսքը քալեցնել չի կրցող պահանջատէր մը: Ո՛չ հասարակաց կարծիքը ձեռքէ բաց թողնենք, ո՛չ ալ հրաժարուինք պետութիւններու միջազգային ժողովներուն մէջ մեր իրաւունքը պաշտպանելէ: Բայց ինչքան քիչ յոյս դնենք այդ կողմնակի, յաւելուած օժանդակութիւններուն վրայ, այնքան աւելի առողջ կ’ըլլայ մեր բռնած քաղաքականութիւնը, այնքան աւելի կեդրոնացած կ’ըլլան մեր ուժերն ու ուշերը, այնքան աւելի միակամ կը գիտնանք մեր ընելիքը եւ այնքան նուազ կ’ունենանք աւելորդ հիասթափումներ եւ այդ արտաքին հիասթափումներուն կապուած անօգուտ ու անիմաստ յուսաթափութիւներ: ==== IV. Պատահմունք ==== Շատ շատերուն հոգիին խորքը կայ ե՛ւ վերջին ազդակ մը, որուն շուրջը յոյսեր կը հիւսուին եւ անորոշ սպասումներ: «Ինչե՜ր ըսես աշխարհիս երեսը չեն պատահիր. երէկուան մուրացիկը վաղուան թագաւորն է. ի՞նչ գիտնանք` ի՜նչ է գրուած մեր ճակտին: Բա՜խտ, բախտի ձեռքն է ամէն ինչ»: Այսպէս կը մտածէ Արեւելքցին քիչ մը մխիթարելու համար իր կոխկռտուած ու դառնացած հոգին, քիչ մը արդարացնելու համար իր կամքին տկարութիւնը, քիչ մըն ալ մեղմելու համար իր վախը, որ ան աղօտ կերպով կը զգայ իր ցանկութիւններուն առջեւը բարձրացող դժուարութիւններուն դէմ: Բայց եւ ընդհանրապէս, բա՛խտ, պատահմո՛ւնք, դիպուա՛ծ, դէպքերու բերո՛ւմ բառեր են, որոնք շարունակ կուգան մեր շրթունքին ծայրը, երբ մեզի ցնցող ու մեր չնախատեսած մէկ դէպքին հանդէպ կը գտնուինք: Եւ դիպուածը անշուշտ ունի իր որոշ դերը պատմական երեւոյթներու ընթացքին: Կան այն տեսակի իրողութիւններ, որոնք ամէն հաշուէ ու նախատեսութենէ դուրս կ’իյնան, ինչպէս օրինակ, կարեւոր անձի մը յանկարծական մահը, հրամանի մը մէջ սպրդած եւ իմաստը փոխող տառասխալ մը, երբեմն շատ մանր, երբեմն շատ լայն ու խոշոր պատահականութիւններ: Բայց, եթէ քիչ մը աւելի խորը դիտենք, այս տեսակի երեւոյթները սովորաբար կ’ազդեն այն իմաստով, որ կը յետաձգեն, կը դանդաղեցնեն կամ կ’արագացնեն դէպքերը, որ ինքնին անշուշտ մեծ կարեւորութիւն ունեցող իրողութիւն է: Սակայն, երբ կ’առնենք դէպքերու երկարատեւ յաջորդական ընթացքը, շատ սակաւ կը պատահի, որ ատոնք խաղան կտրական դեր. օրուան ծնունդ են եւ կ’ազդեն օրուան վրայ, բայց հիմնական, արմատական պատճառները փոխել ու մէջտեղէն վերցնել չեն կրնար, եւ ջուրը նորէն ճամբան կը գտնէ: Պատահմունք ու դիպուած կոչուող երեւոյթներուն անհամեմատ մեծագոյն մասը այն տեսակի դէպքեր են, որոնք բնականօրէն կը բխին ժողովուրդներու ընդհարուող ձգտումներէն եւ պատմական պայմաններու պատճառական անհրաժեշտութենէն: Ապագայ պատմագիրը անոնց բոլոր թելերը օր մը մէկիկ-մէկիկ պիտի քակէ ու ցոյց տայ, որ ուրիշ կերպ բնաւ կարելի ալ չէր. տարբեր հարց է սակայն, որ ժամանակակիցներս չէինք տեսած, չէինք ըմբռնած, շա՛տ պատճառներով: Դէպքերու ընթացքին մէջ եղողը, կռուին մասնակցող զինուորի մը պէս, ամէն ինչ որոշ դիրքէ մը միայն կը տեսնէ, որոշ կիրքէ մը, որոշ հոգեկան տրամադրութեան մը միջով, ուր ցանկութիւնն ու իրականութիւնը յաճախ իրար կը շփոթուին: Դէպքերուն մէջ եղողը չգիտէ շատ ու շատ բաներ ու չի կրնար գիտնալ, ինչ որ ապագայ պատմիչը օտար աղբիւրներէ ու արխիւներէ կը տեղեկանայ: Վերջապէս, կատարուած դէպք մը, ըլլայ ընկերական թէ ֆիզիքական, շատ աւելի դիւրին է վերլուծելը, պատճառներն ու հետեւանքները հանելը, քան դեռ լրիւ չկատարուած կամ նոյնիսկ բնաւ չկատարուած դէպքը: Այսպէս, օրինակի համար, իրար հիւսելով ցարական րեժիմին տակ մեծցած ժողովուրդի մը հոգեբանութիւնը, Գերմանիայէն ներմուծուած սոցիալիզմի քառասնամեայ անմարս իւրացումը, պատերազմի առաջացուցած վայրենացումն ու յոգնութիւնը, եւ հրէաներու դէմ եղած երկարատեւ հալածանքներն ու ջարդերը Ռուսաստանի մէջ, կարելի ըլլայ գուցէ հիմա եզրակացնել, թէ շատ բնական ու անխուսափելի էր բոլշեւիզմի, այսինքն՝ սոցիալական ցարիզմի երեւան գալը: Բայց քանի մը տարի առաջ ան իր առաջացման միջոցին բոլորովին անսպասելի ու դիպուածական երեւոյթի մը տպաւորութիւնը կ’ընէր: Այդպէս ալ Կարսի առաջ մեր զինուորներու պատերազմելէ հրաժարիլը, որ սարսափելի անակնկալ մըն էր նոյնիսկ մեր զինուորներուն վիճակը եւ մեր բանակի բոլոր թերին ու տկարը մօտիկէն գիտցողներուն համար, պատմիչ մը հիմա կրնայ համրել իր մատներուն վրայ բազմաթիւ պատճառներ ապացուցանելու համար, որ այդ դժբախտութիւնը անխուսափելի հետեւանքն էր թուրքի, ռուսի ու մեր փոխ-յարաբերութիւններու ու վիճակին: Անհատներու մասնաւոր կեանքին մէջն անգամ դիպուած, բախտ ու պատահար ըսուածը ստուար մեծամասնութեամբ պարզ ու բնական հետեւութիւնն է իր բնաւորութեան ու վարմունքին, իր շնորհքին ու թերութեան, ինչպէս եւ իր շրջապատողներու շահերուն, տրամադրութիւններուն ու հակազդեցութեան. թէեւ շատ յաճախ ապացուցանել չենք կրնար, որովհետեւ ազդակները թաղուած են անհատական հոգիներուն խորքը: Ազգերու կեանքին մէջ հանրային են այդ ազդակներն ու պատճառները, եւ ատոր համար ալ անհամեմատ աւելի մատչելի` քննութան, ու նշմարելի: ==== V. Կամքերու բաղխումը ==== Բախտը, պատահմունքը եւ դէպքերու բերումը կրնան օգնել մեր անկախութեանը այն իմաստով, որ յանկարծ յարմարութիւն կը ստեղծուի, դիւրութիւններ կ’ունենանք եւ աւելի արագ կը կատարուի իրագործումը: Կրնայ պատահիլ, որ հասարակաց կարծիքն ալ վճռական վայրկեանին ձեռք մեկնէ մեզի եւ օգնէ, որ ոտքի բարձրանանք: Օր մը հաւանական է, որ միջազգային վեհաժողովները հանեն մեզի համար նպաստաւոր որոշում մը, երբ շահերը յարմար դասաւորուին, որով թեթեւցնեն եւ վաւերացնեն մեր ճիգերը: Այս երեքէն ալ աւելի կրնայ մեզի, թէեւ անտես, մեծ ծառայութիւն մատուցանել եւ մեծ օժանդակութիւն ժամանակի ոգին, ժամանակի պահանջը: Բայց ամենէն լաւատես պայմաններուն մէջն անգամ այս ընդհանուր ու միջազգային ազդակներուն ըրածը կ’ըլլայ միայն նպաստելը, օգնելը, թեւ տալը, արագացնելը: Սակայն մեր մէջ շատեր կան դժբախտաբար, որոնք այդ միջազգային ազդեցութիւններէն ո՛չ թէ դիւրացում մը կը սպասեն ու նպաստ մը մեր գործին, այլ ամբո՛ղջ գործը եւ մեր ամբո՛ղջ յաջողութիւնը օտարներէն կ’ակնկալեն: Ասոնք ո՛չ միայն հեռու կը կենան ու չեն մասնակցիր մեր ժողովուրդի թափած յուսահատ ճիգերուն ու պայքարին, այլ եւ կը մեղադրեն անոր առած «խելագար» քայլերը, որոնք միայն «արիւն ու աւեր կը բերեն», եւ կը յուսան, որ օր մը բախտը, հասարակաց կարծիքը եւ միջազգային վեհաժողով մը թեւ թեւի մտած պիտի գան ու պիտի հրամցնեն մեզի կազմ ու պատրաստ ու նո՛րնոր անկախութիւն մը` արծաթէ ափսէի մը վրայ դրուած: Աւա՜ղ, այդ տեսակ սքանչելի նուէրներ ընող բարի ոգիները հին հէքիաթներու մէջ միայն կ’ապրին: Մեր իրական աշխարհին մէջ տիրողը ուրիշ ոգիներ են, որոնք իրենց տուած ամէն մէկ կաթիլ բարիքի փոխարէն քու արիւնդ կ’ուզեն, քու տանջանքդ ու քրտինքդ, եւ ան ալ շա՛տ: Պատրաստ ու «տիպլոմատիկ ճամբով» ստացուելիք նուէրներու գաղափարը եւ ատոր նման նանիր ու տարտամ յոյսերը երբ դնենք մէկ կողմ, մէջտեղը կը մնայ երկու բան, երկու շատ պարզ ու շատ հիմնական բան.- Մե՛ր կամքը եւ մեզի հետ մասնաւորապէս առնչութիւն ունեցող միւս ազգերուն կամքը: Այդ թեր ու դէմ կամքերու արիւնոտ ու դաժան բախումին մէջէն է, որ ծնի պիտի մեր անկախութիւնը: Ծնի պիտի երկար երկունքով, որը սկսած է վաղուց, երեք սերունդ է արդէն, եւ շատ դժուար ծնունդով, որովհետեւ շատ ձախորդ է մեր աշխարհագրական դիրքը ու շատ բարդ են մեր շուրջի պատմական ու ցեղագրական պայմանները: Իրականութեան հանդէպ աչքերը գոցելը խելացի մարդու գործ չէ: Կեանքի կռուին մէջ յուսահատիլը կենսունակ մարդու գործ չէ: Պարտական ենք վերջապէս ամէնքս պարզ ըմբռնելու, թէ միայն մե՛նք կրնանք տալ մեր անկախութիւնը մեզի: Մենք ինքնե՛րս պէտք է ձեռք բերենք ե՛ւ մեր հայրենիքը, ե՛ւ մեր անկախութիւնը յարատեւ մաքառումով, յամառ կամքով ու վճռականութեամբ, իյնալով ու ելնելով, ճանկռտելով կտոր-կտոր, փրցնելով ծուէնծուէն: Իսկ եթէ ձեռք բերել չենք կրնար, իրաւունք չունինք ապրելու իբրեւ ուրոյն ժողովուրդ: == ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ == === Ա. ԱՐԵՒԵԼՔ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ === ==== I. Ասիա եւ Արեւելեան Քաղաքակրթութիւն ==== Մարդկային քաղաքակրթութիւնը ծայր է տւած աշխարհիս զանազան անկիւններուն մէջ, բայց տեղի, դիրքի, կլիմայի եւ այլ աշխարհագրական-տնտեսական պատճառներով` բարդ ու բարձր զարգացման հասած է առաջին անգամ Ասիայի հողին վրայ, գլխաւորապէս չորս մեծ գետերու աւազանին մէջ, Եանցենկեանկ<ref>Յանցզի գետը Չինաստանում: Խմբ.:</ref>, Գանգէս, Եփրատ եւ Նեղոս, որովհետեւ Եգիպտոսն ալ առանց մեծ խղճի խայթի կարելի է կցել Ասիային, այն աստիճան կտրուած է եղեր ան Ափրիկէի միւս մասերէն եւ կապուած միշտ Ասիային թէ՛ պատմութեամբ, թէ՛ աշխարհագրութեամբ: Չինաստանն ու Հնդկաստանը ապրած ու մնացած են մեկուսի: Քաղաքակրթութեան զարգացման տեսակէտէն մասնաւոր կարեւորութիւն ունի վերջին երկու գետահովիտներու խաղցած դերը, որովհետեւ Միջագետքի ու Եգիպտոսի ստեղծագործութեան եւ անոնց խառնուրդէն առաջացած ժառանգութեան վրայ է, որ հիմնուած ու կառուցուած է մարդկային քաղաքակրթութեան արդի հոյակապ շէնքը: Այսպէսով Միջագետքի ու Եգիպտոսի եւ իրենց շուրջի երկիրներուն մասնաւոր առաւելութիւնը իրենց ստեղծած քաղաքակրթութեան տարբերութեանը մէջ չէ միւս երկուքէն, այլ իրենց դիրքի. կից ու մօտիկ ըլլալով այն ժողովուրդներուն, որոնք շարունակելու եւ կատարելագործելու էին անոնց թողած ժառանգութիւնը: Միջագետքի ու Եգիպտոսի քաղաքակրթութիւնը եթէ մնար միայն ասիական հողի վրայ եւ չանցնէր աւելի Արեւմուտք եւրոպական ժողովուրդներուն ձեռքը, մենք չէինք ունենար մեր արդի եւրոպական, արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը, այլ կ’ունենայինք միայն արեւելեան քաղաքակրթութիւն մը, որ իր ամենազարգացած ձեւին մէջ կը համապատասխանէ մօտաւորապէս Եւրոպայի միջնադարին. կ’ունենայինք միայն ասիական քաղաքակրթութիւն մը: Իսկ ի՞նչ բան է Ասիան: Ասիան աշխարհիս ամենէն խոշոր ու միազանգ ցամաքն է: Ասիան անապատներու երկար շարք մըն է` եզերուած ու իրարմէ կտրուած բարձր լեռներով ու սարահարթերով, սկսած Սահարայէն մինչեւ Ճափոնի ծովը: Սարաւանդ ու անապատ, այս է ընդհանուր տիպը: Թէ՛ անապատներու եւ թէ՛ սարաւանդներու վրայ մարդկային ապրուստի գլխավոր միջոցը խաշնարածութիւնն է, իսկ հովիտներուն մէջ եւ մինչեւ մէկ որոշ բարձրութիւն` երկրագործութիւնը, որ իր կարեւորութեամբ կը բռնէ երկրորդ տեղը: Եւ ատոր համեմատ ալ Ասիայի բնակչութեան ստուար մասը խաշնարած է, թափառական, կամ կիսաթափառ ու քոչւոր, իսկ երկրագործութեամբ զբաղուող մասերը կտրտուած են իրարմէ անապատներով ու վիթխարի լեռներով եւ չունին իրարու հետ հաղորդակցելու արագ ու դիւրին միջոցներ, կ’ապրին ցրուած ու անջատ-անջատ: Միւս կողմէն՝ թէ՛ խաշնարածութիւնը եւ թէ՛ խաշնարած-երկրագործութիւնը երկուքն ալ շատ միակերպ ու դանդաղ պարապմունքներ են, եւ գրեթէ դարերով որեւէ փոփոխութեան ու կատարելագործութեան չեն ենթարկուիր, կը կրկնուին նոյն ձեւով: Հետեւաբար այդ զբաղումներով ապրող ժողովուրդը, թէեւ ազատ ժամանակ ունի, բայց արտաքին դրդումը չունի, կեանքի պահանջին ճնշումը չունի իր միտքը յոգնեցնելու, իր միտքը լարելու: Հացի աշխատանքէն ազատ մնացած դադարի ժամանակը կա՛մ միտքը բնաւ չի գործեր, այսինքն՝ ինքզինքը կուտայ ծուլութեան, կա՛մ եթէ կը մտածէ՝ իր մտածումները կ’երթան ո՛չ դէպի գործնական կեանքի ու գործնական պէտքերուն շուրջը, այլ աւելի փիլիսոփայական, վերացական, ներհայեցական երազանք մը, տեսակ մը դանդաղ ու նոյն կէտին չորս կողմը շուռ եկող կիսաքուն մտոլորում: Եւ հետզհետէ այդ վիճակը անոր համար կը դառնայ պահանջ մը սիրելի ու որոնելի, կը դառնայ իր դադարը, իր զուարճութիւնը, իր բաւականութիւնը այդ կէս-քուն, կէս-արթուն վիճակը: Հոսկէ կը ծնի հաշիշի, աֆիոնի, սուրճի, հին սօմայի, նոր ծխախոտի, ծխամորչի ու նարգիլէի եւ ընդհանրապէս կիսագրգիռ ու կիսաթմբիր տուող ամէն տեսակ միջոցներու մասնաւոր սէրը: Այդ տեսակ միջոց մըն է նաեւ իր ամենօրեայ քանի մը անգամ կրկնուող աղօթքը միշտ նոյն անհասկնալի բառերով: Այդ տեսակ մշուշոտ ոլոր-մոլոր մըն է ե՛ւ իր փիլիսոփայութիւնը, ե՛ւ աստուածաբանութիւնը, ե՛ւ քաղաքավարութիւնը, ե՛ւ խօսուածքին ոճը: Ան իր մտքերուն պարզ կերպարանք մը տալը շատ չի սիրեր, այլ գալարել, պտտցնել ու իրար մէջ հագցնել՝ իր արաբեսկներուն նման, իր մոզայիկին ու իր գորգերուն նման, իր հազար ու մէկ գիշերներու մէջէմէջ հէքեաթներուն նման: Եւ երբ կը փորձէ քանդակ մը կամ նկար մը՝ ձախլիկ դուրս կուգայ եւ աւելի այլաբանական, քան իրական: Իր աշխատանքէն ու միօրինակ կեանքէն կ’առաջանայ եւ իր հակակրա՛նքը ամէն փոփոխութեան, ամէն նորմուծութան, եւ իր պաշտամո՛ւնքը ամէն հինի, ընդունուածի, սովորական դարձածի, եւ իր խորին երկրպագութի՛ւնը հեղինակութեան: Հաւատացող է ջերմեռանդ, եւ հարցերուն ու երեւոյթներուն քննադատօրէն մօտենալը համարած է ու կը համարէ սրբապղծութիւն, թէ՛ կրօնական հարցերուն, թէ՛ պետական, թէ՛ հանրայինիրաւական: Վերը աստուածներն ու դեւերը, վարը՝ իշխողներն ու մեծերը. այդպէս է եկեր ու այդպէս պիտի երթայ, եւ ան միշտ հլու է իր պետերուն, եւ մեծ տարբերութիւն մը չունի թէ ո՞վ է այդ պետը, որ իր մտրակը կը շաչեցնէ անոր գլխուն: Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ իր քաղաքական կեանքը հանգիստ է եղած ու խաղաղ կ’անցնի: Ընդհակառա՛կը. մանր-մունր սահմաններ, մանր-մունր թշնամութիւններ, մանր փառասիրութիւն ու մանր անկախութեան սէր եւ խաշինք պահող մարդու յատուկ պնդագլխութիւն, կռուազանութիւն եւ խաշինք պահող մարդուն յատուկ մորթելու վարժութիւն, գողնալու ու յափշտակելու գիշատիչ ու հնաւանդ բնազդներ: Եւ այդ միշտ ոտքի վրայ եղող խաշնարած մասը պատիժն է ու պատուհասը աւելի արդիւնաբերող, աւելի աշխատող նստակեաց երկրագործ մասին: Ուրիշներու աշխատանքը ուտելու, ուրիշներու դիզած հարստութիւնները կողոպտելու եւ ուրիշներու շէնցուցած քաղաքները աւերելու տենչը շարունակ դուրս է թափած անապատներէն ու սարաւանդներէն միշտ նոր ու նոր թափառական ցեղեր գետահովիտներու անհամեմատ աւելի քաղաքակիրթ մասին վրայ. եկեր են, ամէն ինչ մորեխի պէս կերեր ու ոչնչացուցեր եւ իրենք ալ շուտով ոչնչացեր են, տեղ տալով նոր կազմուող «պետութիւններու»: Պետութիւններ, որոնց սահմանները ամպի կտորի մը պէս մէկ կ’երկարին, կը լայնանան, մէկ կը կծկուին ու կը պատռուին ծուէն-ծուէն: Թէեւ բոլորն ալ տեւական անուանական գլուխ մը դաւանիլը բնական կը գտնեն, ինչպէս հին պարթեւական ու պարսկական արքայից արքաները, արաբական խալիֆէները, Թուրքիայի սուլթանը. եւ ինչքան հին, հեռու ու զուտ անուանական, այնքան աւելի սուրբ ու յարգելի: Եւ տիրող խաշնարած դատողութեան իբր հետեւանք՝ այդ ժողովուրդները երբեք չեն կրցած հիմնովին տարբերել իրարմէ պետութիւնն ու կրօնը: Պետութիւնը անոնց համար ընտանիք մըն է, ցեղ մը, ցեղին պետը՝ իրենց իշխողը եւ կրօնապետը: Կրօնապետական բռնակալութիւններ են բոլորը: Եւ ընդհանրապէս ահագին է կրօնքի ուժը: Մտաւոր ամէն շարժում ու կրթութիւն կեդրոնացած ու կապուած է կրօնքին: Կրօնաւորներն են, որ կը ղեկավարեն հասարակութեան միտքը, եւ կրօնական կապն ու գիտակցութիւնը այդ պատճառով շատ աւելի խոր է եւ ուժեղ, քան պետականն ու ազգայինը: Եւ այս պահպանողական ու բռնատիրական մթնոլորտին մէջ ընտանիքը յամառօրէն կը պահէ իր հին ձեւը` բազմակնութիւնը: Եւ հէնց որ կը ներեն անհատի տնտեսական պայմանները, կինը զատուած է ու բանտարկուած, այրերու հետ խօսելու իրաւունք չունի եւ ընդհանրապէս դէմքը ծածկուած: Եւ ատոր համար ալ տուները դուրսէն աւելի բանտի կը նմանին, քան բնակարանի. չորս հատ մերկ, բարձր ու կոպիտ պատերով կտրուած են աշխարհքէն: Աս է Ասիան: ==== II. Եւրոպա եւ Արեւմտեան Քաղաքակրթութիւն ==== Հիմնովին տարբեր է պատկերը, երբ Փոքր Ասիայի ափերէն դէպի արևմուտք կը նետենք մեր հայեացքը: Եւրոպան ցամաքի բզկտած կտոր մըն է, որ իր բազմաթիւ ձեռքերովն ու ոտքերով, խրուած է ամէն կողմէն ծովուն գիրկը, կազմելով մեծ ու փոքր թերակղզիներ, կղզիներ, ծոցեր ու խորշեր: Եթէ Ասիայի ծովերն անգամ ցամաքային են,ինչպէս Վանը, Ուրմիան, Կասպիականը, Արալը, Բայքալը, ընդհակառակը Եւրոպայի ամենացամաք մասին անգամ ազատ ծովը ճիգ է ըրած մօտենալու. հիւսիսէն` Պալթիկը իր թեւերով, հարաւէն` Սեւն ու Ազովը: Եւ ընդհանրապէս ամբողջ եւրոպական ցամաքին վրայ զգալի է ծովուն շունչը, կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը: «Եւրոպական» ըսուած կեանքը ծովուն նուէրն է, եւրոպական քաղաքակրթութիւնը իրեն յատուկ եղող կողմերովը ծովային քաղաքակրթութիւն է: Եթե հետեւինք եւրոպական ժողովուրդներու խաղցած պատմական դերի յաջորդականութեանը, կը տեսնենք, որ դերակատարութիւնը կանոնաւոր կերպով կ’րթայ դէպի արեւմուտք եւ հիւսիս, միշտ քսուելով ծովուն. Յունաստան, Հռոմ, Միջնադարեան Իտալիա, որուն վրայ յենած է գերմանական սրբազան կայսրութիւնը, Սպանիա, Փորթուգալ, Ֆրանսա, Հոլանտա, Անգլիա, եւ հիմա ալ նորէն ծովուն քսուելով, Գերմանիայի ու Հիւսիսային երկիրներու վրայով, կը քալէ դէպի Ռուսաստան: Եւ անշուշտ պատահականութիւն չէ, որ հիմա` ծովու տիրապետութեան այս դարաշրջանին` աշխարհիս մեծագոյն պետութիւնը, քաղաքակրթութիւնը վարողը Անգլիան է ու Անգլօ-սաքսոն ցեղը, այսինքն` հիւսիսային Եւրոպայի ամենէն աւելի ծովային երկիրը եւ ծովային ժողովուրդը: Եւ մինչեւ որ եւրոպական ժողովուրդ մը ծովը չէ դուրս եկած, մարդկային քաղաքակրթութեան համար չէ ստացած այն կարեւորութիւնը, ինչ որ ունի: Յունաստանը ծովու վրայ է եղեր շատ կանուխէն, Հռոմը մինչեւ չհեծաւ նաւերը` Կարթակինէն քանդելու ու Միջերկրականի միահեծան տէրը չդարձաւ, պատմութեան մէջ երկրորդական դեր ուներ, Փորթուգալի փառքը իր «արկածախնդրութիւնն» է ովկիանոսներու վրայ, Սպանիայի, Հոլանտայի ու Ֆրանսայի մեծութիւնը սնուցողը ծովն է եղած իր ծոցի հեռաւոր գաղութներով: Անգլիայի բարձրացումը կը սկսի այն օրէն, երբ կը նետուի ծովը, իսկ իր համաշխարհային կայսրութիւնը` մէկ-երկու ծովամարտէ: Գերմանական հոգիին մէջ քաղաքական խոշոր դեր մը խաղալու տենչը արթնցաւ թէ չէ, իր առաջին պահանջն էր նաւեր շինելը: Ծո՜վ: Ով իր հացը կը հանէ ծովէն կամ ծովուն վրայով, պէտք է կռուի ծովուն հետ, պէտք է միշտ արթուն ըլլայ, խիզախ, արագ, ձեռներէց ու հնարամիտ: Չէ՞ որ տախտակի կտորի մը վրայ է միշտ: Եւ Ինչքա՜ն աշխատանք, խնամք, մտածում, արհեստ ու կատարելագործում կը պահանջէ այդ տախտակի կտորը: Նաւուն վրայ ապրիլ կը նշանակէ շարունակ տեղափոխուիլ, շարունակ շփման ու յարաբերութեան մէջ գտնուիլ բազմաթիւ ժողովուրդներու հետ, տեսնել, լսել, առնել, ծախել. այսինքն՝ դիտողութեան հարստացում, մտքերու հարստացում, գրպանի հարստացում: Ապրանքներ ու պահանջներ, որ ինքը նոր կը տեսնէ, ապրանքներ ու պահանջներ, որ ինքը ամէն տեղ իր հետը կը տանի: Նոր պահանջներուն նոր գոհացում տալ պէտք է, նոր ապրանքներուն՝ նոր կիրառութիւն: Ինչքա՜ն աշխատանք եւ ի՜նչ աշխատանք. ո՛չ միօրինակութիւն ունի, ո՛չ հանգիստ ու սահման, միշտ պէտք է նախատես ըլլաս, միշտ պէտք է մտածես, գտնես ու հնարես, միշտ ղեկավարես: Ու կը գործեն միտքն ու ձեռքը, ու կը գործեն մեքենաները այդ երկուքի հրամանին տակ: Եւ այդ բոլոր աշխատանքը գործնական հիմքի վրայ. գործնական միջոց մը, ելք մը, արդիւնք մը ձեռք բերելու համար: Նոյնիսկ վերացական ու փիլիսոփայական մտածումը կը կատարուի, առանց իրականէն ու բնականէն բոլորովին կտրուելու, տեսակ մը դրական փիլիսոփայութիւն, ուր ամէն բան մարդուն շուրջը կը դառնայ ու մարդէն անդին շատ չի հեռանար: Ծովուն տիրողն ու հրամայողը, ծովը զսպողը պտտիկ մարդն է իր պտտիկ տախտակի մը կտորին վրայ: Մա՛րդը, ծովո՛ւ մարդը, կը դառնայ բարձրագոյն ըմբռնումը. աստուածները բոլորովին կը մարդկայնանան, Ոդիսեւսն ու Պալլաս Աթէնասը կը խառնուին իրար, որովհետեւ երկուքն ալ ծովու մարդու իտէալացումն են: Իր աստուածներուն պէս իր գեղարուեստն ալ մարմին ունի` մարդկային մարմին, յստակ ձեւեր, յստակ գծեր, որոշ շրջագիծ, իսկ գիտական մտածումը` յստակ բաժանումներ, յստակ կատեգորիներ, կանոնաւոր շէնք, լրիւ կառուցում ու պարզ սիսթեմ. ամէն ճապաղ, անորոշ, մշուշոտ խճողուած բան բաւարարութիւն չի տար, կը նկատուի թերի: Մարդը իտէալ, մարդը յաղթական, մարդը ձեռներէց, մարդը հնարող, ասոնք զանազան բառեր են արտայայտելու համար միեւնոյն բանը, արեւմտեան հոգիի անհատականութեան պաշտամունքը: Ամէն նաւավար, ամէն նաւագնաց, ամէն նաւաստի իր յատուկ ճամբան ունի, որ ինքը կը բանայ, ի՛ր գլուխը ունի, ի՛ր մտածումը, ի՛ր ծրագիրը: Եւ հետզհետէ ամէնքը կը քննեն ու կը քննադատեն եւ ամէնուն ձեռքի չափն ու կշիռը իր անհատականութիւնն է ու իր փորձառութիւնը: Նոյնիսկ աստուածներու ըսածներն ու ըրածները կ’ենթարկուին դատումի ու կը հեգնուին, նոյնիսկ ազգային մեծագոյն հերոսները եւ ամենապատկառելի դէմքերը: Ո՛չ մէկը չուզէր իր մտքի անկախութիւնը զիջել ուրիշին: Հոսկէ քայլ մըն է միայն դէպի քաղաքացիական անկախութիւնները: Ա՛յս աստիճանի ինքնուրոյնութեան հասած միտքը ինչպէ՞ս կրնայ ենթարկուիլ հնադարեան թագաւորի մը քմահաճոյքին եւ հետզհետէ ընդհանրապէս ուրիշներու հրամանին: Ամէն մէկը կ’ուզէ, որ իր տեսակէտը յաղթանակէ. ուրեմն ամէնքը պէտք է մասնակցին հանրային գործերու որոշումին, պետական նաւի ղեկավարումին: Դեմոկրատիզմը, Աֆրոդիտէի նման, ծնած է ծովէն, միայն ո՛չ փրփուրէն, այլ ծովուն հետ մաքառելէն, պայքարելէն: Նոյն պատճառներէն ու նոյն խորքերէն է, որ դուրս կը պղպջայ կրօնական ազատամտութիւնը: Որովհետեւ քննադատութիւնը կը ծնի սրբագրելու պահանջ, սրբագրութիւնները՝ բազմազանութիւն: Իսկ միեւնոյն բանի այդքան բազմատեսակ ըմբռնումներուն առաջ կը ծնի ճակատագրական հարցը. «Արդեօք այս բոլորը մեր հնարած բաները չե՞ն»: Եւ կամաց-կամաց սրբազան կուռքը կը դառնայ հեռաւոր աստծու մը արձանը, աստծու արձանը կը վերածուի բարոյական գաղափարի մը մարմնացումին, մինչեւ որ կ’երթայ ու կը տեղաւորուի գեղարուեստական միւզէի մը մէկ պատուաւոր անկիւնը: Ահա՜ Եւրոպան: Անշուշտ Եւրոպայի բոլոր մասերը հաւասարապէս եւրոպական չեն, ո՛չ ալ բոլոր դարերն ու բոլոր ժողովուրդները նոյն քաղաքակրթական արժէքը կը ներկայացնեն: Ինչպէս եւ Ասիայի հին ու նոր ժողովուրդներուն ու ժամանակաշրջաններուն մէջ ասիականութիւնը խոշոր տարբերութիւններ ունի եւ այս ու այն յատկութիւնը շեշտուած է կամ ոչ` տեղական ու ցեղական մասնաւոր պատճառներով, բայց իր հիմնական գծերովը բոլորի վրայ դրած է նոյն քաղաքակրթութեան կնիքը: Եւրոպա ու Ասիա, այսինքն ծով ու ցամաք, շարժում ու թմբիր, յառաջդիմութիւն ու պահպանողական ոգի, անհատական ճիգ ու հեղինակութիւն, դեմոկրատիզմ ու բռնակալութիւն, մարդկայինի հպարտութիւն ու «քու ոտքիդ փոշին»: Մէկ կողմը շարժուն դրամագլուխ, գործարաններուն մուխը եւ ապրանքներու շրջանառութիւնը, միւս կողմի հարստութիւնը, խաշինք ու հող: Հոս օր օրի շատցող կրթական, գիտական ու մասնագիտական կրթարաններ, վարժարաններ, փորձարաններ, տնկարաններ ու համալսարան, հետզհետէ աւելի անկախ ու աւելի ազատ թափով, շունչով ու աշխատանքով. հո՛ն նոյն կրօնական հաստատութիւնները եւ կրօնաւորներու փէշին փակած մոնթերը, ամէն մէկուն ձեռքը նոյն անհասկանալի լեզուով գրուած խրթին ու հաստափոր սուրբ գիրք մը, որուն անունը թէեւ դարերուն ու ժողովուրդներուն հետ կը փոխուի, բայց որուն էութիւնը միեւնոյն է յաւիտեան: Աս է զուգակշիռը Յոնիական ծովէն դէպի Արեւմուտք ու դէպի Արեւելք եղող աշխարհներուն. այսինքն՝ գրեթէ կատարեալ հակադրութիւնը իրարու, եթէ մտնենք հոգիներու ու իրերու էութեան խորքը: Ատոր համար է, որ Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար լեզու չեն հասկնար, իրար չեն համակրեր, թէեւ իբրեւ տարօրինակութիւն եւ իբրեւ շահագործելու նիւթ կը հետաքրքրուին իրարմով: Բոլոր արտաքուստ շռայլուած քաղաքավարութիւններուն հակառակ` ներքուստ կ’արհամարեն իրար, եւ ամէն տեսակի գրաւոր ու բանաւոր ցուցադրուած բարեկամութիւններուն հակառակ՝ խորապէս թշնամի են իրար: Երկու տարբեր քաղաքակրթութիւն, կամ աւելի ճիշդը, նոյն քաղաքակրթութեան երկու տարբեր տարիքները: Մէկը ծեր, վրանգլուխը հինցած, աչքերը ափսոսանքով յառած իր ետին, դէպի «հին ու բարի ժամանակները», միւսը` երիտասարդ, նոր ու տարօրինակ զգեստներով, աչքերը սեւեռած միշտ դէպի առաջ, դէպի խարհրդաւոր հեռուները: === Բ. ԱՍԻԱԿԱՆ ՈՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱՐԱՒՈՐ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ === ==== I. Առաջին Երկու Հազարամեակները ==== Արեւելք ու Արեւմուտք՝ երկու թշնամի: Եւ այդպէս եղեր են մի՛շտ: Եւրոպայի ծնած օրէն, այսինքն՝ արիական ժողովուրդներու Միջերկրականի կապոյտին վրայ երեւցած օրէն, եղեր է միշտ այդ երկուքի փոխադարձ թշնամութիւնն ու հակառակութիւնը, իրար զգետնելու, իրար տիրելու փոխադարձ ձգտումը: Եւ, երբ ուշադրութեամբ կը դիտես պատմութիւնը՝ տեսակ մը կանոնաւոր ետ ու առաջ շարժում կը տեսնես այդ երկուքի ընդհարման մէջ: Երբեմն մարդկութան պահպանողական կուսակցութիւնն է, երբեմն յառաջդիմակա՛ն, որ կը յաղթէ, առաջ կուգայ, իր ձեռքը կ’առնէ համամարդկային գերիշխանութիւնը եւ ի՛ր սկզբունքներուն կ’ենթարկէ քաղաքակրթութեան ընթացքը. նո՛յն ձեւով մօտաւորապէս, ինչպէս անգլիական պարլամենտին մէջ կանոնաւոր կերպով վիգերն ու թորիները իրար ձեռքէ կը խլեն երկրին կառավարութեան ղեկը ու իրար կը յաջորդեն: Բնականաբար բաղխումը տեղի կ’ունենայ այն կէտերուն վրայ, ուր երկու քաղաքակրթութիւնները երես երեսի կուգան: Սկիզբը խօսքը Արեւելքինն է: Յոյներու Յոնիականի ափերը ոտք դնելէն սկսած մինչեւ Ալեքսանդր Մակեդոնացին, այսինքն՝ շուրջ հազար տարի, քաղաքականութեան ու քաղաքակրթութեան վարիչը առաջ Նինուէն է ու Բաբելոնը, ետքը՝ Պարսկաստանը: Վերջինս իր իշխանութեան տակ կը միացնէ ասիական այն բոլոր երկիրները, որոնք ինկած են Միջերկրականէն մինչեւ Հնդկաստան ու միջին-ասիական անապատները, Եգիպտոսն ալ մէջը առած, ինչպէս հիմա կ’անուանենք` ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը, այսինքն` Ասիայի միակ մասը, որ մշտական շփման մէջ է եղած Եւրոպայի հետ մինչեւ նորագոյն դարերը: Այս միջոցին արեւմտեան հոգին, ստեղծագործութիւնն ու պետականութիւնը արդէն այնքան ուժեղցեր, կազմաւորուեր ու հարստացեր էր Յունաստանի մէջ, որ վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին պարսիկ թագաւորներու գխաւոր ջանքն ու երազանքը յոյներու անձին եւ ունեցածին տիրելն էր, որը մասամբ միայն յաջողեցան, գրաւելով Փոքր Ասիայի ափերը եւ Թրակիան, իսկ մնացած մասերուն վրայ առաւել կամ նուազ անուանական գերիշխանութիւն մը: Այս հազար տարուան արեւելեան առաջնութեան կը յաջորդէ երկրորդ հազարամեակ մը, մակեդոնական արշաւանքէն մինչեւ արաբական պետութեան մը ասպարէզ գալը, երբ գերիշխանութիւնն ու քաղաքակրթական ղեկավարութիւնը կ’անցնի արեւմուտքի ձեռքը: Նախ` Ալեքսանդրի չափազանց տիպիկ արշաւանքը, ետքը` Սելեւկեան ու Պտղոմեան տները, ետքը` Հռոմայեցիք, վերջն ալ` Բիւզանդիոնը: Այսինքն` սկիզբը Հելլենիզմի տիրապետութիւնը, ոգին ու քաղաքակրթութիւնը, իսկ վերջը` քրիստոնէութիւնը: Քրիստոնէութիւնը իբրեւ դաւանանք ու պաշտամունք խառնուրդ մըն է ու եզրակացութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի եւ յունահռոմէական բոլոր կրօնական ըմբռնումներուն ու ձգտումներուն: Իսկ իբրեւ բարոյական ու ընկերային իտէալ բոլորովին նոր թռիչք մըն է մարդկային մտքի ու զգացման. ծովու բերած քաղաքակրթութենէն ալ անդին անցնելու ոստում մը: Կեանքի ու ծովու փոթորիկները յաղթահարելու իր փորձերէն ետքը` մարդու հոգին ճիգ կ’ընէ իր ներսի դին, իր խորքերուն մէջ փոթորկող կրքերուն ծովն ալ զսպելու. ընկճել կ’ուզէ իր եսական ձգտումները, իր անձնական վայելքները, ուրիշները շահագործելու ներքին բնազդը: Ուժի, վայելքի ու եսի տիրապետութեան դէմ բուռն բողոք մըն է, ու քարոզ մը սիրոյ, անձնուիրութեան ու ալտրուիզմի: Խոր, ջինջ ու ծաւի բարոյականութիւն մը իր շուրջի ծովուն նման եւ հեռաւո՛ր բարոյականութիւն մը, մեզի համար դեռ շա՛տ հեռաւոր ու ետ-ետ փախչող բաց ծովերու հորիզոնին նման: Բայց Արեւելքի մէկ կարեւոր մասին տէր դառնալը, արեւելեան ժողովուրդներու հասկացողութեանն ու ճաշակին հետ մօտիկ ու տեւական շփումը, ինչպէս եւ ներքին քաղաքացիական կռիւները եւ տնտեսական պատճառները հետզհետէ բաւական կ’աղճատեն արեւմտեան ոգին նոյնիսկ բուն իր հողին վրայ: Իսկ Քրիստոսի երրորդ դարէն սկսած՝ հիւսիսէն անվերջ դէպի հարաւ խուժող գերման ցեղերու ողողումին տակ, հռոմէական կայսրութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը կամաց-կամաց կը վերածուին փլատակներու, եւ ծովու հոգեբանութիւնը կը մարի վերջանականապէս: Եւրոպան դարձած է Ասիա, այսինքն` ցամաք, այսինքն` միջնադար: ==== II. Երրորդ կամ Մահմետական Հազարամեակը ==== Եւ ճիշդ այդ վայրկեանին է, որ Մերձաւոր Ասիան ոտքի կ’ելնէ նոր թափով: Արաբիայի անապատներուն մէջ կը ծլի նոր կրօն մը, ու նոր պետութիւն մը, որ մէկ-երկու տասնեակ տարիներու միջոցին տէր կը դառնայ Հինդիքուշի լեռներէն մինչեւ Ատլանտիկ տարածուող աշխարհին: Սահարայի խորքերը ու Սահարայի շուրջը, Միջին-Ասիայի անապատները եւ այդ անապատներուն շուրջը ամէ՛ն տեղ յաղթական է այդ նոր կրօնապետութիւնը, մահմետականութիւնը, եւ բոլոր այդ մանր ու խոշոր ժողովուրդները կը քաշէ ու կը կապէ իրարու: Որովհետեւ ինքը ծնունդ է անապատի, որովեհետւ իր դաւանանքը խիստ պարզ է ու մատչելի, որովհետեւ չի հարկադրեր որեւէ լուրջ զրկանք ու պարտաւորութիւն. ընդհակառակը, կը խոստանայ ամէն բարիք ու վայելք թէ՛ այս եւ թէ՛ միւս աշխարհին մէջ, բաւական է, որ հետեւիս իրեն: Իսկ չհետեւողը դուրս է ամէն օրէնքէ եւ իր անձն ու գոյքը ուղղափառներու տրամադրութեան տակ. տիրէ՛, խլէ՛, առեւանգէ՛, ջարդէ՛ ու յափշտակէ, այսինքն՝ ամենաընտանի բարոյականութիւնը ամէն մարդու, մանաւանդ կիսավայրենի ժողովուրդներու ուժի ու եսի բարոյականութիւնը, գիշատիչի հին ու հնաւանդ իտէալը: Եւ երբ արագ կերպով կը սկսի աճիլ արաբական քաղաքակրթութիւն մը, արեւելեան կեանքի ու ճաշակի, արեւելեան մտքի ու զգացումներու նոր ու փարթամ ծաղկում մը, իր ձեռքն առնելով ե՛ւ առուտուր ե՛ւ արհեստ, փիլիսոփայութիւն ու բժշկութիւն, ե՛ւ գիտութիւն ե՛ւ արուեստ, անդի՛ն արեւմուտքի մէջ միայն քրիստոնէութիւնն է, որ ապրած է հինի աւերակներէն եւ կամաց-կամաց կը տարածուի ամբողջ Եւրոպայի ցամաքին վրայ, հետզհետէ ցածնալով ու յարմարուելով կիսակիրթ նոր ցեղերու ճաշակին ու բարքերուն: Եւ շատ չանցած Արեւելք ու Արեւմուտք գաղափարները կը նոյնանան մահմետական ու քրիստոնեայ բառերուն: Եւ կը սկսի անհաշտ ու երկարատեւ կռիւը այդ երկուքին միջեւ դարեր ու դարեր յանուն Քրիստոնէութեան եւ յանուն Մահմետականութեան, թէեւ այդ Քրիստոնէութիւնը մեծ տարբերութիւն մը չունի Մահմետականութենէն: Որովհետեւ թէ՛ Բիւզանդիոնը եւ թէ՛ պապականութիւնը, թէեւ շարունակութիւնը հին արեւմտեան քաղաքակրթութեան եւ ղեկավարը Քրիստոնէութեան, բայց ինքնին իրենց ոգիով եւ ըմբռնումով դարձած են բոլորովին արեւելեան: Հիմքը հեղինակութիւնն է, քարացած դոկմաները եւ աստուածապետական սկզբունքները. նո՛յն սէրը փարթամութեան ու վայելքի նոյնիսկ հոգեւորականութեան մէջ, նո՛յն ծարաւը յափշտակելու ու ջարդելու եւ նո՛յն անյագուրդ վէճը աստուածաբանական նրբութիւններուն շուրջը: Պապականութիւնը բուռն ձգտում մըն է նմանուելու արեւելքի խալիֆայութեան: Եւ ժամանակի ամենէն աւելի արեւմտեան, ամենէն աւելի ծովային ոգի ունեցող կտորը, այսինքն` Լոմպարտական քաղաքները անոնք ալ նուազ արեւելք չեն. նոյն շունչը` ամէն տեղ: Դարաշրջանը վարողը Ասիան է: Երբ արաբներու ուժը կը սպառի, Մահմետականութեան դրօշակը Մերձաւոր Արեւելքի տիրապետութեան հետ կ’անցնի Միջին Ասիայի անապատներէն դուրս յորդող թուրանական ցեղերու ձեռքը: Անոնք իրենց զարգացման ցած աստիճանովը ոչինչ չեն բերեր մահմետական քաղաքակրթութեան, բայց իրենց խաշնարածի թարմ կռուասիրութեամբ տէր կը դառնան ե՛ւ խալիֆներու հաւաքած հողամասերուն ե՛ւ արաբական ու պարսկական կուլտուրայի արտադրութիւններուն, կը քշեն մինչեւ Պոլիս, կը տիրեն Բալքանները, մինչեւ Դանուբի ջրերը եւ անկէ անդին մինչեւ Վիեննայի պարիսպները. այսինքն` կը հասնին Արեւելքի յառաջխաղացման ամենալայն սահմանները: Վայրկեան մը ամբողջ Եւրոպան Ասիայի սուրին ու սպառնալիքին տակն է: Հոտկէ ալ արագ կը սկսի անկումը Օսմանեան կայսրութեան: Այսպէսով եօթներորդ դարէն մինչեւ տասնըեօթերորդը, ուրեմն նորէն մօտաւորապէս հազարամեակ մը, Արեւելքն է գերիշխողը ե՛ւ իր զէնքով ե՛ւ իր դիրքովը ե՛ւ իր ըմբռնումներովը: ==== III. Արեւմտեան Նոր Դարաշրջանը ==== ԺԵ-րդ դարէն արդէն կամաց-կամաց կը պատրաստուի Արեւմուտքի նոր զարթօնք մը, արեւմտեան մտքի ու արեւմտեան մարդու նոր շարժում ու գործունէութիւն: Եւ այդ զարթօնքը նորէ՛ն շնորհիւ ծովերուն, մեծ ծովերուն, ովկիանոսին: Փորթուգալն ու Սպանիան ծովային նոր ճամբաներ կը փնտռեն, կ’ուզեն հասնիլ Հնդկաստանի հարստութիւններուն ու համեմներուն` ծովու ճամբով: Վասկօ-դէ-Կաման Աֆրիկայի շուրջը կ’ընէ եւ Եւրոպայի առաջին նաւը կը մտնէ Հնդկաստան: Քրիստափոր Քոլոմպոսը կը ձգտի աւելի կարճ ու շիտակ ճամբի, միշտ Արեւմուտք երթալով Արեւմուտքը հասցնել Արեւելք: Կը գտնուի ե՛ւ այդ ճամբան, բայց մինչեւ այդ ճամբան գտնուիլը, կը բացուին Ամերիկան, Աւստրալիան, եւ, եթէ կ’ուզէք, նաեւ Աֆրիկան, այսինքն` աշխարհիս ուղիղ կէսը: Ի՜նչ ցնցում մտքի ու հոգիի, ի՜նչ շարժում. միջնադարեան ըմբռնումներու եւ ասիական հեղինակութեան ամբողջ շէնքն է, որ կը փլի: Նո՛ր հորիզոններ, նոր երկիրներ, նոր մարդիկ, նոր բարքեր, նոր հարստութիւն, նոր բոյսեր ու կենդանի եւ հետզհետէ նոր-նոր գաղութներ, նոր խառնուրդ ժողովուրդներու, ապրանքներու, կեանքի ձեւերու եւ հոգեբանութեան: Եւ նոր մշտական հաղորդակցութիւն այդ բոլոր նորութիւնները իրարու կապող, մի՛շտ ծովով: Ասպարէզը ծովու մարդունն է, գերիշխաննութիւնը` ծովուն վրայ ամենէն բարձր կարողութիւնը ցուցադրողին: Փորթուգալ, Սպանիա, Հոլանտա, Ֆրանսա ու Անգլիա կը մրցին իրարու հետ. բոլորն ալ կ’ապրին ովկիանոսին եզերքը, բոլորն ալ իրենց դէմքը դարձուցած են դէպի նոր երկիրները, դէպի նոր ծովերը, դէպի նոր ճամբաները, որ կը տանին Ասիա: Եւ ասկէ ետքը մեծ ազգերու բախտը կը վճռուի ծովուն վրայ, կռիւները կ’ըլլան գաղութներու համար: Մեծ պետութիւններու բարձրացումն ու անկումը կը պայմանաւորուին իրենց գաղութային քաղաքականութեամբ, իրենց հզօրութիւնն ու արտադրութիւնը կը սնուին գաղութներու հարստութեամբ: Հազարաւոր մղոններով հեռու կղզի մը, հանք մը, շուկայ մը, յարմար դիրքով ծովուն մէջ ցցուած ժայռի կտոր մը շատ աւելի մօտիկ ու կարեւոր է յաճախ, քան դրանցի ընդարձակ տարածութիւններ: Այդ ծովային կռիւներուն, արշաւանքներուն, երթեւեկին, առուտուրին ու արկածախնդրութիւններուն մէջէն ահա՜ կը ծնի նորէն հի՛ն արեւմտեան ոգին, հի՛ն յունահռոմայեցին, հին եւրոպացի մարդը. միայն շա՛տ աւելի լայն հորիզոններով, շա՛տ աւելի լայն ազգութիւններու մասնակցութեամբ եւ շա՛տ աւելի լայն ու խոշոր աշխատանքով: Եւ բնական կերպով կը վերակենդանանան հին պետական աւելի ազատ ձեւերը, հին կրօնական ազատախոհութիւնը, հին ժողովրդավար սկզբունքները, մարդկային արժանիքի ու բարձրութեան հին ըմբռնումը, հին պաշտամունքը անհատականութեան, հին տիրող հոգին ու գործնական մտածումն ու փիլիսոփայութիւնը, ինչպէս եւ գործի, շարժման ու աշխատանքի սէրը: Եւրոպայի այս նոր բարձրացումը, որ ծայր կուտայ ԺԵ ու ԺԶրդ դարերէն եւ կ’ամրանայ ԺԷ ու ԺԸ-րդի ընթացքին, ԺԹ-րդ դարու սկիզբէն բացարձակ տէրն է աշխարհքի: Եւ այս նոր ու բուռն գործունէութեան դէմ, գիտութեան ու տեխնիկի այս յանդուգն զարգացման դէմ, պետական ու վարչական այս նոր ըմբռնումներուն ու կարգերուն դէմ եւ այսքա՜ն ազգերու միահամուռ ու միակամ արշաւանքին ու կամքին առաջ, Արեւելքի կազմն ու ոգին անկարող էր դիմադրելու մանաւանդ իր արդի խարխլած ու հնադարեան վիճակին մէջ: Պէտք է խոնարհեր գլուխը եւ մասնաւորապէս Եւրոպայի հի՛ն ախոյեանը` Մերձաւոր Արեւելքը: Բոլոր մահմետական պետութիւնները անխտիր կա՛մ բոլորովին ենթարկուեցան եւրոպական իշխանութեան, կա՛մ պահած են թէեւ արտաքին երեւոյթը անկախութեան, բայց իսկապէս խաղալիքն են եւրոպական պետութիւններու, եւ եթէ դեռ կը տեւեն, արդիւնք է պարզապէս եւրոպական պետութիւններու միջեւ եղած մրցակցութեան: Այսպէսով` արեւելեան ոգիի երկրորդ տիրապետութիւնը, այսպէս ըսենք, մահմետական ծաղկումը, արդէն շատոնց փակուած պատմութիւն մըն է, իր մօտաւորապէս հազար տարուան գերիշխանութենէն ետքը Արեւմուտքի հանդէպ: Այդ գերիշխանութիւնը առնուազն երկու դարէ ի վեր անցած է Եւրոպայի ձեռքը, ինչպէս եւ մարդկային քաղաքակրթութեան ու յառաջդիմութեան ջահը: Եւ ինչպէս որ մահմետական հազարամեակին նոյնիսկ մեր պապերն ու Բիւզանդիոնը, նոյնիսկ Վենետիկն ու Ճենովան ու խաչակիրները ենթարկուած էին արաբական ու արեւելեան ըմբռնումներուն, ձեւերուն ու ոգիին, առանց գիտակցելու, մինչեւ անգամ Մահմետականութեան դէմ կռուիլ ուզած միջոցին, այնպէս ալ հիմա մահմետական երկիրները, իրենց գոյութիւնը պահպանել կարողանալու համար գոնէ իբրեւ երկրորդական պետութիւններ, ստիպուած են փոխ առնելու Եւրոպայէն զէնքեր, մտքեր, հաստատութիւններ, պարլամենտներ ու տնտեսական ձեւեր բոլորովին հակառակ իրենց էութեան ու հոգեբանութեան: Բայց ուրիշ ճար չկայ: Եւ ասիական ժողովուրդներէն միայն անո՛նք կրնան հիմա դեր մը խաղալ պատմութեան մէջ եւ արժէք մը ներկայացնել քաղաքակրթութեան համար, որոնք իրապէ՛ս իւրացնել կարողանան արեւմտեան ոգին: Մինչեւ հիմա միայն Ճապոնն է այդ ժողովուրդը, եւ բացատրութիւնն ալ շատ պարզ, չէ՞ որ ծովու զաւակ է, ան Եւրոպան է Ասիայի ամենաարեւելեան ծայրին: Արդեօք եւ այդ երկրորդ արեւմտեան գերիշխանութեան ու քաղաքակրթութեան շրջանը ունենալու է իր խորհրդաւոր հազարամեակը, ինչպէս եղեր է մինչեւ հիմա նախորդ կրկնակի փոխանցումներու ժամանակ, թէ՞ տեւելու է աւելի կարճ կամ աւելի երկար հարց մըն է, որ գուշակութիւններու աշխարհին կը պատկանի: Այսքանը միայն կրնանք ըսել այժմ, որ սկսուածը դեռ խիստ նոր ու թարմ շարժում մըն է, դեռ դարերու ապագայ ունի իր առջեւը եւ իրենց ուժերը դեռ լիովին չգործադրած ժողովուրդներ կը սպասեն հերթի: Երբ յոգնի ու խոնարհի Անգլօ-սաքսոն տարրը, ետեւը կեցած է Գերմանիան եւ Հիւսիսը, խիստ աշխատող, մտածող, կազմակերպող ու ձեռնարկող ժողովուրդներ: Իսկ գերմաններու ետեւը սլաւոն տարրը, ռուսները մասնաւորապէս, այնպէս որ դեռ շատ մեծ են եւրոպական մտքի ու ոգիի պահեստի ուժերը եւ պատմական հնարաւորութիւնները: Շարք մը դարերէ ետքը հաւանական է այս կամ այն ձեւով կրկին վերադարձ մը` պահպանողական գերիշխանութեան, ցամաքային ոգիին, ասիական տեսակէտներուն. նորէն տեսակ մը նահանջ` դէպի ետ, տեսակ մը էջքի ու հանգստի շրջան: Թէ ուրկէ՞ պիտի փրթի փոթորիկը` իհարկէ կը պատկանի նորէն գուշակութեան աշխարհին: Եւրոպայի մէջ միշտ սուտ ու իրաւ վախ մըն է եղած «դեղին վտանգէն», այսինքն` Հիմալայեան պատնէշին ու չինական պարիսպներուն ետեւը սուսիկ-փուսիկ կծկտած ժողովուրդներէն, որոնք քիչ-քիչ սկսած են խլրտիլ: Ո՞վ գիտէ, արդեօք պատմական նոր զարթօնք մը ունենալու չէ՞, նոր Կոնֆուցիոսով մը խթանուած, այդ սարսափելի լուռ 400 միլիոնը, եւ ողողելու չէ՞ իր հեղինակութեան ու պահպանողականութեան պաշտամունքովը եւ անապատի ու սարաւանդի իր հասկացողութիւններովը մինչեւ Ատլանտեանի ափերը: Այն ժամանակ մեր խեղճ անհատականութեանն ու ազատամտութեանը միակ փախուստի ճամբան կը մնայ իր ծովը. դէպի Ամերիկա` դէպի կղզիները: Բայց ենթադրութիւններուն ներուած խախուտ սահմանը չափէն աւելի անցած չըլլալու համար դնե՛նք վերջակէտ: === Գ. ԱՐԴԻ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ === ==== I. Իր Բնորոշ Գծերը ==== Հիմա մենք կ’ապրինք արեւմտեան քաղաքակրթութեան եւ ծովու տիրապետութեան դարաշրջանին մէջ: Այդ դարաշրջանի սկիզբն ենք, այդ դարաշրջան ելքին վրայ: Ան իր բովանդակ ուժը, բովանդակ ծաղիկը չէ բացած դեռ, եւ հասուն պտուղը դեռ շատ է հեռու: Դեռ շատ կան նախորդ շրջանէն ու ցամաքային քաղաքակրթութենէն մնացած ձախորդ ու յետամնաց ժառանգութիւններ, որոնք պէտք է աւլուին մէջտեղէն տեղ բանալու համար նորերուն ու ժամանակի պահանջին: Եւ որովհետեւ ծովն է առանցքը արդի քաղաքակրթութեան` բոլոր ցամաքներն ու կղզիները ո՛չ թէ ծովերով կը բաժանուին իրարմէ, ինչպէս որ կ’ըլլայ ասիական տիրապետութեան շրջանին, այլ ծովերով կը կապուին իրարու: Եւ կը ստացուի սերտ շփում ու գործակցութիւն աշխարհիս բոլոր մասերուն միջեւ, քաղաքակրթութիւնը կը դառնայ համամարդկային, միջազգային, իրարու հիւսուած, իրարու հագցուած, իրարու կապուած: Եւ հսկայական չափերու կը հասնի միջազգային տնտեսութիւնը, որուն ազդեցութեանը կ’ենթարկուի ամէն ազգային տնտեսութիւն եւ ինքն ալ ակամայ կը ձգտի միջազգային դերի: Այդ համատարած կապն ու շփումը, այդ ապրանքներու, ձեռնարկներու, արտադրութիւններու գիշեր ցերեկ դադար չունեցող երթեւեկը խթան կը դառնայ ամէն հարստանալ ուզող, ամէն դեր խաղալ ուզող ազգի, որ զբաղուի ամենէն առաջ արդիւնաբերութեամբ ու առուտուրով: Աշխատութեան շեշտը դաշտերու ցանքսերէն ու լեռներու արօտներէն կը փոխադրուի գործարանները, նաւահանգիստները եւ հաղորդակցութեան կապ ներկայացնող քաղաքները: Ու քաղաքները կը դառնան աշխարհքներ, ուր տեղի նեղութենէն խեղճ բնակչութիւնը իրարու քով ապրելու անկարող` հարկադրուած է ապրելու իրար գլխու: Այս տնտեսութեան եւ այս երթեւեկին թէ՛ նոր-նոր նիւթեր, թէ՛ նոր միջոցներ հայթայթելու համար մարդկային միտքը լարուած աշխատանքի վրայ է: Եւ գիտակա՛ն աշխատանքի, այսինքն` բնութիւնը ուսումնասիրելու, եւ տեխնիկակա՛ն աշխատանքի, այսինքն` բնութիւնը կապկելու եւ իրեն ծառայեցնելու: Ասոր արդիւնքն է, որ օր չկայ, որ նորութիւն մը չբերէ, որ նոր գիւտ մը չելնէ մէջտեղ: Նորելու, փոխելու, հնարելու, կատարելագործելու այդ անհանգիստ տենչը ընդհանուր է ամէն տեղ ու ամէն բանի մէջ ժամանակիս մարդուն հոգիին խորքը: Մեր դարը շեշտուած յառաջադիմական դար է: Ամէնքը առաջ կը նային ու կը ձգտին դէպի վեր: Հոգիները սլացք ունին, յանդգնութիւն, վստահութիւն եւ հաւատք մարդկային ուժին: Եւ ով ամենէն աւելի ունի այդ սլացքը, յանդգնութիւնը եւ հաւատքը իր հոգեկան ուժերուն` ա՛ն է, որ կը յաղթէ այս դարաշրջանին մէջ: Եւ ճիշդ այդ պատճառով մեր դարաշրջանը անհատականութեան դար է. հիմնական պահանջը` անհատի ազատութիւնը, հիմնական ձգտումը` բանա՛լ ճամբաները ամէնուն առջեւը, որպէսզի ամէնքը կարող ըլլան դէպի վեր շարժուելու, ամէնքը կարող ըլլան կրթուելու եւ ընտրելու իրենց յարմար եկող աշխատանքը, ամէնքը կարող ըլլան գործադրելու իրենց շնորհքը, իրենց տաղանդը, իրենց ուժերը, ամէնքը հնար ունենան լսելի ընելու իրենց ձայնը, ըսելու իրենց մտածումը, եւ ասպարէզը բաց ըլլայ ամէն մրցումի: Դեմոկրատիզմ բառը կը նշանակէ «ճամբա՛ տուէք ամէնուն». եւ դեմոկրատիզմի իդէալն է` տա՛լ հնարաւոր լայն աստիճանը անհատներու ազատութեան, որպէսզի հանրութիւնը շահի, եւ օղակե՛լ հանրութիւնը սերտ ինքն իր մէջ եւ զարգացնելը համայնական զգացումն ու գործունէութիւնը, որպէսզի բոլոր անհատները օգտուին: Այս ներքին դրդումներուն համեմատ ալ ձեւուեր են ու կը ձեւուին մեր արդի կառավարութիւնները եւ պետական կազմը: Գերագոյն սկզբունքն է ժողովուրդի տիրայնութիւնը. ամէն ինչ ժողովուրդի համար ու ժողովուրդի կամքով: Որով ամէն պետական ու վարչական մարմնի հիմքը կը դառնայ ընտրութիւնը, ընտրական սիսթեմը, իսկ ձեւը` ժողովը, ամէն տեսակի մեծ ու փոքր պարլամենտներն ու համաժողովները: Եւ դարուս բոլոր ներքին քաղաքական մաքառումներն ու յեղափոխութիւնները վերջ ի վերջոյ կը դառնան այդ երեք իրարմէ բղխող իրաւական գաղափարներուն տրուելիք իմաստին ու սահմանումին շուրջը. ժողովուրդ, ժողով եւ ընտրութիւն: ==== II. Ազգերու Անկախացումն ու Դաշնակցումը ==== Նոյն ներքին զսպանակներուն համեմատ ալ ժողովուրդներու արտաքին քաղաքականութեան, ձգտումներուն եւ իրար հետ ունեցած փոխադարձ յարաբերութիւններուն վրայ տիրող սկզբունքը հետզհետէ կը դառնայ ազգային գաղափարը: Նախորդ դարաշրջանին ժողովուրդներու ներքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է տիրող թագաւորական տան մը իրաւունքներուն վրայ, եւ ժողովուրդը ձայն չունէր, նոյն էլ եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերմամբ: Այսինչ իշխող տունը` խլելով կամ ժառանգելով` տէր էր դարձած որոշ երկիրներու եւ ժողովուրդներու, առանց որեւէ կարեւորութիւն տալու այդ ժողովուրդներու ցանկութեան: Բայց, երբ կուգայ ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան գաղափարը, երբ քաղաքակրթութեան զարգացումը կը սկսի պահանջել թէ ժողովուրդ մը ի՛նքն է, որ պէտք է որոշէ իր կազմն ու կառավարութիւնը, բնականօրէն ինքնին կուգայ տիրուած ու բռնի կերպով միացուած ազգութիւններու անջատման պահանջը, եւ նոյն ազգութեան բռնի կերպով բաժնուած մասերը միացնելու պահանջը. որով հետզհետէ պատմութիւնն ու իրականութիւնը կը բռնեն ազգային ճամբան, այսինքն պետական միութեան հիմքը կը նկատուի ազգային միութիւնը: Ամէն ազգ ինքն է տէրը եւ ինքը պէտք է ընտրէ ինչպէս իր ներքին կառավարութեան եղանակը, այնպէս ալ իր պետական արտաքին վիճակը: Այս ըմբռնումի առաջին արդիւնքն է բազմաթիւ «հպատակ» ազգերու ազատագրուիլն ու առանձին պետութիւններ կազմելը ԺԹ-րդ դարու ընթացքին եւ այս վերջին պատերազմին իբրեւ հետեւանք: Այդ ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակուելու վրայ է, եւ մեր անկախութեան հարցն ալ հիմա հերթական է, ո՛չ միայն անոր համար, որ մենք կը ձգտինք, եւ որ կան գուցէ մեզի նպաստաւոր ուրիշ ազգերու շահեր, այլ եւ այն մեծ ընդհանուր պատճառով, որ մարդկային քաղաքակրթութեան դրած պահանջն է ատիկա. մեր ժամանակի ոգի՛ն է, որ կը պահանջէ: Նոյն ըմբռնումէն կը բխի միջազգային քաղաքականութեան մէջ արմատ ձգող երկրորդ կարեւոր երեւոյթ մը: Տիրապետութիւնը, ուրիշ ազգերու գլուխն տիրելը, մէկ անգամէն մէջտեղէն վերնալ չի կրնար. նախ որովհետեւ ամէն պատմական երեւոյթ իրականութիւն կը դառնայ յամառ դիմադրութեամբ եւ աստիճանական երկարատեւ զարգացմամբ, միւս կողմէն ալ այդ դանդաղութիւնը որոշ չափով անհրաժեշտ է քաղաքակրթութեան զարգացմանը եւ ապահովութեանը համար: Այնպէս որ տիրապետութիւնը դեռ երկար կը մնայ, բայց տիրապետութեան հին ձեւը այլեւս երկար մնալ չի կրնար: Բռնակալութիւնները, բացարձակ տիրապետութիւնները, ժողովուրդներու ստրկացումը, ապազգայնացումը եւ դիմազուրկ դարձնելը կը նկատուին հակառակ դարուս ոգիին, իբրեւ թշնամանք մարդկութեան, իբրեւ արգելք քաղաքակրթութեան զարգացման եւ իբրեւ անբարոյական երեւոյթ: Եւ ճիշդ ատոր համար ալ քաղաքակրթապէս ամենէն բարձր կեցած ամենէն մեծ տիրապետութիւնը կը ջանայ իր կայսրութեան վրայէն վերցնել տրապետական ու բռնակալական տեսքը, եւ հետզհետէ կը վերածուի դաշնակցային ձեւի, տալով իր հպատակ ժողովուրդներուն կա՛մ լայն ինքնավարութիւն կա՛մ կէս-անկախութիւն կա՛մ գոնէ անկախութեան մը արտաքին երեւոյթը: Անխուսափելի կերպով Անգլիային հետեւելու են այն միւս ազգերը, որոնք գաղութներ ունին եւ հպատակ ազգեր, որովհետեւ անկարելի է դիմադրել հասունցած ըմբռնումներուն եւ ժամանակի հրամայական ստիպումին. քիչ մը աւելի ուշ կամ քիչ մը աւելի կանուխ, բայց բոլորն ալ պէտք է երթան այդ ճամբով: Տիրապետութիւններու դաշնակցային պետութեան վերածուելուն զուգահեռ, եւ անոր ազդեցութեան տակ, տեսակ մը անոր մեծ ուժին հակակշելու համար, արդէն ծայր է տուած միջազգային երրորդ ըմբռնում մը, որ է փոքր ազգերու դաշնակցութիւնը, խմբակցումը, իրենց շահերը պաշտպանել կարողանալու համար, իրենց ձայնը անհրաժեշտ եղած չափով լսելի դարձնելու համար: Բալքանեան դաշնակցութիւնը, փոքրիկ անտանդը, Միջին Ամերիկեան դաշնակցութիւնը, Բալտիկ երկիրներու դաշնակցութիւնը, կովկասեան դաշնակցութիւնը այդ կարգի փորձեր են ու ճիգեր: Եւ այս երկու ձեւի դաշնակցային ուղղութեան քովէն կը քալէ չորրորդ միջազգային ձգտում մը, այդ բոլոր դաշնակցութիւններն ու ազգերը իրար կապելու համամարդկային մէ՛կ եւ ընդհանուր դաշնակցութեան մը մէջ. այդ ձգտումի առաջին մարմնացումն է, թէեւ դեռ շատ թոյլ ու թերի, Լեմանի ափին տեղաւորուած Ազգերու Լիգան: Այսպիսով ժամանակի ոգին մեզի կը տանի մէ՛կ կողմէն դէպի մանրացումը պետութիւններու, դէպի փոքր, անկախ ու ազատ ազգերու առաջացումը, եւ մի՛ւս կողմէն այդ անկախ ազգութիւններու զանազան աստիճանի կապակցումն ու դաշնակցումը իրարու հետ: == ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔ == === Ա. ԱՆԳԼԻԱՅԻ ՈՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՀԱԿԱԴԻՐ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԸ === ==== I. Ասիայի հարաւը եւ Անգլիա ==== Եւրոպայի արշաւը դէպի Ասիա սկիզբը ուղղուած էր գլխաւորապէս Հնդկաստանի վրայ: ԺԶ-րդ դարուն փորթուգալցիք էին. հոսանքը աւելի մեծցաւ յաջորդ դարուն, երբ արեւելեան ծովերու գերիշխանութեան հետ նաեւ Հնդկաստանի առուտուրը անցաւ հոլանտացիներու ձեռքը: Բայց թէ՛ յարաբերութիւնները եւ թէ՛ ընդհարումները տեղացի իշխաններուն հետ անհամեմատ աւելի շեշտուեցան ֆրանսիացիներու ժամանակ մինչեւ ԺԸ-րդ դարու կէսերը, ուրկէ սկսած` առաջնութիւնը ծովերու վրայ, ուրեմն եւ Հնդկաստանի շահագործումը` կ’անցնի Անգլիային: Եւրոպական այդ արշաւը Ասիայի վրայ իր իսկական լայն չափերուն կը հասնի սակայն ԺԹ-րդ դարու ընթացքին, մասնաւորապէս` շոգեմեքենայի գիւտէն ետքը: Իրար ետեւէ կը գրաւուին կամ մեծ պետութիւններու ազդեցութեանը կ’ենթարկուին Հնդկաստանէն դէպի աւելի արեւելք գտնուող երկիրները` Բիրման, Սիամ, Անամ մինչեւ Չինաստան ու կղզիները: Այդ միջոցին Անգլիան իր տիրապետութիւնը կը տարածէ ամբողջ Հնդկաստանի վրայ մինչեւ Հիմալայի բարձունքները, որուն կը միացնէ նաեւ Բիրմանը մէկ կողմէն, Բելուճը` միւս: Միեւնոյն ժամանակ կը քաշէ հոգը դէպի Հնդկաստան տանող կարճ ճամբուն: Իր ձեռքն են Ճիպրալտարը, Մալթա, Եգիպտոս, Ատէն, այսինքն` բոլոր դռները, երբ կը բացուի Սուզէի ջրանցքը: Հերթը կը հասնի Պարսից ծոցի ու ծովի արաբական ու պարսկական ափերուն, այսինքն` դէպի Միջագետք: Իսկ ով տէր է Եգիպտոսին ու աչք ունի Միջագետքի վրայ` անհրաժեշտ է, որ ունենայ Պաղեստինն ու Սիւրիան, միակ կապը, միակ ճամբան այդ երկուքը իրարու զօդող, այդպէս է եղած միշտ անցեալին մէջ, եւ այդ է պատճառը, որ հրէաները հայրենիք չունին: Եւ ահա՛ այս համաշխարհային պատերազմը տուաւ Անգլիային ե՛ւ Միջագետքը ե՛ւ Պաղեստինը ե՛ւ հարկ եղած մասը Սիւրիայի: Այսպէսով` Անգլիայի ազդեցութեան շրջանակը առանց ընդհատուելու կ’անցնի հիմա Գապի գլխէն ամբողջ Աֆրիկայի արեւելեան մէջքովը, Նեղոսի հովիտով ու Հրէաստանով մինչեւ Միջագետք: Այս բոլորը Հնդկաստանէն բաժնողը Պարսկաստանի հարաւն է. պարզ է, որ իյնալու է ան ալ Անգլիայի անմիջական ազդեցութեանը տակ, որով անընդհատ կապը կը հասնի Բելուճ, Հնդկաստան ու Բիրման: Եւ չանցնիր մէկ-երկու տասնեակ տարի, որ անգլիական դիրեկտ վագոնին մէջ նստած կարելի պիտի ըլլայ սլանալ Աֆրիկայի հարաւային ծայրէն մինչեւ Ասիայի արեւելեան անկիւնը` մի՛շտ անգլիական վարչութեան ու վերին հսկողութեան հովանիին տակ: Այս ընդարձակ աշխարհներուն մէջ կ’ապրին բազմաթիւ բազմամիլիոն ժողովուրդներ. այդ ժողովուրդներուն մէկ մասը, մասնաւորապէս Ասիայի մէջ եղած են երբեմն հսկայական պետութիւններ եւ ունեցեր են բարձր քաղաքակրթութիւն, եւ հիմա ալ ունին իրենց յատուկ արեւելեան կեանքը, իրենց ուրոյն իրաւական, պետական ու վարչական ձեւերն ու ըմբռնումները, իրենց տարածուած ու զարգացած լեզուները, կրօնները, արուեստները եւ վարք ու բարքը: Եւ ժողովուրդներու այս ծովուն վրայ տիրապետող անգլիական տարրը չնչին թիւ մըն է միայն, եւ ուրիշ բան ալ չի կրնար ըլլալ երբեք: Բուռ մը բարձրադիր պաշտօնեաներ ու զինուորականներ, այլ եւ առեւտրականներու ու արդիւնաբերողներու խումբ մը, քիչիկ մըն ալ զօրք, մանաւանդ նեղ վայրկեաններուն` ահա՜ բոլորը: Այնպէս որ անգլիական տիրապետութիւն ըսուածը Ասիայի մէջ գաղթային վիճակ չէ, երկիրը հիմնուած չէ անգլիական տարրին վրայ: Անգլիացին ամբողջ հարաւային Ասիայի վարիչն է, կառավարիչը, հրամայողն ու օգտուողը եւ այդ մտքով ալ տէրը, բայց տանտէրը չէ: Աւելի շուտ կապալառուի է նման: Եւ այդ աշխարհներուն մէջ իր ներկայութիւնն ու վարչութիւնը պարզապէս ջրհան մեքենայի պէս բան մըն է, կանոնաւոր կերպով ու գիտական կատարելագործութեամբ քաշելու համար տեղական հարստութիւնները, եւ, ընդհակառակը, ողողելու համար այդ երկիրները անգլիական գործարաններու արտադրութեամբ: Եւ այդ մեքենայի սկզբունքն է` հնար եղածին չափ քիչ մարդով, հնար եղածին չափ քիչ ծախսով, հնար եղածին չափ մեծ շահ: Եւ ատոր համար ալ ամէն շարժում կը կատարուի կշիռքով: Անգլիացին իսկոյն իր հետը կը բերէ կարգ ու կանոն, հանգիստ, ճամբաներ ու երկաթուղի, կապիտալ եւ աշխատանքի կազմակերպութիւն, լաւ վճար, քանի մը կրթ. հաստատութիւններ` պաշտօնեայ ու օժանդակներ հասցնելու համար իրեն, եւ այս բոլորը անշուշտ բարիքներ են տեղացիներու համար, բայց մնացածով այլեւս չի հետաքրքրուիր: Իրենք իրենց մէջ կ’ապրին իրենց անգլիական կեանքովը, իրենց անգլիական յարմարութիւններով, բոլորովին կտրուած` տեղական ժողովուրդէն, եւ չափազանց ալ բարձրէն կը նային տեղացիին վրայ: Շատ խոր եւ շատ մեծ վիհ կայ տիրողի եւ տիրուածի կեանքի, հոգիի ու ապրուստի եղանակներուն մէջ` անլցելի՛: Անգլիացին միշտ օտարական մըն է իր ասիական տիրապետութիւններուն մէջ, եւ ատուած, չսիրուած օտարական մը. բան մը, որ անգլիացիին համար ոչ մէկ կարեւորութիւն չունի` բաւական է, որ հանգիստ մնան տիրուածները: Անգլիացին այդ ժողովուրդներու ո՛չ փչացումը կ’ուզէ, ո՛չ ալ անգլիացումը, ո՛չ այդ ժողովուրդներու բարձրացմանը համար շատ հոգ կը տանի, ո՛չ ալ զարգացմանը, իր միակ ուզածն է, որ տնտեսական օգտագործման իր լարած մեքենան կանոնաւոր ու անարգել բանի: Եթէ երբեմն մասնաւոր ճնշումներ գործ կը դէ կամ բացառիկ հոգածութիւն ու օժանդակութիւններ ցոյց կուտայ տեղացիներուն հանդէպ` դրդիչ պատճառը միշտ նոյնն է. մենքենան պէտք է լաւ բանի: Նոյն պատճառով ալ յաճախ շատ աւելի ձեռնտու է իրեն իր դէմը ունենալ կիսանկախ ինքնավարութիւններ, քան պարզ ու անմիջական իր տիրապետութիւնը, երբ մանաւանդ մեծ ծախքերու, մշտական դժգոհութիւններու եւ զօրամասեր զբաղեցնելու հարց կայ մէջտեղը: Թող երթան ապրին ինչպէս որ կ’ուզեն, թող ըլլան «անկախ» եւ իրենք իրենց մէջ պետութիւն խաղան. հերիք է, որ բոլոր կարեւոր հարցերուն մէջ իր «ներկայացուցիչներու» կամքէն ու հրահանգէն դուրս գալ չկարողանան, հերիք է, որ իր նաւերուն, երկաթուղիներուն ու տնտեսական ձեռնարկներուն առջեւը ճամբան լայն բաց ըլլայ եւ, ընդհակառակը, միւս մրցակից ազգերուն առջեւը ճամբաները պինդ գոցուին: Այս տեսակ զանազան ձեւի ու մեծութեան «կախեալ անկախութիւններու» ահագին հավաքածու մըն է Հնդկաստան ըսուածը: Այս տեսակ կախեալ անկախութիւններ են հիմա Միջագետքը, Պաղեստինը, Արաբիան, Եգիպտոսը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Այդ տեսակի փորձ մըն է Ատրբէյջանի, Վրաստանի ու Հայաստանի կախեալ անկախութիւններու պաշտպանութիւնը Կովկասի մէջ: Այդ կախեալ անկախութեան վիճակին բերելու ճիգ մըն էր Պարսկաստանի հետ կապած ու քանդած վերջին դաշնագիրը: Նոյն կախեալ անկախութեան գիրկն էր, որ ան կը կրէր երէկ Աւղանիստանը եւ ուր հրէ պիտի վաղը Թուրքիան: Այսպէսով` Ասիայի ամբողջ հարաւին վրայ իր թաթը դրած է Անգլիան: Կազմելով հսկայական տնտեսական ու վերին վարչական ամբողջութիւն մը անգլիացիներու ձեռքով ու Անգլիայի համար: Եւ իրարմէ կտրուած, յաճախ հակադիր, մանր ու մանրուք տեղական կառավարութիւններ, սահմաններ ու տնտեսութիւններ տեղացիներու ձեռքով ու տեղացի ժողովուրդներու համար: ==== II. Ռուսաստանն ու ռուս ոգին ==== ԺԶ եւ ԺԷ-րդ դարերէն կը սկսի նաեւ Եւրոպայի արշաւանքը հիւսիսային Ասիայի վրայ` արշաւողն է Ռուսաստանը: Իսկ նոյն ԺԹ-րդ դարու ընթացքին, երբ Անգլիան կը ճգնի ամբողջ հարաւային Ասիան իր իշխանութեանը ենթարկելու, Ռուսաստանն ալ առաջ կը շարժուի հիւսիսէն, կը լրացնէ արեւելեան Սիբիրի գրաւումը, կը հասնի ծովուն, կ’անցնի կովկասեան լեռները, կը տեղաւորուի կամաց-կամաց Մերձաւոր Արեւելքի եզերքին եւ կը վերցնէ ամբողջ Միջին Ասիան: Իսկ ի՞նչ բան է ինքը Ռուսաստանը: Ռուսաստանը հողի այն ընդարձակ կտորն է, որ կը կապէ Ասիան Եւրոպային, եւ շատ դժուար է որոշել` Ասիայի՞ն կը պատկանի, թէ՞ Եւրոպային: Եւրոպայի ամենէն ասիական մասն է, քանի որ ահագին ցամաքային զանգուած մը կը կազմէ եւ կտուած է ազատ ծովերէ: Բայց Ասիայի համար ալ իսկական Ասիա չէ, ո՛չ անապատ ունի, ո՛չ ալ լեռներ ու լեռնադաշտեր, այլ ընդարձակ ու անսահման տափարակ մը առատ ու ջրդի գետերով, հողը բարեբեր, որով եւ ժողովուրդի հիմնական աշխատանքը դարձած է երկրագործութիւնը, որ ասիական քաղաքակրթութեան վրայ դրած է իր անջնջելի կնիքը: Կանոնաւոր, միակերպ ու հողին կապուած աշխատանքն ու ապրուստը անշուշտ ռուսին ալ տուեր են դանդաղկոտութիւն ու պահպանողականութիւն, եղածին կապուած մնալը, տիրողներուն հպատակիլը եւ իր կեանքին ու վիճակին վրայ տեսակ մը ֆաթալիստ հայեացք, որը միշտ ու ամէն տեղ յենարանն է բռնակալութեան ու տգիտութեան: Ռուսը իր հոգիին այդ գծերովը դէպի Արեւելք կը հակի, մանաւանդ որ մշտական յարաբերութեան մէջ է եղած իր ասիական հարեւաններուն հետ, երեք դար կրեր է թաթարին լուծը եւ իր արիական երակներուն մէջ շատ ունի մոնգոլական արիւն: Բայց իր ընդարձակ ու անվերջ տափաստանները, ուր որ նայիս նո՜յն ու միօրինա՜կ, ե՛ւ սիրելի ե՛ւ ճնշող միաժամանակ, դրեր է իր բնակչութեան վրայ տխրութեան ու ձանձրոյթի շեշտ մը, որ անոր երիտասարդ հոգիին մէջ կ’առաջացնէ խորին պահանջ մը դուրս գալու այդ ձանձրոյթէն ու միօրինակութենէն, եւ կուտայ անոր` հոգեկան անհանգստութիւն մը, հոգեկան շարժունութիւն մը ուրիշ բան մը գտնելու, ուրիշ բան մը ճարելու, այդ սովորականէն, այդ տափերէն ու տափակներէն աւելի անդին ու աւելի վեր: Ռուսի հոգին որոնող, պրպտող, ինքզինքը քրքրող գիծ մը ունի, կարծես քար մը կայ իր խղճին վրայ: Եւ միեւնոյն ժամանակ փռուելու, հոսելու, տարածուելու հակում մը, որ արդիւնքն է այդ որոնումին, իր հարթ հողին, իր մեծ թուին ու իր երիտասարդութեան: Հոգեկան այդ անհանգստութիւնն ու տարածականութիւնը, որ ճամբայ կը բանայ արկածախնդրութեան ու ձեռնարկութեան, ռուսին շատ կը մօտեցնէ արեւմտեան հոգիին: Միայն կայ հիմնական տարբերութիւն մը. իր առած շարժումն ու քայլերը շատ աւելի նուա՛զ գործնական են, որովհետեւ օրուան անմիջական պէտքէն չէ՛, որ կը բխին, եւ շա՛տ աւելի կրաւորական են` ենթարկուելով շրջապատին ու կողմնակի մղումին, կը գլտորուի, որովհետեւ թեք է գետինը: Անգլիացին, երբ կէտ մը, անկիւն մը կը վերցնէ կամ կը թողնէ, կը մօտենայ կամ կը հեռանայ, միշտ հաշիւ կայ մէջը, որոշ ու գործնական` կա՛մ նաւթ է, կա՛մ բամբակ, կա՛մ պղինձ, կա՛մ շուկայ, կա՛մ դիրք է կա՛մ դուռ, կա՛մ յենարան: «Ձեռքս կը հասնի, ուրեմն վերցնեմ» նշանաբանը, եթէ որեւէ դեր ալ կը խաղայ, յամենայն դէպս շատ երկրորդական: Իսկ երբ Ռուսաստանը կը քշէր դէպի Միջին-Ասիայի խորքերն ու անապատները, դէպի Արալ, դէպի Խիվա, Բուխարա, Սամարղանդ` անոր այդ քայլերը ղեկավարող մարդիկը ի հարկէ չէին մտածեր Թուրքիստանի բամբակի մասին, եւ եթէ բացի տիրելու տենչէն ուրիշ բան մը կը մտածէին, մտածմունքնին այն էր, թէ այդ երկիրներուն ետեւը կայ աշխարհ մը, որուն անունը Հնդկաստան է եւ որ կը գտնուի անգլիացիներուն ճանկը եւ որ պէտք էր խլել անգլիացիներուն ճանկէն: Ինչպէս որ, երբ դէպի Կովկաս կուգային` Բակուի հանքերը չէին իրենց դրդիչը, որը դեռ եւս չորս պատի մէջ մշտավառ պաշտամունքի առարկայ մըն էր տեղացիներուն համար: Դրդիչը պարզապէս տիրելու, տարածուելու, մեծնալու պահանջն էր, նոր երկիրներու իւրացումը, կլանումը, ռուսացումը: Անգլիացին շահագործելու համար կուգայ. ատոր համար է, որ եթէ հարկ եղաւ կը բաւականանայ «ազդեցութեան շրջանակով», տիրապետութեան ժամանակ ալ միշտ աթոռին ծայրը նստած հիւրի մը պէս է: Ռուսը, երբ կը քալէ երկրի մը վրայ, կուգայ տեղաւորուելու համար, Ռուսաստան շինելու շահի, հանքի ու ապրանքի հաշիւները ետեւէն կուգան, հետեւանք են տիրապետութեան եւ ո՛չ պատճառ: Ռուսը առաջ կը շարժուի առանց երկար-բարակ մտածելու, առանց ինքն իրեն պարզ հաշիւ տալու, դէպքերն են, որ կը վարեն, բնազդներն են, որ կը հրեն: Եւ բանակներուն ետեւէն կամաց առաջ կը սահի ինքը ժողովուրդը` ի հարկէ վայելելով նոր տիրուած երկիրներուն մէջ առաւելութիւններ, հողերուն լաւ մասը, առանձնաշնորհումներ: Որով եւ ռուսը իր տիրապետութեան բոլոր անկիւններուն մէջ իր տանն է: Ու կը սկսի նշանաւոր խմորումը: Ուր ժողովուրդները նախնական վիճակի են դեռ, ցրիւ, փոքր ու անկազմակերպ` տիրուածներու կլանումը ու իւրացումը կը կատարուի ինքնին, առանց աւելորդ աղմուկի ու առանց մասնաւոր ջանքներու` կ’աշխատի ամենակարող ժամանակը: Իսկ, երբ նոր տիրապետութիւնը կը զարնուի աւելի մեծ ու աւելի բարձր քաղաքակրթութեան հասած ու աւելի կազմակերպուած ժողովուրդի մը` հարկ կը զգացուի օժանդակ միջոցներու: Եւ մէջ կուգայ ազգային ճնշումներու, սահմանափակումներու, արգելքներու ու հալածանքներու ամբողջ ծրագիրը իր զանազան աստիճանաւորութիւններով` նայելով տեղին, պայմաններուն ու ժամանակին: Ռուս կառավարութեան թափած այդ ջանքերուն մասնաւոր կերպով կը նպաստեն տիրող ու տիրուած տարրերուն մշտական ու խառն կենակցութիւնը եւ երկուքի ապրուստին ու քաղաքակրթութեան աստիճանին ու վիճակին մէջ մեծ տարբերութիւն մը չգտնուիլը, որու հետեւանքով չափազանց պարզ, հաւասար եւ ընտանի կը դառնայ տիրող ու տիրուած ժողովուրդներու փոխադարձ շփումն ու վերաբերումը: Նոյն ռուսական կրթութիւնը նոյն կրթական հաստատութիւններուն մէջ, որով ստիպուած է անցնելու ամէն մէկը, որ դիրքի մը կը ձգտի, աւելի եւս իրարու կը կապէ աճող սերունդները եւ ընդհանուր հակումներ կուտայ անոնց, իսկ խառն ամուսնութիւնները կը լրացնեն պատկերը: ==== III. Ռուսաստանը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ==== ԺԹ-րդ դարու սեմին` ռուսները ոտք դրին Կովկաս, հիւսիսէն նայած` Անդր-Կովկաս: Դերբենտ, Շիրվան, Կուրի հովիտը, Թիֆլիս ու Վրաստան իրենց բնական առաջացումն է: Կուրի հովտին տիրողը պէտք է տիրէ եւ այդ հովտին վրայ տիրող լեռներուն` Ղարաբաղ, Ղազախ ու Լօռի, իսկ ով տէր է հայկական բարձրաւանդակին` անխուսափելի կերպով պէտք է իջնէ մինչեւ Արաքս. այս բոլորը կատարուած իրողութիւն էր արդէն 1827-ին: Պարսկաստանի հետ առայժմ իր հաշիւը մաքրելէն ետքը, հերթը կը հասնի Թուրքիային: [18]28-ի եւ [18]77-ի պատերազմները Ռուսաստանին կը կցեն ամբողջ Կարսի նահանգը եւ Աճառիան: Եւ պարզ էր ամէնուն համար, որ ասիկա առաջին հանգրուանն էր միայն: Արարատեան դաշտի միջով շինուող երկաթուղիի երկու ճիւղաւորութիւնները դէպի Սարը-Քամըշ<ref>Նկատի ունի Սարիղամիշը: Խմբ.:</ref> եւ դէպի Ջուլֆա, երկու սլաքներու նման, ցոյց կուտային ռուս դիտաւորութիւններու ուղղութիւնը: Եւ վերջին պատերազմի միջոցին ռուս-թուրքական սահմանը իրաւ որ նահանջեց մինչեւ Եփրատ ու Տրապիզոն, ամբողջ «Թուրքհայաստանը» թողնելով ռուսներուն, մինչեւ բոլշեւիկեան քայքայումը: Եւ այդ հարցը դեռ բաց հարց է, հակառակ թուրքօ-բոլշեւիկեան բոլոր սիրաբանութիւններուն ու պինդ պինդ կնքուած դաշնագիրներուն: Ռուսներու շարժումը դէպի Պարսկաստան նմանապէս հասած չէ իր վերջնակէտին: Ռուսներու ջերմեռանդ «պաշտպանութիւնը» Ուրմիայի շրջանի քրիստոնեաներուն, երկաթուղիի գծին մինչեւ Թաւրիզ երկարիլը հերիք էր ինքնին: Բայց կայ մէջտեղ եւ անգլօ-ռուս համաձայնութիւնը իր «ազդեցութեան շրջանակներով»: Որ Աւղանիստանի վրայ ալ իրենք «իրաւունքներ» ունին` ռուսները երբեք չեն ծածկած: Այսպէսով` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Միջերկրականէն մինչեւ Հիմալայա ամբողջ գծին վրայ երկու շատ որոշ շարժում կայ: Հարաւէն անգլիացիք կամաց-կամաց կը ձգտին տարածելու իրենց տիրապետութիւնը կամ ազդեցութեան շրջանակը` հասնելու համար իրենց բնական սահմանին, որ եւ Եւրոպայի սահմանն է, եւ ռուս տարրի սահմանն է, այսինքն Սեւ ու Կասպից ծովերուն, կովկասեան լեռներուն եւ թուրանական հարթերուն: Իսկ ռուսները հիւսիսէն արդէն շատոնց անցեր են այդ անգլիական բնական սահմանը եւ կը ձգտին աւելի վար, աւելի հարաւ, մինչեւ… մինչեւ իրենց բնական սահմանը: Ռուսաստանը ամէն կողմէ դէպի ծովերը կը հոսի, բայց հիւսիսային ծովերը պիտանի չեն, արեւելքի ծովերը խախուտ են Չինի ու Ճափոնի պատճառով եւ հեռաւորութեան, արեւմտեան ծովը շատ նեղ է եւ կոկորդը սեղմուած է գերման ժողովուրդներու ձեռքին տակ, իսկ Ռուսաստանին պէտք է ազատ ու բաց ծովը. արդէն ինքն ալ կը զգայ, որ ինչքան կ’ուզէ մեծ ըլլայ իր ցամաքային զանգուածը` ինքը դեռ այն իսկական մեծ պետութիւնը չէ, իսկական մեծութեան հասնելու համար պէտք է իջնէ ծովը: Իսկ ազատ ու բաց ծով ռուսներու համար կը նշանակէ Թուրքիայի գրաւումը: Նոյնիսկ Պոլսին ու նեղուցներուն տէր դառնալը կ’ըլլայ խախուտ ու ժամանակաւոր յաջողութիւն մը առանց Փոքր-Ասիային տիրելու: Որպէսզի համաշխարհային ծովերուն վրայ ռուս դրօշակը յաղթական ծածանիլ կարողանայ, անհրաժեշտ է, որ ռուսական երկաթուղին Էրզրումի ու Անգորայի վրայով հասնի իր բնական ծայրակէտին` Եումուրթալըք եւ Հայտար Փաշա, Կիլիկիա եւ Մարմարա: Իր իշխանութեան տակ մօտ քսան միլիոն թուրքական զանազան ցեղեր ունեցող պետութեան մը համար բնաւ արտասովոր երազ մը չէ եղածներուն վրայ 4-5 միլիոն չափ ալ օսմանցի թուրք աւելցնելը: Պարսից ծոցի հարցը քիչիկ մը աւելի հեռաւոր է եւ աւելի մեկուսի եւ ոչ անմիջական, բայց, որ ռուս քաղաքական երեւակայութեան դէմ Հնդկական ովկիանոսի ալիքներն ալ կը ծփան` չափազանց բնական է: Օմանի ու Պարսից ծոցերուն հասնիլը միեւնոյն է` թէ ոտքիդ մէկը դնես Հնդկաստան, այն նշանաւոր Հնդկաստանը, որուն վրայ միշտ իրենց աչքը տնկեր են բոլոր լայնակոկորդ տիրապետողները` Ալեքսանդր Մակեդոնացիէն սկսած մինչեւ Անգլիա եւ Ռուսաստան: Ռուսները ունին իրենց բնական սահմանը, որուն մէջ կը մտնեն բաւական հողեր, որոնք արդէն անցած են կամ անցնելու վրայ են անգլիական ազդեցութեան գծին մէջ: Անգլիացիք ունին իրենց բնական սահմանը, որուն հողերէն խոշոր կտորներ ռուսներուն ձեռքն են հիմա եւ բաց թողնելու բնաւ տրամադրութիւն չունին: Ուրիշ խօսքով` արեւմտեան երկու մեծ պետութիւններ, մէկը ամենէն ցամաքայինը եւ ամենէն խոշոր զանգուածը, միւսը ամենէն ծովայինը եւ ամենէն լայնածաւալը, կեցած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ դէմ-դէմի` բռնած իրենց դիրքերը եւ պատրաստուելով նոր յարձակումներու, մէկը` ծովէն դէպի ցամաք, միւսը` ցամաքէն դէպի ծով: Թէ ինչո՞վ կը վերջանայ Մերձաւոր Արեւելքի այս հիւսիս ու հարաւի ընդհարումը, այս նոր տեսակի Իրան ու Թուրանի կռիւը, եւ ո՞վ է ըլլալու յաղթողը այս դարաւոր գօտեմարտին մէջ, Ռուսդէ՞մը, թէ Զոհրաբը, անշուշտ կը պատմէ օր մը կէս-հեգնանքով ու կէսկարեկցոտ` ապագայ մեծ Ֆիրդուսին: Հիմա մեզի համար կարեւորը, եւ չափազանց կարեւորը, ինքը իրողութիւնն է: Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր կէտերուն վրայ, Միջերկրականէն մինչեւ Հիմալայա, դէմ-դէմի են ռուսն ու անգլիացին: Եւ Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր խնդիրները, առանց բացառութեան, բոլոր բաց ու գոց հաշիւները, բոլոր առնուած շիտակ ու երկմիտ քայլերը, բոլորը սերտ կապուած են այդ երկու հակամարտ ձգտումներուն: Թուրքիա, Հայաստան, Վրաստան, Ադրբէյջան, Քիւրտիստան, Պարսկաստան, Աւղանիստան, նաեւ Միջին-Ասիա, այն նոյն երկիրներն են, որոնք անմիջապէս առարկայ են այդ երկուքի վէճին ու ախորժակին: Եւ այս երկիրներուն մէջ ո՛չ մէկ քայլ, ո՛չ մէկ շարժում կարելի չէ, որ անմիջապէս չի յուզէ կամ չի քսուի թէ՛ հիւսիսի, թէ հարաւի հաշիւներուն, կամ աւելի ճիշտը խօսած` որ չի բղխի կա՛մ հիւսիսի կա՛մ հարաւի ձգտումներէն ու դրդումներէն, ինչքան ալ որ արտաքուստ այդ երեւոյթը չունենայ: Եթէ չըլլար Անգլիայի դէպի հիւսիս ձգտումը, ռուսները վաղուց հասած կ’ըլլային Պոլիս, Իզմիր, Կիլիկիա, Բասրա ու Բուշիր: Եթէ չըլլար ռուսական ձգտումը դէպի հարաւի ծովերը, Անգլիան հիմա շատոնց հասած կ’ըլլար իր բնական սահմանին եւ բոլոր մեր դրացի երկիրները, մեզի հետ միասին, ենթարկած` իր տնտեսութեանն ու հրամանին: Եթէ դեռ «ազատ» Աւղանիստան մը կայ, եթէ դեռ Պարսկաստան մը կայ աշխարհիս երեսին ձգուած իր բախտին, եթէ դեռ Թուրքիա մը կայ, որ կը յոխորտայ եւ, նոր ծեծ կերած երեխայի մը պէս, իր տան կտուրէն բռունցք ցոյց կուտայ Եւրոպային, պատճառը այն է, որ մէկ հարսին երկու փեսայ կայ մէջտեղը: ==== IV. Միւս շահագրգռուած պետութիւններուն դիրքը ==== Անգլիայէն ու Ռուսաստանէն զատ ի հարկէ կան եւ ուրիշ պետութիւններ, որոնք շահեր ու հաշիւներ ունին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Գերմանիան վերջին պատերազմէն առաջ սկսած էր լուրջ մրցակցութիւն մը այդ երկուքին, եւ իր ծրագրին հիմքն էր` ամէն կերպով օգնել թուրքերուն եւ առաջն առնել, որ նոր հողամասեր չանցնին Անգլիայի ու Ռուսաստանի ձեռքը, եւ իրենց այդ օժանդակութեան ու «բարեկամութեան» փոխարէն իրենց տնտեսական ու քաղաքական ազդեցութիւնը տարածեն այդ երկիրներուն վրայ: Իր վերջին պարտութեամբ եւ Աւստրիայի կործանումով, որ գերման տարրի դէպի Արեւելք շարժման կասեցումը ըսել է, եւ սլաւոն պետութիւններու վերահաստատումով` հիմա շատ է կտրուած Ասիայէն: Մինչեւ հիմա Գերմանիան տարածուած էր եւ մեծցած` դրացի սլաւոն ցեղերն ու տարրերը ուտելով եւ անոնց հողերը խլելով: Այնպէս, որ անոր մէջքին փաթթուած արդի սլաւոն պետութիւններու գօտին երկար ժամանակուան համար բաւականաչափ զբաղում ու աշխատանք կուտայ անոր եւ բաւականաչափ ամուր արգելք է անոր դէպի Փոքր Ասիա խոյանքը զսպելու համար: Թէեւ անշուշտ միշտ պէտք է մատ խառնէ հոնտեղի գործերուն մէջ, եւ միշտ պէտք է թուրքերուն օժանդակէ մե՛րթ Անգլիայի, մե՛րթ Ռուսաստանի դէմ: Գալով Գերմանիայի հինաւուրց ախոյեանին` ինչքան ժամանակ որ ֆրանսիացիք պինդ նստած են Ալեքսանտրէդի ծոցին խորքը, չեն կրնար չհետաքրքուիլ Կիլիկիայով եւ ետեւի եփրատեան հողամասերով: Այսօրուան ֆրանքօ-թուրք մտերմութիւնը օրուան քաղաքականութիւն է, ինչպէս եւ օրուան քաղաքականութիւն է ռուսեւթուրք սիրաբանութիւնը` Անգլիայի վրայ ճնշում բանեցնելու դիտաւորութեամբ, ամէն մէկը իր հաշուին: Թուրքերը ռուսներուն դէմ ունեցած իրենց բնական ատելութեամբ ու բնական վախով` մշտական եւ սրտակից դաշնակիցներ են Գերմանիային: Գերմանիան, նմանապէ՛ս, վախ ալ ունի, ատելութիւն ալ Ռուսաստանի հանդէպ, որը կ’արտայայտուի ցուցադրուած արհամարհանքով: Ռուսաստանը Գերմանիայէն աւելի բեղուն ու բազմաթիւ, Գերմանիայէն աւելի թարմ ու երիտասարդ, սպառնալից թաթ մըն է Գերմանիոյ թիկունքին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ Գերմանիան ինքն է մշտական սպառնալից թաթ մը Ֆրանսայի թիկունքին` միեւնոյն պատճառով: Իսկ ով Գերմանիայի բնական դաշնակիցն է, ֆրանսացիի սրտին մէջ իսկական համակրանք չի կրնար ունենալ: Եւ, վերջապէս, ի՞նչ արժէք ունին ե՛ւ բարեկամութիւնը ե՛ւ դաշնագրերը, երբ այնտեղ Կիլիկիայի բամպակը կայ եւ Արղանայի հանքերը. Կիլիկիայի ապագան դեռ բաց հարց է: Ֆրանսան հիմա չկրցաւ ու չուզեց երկար կռուտուքի մէջ ըլլալ թուրքերուն հետ, զօրք ու դրամ վատնել եւ մեծ ուրախութիւն պատճառել իր հակառակորդներուն. ընդհակառակը, այն անախորժ բեռը Անգլիայի վիզը նետելու չարախնդրութեամբ լքեց առայժմ ե՛ւ պղինձը ե՛ւ բամպակը ե՛ւ իր «ասպետական» խոստումները հայ ժողովուրդին ու հայ կամաւորներուն: Բայց, երբ վաղը մէկ ուրիշը իջեցնէ նոր հարուած մը Թուրքիային` Ֆրանսան հոն է, ինքն ալ պատրաստ միջամտելու եւ իր «դարաւոր» իրաւունքը պահանջելու, իր բամբակը եւ իր Արղանան: Ուրիշ խօսքով` աւելորդ պատառի քաղաքականութիւն, «ինչո՞ւ Անգլիայէն ետ մնամ»-ի քաղաքականութիւն, որը միշտ իբրեւ երկրորդական, քովընտի երգի կտոր մը, հնչէ պիտի ՓոքրԱսիական ամէն երաժշտութեան միջոցին, խառնակելով ու պղտորելով հիմնական եղանակին յստակութիւնը: Երրորդ մեծ պետութիւնը, որ Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ հիմա մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցոյց կուտայ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն են, ուր դրամատիրական ազդեցիկ խմբակ մը կը ջանայ մղելու իր կառավարութիւնը մօտաւորապէս նոյն դերը խաղալու Փոքր-Ասիայի մէջ, ինչ դեր որ կը խաղար առաջ նման դրամատիրական ազդեցութիւններու տակ: Ատոնք կը ցանկան, որ, ինչքան հնար է, շատ բան մնայ Թուրքիային եւ ազատ ամէն տնտեսական պարտաւորութիւններէ դէպի ուրիշները, որպէսզի գան իրենք իբրեւ Թուրքիայի «բարեկամն» ու «վերաշինողը» եւ շահագործեն իրենք: Ատոնց համար հայը, թուրքը, քիւրտը, յոյնը թուանշաններ են միայն, ստեղծուած Բարձեալի անքննելի կամքովը անոնց գրպանի միլիառները բազմապատկելու համար: Երէկ, երբ թուրքի քիթը գետին կը քսուէր, մե՜ծ, մե՛ծ Հայաստան մը կ’ուզէին անոնք, ոչ միայն «ծովէ ծով», այլ մինչեւ Կասպից ծով: Ա՜յ, այն ժամանակ Ամերիկան յանձն կ’առնէր Հայաստանի մանդան եւ կուգար «վերաշինելու», եւ ի՜նչ Հայաստան` ընդարձա՛կ ձեռնարկութիւն մը: Մանր գործերու հետ գլուխ չունին ամերիկացիք` խոշոր ձեռնարկութիւններ ու խոշոր տոկոսներ: Այսօր, որ թուրքի քիթը տնկուած է բոլոր հովերուն` նշանաբանն է Մե՜ծ Թուրքիա մը, եւ ի հարկէ նորէն շատ աղէկ կ’ըլլար մինչեւ Կասպից ծով, Բագուի ու Մուսուլի նաւթերն ալ մէջը: Այսպէսով՝ հակառակ ամերիկեան ժողովուրդի մեզ հանդէպ ցոյց տուած համակրական վերաբերումին եւ նիւթական անգնահատելի նպաստին, Ամերիկայի կառավարութեան բռնած դիրքը մեզի համար կրնայ դառնալ ճակատագրական: Ո՛չ անոր համար, որ Միացեալ Նահանգները տուին մեզի հաստատ յոյսեր, ձգձգեցին, ուշացուցին ու լքեցին, խմցնելով բախտէն զարնուած ժողովուրդի մը` հիասթափութեան եւ յուսահատութեան դառն բաժակը, այլ որովեհետւ այդ դրամատիրական խմբակի հաշիւները կրնան բերել մեզ հայութեան վերջնական փլուզումը: Անոնք իրենց լայնարձակ ձեռնարկութիւններու սիրուն` թեւ կուտան, սիրտ կուտան թուրքերուն շարժուելու դէպի Կովկաս եւ ազատելու այդ երկիրները «բոլշեւիկներու անիծուած լուծէն», իսկ մենք լաւ գիտենք, թէ ինչ ըսել է հայութեան համար Թուրքիայի Կովկաս մտնելը: Ինքնին Ամերիկայի տնտեսական ու քաղաքական ներկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրնար շատ օգտակար փոփոխութիւն մը մտցնել այնտեղի ուժերու ու ձգտումներու դասաւորման մէջ, եթէ ատիկա ըլլար լուրջ պետական ու քաղաքական քայլ մը: Բայց դժբախտաբար Միացեալ Նահանգներու ո՛չ քաղաքականութիւնը, ո՛չ ալ ներկայութիւնը մեր սահմաններու վրայ վայելելու յոյսը կրնանք ունենալ, բայց` անոնց ընձեռած միլիոններով կատարելագործուած թնդանօթներ ու գրգռուած ախորժակներ: Ուրիշ խօսքով` ամերիկեան որոշ քաղաքական ձգտում չէ մեր դէմը եղածը, այլ օրուան դէպքերուն կապուած տնտեսական անկայուն խաղեր: Կայ եւ Յունաստանը, թէեւ ոչ մեծ պետութիւն, բայց միւսներէն անհամեմատ աւելի սերտ կերպով կապուած Մերձաւոր Արեւելքին թէ՛ իր անցեալովը, թէ՛ ներկայովը եւ թէ՛ ապագայովը: Ի հարկէ, մեծ միամտութիւն կ’ըլլայ երեւակայելը, որ թուրքերը «ծովը թափեցին յոյները» եւ հարցը փակուեցաւ, որ թուրքերը աւլեցին ու սրբեցին ամբողջ Փոքր-Ասիան ու Հայաստանը յոյներէն ու հայերէն եւ հարցը փակուեցաւ: Պատմութիւնը շատ է տեսեր այդ կարգի աւերածութիւններ ու մաքրագործութիւններ, եւ թուրքերը ի հարկէ առաջինը չեն, որ իրենց անկարողութիւնը սրբագրել են ուզած ջարդերով ու բռնի միջոցներով: Բայց աւելին կոթը, եթէ այսօր թուրքին ձեռքն է, վաղը շատ դիւրութեամբ կրնայ անցնիլ յոյնին ձեռքը կամ ուրիշի մը, եւ նոյն աւելով թուրքերը կը սրբուին իրենց յափշտական վայրերէն: Քաղաքակրթութեան համար շինողը արժէք ունի, ոչ թէ քանդողը: Անշուշտ, ցախաւելն ալ ունի դեր մը պատմութեան բեմին վրայ, բայց ստորին, երկրորդական դեր մը` մինչ պատմութիւնը վարողը շատ աւելի խոր ուժեր եւ երեւոյթներ են, որոնք չեն աւլուիր թուրքին աւելովը, ոչ ալ թուրքին սուրովը չեն ջարդուիր: Փոքր Ասիայի ափերը ծովուն կը պատկանին եւ միշտ ծովուն են պատկաներ. կարելի է տիրել ու բռնանալ, բայց շէնցնել ու արժեցնել կրնայ միայն այն ժողովուրդը, որ առեւտուրն ու արդիւնագործութիւնը եւ ծովը ունի իր ձեռքը: Միւս կողմէն` յոյն տարրը եւ յոյն պետականութիւնը, որ քայլ առ քայլ բարձրանալու վրայ է, ոչ մէկ կերպով չի կրնար հրաժարիլ այդ փոքր-ասիական ափերէն. ատոնց վերստին գրաւումը պարզապէս ժամանակի հարց է: Յամենայն դէպս յոյներու այդ ձգտումը ըլլայ պիտի միշտ, ինչքան ժամանակ որ Յոնիական կղզիներուն վրայ յոյն գոյութիւն ունի, եւ անոնք ձեռքէ բաց չեն թողնելու առաջին յարմար առիթը, որ գուցէ շատ ալ սպասել չտայ: Այսպէսով` կան քանի մը ազգեր, որոնք այս կամ այն ձեւով հիւսուած են Մերձաւոր Արեւելքի շարժումներուն, բայց անհամեմատ կերպով երկրորդաբար, եթէ աչքի առաջ ունենանք Անգլիայի ու Ռուսաստանի բռնած դիրքն ու դերը: Միւսները աւելի շուտ օժանդակող կամ խանգարող ու բարդացնող յաւելուածներ են այդ երկուքի ձգտումներուն ու շարժումներուն, քան անկախ քաղաքական ուղղութիւն: Բացի Յունաստանէն, միւսներու միջամտութիւնը չի բղխիր իրենց պետական անհրաժեշտութենէն եւ տեւական քաղաքական գիծ մը չի ներկայացներ, որով կը դառնայ օրուան քաղաքականութիւն: Բոլորովին ուրիշ է հարցը Անգլիայի եւ Ռուսաստանի համար: Մերձ. Արեւելքի մէջ այդ երկու ազգերու ներկան ու ապագան է, որ կը վճռուի: Պարտութիւնը Միջագետքի, Եգիպտոսի ու Սիւրիայի մէջ Հնդկաստանի կորուստը ըսել է եւ Անգլիայի անկումը, իբրեւ համաշխարհային ղեկավար պետութիւն: Կովկասէն ու Փոքր Ասիայէն քաշուիլը Ռուսաստանի համար հրաժարիլ ըսել է բաց ծովերէն, հրաժարիլ ըսել է համաշխարհային կարեւոր արժէք ներկայացնելէն, հրաժարիլ ըսել է ապագայ մեծագոյն պետութեան երազներէն: === Բ. ԹՈՒՐՔԻԱՅԻ ՁԳՏՈՒՄԸ === ==== I. Օսմանեան կայսրութեան բարձրացումն ու անկումը ==== Թուրք ցեղերը ծնունդ են Միջին-Ասիական անապատներուն. մէկ կտորն են այն թուրանական խաշնարածներու հոսանքին, որ պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն սկսած պարբերաբար խուժուած են Իրանի աւելի բարձր քաղաքակրթութեան ու հարստութեան տիրացած ժողովուրդներուն վրայ: Այդ մշտական հոսանքը ուժ ստացաւ մանաւանդ, երբ արաբական խալիֆայութեան թուլացումով` ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը խառնակ ու անպաշտպան վիճակի մէջ էր: Թուրք ցեղերը սկսան յարձակուիլ, կողոպտել, տիրանալ ու նստիլ` հիմնեցին սուլթանութիւններ Պարսկաստանի արեւելքն ու Արեւմուտքը, նաեւ Միջագետքի մէջն ու շուրջը, կամաց-կամաց անցան ե՛ւ Եգիպտոս ե՛ւ Փոքր Ասիա, որովհետեւ խալիֆայութեան ետեւէն սկսած էր քայքայուիլ նաեւ բիւզանդական կայսրութիւնը, որուն սարսափելի հարուած հասցուց մասնաւորապէս չորրորդ խաչակրութիւնը: Փոքր Ասիայի մէջ հաստատուած մանր ու խոշոր թուրք իշխանութիւններուն մէջ հետզհետէ մասնաւոր դիրք գրաւեցին օսմանցիք, գլխաւորապէս Պոլսին ու ծովուն մօտիկ ըլլալուն պատճառով, թէ՛ աւելի քաղաքակրթութիւն ձեռք բերին եւ թէ՛ աւելի ուժ ու յանդգնութիւն` մշտական կռուի մէջ ըլլալով իրենցմէ աւելի ուժեղին հետ: Հարիւր, հարիւր յիսուն տարուան ընթացքին դարձած էին արդէն ուժեղ պետութիւն մը եւ տէրը գրեթէ ամբողջ Փոքր Ասիային, շուտով եւ Թրակիային: ԺԵ-րդ դարու կէսին Ֆաթիհ գրաւեց Պոլիսը, ուրկէ Թուրքիայի սահմանը հասաւ մինչեւ Դանուբ եւ Դանուբէն շա՛տ անդին: Իսկ դէպի հարաւ, տիրելով խալիֆայութեան բոլոր արեւմտեան հողերուն, Եգիպտոսի վրայով օսմանեան իշխանութիւնը տարածուեցաւ հիւսիսային Աֆրիկա: Միայն մահմետական աշխարհի արեւելեան մասը մնաց իր տրապետութենէն դուրս, որովհետեւ նոյն միջոցին Պարսկաստանի մէջ ալ առաջացեր էր նմանապէս մեծ պետութիւն մը, որուն հետ Թուրքիան տեւական պատերազմի մէջ էր, եւ ճիշդ հայ ժողովուրդի վրայովը կ’անցնէր այդ երկու մեծ մահմետական պետութիւններու անընդհատ ետ ու առաջ շարժուող, այրուող ու աւերուող սահմանը: Օսմանեան կայսրութիւնը ԺԷ-րդ դարուն վերջերը հասած էր ամենալայն տարածման: Վիէննայի պատերուն տակ կոտրուեցաւ իր թափը եւ սկսաւ աստիճանական քայքայումը թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին: Այն տիրապետութիւնները, որոնք հիմնուած չեն տիրող տարրի տնտեսական ու քաղաքական առաւելութիւններուն վրայ, անոր անդուլ հոգեկան աշխատանքին վրայ, այլ արդիւնք են միայն պատերազմական ոգիի եւ յափշտակելու, հարստահարելու եւ ուտելու անյագ տենչանքին, կը սկսին անմիջապէս քայքայուիլ, հէնց որ կը հասնին այն պատին, ուրկէ անդին անցնիլ չեն կրնար եւ կանգ կ’առնեն: Կանգ կ’առնեն իսկոյն նաեւ քաջութիւնն ու զինուորական առաքինութիւնները, կը սկսուին զինուորական ըմբոստութիւնները, պալատական դաւերը, զեղխութիւն ու խառնակութիւն, գաւառական վարիչներու ինքնագլուխ կամայականութիւնները, հաղորդակցութեան խանգարում եւ տնտեսական մեքենայի բոլորովին անպիտանացումը` կը շեշտուի զգայական վայելքներու սուր ծարաւը եւ ծուլութիւնը: Ով քիչիկ մը շնորհք ունի կամ կապեր` կը ձգտի դառնալ պետական անգործ պաշտօնեայ լայն ռոճիկով եւ մանաւանդ կաշառուելու, կողոպտելու լայն յարմարութիւններով: Ա՛յս է Թուրքիոյ պատկերը վերջին երկու հարիւր տարուան ընթացքին: Ճիշդ այն միջոցին, երբ արեւմուտք նորէն կը կապուէր ծովուն, եւրոպական ժողովուրդները կը ստանային նոր թափ, նոր մտաւոր շարժում, նոր աշխատանք ու նոր պետականութիւն: Սկսած Ֆրանսական մեծ յեղափոխութենէն, որ այդ նորութիւններու ամենացայտուն արտայայտութիւններէն մէկն է, կը սկսուի ընդհարումը այդ հին ու խարխլած զուտ ասիական կրօնապետութեան եւ Եւրոպայի կազմակերպուող նոր ու մեծ պետութիւններու միջեւ: Եւ Թուրքիան այդ օրէն կը դառնայ շարունակ յարձակման ենթակայ եւ կտոր կտոր իր մասերէն զրկուող, եւրոպացիներու ձեռքը խաղալիք, անոնց շահերուն մէջտեղը տարուբերուող, եւ ժամանակի պահանջէն ու ոգիէն չափազանց ետ մնացած, կործանուող պետութիւն մը, պետութեան մը կիսականգուն աւերակը: Այդ աւերակի բոլոր ծերպերէն ու ճեղքերէն ներս կը սպրդին եւրոպացիները, իրենց ձեռքը կ’առնեն առուտուրը, գործերը, ձեռնարկութիւնները եւ կամաց կամաց իրենց թաթը կը դնեն եկամուտի բոլոր աղբիւրներուն վրայ: Թուրքիան օրէ օր աւելի սերտ կը կապուի ամբողջ աշխարհի յարաբերութիւններուն ու տնտեսութեան, եւ օրէ օր աւելի եւս զգալի կը դառնայ իր միջնադարեան յետնեալ վիճակը Եւրոպայի ու Ասիայի կապը եղող այդ չափազանց կարեւոր անկիւնին վրայ: Իր հողերը, ինչպէս եւ իր ծովերը ինկած են Անգլիոյ եւ Ռուսաստանի ձգտումներուն սահմանին վրայ, եւ բազմաթիւ պետութիւններ զանազան տեսակի ու աստիճանի յոյսեր ու հաշիւներ ունին անոր թողնելիք ժառանգութեան վրայ: ==== II. «Երիտասարդ Թուրքիա» ==== Ժառանգորդներու այդ շատութիւնն է պատճառը եւ մանաւանդ Ռուսաստանի շատ խիզախ դէպի հարաւ շարժուիլը, որ կը ստիպէ եւրոպացիները, եւ մանաւանդ անգլիացիները, արուեստական միջոցներով երկարելու Թուրքիայի գոյութիւնը: Խաղ մը, որ դեռ այս վայրկեանիս ալ կը շարունակուի, որովհետեւ բոլշեւիկներու արդի բռնած դիրքը ուրիշ բան չէ: Դերերն են միայն փոխուած: Չէ՞ որ հիմա յարձակուողը Անգլիան է, որ կատուի փափուկ քայլերով դէպի հիւսիս կը շարժուի: Եւրոպայի հետ այդ մօտիկ շփումը, ինչպէս եւ ԺԹ-րդ դարու կէսերին Պոլիս հիմնուած համալսարանը եւրոպական ուժերով, միջնակարգ ու մասնագիտական վարժարանները, լրագրութիւնը, պետական հաշուով Եւրոպա ուսանող ուղարկուիլը, հետզհետէ կ’առաջացնեն դէպի դարուն վերջերը նոր թուրք երիտասարդութիւն մը, որը արեւմտեան կեանքին, օրինակներուն եւ գրքերուն ազդեցութեանը տակ` կ’ուզէ կեցնել Թուրքիայի գահավէժ անկումը, կ’ուզէ առաջն առնել իր պետութեան օրէ օր աւելի փշրուելուն, եւ կը ձգտի վերանորոգել իր հայրենիքը: Յաջողելու համար առաջին պահանջն է` խորտակել Համիտեան միապետութիւնը, տեղը դնելով պարլամենտական կարգեր: Երկրորդ պահանջն էր` փեթըռտել իրենց վրայէն եւրոպացիներու հիւսած սարդի ոստայնը, ազատել իրենց տնտեսական աղբիւրները եւրոպացիներուն ձեռքէն եւ դառնալ եկամուտներուն տէրը: Երրորդ պահանջն էր` ինչ գնով ալ որ ըլլայ վերջ տալ քրիստոնեայ հպատակներու յաւիտենական ապստամբութեան, որպէսզի վերնայ մէջտեղէն պատրուակը եւրոպացիներու մշտական միջամտութեան` Թուրքիայի ներքին գերծերուն: Սկիզբը վայրկեան մը մտածեցին համաձայնութեան գալ քրիստոնեայ տարրերուն հետ` ընդունելով ամէնուն համար օսմանցիական հաւասարութիւն: Բայց իսկոյն գլխի ինկան, որ թուրք տարրը բացարձակապէս անզօր էր ազատ մրցման դիմանալու յոյնին, հային ու արաբին հետ, եւ հաւասար պայմաններու տակ թուրք բարձր պաշտօնեան մատի վրայ համրուելիք առարկայ մը պիտի դառնայ, եւ ուժը, դերն ու դիրքը պիտի անցնին «օտարներուն»: Եւ սկսան շատ ափսոսալ եւ հրապարակաւ արտայայտել, թէ ինչո՜ւ նախորդ յաղթական սուլթանները չէին ջարդած ու ոչնչացուցած իրենց տիրած քրիստոնեաները, քանի դեռ եւս եւրոպական հսկողութիւն չկար իրենց գլխուն եւ ազատ էր իրենց ձեռքը: Այս տրամադրութիւններու պտուղն են 1908-ի յեղափոխութիւնը, Իթթիհատի կուսակցութիւնը, թուրք ազգայնականութեան շեշտուիլը, գերմանացիներուն վրայ յենուիլը, վերջն ալ` անոնց միանալը պատերազմի միջոցին, հայկական ջարդերը, յունական ջարդերը, բոլոր կապիտիւլասիոններու եւ ամէն տեսակի կապանքներու եւ պարտաւորութիւններու ջնջուած հռչակուիլը, քեմալական եւ այժմ օրը-օրին մեր աչքերուն տակ կատարուող դէպքերը: Եւ ահա կեցած ենք հիմա բոլորովին նոր տեսակի Թուրքիայի մը հանդէպ: Կտրուած են իրար մարմնէն եւրոպական ու ասիական ընդարձակ ոչ-թուրք մասերը, ջարդուած, աքսորուած ու մաքրուած է դեռ իր ձեռքը մնացած երկիրը ոչ-մահմետական տարրերէն: Զուտ թուրքական պետութիւն մը եւ հասարակապետութիւն մը, երկրին տէրը` մէջլիսը, սուլթանութիւնը ջնջուած գոնէ առայժմ, եւ խալիֆայութիւնը` անջատուած պետութենէն, իբրեւ միայն կրօնական պետ: Իսկ եւրոպացիներուն ըսուած է` «բարեւ տանք իրարու, դրամ ու ապրանք ալ տանք իրարու, բայց հեռուէն հեռու»: Այսինքն` ժողովուրդի տիրականութիւն, պարլամենտական սիսթէմ, ազգայնական սկզբունք եւ ամփոփ երկիր մը` ինքն իր գլխուն եւ ինքն իր տէրը: Հարուստ, բերրի եւ ընդարձակ երկիր մը, լիուլի հերիք իրենց թուին ու կարողութիւններուն, նոյնիսկ եթէ դէպքերու յառաջիկայ անխուսափելի զարգացումով` անջատուին Թուրքիայէն դեռ մնացած վերջին ոչ-թուրք մասերը` Հայաստանը, Քիւրտիստանը, Կիլիկիան եւ Յոնիական ափերը: Ճիշդ է, երկիրը քարուքանդ է, քաղաքները` աւերակ, առուտուրէ, արհեստէ, արուեստէ եւ ֆինանսէ հասկցող քրիստոնեայ տարրը պակսած, իսկ թուրքերը իրենք ո՛չ մասնաւոր սէր, ո՛չ ալ ընդունակութիւն են ցոյց տուած աշխատանքի` մինչեւ հիմա. ո՛չ դրամ կայ, ո՛չ ձեռներէցութիւն եւ ո՛չ մասնագիտական ուժեր: Բայց ի՞նչ ընեն, ասկէ ետքը կը ստեղծուի, ասկէ ետքը կ’աշխատին, չէ՞ որ հիմա իրենք իրենց են, չէ՞ որ հիմա իրենց ձեռքը եւ իրենց վրայ է մնացած ամէն բան, եւ վերջապէս, կ’օգնեն բարեկամները աջէն, ձախէն, ամէն կողմէն: Այդ կեավուրներուն բարեկամութիւնը միշտ փորձանք է, ի հարկէ, բայց քիչիկ մը վարպետ քաղաքականութեամբ տակէն դուրս կուգան: Եւ հետզհետէ այդ սիրուն ու սքանչելի դիրք ու հող ունեցող երկիրը, լարուած ջանքերով ու խաղաղ աշխատանքով կը դառնայ նաեւ սքանչելի պետութիւն մը, Եւրոպայի ու Ասիայի դռանը, եւրոպական ու ասիական քաղաքակրթութիւններու խառնուրդէն: Այսպէ՛ս կը մտածէ հայ մարդը, իր ցաւն ու վրէժը խեղդել ջանալով, այդ նոր Թուրքիային հետ բարի հարեւանութիւն ցանկանալով, եւ ուրիշներու ձգտումներն ալ իր արշինով, իր հոգեբանութեամբը չափելով: Չէ՞ որ ինքը հարազատ, ամփոփ անկիւնի մը կարօտը ունի, հանգստի տենչը եւ աշխատելու, ստեղծելու ծարաւը: Բայց ի՛նչ կը մտածէ ի՛նքը, այդ նոր Թուրքիան, ի՞նչ է ի՛ր ուզածը, ինչի՞ կը ձգտի: ==== III. Արդի Թուրքիային մէջ տիրող հոգեբանութիւնը ==== Պարտական ենք տեսնելու իրականութիւնը եւ սին երազներով չօրօրենք մեզի: Այսօրը ծնունդ է երէկուան, եւ վաղը պիտի ըլլայ ծնունդը այսօրուան: Ի՞նչ էր երէկ Թուրքիան եւ ի՞նչ է այսօր: Կրօններու, ազգերու եւ տարածութիւններու տիրող ահագին կայսրութեանը մը մէկ կրճատուած, խուզուած ու վիրաւոր կտորն է այսօրուան Թուրքիան: Այսօրուան Թուրքիան ժառանգորդն ու մնացորդն է մեծ պետութեան մը, որ մահմետական աշխարհի ու մահմետականութեան վերին վարիչն էր, միա՛կ մեծ ներկայացուցիչը, ե՛ւ պաշտպանը, ե՛ւ յոյսը: Երէկ Թուրքիան զուտ ասիական պետութիւն մըն էր, միջնադարեան, ամբողջ հոգիովը կապուած հեղինակութեան սկզբունքին, կրօնին ու հինին, զուրկ առեւտրական, արդիւնաբերական ու ստեղծագործական կարողութիւններէ, կողոպտող ու յափշտակող պետութիւն մը, որ դարեր եւ դարեր ապրեր է ուրիշներու աշխատանքը ուտելով, իր հպատակները կեղեքելով, որ սովոր է դիւրին կեանքի, որ սովոր է սոնքալու, ուրիշներու գլխուն մեծաւոր, հրամայող ու պաշտօնեայ նստելու, եւ որու հոգիին մօտիկ միակ իսկական աշխատանքը զինուոր խաղալն է: Երէկ այսպէս էր Թուրքիան եւ Թուրքիայի պետականութիւնը վարող վերին շերտին հոգեբանութիւնը, որովհետեւ միշտ որոշ շերտ մըն է, որ կը վարէ պետութիւններն ու ժողովուրդները: Արդ՝ փոքրանալով, քրիստոնեաները ջարդելով եւ քանի մը պետական ձեւեր Եւրոպայէն փոխ առնելով` դեռ եւս հոգիները չեն փոխուիր, չունեցած կարողութիւնները չեն ստացուիր, եւ եղած հակումներն ու բնազդները չեն ոչնչանար: Հոգեբանութիւնը, ընդունակութիւնները, մտածելու եղանակը, ինչպէս եւ աշխատանքի վարժուիլը շատ ժամանակի եւ յարատեւ ջանքերու կը կարօտի, եւ շատ կամաց-կամաց, եւ շատ մասնակի կերպով: Դժուար բան չէ պետական ամենայառաջադիմական ձեւերը ընդունելը եւ այդ ձեւերուն տակը հին ու հնադարեան րէժիմն ու սովորութիւնները պահպանելը: Միթէ չունի՞նք այս վայրկեանիս մեր աչքին առջեւը բոլշեւիզմը, որ սոցիալիստական ամենաթունդ նորաձեւութիւններուն տակը ասիական բռնապետութեան վատթարագոյն հնութիւնները կը գործադրէ: Բայց դժուար է, չափազանց դժուար է, իր վեհութեան, տիրապետութեան ու ընդարձակութեան մեծամտութիւնը թողնելը, համեստ ու յամառ աշխատանքի փարիլը, ծուլութենէն յետ վարժուիլը, չափազանց դժուար է աղքատացած իշխողի վիճակը: Իր միակ մտածումը նորէն հինին դառնալն է, եւ եթէ յանձն կ’առնէ համեստ ու աղքատիկ փողոցներէ անցնիլը` յանձն կ’առնէ այդ ծուռ ճամբով իր հին պալատը հասնելու համար: Իր աչքերն ու իր ուշը յառած են միշտ անցեալ փառքին, իտէալը ետեւն է: Պէտք է անցնի քանի մը սերունդ, որ ժողովուրդի վարիչ մասերը հաշտուին կատարուած իրողութեան հետ` յամենայն դէպս պէտք է անցնի այն սերունդը, որ տեսեր է իր «մեծութիւնը» իր աչքերովը: Ականատես ու դերակատար սերունդի միակ երազը իր հին «մեծութիւնը» վերակենդանացնելն է: Ո՞րն է արդի Թուրքիայի ղեկավար սերունդը: Ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր` նոյնն է եւ վաղը, երկու որոշ ուղղութիւն կայ Թուրքիայի բախտը վարող վերին շերտին մէջ: Նախ` զուտ մահմետական քաղաքակրթութեան յարած ու յենած մարդիկ, իրենց ամբողջ հոգիովը Արեւելքի ու ցամաքի մարդիկ, մեծցած ու կրթուած հարազատ միջավայրի ազդեցութեան տակ, եւ երկրորդ` մարդիկ, որոնք Եւրոպայի շօշափումը ունին իրենց կաշուին վրայ, ապրած են եւրոպական միջավայրի մէջ կամ կարդացած, եւ իրենց հոգիին մէջ արեւելեան խմորին արեւմտեան շպար մըն է քսուած: Այսինքն` հին թուրքեր եւ նոր թուրքեր, վերջիններս երէկ Իթթիհատական կը կոչուէին, այսօր քեմալական, վաղը նոր անունով մը պիտի իջնեն ասպարէզ, երբ խմբական նախանձը Քեմալին ալ տապալէ: Բնական է, որ հիները կը կազմեն ստուար մեծամասնութիւնը եւ նորերը, ինչպէս ամէն տեղ, փոքրաթիւ են անհամեմատ: Բայց ատոր փոխարէն նորերը կ’ըլլան միշտ աւելի ձեռներէց, աւելի խիզախ, աւելի աչքի իյնող եւ գործ տեսնող, մանաւանդ այս տեսակ ցնցումներով հարուստ ու տակնուվրայ վայրկեաններուն, որով գործնական կեանքին մէջ առաջնութիւնը կ’անցնի իրենց ձեռքը: Հին մեծամասնութիւնը, միշտ տեսակ մը դժուարաշարժ ու յոգնած, առաջաւոր դիրքերը թողնելով նորերուն, անոնց սանձերը միայն կը ջանայ պահել իր ձեռքը, եւ իր ծանր թաթը անոնց ուսին, որ իր շահերու թոյլատրած սահմանէն շատ անդին չանցնին: ==== IV. Հին թուրքերու տեսակէտը ==== Արդ՝ ատոնցմէ ամէն մէկը ի՞նչ անկիւնով կը նայի արդի Թուրքիայի վիճակին, ըրածին ու ընելիքին: Հինը պարզ է: Իրերուն կը նայի հին Թուրքիայի տեսակէտով, ամէն ինչ մահմետական ապակիներու միջով, յենուած հնազանդութեան, հոգեւոր սրբութեան, Ղուրանին ու շերիաթին, արդէն մեծ մասով ալ հոգեւորականներ են կամ անոնց անմիջական ազդեցութեան տակ մեծցած: Ասոնց համար կապը, առանցքը, կարեւորը մահմետականութիւնն է, այդ կրօնի պաշտպանութեան ու տարածման, վերածաղկումին ու վերջնական յաղթանակին համար են պետութիւնները, եւ Թուրքիան մասնաւորապէս, որ ժառանգորդն է խալիֆայութեան: Անոնց հայեացքը ուղղուած է դէպի բոլոր մահմետական երկիրները, եւ անոնց երազն է հաւաքել նորէն բոլոր մահմետականութիւնը, գոնէ բոլոր սիւննիները, նոր օսմանեան կայսրութեան մը մականին տակ, եւ վերստեղծել ընդարձակ, հզօր, բախտաւոր եւ ուղղափառ պետութիւն մը եւ կեավուրներուն քիթը քսել գետին: Որովհետեւ բոլոր միւս կրօնները ամէն մէկ իսկական մահմետականի աչքին ցած ու ողորմելի բաներ են, եւ քրիստոնեայ եւրոպացիներու յաջողութիւններն ու բարձրացումը անոր համար հիւանդ անբնականութիւն մըն է, ան կը սպասէ իրերու մօտալուտ բժշկութեան ժամին, երբ նորէն Մահմետի դրօշակը պէտք է երթայ աշխարհներու վրայէն իբրեւ գերիշխողը բոլորին: Նոր թուրքերու առած արեւմտեան քայլերուն անոնք համաձայն են եւ օժանդակ այն չափով, ինչ չափով որ քրիստոնեաներու ոտքը կը կտրեն Թուրքիայէն, կը ջարդեն ու կը փախցնեն, ինչ չափով որ կը բախեն եւրոպական «սարսաղ» պետութիւնները` զանազան արտաքին փոփոխութիւններով ու երեւոյթներով, եւ հակառակ են կտրապէս ամէն փորձի, որ աւելի խորը երթալ կ’ուզէ եւ որը իրապէս Թուրքիան ներքնապէս մօտեցնել կ’ուզէ արեւմտեան ըմբռնումներուն: Նորերը աւելի բաց աչք ունին աշխարհիս երեսին կատարուած ու կատարուող երեւոյթներուն վրայ, հասկցեր են, որ փոխուած են ժամանակները եւ կրօնի վրայ յենուելէն իրենց օգուտ չկայ: Արդէն իրենց հոգիին մէջ կրօնական զգացումը կա՛մ թմրած է եւրոպական վարակումով կա՛մ ուղղակի հակառակ են տրամադրուած կրօնքին, որովեհետեւ ատ է իրենց հակառակորդ կուսակցութեան ամենէն ուժեղ զէնքը: Այն աստիճան ուժեղ, որ իրենք իրենց բոլոր նորամուծութիւնները ստիպուած են յարմարացնելու Ղուրանի տառերուն, յաճախ պէտք է դիմեն բռնազբօսիկ ու քաշքշուք մեկնութիւններու` իրենց ուզածը կերպ մը մաքսանենգութեամբ անցնել կարողանալու համար, եւ իրենք ալ անձամբ պէտք է կրօնական զգացում, հաւատք ու յարգանք կեղծեն` ամբոխը իրենց ետեւէն քաշելու համար: Իսկ երբ հոգիներուն մէջ կը դադրի կրօնը ժողովուրդներու ընդհանուր եւ հիմնական կապը ըլլալէն, պետութեան մը նեցուկը կը մնայ բնականօրէն ազգային գաղափարը` ինչպէս արեւմուտքի մէջ: Եւ նոր թուրքերու ամենէն կարեւոր նորութիւնը, եւ իրական խոր արժէք ներկայացնող նորութիւնը, իրենց բարձրացուցած դրօշակն է: Թուրքութիւնը այն սրբութիւնն է անոնց համար, ինչ որ մահմետականութիւնը հիներուն, եւ այդ նոր սրած զէնքը անոնք կը հակադրեն հիներուն, եւ ատոր վրայ յենուած` կը ձգտին զինաթափ ընելու նաեւ Արեւմուտքը` դարձնելով արեւմտեան պետականութեան հիմքը իրենց ոտքին կայան: ==== V. Նոր թուրքերու տեսակէտը ==== Նորերուն համար Օսմանեան կայսրութեան մեծութիւնը մահմետականութեան մէջը չէր, այլ որ ան թուրքերու կայսրութիւնն է: Անոնց հայեացքը ուղղուած է միշտ դէպի Միջին Ասիայի անապատները Կովկասի ու Պարսկաստանի վրայով, ուրկէ իջած են իրենք: Անոնք հպարտութեամբ կը նային դէպի արեւելք, մինչ հին թուրքերը կը նային գլխաւորապէս դէպի հարաւ, դէպի արաբական անապատները Սիւրիայի ու Միջագետքի վրայով: Նորերու հոգիին խորքը, եթէ ոչ ատելութիւն, գոնէ խոշոր չկամութիւն մը կայ դէպի արաբները, որովհետեւ կը զգան, որ անոնք միշտ բարձր են եղած իբրեւ ստեղծագործող ժողովուրդ, եւ աւելի եւս մեծ արհամարհանք մը դէպի շիի պարսիկը, որ իր բոլոր մեղքերուն վրայ նաեւ արիական արիւն ունի: Նոր թուրքերը ունին հիմա այն միամիտ եւ րոմանտիկ յափշտակութիւնը, գովասանքն ու պանծացումը իրենց թուրքական գծերու, յատկութիւններու, հերոսներու ու անցեալի, ինչ որ յատուկ է ամէն զարթնող զգացումի առաջին թարթափումներուն: Յիշե՛նք մեր հին «հերոսներու» անվերջ շարանը բանաստեղծութիւններու եւ դրամաներու մէջ` գովաբանելու ու բարձրացնելու համար ինչ որ հայ է ու հայկական կամ գոնէ հայկական է համարուած: Թուրքերը հիմա նոյն հոգեկան վիճակին մէջ են, ինչպէս եւ իրենց պոռոտախօս ճառերն ու «մեծ» սուլթանները պանծացնող դրամաները: Այդ «փառաւոր» անցեալի վերակենդանացումը, ազգային զգացումի ու գիտակցութեան զարթնումը նոյն է մեզի եւ անոնց համար` միակ տարբերութիւնը այդ անցեալի հեռաւորութիւնն է: Մեր Վարդաններն ու Արշակները հին-հին դարերուն խորունկէն մեզի խօսող մեծութիւններ էին, որոնք շատոնց անցեր են գացեր եւ անկէ ետքը շատ ջուր է վազեր հայ կամուրջներուն տակէն: Մինչդեռ թուրք հանդիսականներուն առաջ վերակենդանացած Սելիմները, Ֆաթիհները, Եըլտըրըմները ու Թիմուրները դեռ երէկուան մարդիկն են, որոնք հիմներ ու բարձրացուցեր են թուրք պետութիւնները եւ մասնաւորապէս այն թուրք կայսրութիւնը, ուրկէ կը դողար ամբողջ Եւրոպան եւ որուն դիմացը նոյնիսկ այսօր Անգլիան ու Ֆրանսան րէվէրանսներ կ’ընեն: Կայսրութիւն մը, որ դեռ կայ, դեռ ուժ ունի, ի զուր կը կարծեն նենգ թշնամիները թէ ինկած է արդէն ու վերջացած, իրենք շուտով ցոյց կուտան աշխարհին, որ Թուրքիան դեռ կայ, եւ ի՜նչ Թուրքիա: Ա՛յն, ինչ որ անիկա վաղուց պիտի եղած ըլլար` Թուրքիա մը, որ ընդգրկէ իր մէջը բոլոր թուրք ժողովուրդները անխտիր, համայն թուրքութիւնը Ոսփորէն սկսած մինչեւ Պայքալ` Կովկասի, Հիւսիսային Պարսկաստանի ու Միջին Ասիայի վրայով, որովհետեւ ի՞նչ բան է, որ հիմակուան այս ողորմելի Թուրքիան` ընդամէնը հազիւ չորս-հինգ միլիոն թուրքութիւն, մինչ անդին միայն ռուսական տիրապետութեան տակ անոնց թիւը գրեթէ քսան միլիոնի կը հասնի: Պէտք է միանան բոլոր այդ թուրք տարրերը միակ թուրք պետութեան մը իշխանութեանը տակ: Եւ այդպէսով է միայն, որ կարելի է մոռցնել ու դարմանել Օսմանեան փառայեղ կայսրութեան վերջին դարերու կրած նուաստացումն ու անկումը: Թուրքական կայսրութիւնը ոչ միայն կործանուած չէ, այլ դեռ նոր շինուելու ու բարձրանալու վրայ է: Ուրիշ խօսքով՝ վերջին անդամահատութեան ցաւը դեռ շատ սուր կերպով զգացող Թուրքիայի մէջ հիմա տիրող հոգեբանութիւնը մէ՛կ է` պզտիկցած, կտրտուած ու կոտրտուած Թուրքիան դարձնել նորէն մեծ ու փառաւոր կայսրութիւն մը, ինչպէս, որ երբեմն էր: Հիները հոդ հասնելու համար գիտեն միայն հին ճամբան` պանիսլամիզմը, նորերը գտեր են նոր ճամբայ` պանթուրքիզմը: Պանիսլամիզմը իր ժանգոտած նետերը մասնաւորապէս կ’ուղղէ դէպի հարաւ` Անգլիայի դէմ, մինչ պանթուրանիզմի նոր գնած նորնոր գնդացիրները ուղղուած են գլխաւորապէս դէպի Ռուսաստան: ==== VI. Պանիսլամիզմ ու պանթուրքիզմ ==== Առաջին նայուածքով կարծես ասոնք երկու հակադիր ըմբռնումներ են, երկու իրար հակառակ քաղաքական ուղղութիւն, բայց քիչ մը խորը նայելը հերիք է տեսնելու համար, որ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերմամբ այդ երկու ուղղութիւններուն մէջ ոչ միայն հակամարտութիւն ու հակասութիւն չկայ, այլ չկայ նոյնիսկ հիմնական տարբերութիւն մը: Հիները ինչո՞ւ պիտի ըլլան հակառակ, որ իրենց իսլամական հպարտութեան վրայ աւելնան նաեւ ազգային զգացումներ ու թուրքական հպարտութիւններ, եւ ե՞րբ չեն եղեր այդ երկուքը իրարու հիւսուած: Հիմա կը շեշտուի քիչ մը աւելի, ուրիշ ոչինչ: Ի՞նչ վնաս: Եւ նորերու պանթուրքիզմ ըսածը նոյն պանիսլամիզմի մէկ մասն է միայն եւ բնական կերպով կը տանի հոն, ուր հիները կը ձգտին, որովհետեւ մինչեւ Հիմալայա տարածուող թուրք կայսրութեան մը դէմ ալ ո՞վ կրնայ պատնէշ քաշել, որ ան չի շարժուի դէպի հարաւ եւ դէպի Աֆրիկա, այն բոլոր անկիւնները, ուր մահմետական կայ: Այսպիսով հիներուն համար նորերուն առաջարկը պարզ տակտիկի հարց մըն է, պէտք է կշռել հակառակորդ դիրքերն ու ուժերը եւ ատոր համեմատ: Առայժմ, երբ Անգլիայի տուած հարուածը դեռ շատ թարմ է, երբ Անգլիան Պոլսէն ելնելու ու չելնելու խաղերուն մէջն է դեռ, եւ նեղուցներուն մէջ ամուր տեղաւորուելու դիտաւորութիւնն ունի ըստ երեւոյթին, շատ դժուար է, ի հարկէ, հականգլիական զգացումներ ու ատելութիւն չունենալը, մանաւանդ, որ այս նոր տեսակի ռուսները այնքա՜ն սիրալիր են, պատրաստակամ ու զիջող: Օրուան քաղաքականութիւնը հականգլիական է եւ աւելի համիսլամական: Բայց քամիները հէնց որ քիչ մը փոխեն իրենց ուղղութիւնը` իսկոյն զգալի պիտի դառնայ բոլորին, եւ սառն մտքերը արդէն իսկ կը տեսնեն հիմակուընէ, եւ գիտէին երէկուընէ, որ այդ չէ ուղիղ ճամբան: Միւս կողմէ` հետզհետէ ակներեւ կը դառնայ, որ հակառակ ընդհանուր կրօնին, սրբութիւններուն եւ աշխարհահայեացքին` մահմետական ժողովուրդներու մէջ եղած վիճակի ու շահերու տարբերութիւնը քանի կ’երթայ կը շեշտուի: Վերջին պատերազմի միջոցին մահմետականները շատ կային, որ կեավուրներուն ձեռքին տակ թուրքերուն դէմ կը կռուէին: Այս պայմաններուն մէջ մեծ յոյսեր չի կարելի դնել համիսլամական շարժումի մը յաջողութեան վրայ, պատերազմի սկիզբը ջիհատ-ի կանաչ դրօշակը մէկ-երկու անգամ փորձեցին հրապարակ հանելու, բայց բան դուրս չեկաւ, վաղուան համար ալ աւելին յոյսեր ունենալը խելացի չէ: Իբրեւ մշտական սպառնալիք մը, անգլիացիները վախցնելու իբրեւ խրտուիլակ մը, համիսլամականութիւնը ունի իր որոշ արժէքը` ունի նաեւ արժէք մը կրօնակիցներէն դրամական եւ այլ օժանդակութիւններ ստանալու համար, բայց առայժմ միայն այդչափ: Յետոյ՝ Համիսլամական շարժումը միայն Անգլիային չէ, որ կը սպառնայ, ուրիշ եւորպական պետութիւններ ալ կան` Ֆրանսան, Իտալիան եւ մանաւանդ Ռուսաստանը, որ շատ հաշտ աչքով չեն նայելու այդ երկսայրի շարժումներուն: Քրիստոնեաները իրարմէ անջատ պահելու համար, մէկուն շահին դիպչելու միջոցին, միւսներուն շատ ձեռք չպիտի տալ` ընդհակառակը, պէտք է ջանալ, որ առնուած քայլը նպաստաւոր ըլլայ միւսներու շահին: Ահա՜ այդպէս է համաթուրք շարժումը, որովհետեւ թուրքութիւն կայ միայն Ռուսաստանի սահմաններուն մէջ, որով Անգլիան կը դառնայ իրենց կողմը, ինչպէս որ ան միշտ իրենց կողմն է անցեր, երբ Ռուսաստանն է եղեր թուրքերուն սպառնացողը: Եւ, վերջապէս, գաղտնիք մը չէ ոչ մէկուն համար, որ ինչպէս անցեալին մէջ, այնպէս ալ ապագայի հանդէպ, Թուրքիայի մեծ ու իսկական թշնամին «հիւսիսի արջն» է իր ահագին բնակչութեամբ, միլիոններու բանակով, թուրքի վայրագութենէն ոչինչով ետ չի մնացող իր քաղաքներով, թուրքի գլուխն իջեցուցած մէկը միւսէն անագորոյն հարուածներով եւ Պոլսին հասնելու իր բացայայտ տենչանքով: Եւ թուրքը ներքին խոր վախ մը ունի ռուսին հանդէպ` կ’ըմբռնէ, որ ասիկա միւս եւրոպացիներուն նման չէ, շատ է մօտիկ իրեն, ոչ միայն իբրեւ դրացի, այլ եւ վարչութեան ու տիրապետութեան ասիական գծերով, եւ աղօտ կերպով կը նախազգայ, որ հոնկէ է գալու վերջին հարուածը: Ատոր համար թուրքերը, հին ըլլան թէ նոր, ապահովութիւն չունին` մինչեւ ռուսները Կովկասէն անդին չի քաշուին: Եւ այս ուղղութեամբ թուրքերու ջանքեր թափելը բնաւ նոր չէ: Պանիսլամիզմի, պանթուրանիզմի, ադրբէջանիզմի ձեւերուն տակ այս վերջին տասնամեակներու ընթացքին քանի մը անգամ փորձած են կովկասեան մահմետական տարրը շարժելու ռուսներուն դէմ, Կովկասը փրցնելու ռուսներուն ձեռքէն: Նոյնիսկ բարեկամ ու սիրելի բոլշեւիկներուն դէմ քանի անգամ կրկնուեցան նոյն փորձերը: Եւ այդ ճիգերն ու պրոպագանդը կանգ չեն առներ Կասպիականի ափերուն, Բագուի նաւթերուն վրայ, կ’երթան մինչեւ Արալ եւ Արալէն անդին: Դեռ քանի մը ամիս առաջ էր, որ նշանաւոր Էնվէր անկախութիւն կը յայտարարէր Թուրքիստանի մէջ եւ վերջնագիր կ’ուղարկէր բոլշեւիկներուն: Թէեւ քեմալականները երդում-պատառ կ’ըլլան համոզելու համար իրենց թանկագին բարեկամները, թէ ոչ մէկ կապ չունին Էնվէրի հետ եւ հակառակ են այդ տեսակ գաղափարներու: Թէեւ Եւրոպա ուղարկուած բոլշեւիկեան ներկայացուցիչները դերասանական խոշոր ձեւերով կը յայտարարեն, թէ պարապ խօսքեր են համարթուրքութեան մասին ըսուած բաներ, թէ այդ տեսակ բան գոյութիւն չունի, բայց կը մոռնան ծածկելու իրենց ուրախութիւնը Էնվէրի սպանութիւնը քանի մը անգամ հրատարակելու ու տարաձայնելու ատեն, ինչպէս եւ շատ անճարակ կերպով ուրիշներուն վրայ նետել կը ջանան Ճեմալը սպաննել տալերնին, որը, ինչպէս գէշ լեզուները կ’ըսեն, կ’երթար Էնվէրի եւ Քեմալի անձնական հակամարտութիւնը մեղմելու եւ ընդհանուր համաթուրք շարժումը աւելի սերտ կազմակերպելու: Եւ, վերջապէս, թուրք վարիչները բնաւ չեն ալ ծածկեր մասնաւոր բարեկամական խօսակցութեան միջոցին. «Դուք հայերդ դժբախտաբար ինկած էք թրքութեան զարգացման բնական ճամբուն վրայ: Ինչ որ կատարուած է հայերու հետ եւ ասկէ ետքն ալ դեռ կրնայ կատարուիլ` անշուշտ շատ ցաւալի է, բայց ի՞նչ կրնանք ընել, թուրքերս պէտք է որ տէրը դառնանք Կովկասին»: Այսպիսով՝ թէ՛ անցեալ եւ թէ՛ ապագայ վախը ռուսէն, թէ՛ անցեալ եւ թէ՛ ապագայ հակամարտութիւնը ռուսի եւ անգլիացիի միջեւ, թէ՛ մինչեւ հիմա եղած եւ հիմա ալ նոր թափով շարունակուող պրոպագանդը ռուսական թուրք տարրերուն մէջ, թէ՛ ապստամբական ու անջատողական արդէն կատարուած փորձերը, ուր միշտ օսմանցիի մատը եղեր է, ըլլայ Եըլտըզի պալատին մէջ դարբնուած, Իթթիհատի կլուպին մէջ, թէ՛ քեմալական մէջլիսի ետեւի սենեակներուն խորքը, եւ վերջապէս թուրքերու բացայայտ յայտարարութիւնները, ակներեւ կը դարձնեն, որ Ռուսաստանի թուրք տարրերը Թուրքիային միացնելը հետզհետէ կը դառնայ «Օսմանեան կայսրութեան» թէ՛ պաշտպանողական եւ թէ՛ յարձակողական անհրաժեշտ ծրագիր մը: Եւ առաջին հերթին ի հարկէ Կովկասի գրաւումը, որը արդէն կիսովին կատարուած ալ է: Կարսը օսմանցիներուն ձեռքն է, Նախիջեւանի եւ Արաքսի հովիտը իրենց ձեռքն է իրականապէս, Օլթիի շրջանը իրենց ձեռքն է գործնականապէս, իսկ Կովկասի ամբողջ արեւելքը Ադրբէջանն է, որը արդէն քանի մը անգամ բոլշեւիկներուն դէմ զէնք բարձրացուցած եւ ընկճուած` անհամբեր կը սպասէ օսմանեան զօրքի առաջ շարժուելուն: Յաջող վայրկեան մը, կռնակի կողմէն ապահովութիւն, Անգլիայի բարեկամ «չէզոքութիւնը», ներքին խառնակութիւն մը բոլշեւիկեան թագաւորութեան մէջ, եւ եթէ դէպքերը քիչ մը յաջող դասաւորուին, Թուրքիան կը գրաւէ Թիֆլիսը, կը մաքրէ ձեռաց հայկական սարաւանդը հայ տարրէն, ինչպէս որ մաքրեց հինգ վիլայէթները, եւ պրծաւ գնաց: ==== VII. Ռուսաստանի «քայքայումը» եւ Անգլիայի «օժանդակութիւնը» ==== Պրծա՞ւ: Ահա՜ հոդ է հարցը: Հարց մը, որուն պատասխանը ի հարկէ պիտի տայ ամենէն առաջ Ռուսաստանը: Ենթադրենք նոյնիսկ, որ բոլոր պայմանները նպաստեցին, ծրագիրը յաջողեցաւ եւ թուրքերը գրաւեցին ամբողջ Կովկասը: Լա՛ւ. քանի՞ տարուան համար: Որովհետեւ ո՛վ իր յոյսը կը դնէ Ռուսաստանի վերջնական քայքայման, փեռեկտման եւ թուլացման վրայ` շատ փուխը աւազի վրայ կը շինէ իր շէնքը: Հարիւր միլիոնը անցնող, միաձոյլ, մէկ կէտի վրայ կեդրոնացած ժողովուրդ մը, որ դեռ իր հասունութեան ալ չէ հասած, արիական ժողովուրդ մը, աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան ընդունակ, եւ արդէն այնքա՜ն նշաններ ու ապացոյցներ տուած իր շնորհքին ու կարողութիւններուն` այսքան համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ, չի կրնար յանկարծ հրապարակէն քաշուիլ ներքին յեղափոխութեան մը հետեւանքով: Ընդհակառակը, այդ յեղափոխութիւնը ինչքան ալ ցաւոտ ըլլայ եւ աւերած բերէ, ծնունդն ու արտայայտութիւնն է իր ուժին ու կենսունակութեան: Բոլոր մեծ յեղափոխութիւնները առաջին աստիճան մը ունին, որ կը կազմէ իսկական յեղափոխութիւնը, այսինքն` արդէն հասունցած ու քայքայուած հինի վերացումը: Բայց ոչ մէկ յեղափոխութիւն հոդ կանգ չի առներ, հոդ կանգ առնել չի կրնար` նայելով ժողովուրդի տարիքին, խառնուածքին, մտաւոր ու տնտեսական հասունութեան, այս կամ այն աստիճանի աւելի առաջ կ’անցնի իր հնարաւոր նպատակէն: Քանդուած կարգերը նոր քանդումներու տենչանքը կը բերեն, թափուած արիւնը` արիւն թափելու ծարաւը, նոր ու հասարակ մարդոց դեր ու դիրք ստանալը կը բանայ բոլոր ախորժակները, եւ ամէն մարդ կը ձգտի ինքը առաջ իյնալու եւ իր երազած ու չերազած բոլոր բախտաւորութիւնները մէկ անգամէն ու անմիջապէս իրականութիւն դարձնելու: Եւ մարդն ինչքան անպատրաստ է ու դեռ տղայ, ինչքան թարմ ոգեւորութիւն ունի ու թեթեւամտութիւն, ինչքան որ քիչ գործ է տեսած եւ քիչ կապեր ունի կեանքին` այնքան աւելի յախուռն է: Եւ կուգայ յեղափոխութեան երկրորդ աստիճանը, հիւանդագին, դաժան, նեղմիտ ու մոլեռանդ շարժում մը, երբ մարդը կարծես կը ձգտի ուրանալու իր հոգիին խորքը եղած մարդկայինը եւ մէջտեղը կը մնայ մերկ ու սանձարձակ մարդ-գազանը: Մոնտանեարները Ֆրանսիայի մէջ, բոլշեւիկները Ռուսաստանի մէջ յեղափոխութեան այդ աստիճանը կը ներկայացնեն: Հանրային ցուցումի գերագրգիռ վիճակ մը, հիւանդութեան նման բնական ու կանոնաւոր ընթացքով, հիւանդութեան մը նման հաստատ ու որոշ ախտանիշներով, եւ հիւանդութեան մը նման անօգուտ, անիմաստ եւ ապարդիւն, որովհետեւ հէնց որ յեղափոխութեան ջերմը պակսի եւ սկսի դանդաղ ապաքինումը` ամէն ինչ կամաց-կամաց կը վերադառնայ իր նախորդ վիճակին եւ այդ բոլոր իրականացումէն, հուրէն, արիւնէն ու բանդագուշանքէն չի մնար ոչինչ: Կը մնայ միայն, ինչ որ կատարուած էր յեղափոխութեան առաջին աստիճանին վրայ, այսինքն` մեր դարուն համար, հողը կ’անցնի գիւղացիին ձեռքը եւ միապետութիւնը կը սանձահարուի կամ կը վերացուի: Եւ այդ արդիւնքն ալ կը ստանանք ոչ անմիջապէս` ծայրայեղութիւնը ծայրայեղութիւն կը ծնի, եւ կազդուրուող ժողովուրդին մէջ կ’առաջանայ ատելութիւն մը ամէն տեսակի ժողովներու ու համաժողովներու, կոմիտէներու ու խորհուրդներու դէմ, կը կորչի հաւատքը ընտրական ու հաւաքական մարմիններուն հանդէպ, ան բնազդօրէն կը փնտռէ երկաթէ բազուկ մը, որ կարգ ու կանոն բերէ, հանգիստ աշխատանք եւ իր ձեռք ձգած հողը իր վրան վաւերացնէ: Եւ արդէն հարթուած է ճամբան Նապոլէոնին ու Նապոլէոնիկներուն համար, որոնք իսկոյն կը մաքրեն յեղափոխութեան երկրորդ աստիճանի վերջին մնացորդները եւ ապաքինող ժողովուրդի նոր եռանդը կ’ուղղեն դէպի դուրս, պատերազմներու ու տիրապետութեան: Եւ Ռուսաստանը հիմա հասուն է արդէն: Շատ որոշ զգալի է զինուորականներու հետզհետէ ձեռք ձգած գերիշխող ազդեցութիւնը, եւ որը սկսած է կռել ու նորել բանակը, վերականգնել, հին ձեւերը, արդէն մտցուցած է պարտադիր զինուորութիւն ամբողջ երկրին համար, մէջը հաշուած եւ «Դաշնակիցները»: Ընկեր Նապոլէոնը շատ չի ուշանար: Կրնայ պատահիլ, որ կեդրոնի այդ ցնցումներու միջոցին ռուսները ստիպուած ըլլան երկրորդ անգամ թողնելու Կովկասը` բոլշեւիկներու սերմանած անծայր զզուանքին ու ատելութեան հետեւանքով: Բայց վա՜յ Թուրքիային, եթէ այդ խառնակ վիճակէն օգտուիլ ուզենայ ու գրաւէ Կովկասը: Ռուսական բարձրացող առաջին ալիքը կը նետուի անոր հողերուն վրայ, իսկ թէ մինչեւ ո՞ւր` ո՞վ կրնայ ըսել: Իր յոյսը դնել եւրոպական պետութիւններու մրցակցութեան ու օժանդակութեան վրայ` սին երազ մըն է նորէն Թուրքիայի համար, ինչպէս որ վերջին երկու դարերու իմաստուն պատմութիւնը արդէն համոզած պէտք է ըլլայ թուրքերը: Այո՛, միշտ այս կամ այն պետութիւնը շահերով հակառակ է ըլլալու ռուսներուն եւ պատրաստ գողունի կամ բացարձակ կերպով հրահրելու թուրքերուն ձգտումը` անոնց ձեռքով իրեն համար շագանակներ հանել տալու համար կրակէն: Բայց նախ պէտք չէ մոռնանք, որ ռուսէն աւելի Անգլիայի դէմ լարուած ազգեր կան, մանաւանդ այս վայրկեանին, որոնք իրենց յոյսերը ռուսներու վրայ դրած են եւ այդ աժտահարէն կը սպասեն միւս աժտահարի սանձահարումը, ինչպէս, օրինակ` Ֆրանսան: Գալով Ամերիկայի` թուրքերուն թիկունք դառնալուն, անշուշտ մեծ սիրով պատրաստ է Անգլիան թուրքերը նետելու ռուսներուն վրան, եթէ պարագաները այդպէս պահանջեն, ինչպէս որ յոյները նետեց թուրքերուն վրայ, բայց անոր օժանդակութիւնը շատ որոշ սահման մը ունի: Անիկա երբեք չի կրնար համաձայնիլ, որ ստեղծուի ահագին եւ ուժեղ թուրք-մահմետական պետութիւն մը իր Հարաւային Ասիայի տիրապետութիւններու գլխուն, ուր բացի Հնդկաստանի արեւելքէն` ամբողջ բնակչութիւնը մահմետական է, որովհետեւ այդ ժամանակ է միայն, որ կուգայ իսկական պանիսլամիզմը: Բոլոր իսլամները ոտքի հանելու համար ուժեղ ու մեծ իսլամական պետութիւն մըն է անհրաժեշտ` նստած տեղէդ Ֆէթվաներով ու թղթերով իսլամները ոտքի չես կրնար հանել, բայց երբ իսլամ խոշոր ուժ մը շարժուի` անոր հմայքին ու պահանջին տակ կը շարժուին բոլորը: Եւ ճիշդ ատոր համար ալ շատ խախուտ յենարան է Անգլիան թուրքերու ձգտումներուն համար: Ըլլալ փոքրիկ պետութիւն մը, իր ապրանքներուն համար յետամնաց աղուորիկ շուկայ մը, ծովափերն ու նեղուցները այս կամ այն ձեւին տակ իր ազդեցութեան թողած ե՛ւ ռուսներուն դէմ կռուըտելով, հա՛, Անգլիան ատոր համաձայն է եւ Թուրքիայի գոյութիւնը իրեն այդպէս կը պատկերացնէ: Այնքա՜ն մահմետական «պետութիւններ» կան իր հրամանին տակը «անկախ», հատ մը աւելի: Բայց մեծ ու ուժեղ, իսկապէս անկախ մահմետական պետութիւն մը, իր Հնդկաստանի կողին եւ Միջագետքին տիրող սարերուն վրայ` Անգլիան ինչպէ՞ս կրնայ ստեղծել: Ատիկա կը նշանակէ վերջ իր տիրապետութեանը Հարաւային Ասիայի վրայ, իրեն համար ասիկա շատ աւելի սպառնալից է, քան ռուսական վտանգը: ==== VIII. Ժամանակի ոգին հակառակ պան-շարժումներու ==== Եւ վերջապէս բաներ կան, որ դարն ու ժամանակը թոյլ տալ չեն կրնար: Թուրքիայի ուզածն է ազդեցութեան գաղափարը` աւելի ճիշդ կ’ըլլայ, եթէ ըսենք, ցեղակցութեան գաղափարը` շինել իրեն համար նոր դրօշակ մը եւ ատոր անունով վերահաստատել նորէն ընդարձակ բռնապետութիւն մը, ջնջելով այդ կողմերը մնացած վերջին ոչ-մահմետական հայերն ու վրացիները, խեղդելով ոչթուրք ժողովուրդները, ինչպէս են պարսիկներն ու քիւրտերը, իսկ մնացած մոնղոլական ծագում ունեցող ժողովուրդները ենթարկելով իրեն, ծառայեցնելով իրեն, աշխատցնելով իրեն համար եւ ինքը անոնց ոչինչ չի տալով, շարունակ զինուոր ու տիրող խաղալով, ինչպէս մինչեւ հիմա: Այսինքն` Թուրքիան հիմա կը ձգտի ճիշդ այն բանին, ինչու համար, որ կործանուեցաւ Օսմանեան պետութիւնը: Անիկա կը յուսայ, որ միայն դրօշակիդ գոյնը փոխելով, կը յաջողիս քեզի կործանող պատճառները վերստեղծող դարձնելու, առանց փոխելու հոգիդ, առանց փոխելու քաղաքականութիւնդ, առանց բարձրացնելու տնտեսութիւնդ քու սեփական ուժերովդ: Ասիկա մեր դարուն մէջ անկարելի է, եւ ոչ միայն հայերու, վրացիներու, պարսիկներու եւ քիւրտերու տեսակէտէն անհանդուրժելի է այս տեսակի նոր Լենկթիմուրեան պետութեան մը վերաստեղծումը, այլ նոյնիսկ մոնղոլական ծագումէ եղող ժողովուրդներու ցանկութեան ու շահերու տեսակէտէն: Երբ թուրք պրոպագանդիստը յանուն իսլամի, յանուն ազգային անկախութեան` կուգայ գրգռելու Ադրբէյջանի, Թուրքեստանի, Եգիպտոսի, Միջագետքի ու Հնդկաստանի թուրք, արաբ ու հնդիկ կրօնակիցները կեավուր տիրապետողներու դէմ, անշուշտ, որ կը գտնէ ե՛ւ լսող ականջներ ե՛ւ համակրող սրտեր ե՛ւ ձեռնարկող երիտասարդ ձեռքեր` այնքա՜ն բնական է եւ ինքնին հասկանալի: Բայց պատկերը բոլորովին կը փոխուի, երբ կրօնակցութեան կամ ցեղակցութեան դիմակին տակ Օսմանի թոռները հեծնել կ’ուզեն միւս ժողովուրդներուն կռնակը եւ անոնց ձեռքին աշխատանքն ու անոնց երկրին հարստութիւնները ծծել կը փորձեն: Հոս արդէն մեծ տարբերութիւն մը չի մնար Ռուսին, Օսմանցիին ու Անգլիացիին միջեւ: Օրինակ, Ադրբէյջան մը մեծ յափշտակութեամբ ի հարկէ պատրաստ է ռուսներու լուծէն ազատուելու, անկախ պետութիւն մը դառնալու համար, եւ անշուշտ երախտապարտ պիտի զգայ ինքզինքը իր ցեղակից Օսմանցիին հանդէպ, եթէ ան օգնէ իրեն իր նպատակին հասնելու, բայց որ Ադրբէյջան մէկ նահանգը դառնայ Օսմանեան պետութեան եւ կթան կովը Պոլիս կամ Անգորա նստած ԷֆԷնտիներուն, ո՛չ, ատիկա արդէն տարբեր հարց է: Գերմանիան ալ ունէր իր պանգերմանիզմը, այսինքն` Հոլանտան, Դանիմարքան, Շուէտը, Աւստրիան ու Զուիցերիայի մէկ խոշոր մասը իր պոչին կապելու ախորժակը, բայց բան դուրս չեկաւ: Ռուսաստանն ալ մեծ ծրագիրներ ունէր, Լեհաստանը, Չեխաստանը եւ բալքանեան պետութիւնները իր կառքին լծելու պանիսլամիզմի անուան տակ` նորէն բան դուրս չեկաւ: Ինչ որ անհամեմատ աւելի մեծ եւ ուժեղ Ռուսաստանը չի յաջողեցաւ, ինչ որ անհամեմատ կուլտուրապէս բարձր եւ ստեղծագործող Գերմանիան չի յաջողեցաւ, ի հարկէ, որ յաջողիլ չի կրնար ամէն տեսակէտէ շատ աւելի ողորմելի Թուրքիան: Այդ կարգի ծրագիրներուն հակառակ է ժամանակի ոգին: Ի՞նչ է բերելու Թուրքիան Խիվային ու Բուխարային, Պարսկաստանին ու Կովկասին: Երէկուան Թուրքիան աչքերնուս առջեւն է, ինչպէս եւ թուրքի հոգեբանութիւնն ու ստեղծագործական անկարութիւնը, եւ ոչինչ չէ փոխուած երէկուընէ մինչեւ այսօր: Այդ տնտեսական վիճակով, այդ հոգեկան աղքատիկ միջոցներով, աշխատանքի այդ անսիրելութեամբ, իսկ կլանելու ու լափելու լայն կոկորդով, ընդարձակ ու բարեբեր երկիրները դարերու ընթացքին անապատի վերածելու մեծ շնորհք ունեցող օսմանցին ի՞նչ է բերելու իր ցեղակից ժողովուրդներուն, որ ռուսներուն ձեռքէն խլել կը սպառնայ` ճօճելով օդին մէջ այդ միեւնոյն Ռուսէն կամ անոր նմաններէն փոխ առած սուրը: Փոխ առնուած սուրերու այդ խրոխտ ճօճանքը միայն մէկ հատիկ հետեւանք կրնայ ունենալ` վերջնական ոչնչացումը Թուրքիայի անկախ գոյութեան: Արագացնելով ռուսօթուրք ընդհարումը, որ այսպէս թէ այնպէս գալու է անպատճառ, համոզիչ պատրուակ մը ու կատաղութիւն տալով ռուսներու առաջ շարժումին, եւ միւս կողմէն դրդելով անգլիացին, իբրեւ չարիքներու փոքրագոյնը, կերպ մը համաձայնութեան գալու Ռուսաստանի հետ, որ բնաւ անկարելի բան չէ: Եւ ահա՜ կը քաշուի «ազդեցութեան շրջանակի» գիծ մը Անատոլուի սարերուն վրայէն արեւմուտքէն արեւելք, որուն նմանները վերջին պատերազմէն առաջ քաշուած էին արդէն թէ՛ Փոքր Ասիայի եւ թէ՛ Պարսկաստանի կրծքին վրայով: Սա՛ չըլլար, անշուշտ, անգլօռուս մեծ վէճին վերջնական հարթարումը, բայց կ’ըլլայ թուրքական հարցի վերջնական լուծումը: ==== IX. «Գոնէ մէկ մասը» ==== Սակայն այս բոլորը մե՛ր դատողութիւններն են, մե՛ր հասկացողութիւնը, մե՛ր խելացիութիւնը, մե՛ր կողքէն դիտող մարդու, քիչ մըն ալ ո՛չ շատ բարեացակամ մարդու, ուրիշ է թուրքի դատողութիւնը, թուրքի խելացիութիւնը: Հաւանօրէն կեանքն ու պատմութիւնը բերեն պիտի կամացկամաց նաեւ թուրքը այս դատումին ու հասկացողութեան: Բայց ո՞վ գիտէ` կոյր են եղեր միշտ դէպի իրենց անկումը դիտողները, անդունդը գլտորուող քարը քանի յատակին մօտենայ` այնքա՞ն ամուր կը գլտորուի: Եւ եթէ գան պիտի նոյն հասկացողութեան, ե՞րբ, ինչքա՞ն ժամանակ է հարկաւոր հոդ հասնելու համար: Կեանքը ունի դանդաղումներ, բայց ունի եւ այդ դանդաղումին սահմանը: Այդ սահմանէն անդին անիկա չի սպասեր: Կուգան աւելի յարմարուածները, աւելի շուտ շարժուողները կը զարնեն, կը տապալեն ու կ’անցնին, ժամանակ չեն տար ուշքի գալու շատ ետ մնացողին, շատ ուշ հասկացողին: Եւ վերջապէս, պիտի կրնա՞յ, պիտի ունենա՞յ Թուրքիան հարկ եղած հոգեկան ճկունութիւնը ժամանակի նոր պայմաններուն, նոր պահանջներուն յարմարուելու համար, պիտի կրնա՞յ աշխատիլ ու իր տնտեսութիւնը իր ձեռքը պահել, թէ՞ նորէն, ինչպէս մինչեւ հիմա, իր երկրին բոլոր ձեռնարկները, բոլոր եկամուտները, բոլոր ծրագիրները ծախէ պիտի Եւրոպային: Այս հարցերուն պատասխանը պիտի տայ քսաներորդ դարու պատմութիւնը: Առայժմ մեր գիտցածը այսքան է, որ հիմա հիմնովին տարբեր է թուրքի դատողութիւնը, թուրքի խելացիութիւնը եւ բոլորովին ուրիշ է թուրքի ձգտումը: Ան երէկ մեծ պետութիւն էր, կը տիրէր ազգերու, կ’ուտէր անոնց շնորհքն ու աշխատանքը, կը հալածէր ու կը ջարդէր, ինքը տէրն էր, պաշտօնեայ ու զինուորական: Եւ հիմա նորէն ծարաւը ունի զարնելու ու ջարդելու, տիրելու նորէն ուրիշներու գլխուն, տիրապետելու ընդարձակ աշխարհներու վրայ, Միջին դարերը ետ բերելու: Ինչո՞ւ անպատճառ Ռուսն ու Անգլիացին պիտի ըլլան այդ երկիրներուն ու ժողովուրդներուն տիրապետողն ու շահագործողը` Թուրքիան ինչո՞վ է պակաս: Բախտ է, պիտի փորձէ, պիտի ընէ իր ձեռքէն եկածը՝ օգտուելով եւրոպացիներու իրարու հետ կռուըտելէն, այսօր բոլշեւիկներն ու ֆրանսացին, որոնք մտեր են իր թեւերը, վաղը գեմանացին ու անգլիացին. «Մեծ է Աստուած»: Եթէ իրենց բոլոր ուզածին ալ որ չհասնին, գոնէ մէկ մասին կը հասնին Աստուծմով, կը կրկնապատկեն իրենց թիւն ու տարածութիւնը ու կ’ամրացնեն իրենց թիկունքը, ինչքան հնար է հիւսիսի սպառնալիքէն: Չմոռնանք, որ այդ «գոնէ մէկ մասը» Կովկաս ըսել է, եւ ամենէն առաջ մեր դժբախտ հայրենիքին վերջին կտորը, որուն վրայ հայ կ’ապրի դեռ: == ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՒ ԱՐՈՒՄՈՒՏՔԻ ԸՆԴՀԱՐՄԱՆ ԳԾԻՆ ՎՐԱՅ == === Ա. ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ === ==== I. Ակնարկ մը մինչեւ քրիստոնէութիւն ==== Հայ ժողովուրդի պատմութեան վրայ եթէ նայելու ըլլանք բարձրէն, կը գտնենք չորս կարեւոր տարեթիւեր, որոնք հիմնովին կը տարբերին իրենցմէ առաջ եղած անցեալը իրենց ետեւէն եկող վիճակէն: Այդ չորս թիւերն են. 1. Եօթներորդ դարու կէսերը Քրիստոսէ առաջ, 2. Չորրորդ դարուն սկիզբը Քրիստոսէ ետքը, 3. Տասնըմէկերորդ դարուն կէսերը, եւ 4. Տասնըիններորդ դարուն սկիզբը: ⁂ Եօթներորդ դարէն առաջ Հայաստանի հողին վրայ ապրող ժողովուրդը արձանագրութիւններու Հալտի 1 անուանուած ժողովուրդն է իր բազմաթիւ ցեղերով, որոնք զանազան խմբումներով կը կազմեն մեծ ու փոքր իշխանութիւններ եւ որոնք միացած իրարու կը ներկայացնեն աւատական միապետութիւն մը: Այդ Ուրարտուի թագաւորութիւնն է, որ ոչ միայն կը դիմադրէ իր ժամանակի ամենէն հզօր Ասորեստանի թագաւորներուն իր անկախութիւնը պաշտպանելու համար, այլ եւ Մենուաս եւ Արգիստիս թագաւորներու օրով կը դառնայ Ասորեստանի լուրջ ախոյեանը եւ գերիշխանութիւնը իր ձեռքը ձգել կ’ուզէ: Դէպի եօթներորդ դարը սակայն ան կը սկսի իյնալ մասամբ ներքին թուլացումով, մասամբ ալ հիւսիսէն խուժող կիսավայրենի ցեղերու ցնցումին տակ: Հայ ժողովուրդը, որ Եւրոպայի արդի ժողովուրդներուն ազգական արիական ցեղերու խումբ մըն է, կը մտնէ Ուրարտուի հողերէն ներս, կը գրաւէ ու կ’ընկճէ ամբողջ հալտական երկիրը մինչեւ Ուրմիա եւ մինչեւ Կորդուք: Հայոց այս ժամանակաշրջանի պատմության վերաբերյալ Լ. Շանթի ներկայացրած տեսակետները իշխող էին 20-րդ դարի սկզբներին: Այժմ պատմագիտության կողմից դրանք մերժված են: Խմբ.: Եւ ահա՜ մօտաւորապէս եօթներորդ դարու կէսէն է, որ կը սկսի այդ երկու ժողովուրդներու խառնուրդը. աւելի բարձր քաղաքակրթութեան հասած հալտերու եւ աւելի թարմ ու կորովի եկուորներու: Յաջորդ դարու ընթացքին արդէն կատարուած իրողութիւն մըն է այդ երկու ժողովուրդներու, լեզուի, կրօնի, բարիքի ու իշխանութեան կատարեալ ձուլումը, եւ առաջացումը նոր ժողովուրդի մը, որ իր վրայ կը պահէ տիրապետողի անունը` հայ ու հայութիւն: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս քանի մը դար առաջ դէպի Պելոպոնէս եւ կղզիները իջնող թարմ ու կիսավայրենի ցեղերը, տիրելով ու խառնուելով արդէն բարձր քաղաքակրթութեան տէր նախորդ միկենեան ժողովուրդներուն, կը կազմեն յոյն ժողովուրդը: Այսպէսով` Քրիստոսէ առաջ եօթներորդ դարու կէսը մեր ժողովուրդի ծագման տարեթիւն է: Հազիւ է կատարուած ժողովուրդներու ձուլումը, հազիւ է սկսած հին ու նոր իշխաններու նոր աւատապետական միացում մը նոր Տիգրաններու ձեռքին տակ, որ արեւելքէն վեցերորդ դարու կէսին կը բարձրանայ արագ` Մերձաւոր Արեւելքի ամենէն մեծ միապետութիւնը, եւ արագ տապալելով Լիւդիան, Բաբելոնը, Քարքէմիշը, Հեթիթեան մնացորդները եւ Եգիպտոսի փարաւոնները` իր իշխանութիւնը կը տարածէ Հիմալայէն մինչեւ Սահարա, եւ կը շարժուի դէպի Եւրոպա մինչեւ Մարաթոն ու Սալամինա, ուր առաջին անգամ բեմ դուրս կուգայ յաղթական` ասիական Արեւելքին դէմ եւրոպական դիմադրող Արեւմուտք մը: Պարսիկներու թեւին տակ ինկած փոքրիկ հայ ժողովուրդը չէր անշուշտ, որ պիտի կարողանար դիմանալ այդ հսկայական ուժին: Բայց ապաստանած իր լեռներուն եւ օգտուելով քաղաքական անցուդարձէն, հայերը մինչեւ հինգերորդ դար յամառ դիմադրութիւն մը ցոյց տուին յաճախակի ըմբոստացումներով, ինչպէս որ կը վկայէ Դարեհի բիսիթունեան արձանագրութիւնը` մինչեւ որ ի հարկէ ընկճուեցան, ե՛ւ հայ իշխանները ենթարկուեցան պարսկական սադրապներուն: Չորրորդ դարուն վերջը կը շարժուի Արեւմուտքը դէպի Արեւելք. Ալեքսանդր Մակեդոնացին` արեւմտեան տիրապետութիւնը, քաղաքակրթութիւնը եւ ոգին կը պտտցնէ մինչեւ Հնդկաստան: Հայ իշխանները կ’իյնան Սելեւկեան իշխանութեան սահմաններուն մէջ, գործնականապէս ինքնագլուխ: Շուտով կ’առաջանան երեք-չորս խմբումներ իրենցմէ ամենէն ազդեցիկներուն շուրջը` մինչեւ որ այդ կիսանկախ իշխանապետներէն մէկը երկրորդ դարուն վերջերը այնքան կ’ուժեղանայ, որ կը միացնէ բոլոր հայ իշխանները իր ձեռքին տակ եւ կը կազմէ առաջին հայկական կայուն պետութիւնը` Արտաշիսեան հարստութիւնը: Տիգրան Մեծ շատ չանցած դուրս կը շարժուի հայկական սահմաններէն, եւ ինչպէս երբեմն Արգիստիոս, կ’իջնէ դէպի Սիրիա եւ կը հիմնէ հայկական տիրապետութիւն մը, երբ կը զարնուի արեւմտեան ամենէն մեծ ու ամենէն հզօր պետութեան` Հռոմի հակադիր շարժումին` դէպի Արեւելք արշաւին: Երկար մաքառումէ մը ետքը` Տիգրան ստիպուած է տեղի տալու եւ քաշուելու իր զուտ հայկական սահմաններուն ետին, Եփրատէն արեւելք: Եւ այդ օրէն Հայաստանը կը դառնայ Արեւելքը Արեւմուտքէն զատող սահմանը, Արեւելքը Արեւմուտքին կապող երկիրը, Միջագետքի հետ միասին: Եւ այդ օրէն կը սկսուին հետզհետէ ուժեղցող Պարթեւներու եւ Հռոմի երեք դար տեւող կռիւները` Հայաստանն ու Միջագետքը իրենց ազդեցութեան շրջանին մէջ պահելու համար: Հայ թագաւորները` սկիզբ Արտաշիսեան տունէն, ետքը Պարթեւներուն ազգական Արշակունիներէն, անվերջ կռիւներու մէջ են, երբեմն մէկուն յարելով, երբեմն միւսին, իրենց անկախութիւնը պահել կարենալու համար: Հզօր Հռոմի կամքը արհամարհել չեն կրնար եւ ենթարկուած են անոր վերին գերիշխանութեանն ու վաւերացումին, թէեւ Պարթեւ թագաւորական տան հետ ունեցած իրենց ազգակցական կապերով, շահերով ու համակրանքներով անհամեմատ աւելի կապուած են Արեւելքի հարեւաններուն: ==== II. Քրիստոնէութիւնը իբրեւ զէնք ազգային ինքնապաշտպանութեան ==== Չորրորդ դարու սկիզբն է, որ Հայաստանն ալ, իբրեւ դաշնակիցը Հռոմի, հռոմէական ամբողջ պետութեան մը հետ միասին եւ, անշուշտ, անոր ազդեցութեան տակ կ’ընդունի քրիստոնէութիւնը: Քրիստոնէութիւնը ընդունիլը իրողութիւն մըն է, որ հիմնովին կը փոխէ հայ ժողովուրդի քաղաքական ու քաղաքակրթական դիրքը, վերջնապէս եւ անքակտելիօրէն կը կապէ հայութիւնը արեւմտեան աշխարհին, կը դարձնէ այդ բուռ մը ժողովուրդը յառաջապահը արեւմտեան մտքին, կրօնին ու ձգտումներուն, եւ կը դառնայ այն վէմը, որուն վրայ կառուցուած է հայ ժողովուրդի ամբողջ ապագայ կեանքն ու վիճակը, բախտն ու տառապանքը` մինչեւ մեր օրերը: Հայերը թէ՛ իրենց ծագումով եւ թէ՛ մօտիկ յարաբերութեան մէջ գտնուելով Սելեւկեան իշխանութեան եւ Հռոմի հետ` բնականաբար մշտական հոգեկան շփում ունէին Արեւմուտքի հետ նաեւ քրիստոնէութիւնը ընդունելէն առաջ: Բայց իրենց արեան կէսը ըլլալով ուրարտական, եւ ապրելով արեւելեան ժողովուրդներու կեանքին ու շրջանակին մէջ` օղակուած պարսիկներուն ու պարթեւներուն, հայերը իրենց կենցաղով, վարք ու բարքով, ըմբռնումներով, ոգիով ու հակումներով կապուած էին արեւելքին` Արեւելքի ժողովուրդ էին: Քրիստոնէութիւնն էր, որ արմատապէս փրցուց հայ ժողովուրդի հոգին Արեւելքէն եւ կապեց Արեւմուտքին: Մինչեւ քրիստոնէութիւն հայը կը կռուէր ու կը դիմադրէր գլխաւորապէս Արեւմուտքի թշնամիին չենթարկուելու ջանքերով եւ իր օգնութիւնը կը սպասէր Արեւելքէն, իր թիկունքը յենած էր պարթեւներուն: Քրիստոնէութենէն ետքը իր գլխաւոր թշնամին, որուն դէմ կը մաքառի իր գոյութիւնը պահպանելու համար, Արեւելքն է, սասանեանները, արաբները, թուրքերը, եւ իր յոյսը դրած է միշտ Արեւմուտքի վրայ, թիկունքի քրիստոնեայ պետութիւններուն վրայ: Հայերը քրիստոնեայ են դարձած ո՛չ մասնաւոր հակումով, ո՛չ մասնաւոր հապճեպով, ո՛չ ալ իրենց կամքով, ինչպէս ընդհանրապէս բոլոր ժողովուրդները: Կրօնքը փոխելը կ’ըլլայ միշտ բռնի եւ միշտ կապուած քաղաքական հաշիւներու: Բայց անգամ մը քրիստոնէութիւնը իւրացնելէն ետքը հայերը իրենց ամբողջ հոգիով եւ իրենց բոլոր ուժովը փարեցան այդ նոր կրօնին, եւ ամէն հալածանք ու նահատակութիւն յանձն առին այլեւս չզատուելու համար քրիստոնէութենէն եւ մասնաւորապէս քրիստոնէութեան այն ձեւէն, որը անգամ մը ընդուներ եւ իւրացուցեր էին: Հոդ, անշուշտ, դեր ունի նոր սկզբունքներու եւ նոր դաւանանքի ներշնչած ոգեւորութիւնն ու յափշտակութիւնը, մանաւանդ մեր առաջին քրիստոնեայ դարերուն. հոդ, գուցէ, դեր ունին նաեւ արիական հայու որոշ հոգեկան տրամադրութիւնները դէպի քրիստոնէական սիրոյ ու անձնուիրութեան քարոզները: Բայց կը թուի, որ այդ բոլորէն դուրս եւ այդ բոլորէն վեր հայութիւնը այս աստիճանի յամառ կերպով Արեւմուտքի նոր կրօնին կապողը եղեր է ուրիշ պատճառ մը` իր ինքնութիւնը, իր անհատականութիւնը, իր անկախութիւնը պահպանել կարողանալու տենչը: Ամէն տեղ, բայց մանաւանդ Արեւելքի մէջ, ուր տիրապետութիւնները կրօնապետութիւններ են, կրօնքի դէմ եղած հալածանքը ազգային ուրույնութեան եւ մասնաւորապէս քաղաքական անկախութեան դէմ մղուած կռիւ է, որով ազգ, կրօն ու անկախութիւն միշտ սերտ կապուած են իրարու, եւ իր կրօնին փարիլը կը դառնայ զէնք մը, միջոց մը իր ազգային անհատականութիւնը պաշտպանելու, իր պետական ազատութիւնը պահպանելու: Մանաւանդ, որ իբրեւ լեռնաբնակ ժողովուրդ, եւ մշտապէս հզօր հարեւաններէ կլանուելու սպառնալիքին տակ գտնուելով, հայու մէջ մասնաւորապէս շեշտուած է եղեր անհատականութիւնը: Շեշտուած է եղեր ամէն բանի մէջ ուրոյն ըլլալու, ուրիշներու հօտին չխառնուելու, ինքն իր համար ջոկ ու ազատ ապրելու բնազդական ծարաւը, ամէն օտարներէ վերուցած բան իսկոյն իր դրոշմին ենթարկելու, իւրացնելու, իւրայնացնելու ձգտումը: Արդէն այդ անհատականացման, իւրայնացման մէջն է հայ մտքի ու հոգիի մէկ բնորոշ հիմնական գիծը, գուցէ եւ իր տաղանդներուն հիմնաքարը: Կարելի է, որ հայու քրիստոնէութիւնը ընդունելուն վրայ անգամ իր ազդեցութեան բաժինը ունեցած է այդ ինքնապաշտպանութեան զգացումը, որովհետեւ մեր քրիստոնեայ դառնալէն հազիւ կէս դար առաջ կը տապալուի Պարթեւական հարստութիւնը եւ անոր յաջորդող Սասանեան տունը կը վերակենդանացնէ զրադաշտական կրօնը, որուն ճնշումը շուտով կը դառնայ նաեւ Հայաստանի վրայ: Սասանեաններու տիրապետական ձգտումներէն քաղաքականապէս պաշտպանուելու համար հայերը ստիպուած էին աւելի պինդ սեղմուելու Հռոմին` այդպէս ալ անոնց սկսած կրօնական ճնշումը շատ կարելի է փութացուց, դիւրացուց հայերու քրիստոնեայ դառնալը: Յամենայն դէպս հազիւ քրիստոնէութիւնը արմատացած էր Հայաստանի մէջ, հինգերորդ ու վեցերորդ դարերու ընթացքին, յամառ կռիւ է իրենց նոր կրօնի պաշտպանութեան համար, եւ ղեկավարն են ու գլխաւոր դերակատարը Մամիկոնեանները, որոնք թէ՛ իրենց երկրի դիրքով եւ թէ՛ կաթողիկոսական տան հետ ունեցած ազգակցական կապերով, շատ աւելի ուժեղ չափերով ենթարկուած էին արեւմտեան ազդեցութեան, մինչդեռ Սիւնիքը, ամենէն աւելի արեւելքը Հայաստանի, դեռ կիսովին հեթանոս էր եւ հակուած արեւելեան քաղաքականութեան: Դեռ նոր էր թուլցած զրադաշտականութեան ճնշումը, որ եօթներորդ դարու կէսերուն նոր սպառնալիքով ոտք կը դնէ Հայաստան, ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը իր հմայքին ու տիրապետութեան տակ միացնող, նոր միաստուածեան կրօնքը՝ Մահմետականութիւնը: Եւ իր առաջին շփման օրէն մինչեւ այսօր հայութիւնը անընդհատ մաքառման մէջ է այդ կրօնին դէմ, ահագին զոհերով, ահագին ուժեր ատոր վրայ վատնելով, բայց դիմադրած է մինչեւ այսօր, մերժած է, չէ ուզած: Որովհետեւ ընդունիլ Մահմետականութիւնը` կը նշանակէր ազգովին խառնուիլ այդ մահմետական ծովուն մէջ, խեղդուիլ ու կորչիլ: Ի՞նչ պիտի մնար հայ ազգութենէն արաբներու եւ մանաւանդ թուրանական ցեղերու այն հեղեղին տակ, որ ողողեց հայ հողը, եթէ Քրիստոնէութեան անջրպետը գոյութիւն չունենար: Կրօնքի նոյնութիւնը պիտի բերէր խառն ամուսնութիւն ու խառն կենցաղ, եւ պիտի առաջանար նոր խառնուրդ մը, ուր հայկականէն կը մնար մօտաւորապէս այնքան, ինչքան որ ուրարտականէն մնացեր է հայկականին մէջ: Հայ ուրոյնութիւնը մեռած կ’ըլլար վաղուց, դառնալով թուրքի, թաթարի, մոնղոլի, օսմանցիի ու ադրբէյջանցիներու հոգին ու քաղաքակրթութիւնը ազնուացնող տարր մը: Ինչպէս եւ եղած է մասամբ: Քրիստոնէութիւնը ոչ միայն զրադաշտական ու մահմետական կրօններուն դէմ է, որ խաղցած է այդ հոգեկան ու քաղաքական անկախութեան պաշտպանի դերը, այլ նոյնիսկ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ, որոնք նոյնպէս ջանացած են իրենց դաւանանքին դարձնելու հայ եկեղեցին` իրենց քաղաքական ու քաղաքակրթական տոպրակին մէջ կոխելու համար հայութիւնը: Բիւզանդիոնը Ղակեդոնի<ref>Քաղկեդոնի: Խմբ.:</ref> ժողովէն սկսած մինչեւ իր քայքայումը` ծրագրէն չէ հանած Հայաստանը ուղղափառութեան դարձնելու ջանքերը: Եւ ամէն անգամ Արեւելքէն եկող յարձակումներուն դիմադրել կարողանալու համար, եւ հէնց իրենց բիւզանդական սահմանները պաշտպանել կարողանալու համար, երբ ստիպուեր ենք դիմելու կամ յենուելու Յոյնին, միշտ անխափան կերպով մեր դէմն են ելեր կրօնական միութեան վէճերը, ճնշումը եւ պահանջը: Նոյնն է նաեւ լատին եկեղեցիին վերաբերմամբ. խաչակիրներու հետ մեր Կիլիկեան իշխանութեան շփումը սկսելուն պէս, կը սկսուի նաեւ եկեղեցիներու միացման անվերջանալի առուտուրը: Երբ պէտք է եղած Արեւմուտքի գործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը` ետ մղելու համար ամէն կողմէն հուպ տուող մահմետական օղակը, պաշտպանելու համար Ասիայի միակ քրիստոնէական նաւահանգիստը` Այասը, ինչպէս եւ ամրացնելու համար մեր գոյութիւնը, որ քրիստոնէութեան միակ յենարանն էր ասիական հողերու վրայ ԺԳ եւ ԺԴ-րդ դարերուն, մենք ստացեր ենք կանոնաւոր կերպով Պապերու խոստումներն ու օրհնութիւնը, ամենաշատը` չնչին դրամական օգնութիւն, բայց ատոր փոխարէն կաթոլիկ հոգեւորակններու արշաւանք, կրօնական ժողովներ ու պառակտում, եւ շատ սիրալիր հրաւէր մտնելու կաթոլիկ եկեղեցիին ծոցը: Եւ այդ ներքին կրօնական, կուսակցական, պալատական ու լատինական վէճերուն ու խառնակութիւններուն մէջն է, որ Մամլիւքներ կուտան վերջին հարուածը Կիլիկիայի թագաւորութեան: Այսպէսով` ամէն կողմէ մեր հայրենիքին վրայ յարձակողները, մեր երկրին վրայ աչք ունեցողները, մեզի իւրացնելու եւ մարսելու ախորժակ ունեցողները, մօտեցեր են միշտ հաւատափոխութեան ծրագիրը թեւի տակ, մեր հոգիները փրկելու քնքուշ հոգածութեամբ, եւ զարմանալու ոչինչ չկայ, որ հայութիւնը իր ամբողջ հոգիով փաթթուեր է իր եկեղեցիին վիզը, սկիզբը իր քաղաքական անկախութիւնը պաշտպանելու համար, վերջին դաժան թուրանմահմետական դարերուն ալ գոնէ իր հոգեկան անկախութիւնը, իր ազգային գոյութիւնն ու ուրոյնութիւնը փրկելու համար: ==== III. Քրիստոնէութիւնը իբրեւ հիմնական պատճառ մեր ազգային հասունացման ու կղզիացման ==== Քրիստոնէութիւնը բերաւ գիր, յատուկ հայ գիր, ի հարկէ, արեւմտեան օրինակներուն վրայէն, բայց հայ սովորութեան համաձայն բոլորովին իւրացուցած, հայացուցած: Գիրը բերաւ թարգմանութիւնը Սուրբ Գրքի եւ ուրիշ եկեղեցական երկերու, եւ արեւմտեան գրականութիւն, շուտով եւ ինքնուրոյն հայ գրականութիւն կրօնական, բանաստեղծական, գիտական, փիլիսոփայական եւ պատմական: Իսկ գիրն ու գիրքը ամենէն գլխաւոր միջոցն է ժողովուրդի մը ինքնագնահատութեան, ինքնորոշման, ինքզինքը իբրեւ ամբողջութիւն մը զգալուն: Գիրքը ապրող, տեւող, չմեռնող խօսքն է, որ տարածութիւններուն ու ժամանակներուն վրայէն կը խօսի հեռաւորներուն, եկող սերունդներուն, գալիք սերունդներուն, եւ այդ բոլորը կը կապէ իրար, բոլորին զգալ կուտայ իրենց կապը, իրենց ընդհանուր անհատականութիւնը եւ կ’արթնցնէ ազգային գիտակցութիւնը, որը աւելի եւս ուժ կուտայ անոնց ազգային բնական զգացումին ու բնազդին: Եւ կը ծնի պահանջը ունենալու երկ մը, որուն մէջ նկարուած ըլլայ այդ ընդհանուր անհատականութիւնը, իր ամբողջ եսը, հայու հին ու նոր լրիւ պատկերը, իր ծագումը, անցեալը, ներկան, իր ամբողջ կենսագրութիւնը, իբրեւ միութեան նոր եւ ուժեղ օղակ մը: Այդ պահանջին ծնունդն է Մովսէս Խորենացիին Հայոց Պատմութիւնը: Այդ հատորին վրայ շատ է գրուած, շատ է խօսուած, շատ են քրքրեր խեղճ գրքոյկը, քններ են իր բոլոր ստորակէտներն ու եւ-երը, երբեմն նկատեր են իբրեւ ճշմարտութեան վերջին խօսք, երբեմն իբրեւ ստախօս պատմիչ ու շինծու գործ, բայց չեն մօտեցեր այդ գրքին իբրեւ գրական խոր ու ինքնաբուխ ստեղծագործութեան մը` արտայայտութիւն ու բաւարարութիւն տալու համար իր ժամանակի ոգիին, ինչպէս որ կ’ըլլան բոլոր արժէքաւոր դրական երկերը: Խորենացիի պատմութիւնը իր տեսակի քերթուած մըն է, արձակ ու պարզ Շահնամէ մը Ֆիրտուսիէն քանի մը դար առաջ, բայց նոյն նպատակով եւ նոյն ծրագրով` գծել իր ժողովուրդի ծագումն ու աճումը յենուելով թէ՛ բանաւոր եւ թէ՛ գրաւոր բոլոր հնարաւոր եւ իրեն հասանելի աղբիւրներուն վրայ, այդ աղբիւրները իրար յարմարցնելով, լրացնելով, կենդանացնելով ու գեղեցկացնելով, այսինքն` ինչ որ կ’ընէ ամէն գեղարուեստագէտ, ինչ որ կ’ընէ ամէն պատմաբան, գիտակից թէ անգիտակից, որովհետեւ իր եսն ու հասկացողութիւնները, իր ճաշակն ու լրացումները մէջը չխառնող «առարկայական» պատմագիրը գեղեցիկ առասպել մըն է, որուն կը հաւատան միայն անոնք, որոնք պատմական գրքերը բանալու սովորութիւնը չունին: Պատմագրի ու բանաստեղծի միջեւ սահման քաշելը չափազանց դժուար գործ է, որովհետեւ խիստ շատ են բանաստեղծական հուրէ ու թափէ զուրկ բանաստեղծները եւ, ընդհակառակը, քիչ չեն ճաշակ, երեւակայութիւն եւ գեղարուեստական հրապոյր ունեցող պատմաբանները: Բացի ատկէ` ինչ որ հիմա մեզի համար արժէքաւոր է գեղարուեստական տեսակէտէն, ան իր ժամանակին եւ իր ժողովուրդին համար արժէքաւոր է եղած իբրեւ պատմութիւն: Եթէ յոյները իրենց բոլոր դպրոցներուն մէջ Հոմերոսը կը սորվէցնէին` առաջին եւ հիմնական պատճառն այն էր, որ համոզուած էին, թէ ատիկա իրենց իսկական անցեալն է, իսկական պատմութիւնը: Շահնամէն պաշտելի է մինչեւ հիմա պարսիկներուն համար, որովհետեւ ամենէն առաջ իրենց անցեալը կը պատմէ իրենց, իրենց ազգային եսն ու հերոսները կը գծէ ու կը գովէ: Ճիշդ այդ աչքով է նայեր հայը դարեր ու դարեր Խորենացիի վրայ, ոգեւորուեր է անով, հպարտացեր է իր Հայկերով ու Տիգրաններով եւ ներշնչուեր է դէպի ապագան վստահութեամբ: Ատոր մէջն է Շահնամէներու եւ Խորենացիներու պատմական դերը, այդ գրքերը ժողովուրդներու հաւաքական անհատականութեանը կերպարանք կուտան, տեւականութիւն եւ նոր ուժ, կարծես հին դէմքերէ ու հին դէպքերէ կը խօսին, բայց անոնց խօսքը ուղղուած է միշտ նոր սերունդներուն եւ օրուայ կեանքին: Հայ գիր, հայ գրականութիւն, նորագիւտ հայ անցեալ մը, հայ եկեղեցի եւ նոր գրագէտ եկեղեցական դասակարգ մը, այս բոլորը անմիջական արդիւնքն է քրիստոնէութեան եւ այս բոլոր մէյ-մէկ նոր պատնէշ ու խրամատ հայութիւնը զատող շրջապատի Արեւելքէն: Քրիստոսի 300 թուականը մեր պաշարման թուականն է, երբ հայութիւնը կը դառնայ Արեւմուտքի առաջաւոր դիրք մը` պաշարուած Արեւելքով, քրիստոնէական հրուանդան մը` խրուած սկիզբը Զրադաշտական, վերջն ալ` մանաւանդ Մահմետական ծովուն մէջ: Մինչեւ որ ԺԱ-րդ դարու կէսերէն թուրանական ցեղերու ողողումը կը կտրէ այդ հրուանդանին արմատը արեւմտեան ցամաքէն եւ հայութիւնը կը դառնայ կատարեալ կղզի մը այդ Թուրան-մահմետական ծովուն մէջ: Ճիշդ հոդ է արդէն մեր կեանքի ու բախտի ամենէն տրամադիկ կողմը, մենք կը կտրուինք Արեւելքէն ու կը կապուինք Արեւմուտքին այն միջոցին, երբ սկսուած է անկումը արեւմտեան քաղաքակրթութեան ու տիրապետութեան, երբ սկսուած է, ընդհակառակը, Արեւելքի ուժեղացումը, Արեւելքի տիրապետութեան ու քաղաքակրթութեան տարածումը եւ մարդկութեան ցամաքային ու ասիական դարաշրջանը: ==== IV. Մեր ազնուականութեան փճացումը թուրանական դարերու ընթացքին ==== Հազիւ քիչ մը հանդարտած է փոթորիկը, ահա՜ ետեւէն նոր յորձանք` կը փոխուին եկողներուն անունները, դէմքի ու մարմնի ձեւերը, գործածուած լեզուն, բայց նոյն է միշտ անոնց գործած վայրագութեան ձեւերը: Եւ այդ բոլորի արդիւնքը, երեք-չորս դարերու ընթացքին, ոչնչացած է մեր ազնուականութիւնը, ջարդուփշուր է եղած հայ քաղաքացի դասակարգը ու գաղթած աշխարհիս չորս ծայրերը, իսկ հայ գիւղացիութիւնը թուով խիստ կրճատուած, եւ զրկուած հարթավայրերու իր բարեբեր հողերէն, քաշուած ու կծկտած է սարահարթներուն բարձրերը, եւ դարձած է մեծ մասով ճորտը թուրք, քիւրտ, պարսիկ, մոնղոլ, արաբ, թաթար, մահմետական հողատէրերուն, որոնք հետզհետէ աւելի ու աւելի կը շատնան, կը տիրանան լաւագոյն հողամասերուն ու կը տեղաւորուին: Մինչեւ ԺԱ-րդ դարն ալ հայը շատ էր տեսած ե՛ւ արշաւանք ե՛ւ հպատակութիւն ե՛ւ անկախութեան կորուստ, իր արդէն տասնըութը դարերու գոյութեան միջոցին իրար վրայ հաշուած հազիւ այդ ժամանակի կէսը ունեցած էր իր անկախ պետականութիւնը, եւ այդ անկախութիւնն ալ մեծ մասով շատ կախեալ անկախութիւն մըն էր, իբրեւ պաշտպանեալ, իբրեւ դաշնակից, իբրեւ թեւարկեալ իր անհամեմատ աւելի ուժեղ ու աշխարհակալ հարեւաններուն: Եւ դէպի ներս ալ կուռ ու ձոյլ միութիւն մը չէր ներկայացներ. աւատական թագաւորներ էին, երբեմն առաւել կամ նուազ ուժեղ բռունցքով, որուն կ’ենթարկուէին մեր միւս մեծ ու փոքր նախարարները, իսկ աւելի յաճախ թոյլ ու տկար վերին իշխողներ` ձեւականի ու անուանականի մօտեցող գերիշխանութեամբ մը միւսներու գլխուն: Բոլոր մանր իշխանները գործնականին մէջ գրեթէ լիովին անկախ էին, կ’ապրէին ու կը տիրէին իրենց գլխուն, ունէին իրենց զօրքը, կը կռուըտէին իրարու հետ, յաճախ եւ իրենց թագաւորին դէմ: Այնպէս որ` եթէ պետական արտաքին կազմն ու վիճակը աչքի առաջ ունենանք, պիտի ըսենք, որ հայութիւնը կիսովին իսպառ զուրկ է եղեր պետականութենէ, կիսովին ունեցեր է միայն ոչ-կուռ, խախուտ պետականութիւն մը: Բայց ատոր փոխարէն անիկա ունեցեր է միշտ մինչեւ թուրանական արշաւանքները ներքին պետականութիւն մը, եւ արդէն կուռ ու ամուր ներքին պետականութիւն մը: Այդ ներքին պետական կազմի հիմքը մեր նախարարներն են, իսկական իշխողները, իսկական տէրը իրենց հողին եւ հողի վրայի մարդուն: Արդեօք իրենց իշխանապետը եղեր է հեռաւոր Տիզբոնի արքայից արքա՞ն, թէ` աւելի եւս հեռաւոր Հռոմի իմպերատորը, թէ` իր քովիկը Արտաշատ, Անի կամ Վան նստող իր ազգային թագաւորը` ժողովուրդի վարչական, տնտեսական, դատական ու զինուորական ներքին կազմին ու կեանքին մէջ տարբերութիւնը շատ է չնչին: Հիմնական միութիւնը իրականին մէջ նախարարութիւններն են, եւ ամբողջ հայ հողն ու հայ ժողովուրդը բաժնուած է այդ նախարարներուն մէջ, ինքը` թագաւորը պարզ նախարար մըն էր իր սեփական հողերուն վրայ: Եւ բնաւ չափազանցութիւնը մը ըրած չենք ըլլար, եթէ մինչեւ ԺԱ-րդ դարու մեր պատմութիւնը անուանենք Նախարարական Հայաստան` հեթանոս եւ քրիստոնեայ ենթա-բաժանումներով: Ահա՜ այդ հիմքն է, որ կը քանդուի ԺԱ-րդ դարէն սկսած, այդ մեր ներքին պետականութիւնն է, որ կը քայքայեն թուրանական ցեղերը, փճացնելով եւ սպառելով քանի մը դարերու ընթացքին մեր իշխանական տները, որոնք արդէն նախորդ արաբ ոստիկաններու շրջանին բաւական կրճատուեր ու ճղակտոր էին եղեր: Վերջին մնացորդները մեր նախարարական ազնուականութեան կ’ապաստանին Կիլիկիա` ստեղծելով նոր թագաւորութիւն մը, կամ կը մտնեն բիւզանդական ծառայութեան մէջ, ինչպէս որ դէպի հիւսիս քաշուողներն ալ կը դառնան վրացական պաշտօնեաներ ու կը խառնուին վրացի իշխանական տներուն: Լենկթիմուրի արշաւանքին մակընթացութենէն ետքը ԺԴ-րդ դարուն վերջերը լեռներուն մէջ միայն պարսկական դրոշմ առած՝ կը տեւեն քանի մը ազնուական տներ մինչեւ մեր օրերը` ինչպէս եւ փշուրներ կը մնան Սասունի վրայ եւ Տաւրոսեան սարերուն ծայրը: Այսինքն` մեր հայրենիքի ամենէն բարձր կէտերը` Զէյթուն, Սասուն, Ղարաբաղ: Եւ շատ բնական է, որ մեր վերջին դարերու անկախութեան փոքր, յուսահատ, բայց յամառ շարժումները կապուած են եղեր այդ երեք անուններուն: Անկախութեան հիմքը, զօրավիգն ու պահողը մինչեւ ԺԹ-րդ դար ամէն տեղ եղած էր մեր ազնուականութիւնը: ==== V. Հոգեւորականութիւնը իբրեւ վարիչ ու ներկայացուցիչ ==== Իր ազնուականութեան ոչնչացումովը հայ ժողովուրդը կը դառնայ ստրուկն ու ճորտը օտարին, օտար հողատիրոջ, օտար իշխողին, ամէն տեսակի ու աստիճանի խաներու, բէկերու, աղաներու: Իր հայրենիքին մէջ, ի՛ր հողերուն վրայ օտար մըն է այլեւս ինքը, արհամարհուած մը, աշխատող գրաստ մը, անտէր ու անպաշտպան: Միակ դասակարգը հայութեան վիճակը մտածող, քաղաքակրթութեան մնացած փշրանքները պահպանել ջանացող, ժողովուրդի տառապանքը մեղմացնելու ճգնող, եւ տիրող բռնակալներու հանդէպ իբրեւ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ ու միջնորդ` կը մնայ միայն հոգեւորականութիւնը: Մինչեւ քրիստոնէութիւն միակ հայ ղեկավար դասակարգն էր ազնուականութիւնը, որովհետեւ քրմական դասը թէ՛ իր կազմով, թէ՛ իր կեանքով եւ թէ՛ իր մտաւոր մակարդակով կրնանք առանց մեծ սխալի համարել այդ նոյն ազնուականութեան մէկ տեսակը: Քրիստոնէութիւնը կը բերէ նոր տեսակի ղեկավար դասակարգ մը, հոգեւոր իշխանութիւն մը, մտաւորական ազնուականութիւն մը, աշխարհականէն տարբեր ե՛ւ իր կազմով ե՛ւ իր կեանքով ե՛ւ իր մտաւոր կրթութեամբ: Այս ազնուականութիւնը հաստատուած չէ ժառանգականութեան վրայ, որովհետեւ վարդապետ ու եպիսկոպոս կրնայ դառնալ ամէն գեղջուկ, եւ իշխանութիւն մըն է ընտրական սկզբունքով, գոնէ կաթողիկոսի եւ եպիսկոպոսներու վերաբերմամբ` տեսակ մը ժողովրդական ազնուականութիւն: Իր անդամները կ’ապրին կուսակրօն, ըլլայ ցրիւ, ըլլայ վանքերու մէջ հաւաքուած, տէր են ընդարձակ կալուածներու եւ եկամուտներու, բայց ո՛չ անձնապէս, այլ իբրեւ վարիչը` եկեղեցական հարստութեան: Եւ ոչ միայն բոլորն ալ գրագէտ են, առաւել կամ նուազ շրջապատուած գրքերով, այլ շատերը յատուկ ճամբորդած են հեռաւոր Արեւմուտքի մտաւոր կեդրոնները, լեզուներ գիտեն, ոմանք նոյնիսկ անուն են հանած իրենց ժամանակի կրօնական-փիլիսոփայական աշխարհին մէջ, եւ կեցած են ժամանակի բարձրագոյն մտաւոր մակարդակին վրայ: Ասոնց մէջէն է, որ դուրս են եկած մեր հոգեւոր ու աշխարհիկ բանաստեղծութիւններու, երգերու ու քերթուածներու, ճառերու, մեկնութիւններու, գիտական ու փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններու, պատմական երկերու բազմաթիւ հեղինակները մէկ ծայրէն միւսը բոլոր դարերուն մէջ: Իբրեւ ընտանիքէ զուրկ վարչական մարդիկ, անոնք շարունակ տեղերնին փոխելու վրայ են նաեւ իրենց հայրենիքին մէջ, որով եւ մօտիկ ծանօթ են ե՛ւ ժողովուրդին ե՛ւ մեծաւորներուն ե՛ւ ժամանակի պայմաններուն ե՛ւ ներքին ու արտաքին քաղաքական դրութեան: Այս աստիճանի պատրաստութիւն, դիրք, անուն եւ մեծ հեղինակութիւն վայելող հոգեւոր առաջնորդները բնականաբար չէին կրնար խոշոր ազդեցութիւն չունենալ մեր ժողովուրդի քաղաքական հարցերը վճռելու ժամանակ, մանաւանդ, որ այդ քաղաքական հարցերը, ինչպէս տեսանք, միշտ սերտ կապուած են եղեր կրօնական հարցերուն: Եւ քրիստոնէութեան մուտք գտած օրէն այդ նոր հոգեւոր ազնուականութիւնը եղած է երկրորդ կարեւոր գործօնը մեր ժողովուրդի բախտը եւ քաղաքականութիւնը վարող, կից` մեր աշխարհիկ ազնուականութեան, մինչեւ թուրանական դարերը: Իսկ մեր նախարարական տներու վերջնական սպառումէն ետքը, մինչեւ ԺԹ-րդ դար, անոնք կը դառնան միա՛կ ղեկավար դասակարգը: Եւ չնայելով իրենց վիճակի հետզհետէ վատթարացման, սարսափելի քաղաքական պայմաններուն ու հալածանքներուն եւ խաւար արեւելեան շրջապատին եւ բռնակալութեան ստորացնող թաթին տակ իրենց կրած տափակացումին` նորէն անոնք են, որ հայ վանքերու կիսաւեր անկիւններուն մէջ հայ գիրն ու գիրքը կը թղթատեն, անցեալի մը աղօտ ծանօթութիւնը ունին եւ անկարող հառաչանք մը` դէպի ապագան: Եւ հազիւ Շահ-Աբբասեան արշաւանքէն ետքը ԺԷ-րդ դարու կէսերուն կանգ կ’առնեն դարուկէս տեւող թուրք ու պարսիկ կռիւները մեր հողերուն վրայ եւ քիչիկ մը շունչ կ’առնէ մեր երկիրը, նորէն անոնք են, այդ դժբախտ ու թշուառ կաթողիկոսները Էջմիածնի կիսափուլ հողապարիսպներուն ետեւը կծկտած եւ աւելի եւս խեղճ եպիսկոպոսներու ու վարդապետներու ցրիւ շարք մը, որ Սիւնիքի մէջ մնացած ազնուական ընտանիքներու պետերուն հետ ինչ որ ծածուկ երեթեւեկներ ունին, մէջէմէջ խորհրդաւոր նամակներ կը փոխանակուին, մարդիկ կը ղրկուին Պոլսի վրայով դէպի Արեւմուտք` պապերուն, կայսրերուն ու թագաւորներուն եւ դէպի հիւսիս` նոր ասպարէզ իջնող հիւսիսի նոր քրիստոնեայ թագաւորին: Ի՞նչ կ’ուզեն տգիտութեան, մահմետականութեան եւ անապատի զաւակներուն լծին տակը ճզմուած ու ջարդուած այդ մարդիկը: Կ’ուզեն Արեւմուտքի հետ կապ հաստատել, Արեւմուտքէն օգնութիւն կ’ուզեն, որ շարժուիլ կարողանան, որ ոտքի ելնել կարողանան, որ այդ անիծուած թուրանական լուծէն դուրս գալ կարողանան, կ’ուզեն անկախութիւն ու կ’երազեն Հայաստանի թագաւորութիւն: Դէպի Արեւմո՜ւտք, դէպի Քրիստոնէութի՜ւն: Իր կղզիին մէջ մինակ մնացած Ռոբինզոնն է, որ կարօտով լեցուն հայեացքը կը պտտցնէ շրջապատող անսահման ծովուն վրայ. ե՞րբ պիտի երեւայ նաւ մը, ազատութիւն բերող, քաղաքակրթութիւն բերող, նոր ապագան բերող նաւը: Եւ այդ դաժան թուրան-մահմետական ծովու մռայլ մէգերուն ու խաւար մառախուղներուն ետեւէն օր մը վերջապէս նաւը երեւցաւ: Երեւցաւ ԺԹ-րդ դարու ճի՛շդ սկիզբին: Եւրոպան էր, որ կուգար. ի հարկէ ո՛չ Հայուն կանչովը, ո՛չ ալ Հայուն համար, այլ Պատմութեան կանչովը եւ իր շահերուն համար, բայց կուգար: Եւ իր հետն ալ բոլորովին նոր պատմական շրջան մը` հայուն համար: ==== VI. ԺԹ-րդ դարը եւ նոր ղեկավար դասակարգ ==== ԺԸ-րդ դարու վերջին տարիները` Ղարաբաղի Մելիքները արդէն մտած էին ռուսներու իշխանութեան տակ, դարամուտին գրաւուած է Թիֆլիսը եւ սահմանը կը հասնի մինչեւ Լօռի, մինչեւ Փամպակ: Երկրորդ քայլը կ’առնուի քառորդ դար մը վերջը, 1827 եւ 1828 թիւերուն, նախ պարսիկներուն` ետքը թուրքերուն դէմ, հայութեան երկրորդ խոշոր կտոր մը փրցուած է մահմետական բռնակալութեան ճանկերէն: Ներսէս եպիսկոպոսը, ապագայ կաթողիկոս, հայ կամաւորներու գլուխն է, ամբողջ հայ ժողովուրդը շարժուող ռուս բանակներուն հետն է իր հոգիովն ու ձեռքէն եկած ամէն օժանդակութեամբ, եւ հայ զօրավարներն են գլխաւոր հրամանատարները: Երրորդ քայլը կ’առնեն ռուսները ուղիղ 50 տարի ետքը, եւ իբրեւ հետեւանք 1877 թուի ռուս-թուրքական պատերազմին` Կաղզուան, Կարս, Արտահան եւ Պաթում կը միացուին Ռուսաստանին, ամբողջ նոր հայկական շերտ մը: Չորրորդ քայլը կ’առնեն ռուսները այս վերջին պատերազմին, կը հասնին հայութեան գրեթէ ցեղագրական եւ պատմական սահմանին` գրաւելով Վան, Մուշ, Երզնկա, Էրզրում ու Տրապիզոն, մինչեւ բոլշեւիկեան խառնակութիւնները: Ռուսական տիրապետութիւնը բերաւ օրէնք ու ապահովութիւն եւ տնտեսական աւելի լայն շարժում, այսչափը հերիք էր, որ հայ ժողովուրդը սկսէր արագ բարձրանալ, բարգաւաճիլ ու հարստանալ, քանի որ ընտել էր աշխատանքի եւ աշխատութիւնը սիրող: Ռուս տիրապետութիւնը բերաւ հայուն նոր դիրքեր ու պաշտօններ թէ՛ վարչական բաժնին մէջ եւ թէ՛ բանակին: Եւ ահա՜ տնտեսապէս բարելաւուածները, առեւտուրով զբաղողները, զինուորականներն ու պաշտօնեաները առաջացուցին նոր քաղքենի դասակարգ մը մեր մէջ, որ ինքն իր գործին յաջողութեանը համար պէտք ունէր գիրի, տիրապետող լեզուին եւ «կրթութեան»: Մանաւանդ իր զաւակներուն համար, որովհետեւ քանի կ’երթար մրցումը կը մեծնար եւ պատրաստուած ըլլալու անհրաժեշտութիւնը կ’աւելնար: Կեանքի մէջ յաջողելու, առաջանալու հիմնական պայմանը կը դառնայ ուսումը: Ամէն հայ, որ քիչիկ մը ծայրը ծայրին հասցնելու ընդունակ է, կը մտածէ իր զաւակը գիմնազիոն դնելու, համալսարան ղրկելու` գիւղի ունեւորը, տէրտէրը, քաղաքի մէջ կոպէկ կոպէկի վրայ դրած խանութպանը, վաճառականը եւ ի հարկէ, պաշտօնեան ու զինուորականը` ամէնքը իրենց զաւակներուն «ուսում» տալու ետեւէ են: Եւ տարուէ տարի արագ կը բարձրանայ տոկոսը հայ ուսումնաւարտներու թէ՛ միջնակարգ դպրոցներէն եւ թէ՛ համալսարաններէն: Եւ որովհետեւ զինուորական ու քաղաքացիական պաշտօնները մասամբ արդէն բռնուած են եւ մասամբ ալ արուեստականօրէն նոր րէժիմի կողմէն փակուած են հայերու համար, այդ նոր երիտասարդութիւնը կը նետուի ազատ, կամ արդիւնաբերական արուեստներու վրայ` բժիշկ, փաստաբան, մեքենագէտ, ելեքտրագէտ, քիմիագէտ, գիւղատնտես, ուսուցիչ, գիտական աշխատաւոր եւ գեղարուեստի մարդիկ: Նոյն երեւոյթն է, որ տեղի կ’ունենայ Թուրքիայի ծովեզերքը բնակող հայութեան մէջ: ԺԹ-րդ դարու առաջին կէսին Թուրքիան հետզհետէ կը մտնէ Եւրոպայի անմիջական ազդեցութեան ու քոնթրոլին տակ, գլխաւորապէս ծովեզերքը` շոգենաւն ու երկաթուղին նոր եւ ուժեղ թափ մը կուտան հաղորդակցութեան, եւ այս բոլորի հետեւանքը կ’ըլլայ ծովեզերքներու հայ բնակչութեան համեմատական ապահովութիւնը եւ առուտուրով ու նոր ձեռնարկներով զբաղուելու հնարաւորութիւնը: Նոյն պահանջը պատրաստուած մարդոց թէ՛ պետական, թէ՛ եւրոպական հաստատութիւններու համար, նո՛յն դպրոցական ծարաւը եւ հայու եւրոպական-տեղական միջնակարգ վարժարանները թափուիլը, եւ նո՛յն վազքը դէպի եւրոպական համալսարանները, սկիզբը` գլխաւորապէս Ֆրանսա: Եւ հետզհետէ կը կազմուի նոր մտաւոր դասակարգ մը, աշխարհիկ մտաւորականութիւն մը, որ տեսակի զբաղումներով, նոր տնտեսական պայմաններով, նոր իր կենցաղովը, իր հագուստէն սկսած մինչեւ իր մտածումները, ճաշակն ու գաղափարները, ամէն ինչ նոր ձեւուած եւրոպականի վրայ, արդիւնք` եւրոպական կեանքի հետ մօտիկ շփման եւ եւրոպական կրթութեան: Մեր հոգեկան առաջին սերտ կապը Արեւմուտքի հետ եղած է չորրորդ դարուն սկիզբը Քրիստոնէութեան ձեւի տակ եւ ատոր արդիւնքը եղած է մեր հոգեւոր մտաւորականութիւնը: Երկար դարերու ընդհատումէ ետքը մեր հոգեկան երկրորդ վերստին կապակցումը Արեւմուտքի հոգիին հետ կը կատարուի ԺԹ-րդ դարուն եւ ատոր պտուղն է մեր արդի մտաւորականութիւնը: Ահա՜ այդ նոր մտաւորական դասակարգն է, որ շուտով իր ձեռքը կ’առնէ հայ ժողովուրդի բախտին ու ձգտումներուն ղեկաւարութիւնը, ինչպէս եւ կը դառնայ անոր բոլոր ազգային ու հանրային հաստատութիւններուն, ընկերութիւններուն, կրթութեան, գրականութեան ու գիտութեան ստեղծողն ու կազմակերպողը: Հին հոգեւոր մտաւորականութիւնը, իր գերիշխանութիւնը պահելու թեթեւ դիմադրութենէ մը ետքը, ինքն ալ ենթարկուելով ժամանակի ոգիին, կուգայ, կը խառնուի աշխարհիկ մտաւորականութեան ընդհանուր հոսանքին: Ազնուականութիւն, հոգեւորականութիւն եւ մտաւորականութիւն` ահա՜ այն երեք աստիճանները, որոնցմով անցեր է հայ իրականութեան ղեկավարութիւնը: Ժողովուրդ մը ինքզինքը վարելու, պաշտպանելու, իր համայնական գործերը տնօրինելու համար միշտ անհրաժեշտութիւնն ունի գործադրող մը, առաջնորդ մը ստեղծելու, եւ մի՛շտ եւ ամէ՛ն ժողովուրդի մէջ կ’առաջանան վարող դասակարգեր ժամանակի ոգիին եւ ժողովուրդի հոգիին ու պայմաններուն համեմատ, ատոնց վրայ եւ յենուած կ’ըլլան պետութեան ու ազգութեան բոլոր միւս օրգաններն ու հաստատութիւնները: Առանց այդ տեսակ ղեկավար դասակարգի մը ժողովուրդը զրկւած է իր կամքի ու ձգտումներու ձեւակերպումէն ու արտայայտութենէն, ամէն ինչ կը մնայ բնազդներու տարտամ ու իրար խաչաձեւող շարժումներուն մէջ: Ինչպէս եւ զրկուած է իր կազմակերպող եւ առաջնորդող տարրէն, որով կը դառնայ ցրիւ ամբոխ մը, ինչքան ալ շնորհք ու կենսունակութիւն ունենայ իր մէջ: Այդ ղեկավար դասը նոյն է ազգերու համար, ինչ որ սպայութիւնն ու հրամանատարութիւնը բանակներուն համար: Եւ ատոր համար է, որ ամէն անգամ նոր ղեկավար դասակարգի մը մէջտեղ գալը նոր դարաշրջան մը կը բանայ ժողովուրդի համար, մանաւանդ, որ նոր դասակարգի մը առաջ գալը ինքնին արդիւնք է փոխուած պատմական պայմաններու եւ նոր պահանջներու: Այսպէսով` ԺԹ-րդ դարուն սկիզբը տարեթիւն է հայութեան Եւրոպային կապուելուն, քրիստոնեայ զօրքի եւ եւրոպական կեանքի հայ հողի վրայ ոտք դնելուն, նոր պատմական ու տնտեսական գործօններու, եւ նոր մտաւոր դասակարգէ մը, որ եւ հիմնադիրն ու ղեկավարը կը դառնայ մեր նոր քաղաքակրթական ճիգերուն, հայ ոգիի սթափուելուն, հայ ձգտումներու նոր գոյն ու ձեւ ստանալուն եւ հայ կամքի ասպարէզ իջնելուն: === Բ. ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՁԳՏՈՒՄԸ === ==== I. Նոր մտաւորականութեան առաջին երեք սերունդներուն երազն ու քարոզը ==== Այս մտաւորականութիւնը, որ արդիւնք էր եւրոպական գաղափարներուն ու կրթութեան, բնականաբար դաւանելու էր նոյն սկզբունքները, որ ԺԹ-րդ դարու տիրող ըմբռնումներն են եւրոպական կեանքին, գիտութեան եւ իտէալներուն մէջ: Իսկ դարուս ամբողջ եւրոպական քաղաքականութիւնը, ներքին թէ արտաքին, ինչպէս եւ ամբողջ քաղաքակրթական աշխատանքը կը դառնայ մէկ հիմնական սկզբունքի շուրջը` ժողովուրդ: Ժողովուրդն է ամէն ինչ, եւ ամէն ինչ ժողովուրդի համար: Երկրին տէրը, իր տնտեսական ու քաղաքական կեանքին վերին տնօրինողը պէտք է ըլլայ ժողովուրդը: Ամէն օրէնք, կարգադրութիւն ու ձեռնարկ պէտք է կատարուի ժողովուրդի բարօրութեանն ու զարգացմանը համար: Ժողովուրդներու տիրականութեան այս հիմնական ըմբռնումին արդիւնքն են բոլոր երկիրներու մէջ` կառավարութեան ընտրական կազմը, պետականութեան պարլամենտական ձեւը, կրթութեան պարտաւորիչ եւ ընդհանուր դառնալը, գիտութիւնն ու գեղարուեստները հանրամատչելի ու ժողովրդական դարձնելու ջանքերը, ընդհանուր զինուորագրութիւնը, լրագրութիւնը եւ հասարակաց կարծիքի ստացած կարեւոր դերը: Ժողովրդական սկզբունքի ներքին երեսն է սա, իսկ նոյն սկզբունքի արտաքին երեսը կը ներկայացնէ ազգային անկախութեան հարցը: Ամէն ազգ պէտք է ինքը իր բախտին տէրը ըլլայ եւ ազատ ուրիշ ազգերու լուծէն: Հոսկէ կ’առաջանայ փոքր ու տիրուած ազգերու ազատագրութեան պահանջը, եւ ա՛յդ պահանջի գործադրութիւնն են բոլոր անկախութեան կռիւներն ու ապստամբութիւնները, որոնք կը լեցնեն ԺԹ-րդ դարու եւրոպական պատմութիւնը: Բնականաբար այդ նոյն սկզբունքն էր դառնալու իր ներքին ու արտաքին երեսներով նաեւ հիմնական դաւանանքը եւ գործունէութեան ուղեցոյցը մեր նոր առաջացող մտաւորականութեան համար: Մանաւանդ, որ Արեւմուտքէն իբրեւ իտէալ, իբրեւ գիտութեան վերջին խօսք, ու քաղաքակրթութեան իբրեւ բացարձակ պահանջ, ներս խուժող այդ գաղափարները կատարելապէս կը համապատասխանէին հայ ժողովուրդի ներսէն ու բնականէն առաջացած ամենակենսական պահանջներուն: Զրկուած երկար դարեր ազնուական դասակարգէ, ունենալով միայն ժողովուրդէն դուրս եկող եւ ժողովուրդով ապրող հոգեւոր առաջնորդներ, եւ ընտելացած` իր հոգեւոր-ազգային գործերուն մէջ ընտրական սկզբունքին, եւ հիմա ալ ունենալով միայն այդ նոր մտաւոր դասակարգը` կազմուած ժողովուրդի բոլոր խաւերէն, բնական կերպով ուրիշ ճամբայ չունէր, ամէն ինչ պիտի կատարէր ընկերութիւններ կազմելով, ժողովներով եւ ընտրութիւններով: Նոյնպէս հարազատ եւ մեր պատմական պահանջներուն համապատասխան էր նաեւ ժողովրդական սկզբունքի արտաքին կողմը` ազգային անկախութեան եւ ազատագրման գաղափարը: Չէ՞ որ մեր մտածող մարդոց տենչն է եղած ատիկա նոյնիսկ թուրքական ամենամռայլ դարերուն եւ չէ՞ որ հայութեան դարաւոր տանջանքն էր թուրքական լուծը եւ անկէ ազատուիլը` իր բնական բաղձանքը: Եւ հայու համար քրիստոնեայ պետութեան մը գալը համազօր էր իր ազգային անկախութեան գաղափարին: Իսրայէլ Օրիի, Ներսէսներու եւ նմաններու միամիտ համոզումն էր, որ քրիստոնեայ պետութիւնները գան թէ չէ` հայ թագաւորութիւն պիտի ստեղծեն: Այդ երազը Հայաստանի ռուսական բաժնի վերաբերմամբ ի հարկէ շուտով փարատեցաւ` առայժմ այնքա՜ն մեծ էր թուրքի լուծէն ազատուած ըլլալու ուրախութիւնը, քրիստոնեայ հովանիի մը տակ հանգիստ ու ազատ ապրելու ու աշխատելու կարելիութիւնը եւ այնքա՜ն հզօր էր ռուս զէնքի եւ պետութեան հմայքը, որ ոչ ոքի մտքէն անցնիլ չէր կրնար ռուս տիրապետութեան դէմ որեւէ շարժում: Սակայն տարբեր էր հարցը Հայաստանի դեռ չազատուած մասերուն համար` Թուրքիան կործանուող պետութիւն մըն էր, եւ ամէնուն աչքին առջեւը հետզհետէ քրիստոնեայ փոքր ազգերը, որոնք մեզի նման դարերով հեծեր էին թուրքի լուծին տակ, հիմա մէկիկ մէկիկ կը ստանային իրենց ազատութիւնը ապստամբելով եւ եւրոպական ժողովուրդներու համակրանքովն ու օժանդակութեամբը: Ի՜նչ աւելի բնական, քան ձգտիլը նոյն ուղղութեամբ: Այսպէսով` թէ՛ գրքերու եւ համալսարաններու մէջէն իւրացուցած իտէալները, թէ՛ ուրիշ ազգերու գործնականապէս իրականացուցած փորձերը եւ թէ՛ մեր ներքին վիճակն ու հոգեբանութիւնը եւ դարաւոր մահմետական ստրկութեան դէմ խորին ներքին ատելութիւնը կը հիւսուէին իրար, եւ ամէն քիչ-շատ գրի ու գրքի երես տեսած հայու համար կը դառնայ հոգեկան անխուսափելի պահանջ մը ազգային ազատութեան ձգտիլը Հայաստանի թուրքական բաժնին վրայ: Անշուշտ, նայելով ամէն մարդու ապրած տեղին` Ռուսաստան թէ՞ Թուրքիա, ծովեզերը թէ՞ ներսերը, թէ՞ Եւրոպա, նայելով ամէն մարդու, դիրքին ու տնտեսական վիճակին, ինչպէս եւ ստացած կրթութեան աղբիւրին, այլ եւ ամէն մարդու անհատական տեմպերամենտին, ամենուն մէջ նոյն չափով եւ նոյն ձեւով չարտայայտուիր այդ պահանջը: Ունինք աւելի զգոյշները, խոհեմները, զգացող ու չարտայայտողները, ունինք կէս բերան ու աչքի խորհրդաւոր կծկումներով արտայայտուողները, ունինք եւ բարձրաձայն խօսողները, եւ վերջապէս բոլոր ձայնովը պոռացող խենթերը: Բայց, որ բոլորի հոգիին մէջը կայ, աւելի կամ նուազ չափով, այդ ազգային ազատութեան սէրը, երազը, ձգտումը, ատոր տարակոյս չկայ: Ե՛ւ հոգեւորականներ, սկսած պատրիարքներէն ու կաթողիկոսներէն, ե՛ւ Թուրքիայի ու Ռուսաստանի պետական պաշտոնեաներ, ե՛ւ տիպլոմատներ, ե՛ւ «ազգային» ու «բարերար» հարուստներ, ե՛ւ արհեստաւորներ, որոնք արդէն դպրոց են տեսած եւ լրագիր կը կարդան, ե՛ւ խմբագիր, ե՛ւ վարժապետ, ե՛ւ բանաստեղծ, ե՛ւ թատերագիր, ամէ՛նքը, ամէ՛նքը: Ամէն տեղ միեւնոյն պաշտամունքն է հայ լեզուի, սկիզբը գրաբար, վերջը եւ աշխարհաբար, նոյն պաշտամունքը «Հայոց Պատմութեան», իրար ետեւէ լոյս կը հանուին մեր հին պատմիչները, մեր հին ձեռագիրները: Միւս կողմէն դպրոցներ, հանդէսներ, ճառեր, ներկայացումներ, լրագիր ու գիրք, եւ բոլորը «ազգային», եւ ի՜նչ թունդ ազգային, ինչքան որ թունդ կրնայ ըլլալ միայն նոր զարթնող ժողովուրդի մը առաջին անքննադատ ու դիւրահաւան ինքնագովութիւնը ու իրեն սիրտ տալու պահանջը: Չկա՛յ հայ լեզուի նմանը, ո՞վ կրնայ համեմատուիլ մեր պատմիչներուն, բացառի՛կ են մեր բոլոր հին քաջերն ու հերոսները, Քրիստոնէութիւնը մենք ենք ազատեր մեր դիմադրութեամբ, խաչակիրները ամէն ինչ մեզի են պարտական: Եւ ահա՜ կուգան թեւ ունեցող բանաստեղծները` Ալիշանը կ’երգէ «Հայոց աշխարհիկ», Պէշիկթաշլեանը` «Դու զո՞վ Խնդրես», Ծերենցը` իր «Երկունք»-ը, Աբովեանը` «Հայաստանի Վէրքը», Նալբանտեանը` «Ազատն Աստուած», կը հասնի Քամառ-Քաթիպան իր «ազատ» երգերով եւ Րաֆֆին իր «յեղափոխական» վէպերովը, եւ դեռ ինչքա՜ն, ինչքա՜ն ուրիշներ, բոլոր մեր թատերագիրները, մեր բոլոր արձակ գրողները: Ուրիշ խօսքով` մինչեւ 80-ական թիւերը, այսինքն` մեր նոր զարգացող մտաւորականութեան առաջին երեք սերունդները, միասիրտ ու միաբերան ցանկացած են ու ձգտած ազատութեան: Եւ ատիկա արտայայտողները մեր ժողովուրդի ամենէն սիրելի դէմքերն են: Անոնց քարոզներն են եկեղեցիներու բեմէն, անոնց ճառերը` ազգային ժողովներու մէջ, Խրիմէանի, Վարժապետեանի եւ այնքա՜ն աշխարհականներու, որոնց ականջ կը դնէ ժողովուրդը ամենէն մեծ սիրով ու յափշտակութեամբ: Անոնց գրութիւններն են ամենէն ջերմ կարդացուածները, եւ անոնց երգերն են բերնէ բերան երգուողները: Եւ ամենէն աւելի կ’ազդեն ու կը գրաւեն այն գիտական, պատմական ու վիպական երկերը, որոնք ուղղակի կամ շեղակի հայ ժողովուրդի այդ ցաւոտ կէտը կը շօշափեն: ==== II. Խօսքի շրջանին կը յաջորդէ գործի շրջանը ==== ԺԹ-րդ դարու ութսունական թուականներուն էր, որ «բանը» կը սկսի մարմին առնել: Այնքան ժամանակ միահամուռ կերպով երազուած, քարոզուած, կանչուած ու գովաբանուած ազատութեան ձգտումին կը յաջորդէ վերջապէս գործնական ձգտումը, ծայր կուտան հայ յեղափոխական կազմակերպութիւններն ու շարժումները: Վանի, Էրզրումի, Զէյթունի, Սասունի ու Պոլսի քանի մը նախնական, տեղական շարժումներէն ու խարխափումներէն ետքը, կուգան Արմենական եւ Հնչակեան աւելի կազմակերպուած ցոյցերն ու խլրտումները, եւ վերջապէս Կովկասէն, եւ շա՛տ բնական կերպով Կովկասէն, հրապարակ կ’իջնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Մեր յեղափոխական շարժումներուն դէմ թուրքերու յարուցած հալածանքներէն ու ճնշումներէն ազդուած, մանաւանդ վերջին տարիներու հարիւր հազարներու հաւաքական ու գազանային ջարդերէն ցնցուած` շատերը սկսան մեղադրել մեր երիտասարդութիւնը, որ իր անժամանակ եւ յախուռն ապստամբական ցոյցերով ու կռիւներով պատճառ եղաւ հայ ժողովուրդի փճացման: Նախ` միամիտ եւ չափազանց միամիտ են անոնք, որ կը կարծեն, թէ ազատութիւնը ձեռք կը բերուի առանց զոհի, առանց հալածանքներու, առանց արեան ու գազանութիւններու` ազատութեան տենչացողը այդ գողգոթայով պէտք է անցնի: Երկրորդ` աւելի եւս միամիտ եւ խորապէս միամիտ են անոնք, որ կը կարծեն թէ կարելի է տասնեակ տարիներով եւ հասարակութեան բոլոր ներկայացուցիչներու միջոցով, ճառերով, երգերով, գրքերով ու դպրոցներով շարունակ յեղափոխութիւն խաղալ, ազգային զգացումը հրահրելու, անկախ կեանքի իտէալը դրոշմել նոր սերունդներու մտքին ու սրտին վրայ եւ ետքը նստիլ խելօքիկ մը առանց գործնական քայլ մը առնելու, մինչեւ որ… մինչեւ որ … ես ի՞նչ գիտեմ` մինչեւ երբ: Որովհետեւ, այդ խոհեմ մարդոց, որ լսելու ըլլանք, երբեք այդ գործնական քայլը առնել կարելի պիտի չըլլայ` միշտ սպասելով հեռաւոր «պատեհ առիթներու», որոնք ի հարկէ երբեք ալ գալու չեն, որովհետեւ այդ «պատեհ առիթներն» ալ, ինչպէս ամէն բան, ձեռք կը բերուին երկար աշխատանքով, նախնական «ի զուր» զոհերով ու պատրաստութեամբ: Այդ պատեհ առիթները յանկարծակի չեն գար, ոչ ալ այնպէ՜ս պատահաբար: Երեսանց ու վայրիվերոյ նայողը միայն այդպէս կը կարծէ: Ա՛ն, ով կը ցանկայ, որ յեղափոխութիւնը մտած չըլլայ մեր ժողովուրդին գիրկը, պէտք է անիծէ ամենէն առաջ մեր դպրոցները, մեր գրագէտները, մեր պատրիարքներն ու ընկերութիւնները, ան պէտք է անիծէ ռուսները, որ մտան Հայաստան, պիտի անիծէ եւրոպացիները, որ եկան Թուրքիա, քիչիկ մը կեանք, շարժում ու կոնտրոլ բերին, բերին գրքեր ու յիմար գաղափարներ: Հա՛, այս բոլորը եթէ եղած չըլլար, գուցէ եւ մեր ջարդերը տեղի չէին ունենար, ոչ ալ մեր յեղափոխական շարժումները եւ մեր ժողովուրդը մինչեւ հիմա կ’ապրէր թուրքին ու քիւրտին լուծին տակը խորովուելով մաղմաղ կրակի վրայ: Իսկ ցանկալ, որ ժողովուրդ մը կրթուի, եւրոպականանայ, իտէալներ ձեռք բերէ, տեսնէ թէ ինչպէս կ’ապրին աշխարհիս երեսին ուրիշ ժողովուրդներ, տեսնէ թէ իրեն բախտակից միւս փոքր ժողովուրդները ինչպէս ազատութիւն ձեռք կը բերեն իրար ետեւէ, եւ ինքը հանգիստ ու լռիկ, խելօքիկ մը նստի, ասիկա պահանջելը ժողովուրդէ մը եւ անոր մտաւոր դասակարգէն կը նշանակէ անզգայ ու ապուշ երեւակայել ժողովուրդ մը եւ զուրկ` ամէն բնականութենէ ու կենսունակութենէ: Ատիկա ժողովուրդի մը համար ոչ թէ խոհեմութեան եւ իմաստութեան նշան կը դառնար, այլ կ’ըլլար պարզապէս ծայրայեղ ստրկամտութիւն, անբնականութեան աստիճանին հասած կամքի ու թռիչքի բացակայութիւն: Ոչմէկ կենսունակ եւ ընդունակ ժողովուրդէ այդ տեսակի «իմաստութիւններ» կարելի չէ պահանջել, եւ այն պարզ պատճառով, որ անկարելի բաներ են ատոնք: Ամէն հանրային շարժում կը սկսի գաղափարով ու քարոզչութեամբ, բայց խօսքի շրջանին անխուսափելի կերպով կը յաջորդէ գործի շրջանը: Հին սերունդները կը բաւականանան քարոզելով, երազելով, տենչալով: Բայց ահա՜ քարոզն ու տենչը կը հասուննան, այլեւս խօսքով բաւականանալ չեն կրնար: Ծիծաղելի կը դառնան հին երգերը, «Ա՜խ, Հայաստան, վա՜խ, Հայաստան», հին ճռճռան ճառերն ու օդեղէն անրջանքները` մարդիկը կը նետուին առաջ ինչ գնով ալ որ ըլլայ իրագործելու այդ իտէալները եւ ձեռք բերելու իրենց ազատութիւնը: Հին յափշտակութեան կը յաջորդէ նոր յափշտակութիւն, պզտիկները դպրոցէն կը փախչին «ֆետայի» երթալու, գաղտնի հաւաքումները կը դառնան հմայք ու ոգեւորութիւն, եւ «երկիր» մտնելը գերագոյն ցանկութիւնը երիտասարդի: Ու իրար ետեւէ կը շարժուի անվերջ շարանը, ձեռքը ռումբ ու հրացան, կ’երթան կրակին բերանը, կը լեցուին բանտերը, կը ճօճին կախաղանները, մէկ իյնողին կը յաջորդեն երկուքը, երեքը: Կը մասնակցին ժողովուրդի բոլոր խաւերը, տէրտէրն ու վարդապետը կան մէջը, արհեստաւորներ ու վաճառականներ, մանր խանութպան ու վարժապետներ, բժիշկ, լրագրող, խոհարարն ու կօշկակարը, հողագործն ու հացագործը, եւ պաշտօնեաներ, բոլո՛ր դիրքերը, բոլոր զբաղումները, գիւղացին ու քաղաքացին, լեռներէն ու եւրոպական մայրաքաղաքներէն, ապացոյց, թէ ի՜նչ աստիճանի ժողովուրդի հոգիովն էր շարժումը, եւ ի՜նչ աստիճանի ժամանակի ու հանրութեան պահանջ: Յաջողեցա՞նք, թէ տանուլ տուինք պատերազմը, ելքի՞ ճամբուն վրան ենք հիմա, թէ անդունդի, թողնե՛նք, որ պատասխանէ ժամանակը: Այսքանը պարզ է մեզի, որ անխուսափելի էր բոլորը, բնական հետեւանք` բնական պատճառներու: Չմոռնա՛նք նաեւ, որ այդ «վիժած» ու «խելագար» ճիգերն են, որ կրթեր են ու կը կրթեն մեր ժողովուրդին կամքը, կը բարձրացնեն անոր ինքնագիտակցութիւնը, կը հրահրեն երկար հպատակութեան միջոցին թանձր մոխիրով ծածկուած հանրային զգացումները, դուրս կը քաշեն դարաւոր հալածանքի ու անտէրութեան տակ իրենց պատեաններուն մէջ կծկտած խխունջ հոգիները, եւ մեր հիւանդոտ եսականութիւնները կը մղեն անձնազոհութեան ու այլասիրութեան: Մինչեւ որ ժողովուրդ մը չի վարժուի անձնազոհութեան, չի՛ ունենար իր ազատութիւնը, մինչեւ որ ժողովուրդ մը չի վարժուի իր եսը ենթարկելու համայնքին, չի՛ ունենար իր պետականութիւնը: Մեր այս վերջին քառասուն-յիսուն տարիներու յեղափոխական շարժումները ոչ միայն յանցանք մը ու մեղադրանք մը չեն հայուն համար, այլ անոր ամենէն մեծ արժանիքը, եւ վերջապէս անոր ամենէն մեծ յենարանը, ինչքան ալ, որ կոյրերը տեսնել չուզենան: Մեր թշնամիները, ինչպէս եւ մեր «բարեկամ» պետութիւնները, ամենէն առաջ եւ գլխաւորապէս մեր կամքի այդ գործնական արտայայտութիւնն է, որ հաշուի կ’առնեն, երբ մեր մասին կը խօսուի: Թուրք հայ ժողովուրդի հետ ի՞նչ թշնամութիւն ունի որ, ան հակառակ է միայն Դաշնակցական «խմբակին». այսպէս կը յայտարարէին իրենք: Ցարերը ամբողջ «Դաշնակցութիւնը» կ’ուզէին հաւաքել իրենց բանտերուն պատիւը աւելի բարձրացնելու համար, այսօր ալ Ռուսաստանի բոլշեւիկեան չէկաները Դաշնակցական որսալու վրայ են շարունակ: Եւ զարմանալու ալ ոչինչ չկայ, քանի որ մինչեւ հիմա Դաշնակցութիւնն է եղեր գլխաւորապէս զինական ու գործնական ներկայացուցիչը հայ ժողովուրդի կամքին: Լաւ աշխատող գրաստին եւ կթան կովին ո՞վ բարեկամ չէ` անախորժը սմբակներն են ու կոտոշները, եւ կաթը հանգիստ կթելու համար նախ պէտք է կապուին այդ կոտոշները: ==== III. Պատերազմի բերած յոյսերն ու յուսալքումը ==== «Լա՛ւ, թողնե՛նք անցեալը, ինչ որ եղեր է` եղեր է: Իսկ հիմա՞. ասկէ՞ ետքը, վերջապէս ի՞նչ ենք ընելու ասկէ ետքը, ո՞րն է ըլլալու հայութեան խելացի ձգտումը»: Ինչքան ալ, որ ինքնին անհեթեթ եւ լուսնի վրայէն նոր վար իջած մարդու խօսք ըլլայ այս հարցը, բայց եւ այնպէս հիմա ո՛ր կողմ ալ դառնաս` կը հանդիպիս այդ հարցին: Վերջին քանի մը տարիներու արտասովոր դէպքերը, ինչպէս եւ եւրոպական դիւանագիտութիւնը, չափէն աւելի խաղացին մեր ջիղերուն հետ եւ չափէն աւելի տմարդի կերպով, եւ հիմա ցնցուած ու անառողջ են հայուն ջղերը: Բաւական է հարեւանցի ակնարկ մը մի՛-միայն զինադադարէն ասդիկ հայկական հարցի կրած փոփոխութիւններուն վրայ, վերակենդանացնելու համար այն ցնցումը եւ այն անկումը, որ կրած է հայու հոգին: «Ազատ ու անկախ Հայաստա՞ն: Հանգի՜ստ եղէք, ապահո՛վ է ատիկա, ինչ ալ որ պատահելու ըլլայ, միայն, ի հարկէ՛ մանդայով»,- այսպէս կը կրկնէին մեզի ամէն կողմէ դիւանագիտական աշխարհի առիւծներն ու վագրերը: Ֆրանսացիք ամէն կերպ կը հասկցէին, որ Ֆրանսան պահանջենք իբրեւ մանդատէր, անգլիացիք ցոյց կուտային ամերիկացիներուն դռները: Եւ իրաւ, սկզբնական թեթեւ վարանքէ մը ետքը` Ուիլսըն կը յայտարարէ պարզապէս, թէ Միացեալ Նահանգները յանձն կ’առնեն Հայաստանի մանդան, «որովհետեւ ամբողջ ամերիկեան ժողովուրդը իրմէն այդպէս կը պահանջէր»: Եւ կը հասկցնեն, որ Ամերիկան կուգայ օգնելու այն պայմանով, որ կազմուի մեծ Հայաստան մը, Կիլիկիայի ծովափէն մինչեւ Կուր գետը, մէջը առնելով նաեւ ինքզինքը անկախ յայտարարած Երեւանեան Հանրապետութիւնը: Եւ ահա՜ հայերու յոյսերը հասած են իրենց գագաթնակէտին, իրենց կը հրամցուի միացեալ ազատ Հայաստան մը, հետն ալ Ամերիկայի պաշտպանութիւնը եւ վերաշինութիւնը: Սա ի՜նչ աներեւակայելի բախտ, որ բնաւ նման չէ հայու բախտին: Եւ ի՜նչ Հայաստան` «ծովէ ծով»: Եւ ամէնքը կը վիճեն, սիրտ կը հատցնեն` ինչպէ՞ս քաշեն սահմանը, որ աւելի բնական ըլլայ` Տրապիզոնէ՞ն, Տրիպոլիսէ՞ն, թէ աւելի արեւմուտք: Ուրիշներ այդ տեսակ բնական սահմաններու առաջ ալ կանգ առնել չեն ուզեր, պէտք է անպատճառ Սեբաստիան հետը ըլլայ, հապա Կեսարիա՞ն, ինչպէ՞ս կարելի է կեսարացիները դուրսը թողնել, եւ ախորժակներ կան, որ կը հասնին մինչեւ Ամասիա, Այնթապ, Մերտին: Նոյնիսկ անոնք, որոնք երկրին ու իրերուն ծանօթ են մօտէն, եւ գիտեն, որ պետութիւնները սուրով կը ձեւուին, ոչ թէ մկրատով, եւ շատ աղէկ կը հասկնան այս տեսակ Հայաստանի մը Հայաստան չըլլալը, այլ հայ, յոյն, քիւրտ ու թուրք կանտոններու կապակցում մը, նոյնիսկ անոնք կը տարուին ընդհանուր հոսանքէն: Աստուա՛ծ իմ, ինչե՜ր ըսես չի պատահիր պատմութեան խաղերուն մէջ, գուցէ նոր Զուիցերիա մը ծնի այդ Հայաստանէն: Եւ մինչ ամերիկեան կառավարութիւնը կ’ուսումնասիրէ երկրի աշխարհագրական, ցեղագրական, տնտեսական պայմանները, երկաթուղային եւ օթօմօբիլի ճամբաները, կը հաշուէ հարկ եղած դրամագլուխները, կամաց-կամաց կը բացուի, որ այդ բոլոր ոգեւորութեան միջոցին մոռցուեր էր պզտիկ բան մը, Մօնրօի սկզբունքը: Ամերիկացիք, ճիշդ է, կը համակրին հայերուն, շատ օգնած են եւ շատ ալ պատրաստ են օգնելու, բայց Մօնրօի սկզբունքը աւելի կը սիրեն, քան հայերը: Հոգ չէ թէ բոլորովին մոռցեր էին այդ սկզբունքը, երբ միլիոններով զինուոր եւ միլիարդներով դրամ կը թափէին Ֆրանսայի հողին վրայ, հիմա միտքերնին էր ինկեր այդ սկզբունքը, որովեհետւ Ուիլսընի հակառակ կուսակցութիւնը միտքը դրեր էր անցնիլ կառավարութեան գլուխը եւ տապալելու համար Ուիլսընը, պէտք էր տապալել անոր պաշտպանած առաջարկներն ու գաղափարները: Եւ խե՜ղճ Մեծ ու Ծովէ ծով երջանիկ Հայաստան` ինչպէս, որ թեթեւ ու օդի մէջ ստեղծուեր էր աշխարհիս միւս ծայրին վրայ, այնպէս ալ թեթեւ ու արագ փուլ եկաւ նորէն աշխարհիս միւս ծայրին վրայ: Եւ երբ Սեւրի մէջ Կլէմանսօն իր արամազդեան շանթերը եւ մարդկութեան զայրոյթը թուրք ներկայացուցիչներուն երեսին զարնելէն ետքը անցաւ դաշնագրին, Հայաստանը արդէն պատկառելի չափերով հաւաքեր էր իր փէշերը, ուրիշներուն տեղ ընելու համար: Ֆրանսացիք օգտուելով Միացեալ Նահանգներու հրաժարումէն` արդէն մտեր էին Կիլիկիա եւ տիրացեր: Սեւրի դաշնագիրը կ’ընդունէր ու կը վաւերացնէր անկախ ու ազատ Հայաստան մը Թուրքիայի հին հինգ վիլայէթներու սահմանին մէջ միայն: Եւ հայերը, թէեւ քիչիկ մը դժգոհ, բայց վերջապէս ասչափին համար ալ «առայժմ» շնորհակալ էին: Մէկի տեղ կը ստանայինք երեք հատ Հայաստան, բոլոր ճաշակներուն բաւարարութիւն տալու համար: Կիլիկիան` Ֆրանկօհայաստան մը` մասնաւորապէս յարմար մեր բարձր առեւտրական ու դրամատիրական դասակարգի ծրագիրներուն համար: Կովկասեան Ռուսահայաստան մը, որ կարելի էր թողնել Դաշնակցութեան «ֆետայիներուն ու սոցիալիստներուն»: Եւ վերջապէս Սեւրեան միջին Հայաստան մը, որ կը վերապահուէր Ռամկավար կուսակցութեան թագաւորութեանը: Եւ մինչ Ուիլսընի կապոյտ մատիտը գծելու վրայ էր այդ թագաւորութեան սահմանները, կամաց-կամաց բացուեցաւ, որ մոռցուած էր ուրիշ փոքրիկ բան մը: Այս անգամ մոռցողը անգլիական ծովակալն էր, որ Դարտանէլը շուտով իր առջեւը բացուած տեսնելու շտապէն` չէր պահանջած թուրք ուժերու զինաթափումը: Եւ ծայր էր տուեր քեմալական շարժումը, որ սկիզբը «ըմբոստութիւն» էր ու «աւազակութիւն», բայց յանկարծ դարձաւ «Անգորայի պետութիւն»: Եւ օգտուելով եւրոպական դիւանագիտութեան դանդաղկոտութենէն, եւ տեսնելով, որ ոչ ոք իր դէմը ուժ բանեցնելու տրամադիր չէր, ան սկսաւ աւելի յանդուգն քայլեր առնել: Մանաւանդ, որ «ընկճուած ու հարստահարուած ազգերու պաշտպան» բոլշեւիզմը դարձեր էր իր դաշնակիցն ու օժանդակը: Այդ դաշնակցութեան առաջին պտուղը եղաւ «դաշնակներու իմպերիալիստ եւ բուրժուա-կապիտալիստական բռնակալութեան անկումը» հայ ժողովուրդի ուսէն, այսինքն` անկախ Հայաստանի կէսը գրաւեց Թուրքիան, կէսը` Ռուսաստանը: Եւ Լոնտոնի մէջ Անգորայի հետ համաձայնութեան մը գալու եւրոպական զիջումներու միջոցին Հայաստանը այնքան սկսաւ փէշերը քաշել ու կծկտիլ, որ դարձաւ պտտիկ «օճախ» մը: Թէեւ դեռ ոչ ոք չգիտէր, թէ ի՞նչ ըսել է եւ ի՞նչ պիտի հասկնանք այդ օճախով, բայց եւ այնպէս դժբախտ հայութիւնը ամէն կողմ ինկած` սկսաւ տեղ մը փնտռել այդ օճախը վառելու համար: Եւ նորէն բարի ախորժակները դարձեր էին դէպի Կիլիկիա, որը այդ միջոցին ֆրանսացիք անկարող ըլլալով պահելու, եւ ամբողջ հայ բնակչութեան փճացման ու ցրուելուն պատճառ ըլլալէն ետքը, յանձներ էին թուրքերուն, «ծախելով» անոնց նաեւ իրենց թնդանօթները: Սկսուած էր ֆրանս-անգլիական բացայայտ հակամարտութիւնը: Եւ թուրքերը ի հարկէ երես առած ռուսական, ֆրանսական եւ իտալական այդ իրարու հետ մրցող աւանսներէն, բնականաբար այլեւս օճախներու մասին լսելու բնաւ տրամադրութիւն չունէին: Ի՞նչ օճախ, երբ հայը ինքը չգիտէ, թէ ուր տեղ է իր օճախը: Եւ, խե՜ղճ օճախ, ինքնիրենը առանց վառելու մարեցաւ, երբ վրայ հասաւ յունական զօրքերու պարտութիւնը, կամ աւելի ճիշդ է ըսենք` կռուէ հրաժարիլը, ճիշդ ինչպէս հայերը Կարսի առաջ: Այնպէս որ` Լօզանի կոնֆերանսին մէջ Հայաստանի անկախութիւնը վերածուեր էր արդէն հին նախապատերազմեան ինքնավարութեան նման բանի մը, եւ ան ալ միմիայն «Կարսի հողերուն շուրջը»: Բայց թուրքերը կտրապէս հոնկէ ալ վռնտեցին, եւ Հայաստանի անկախութիւնը մնալով բոլորովին օդի մէջ, ամպի մը պէս, հալեցաւ, հալեցաւ, կէտ մը դարձաւ ու չքացաւ: Եւ այս ծանր զաւեշտին զուգահեռ կ’երթայ Թուրքիայի մէջ մեր վերջին մնացորդներուն ոչնչացումը եւ վերջին բոյներուն աւերումն ու ցրիւ գալը: Կիլիկիայէն, Իզմիրէն, Մարմարայի ափերէն ու Պոլսէն հայերը դուրս կը վտարուին ու կը փախչին: Եւ Թուրքիայի երբեմնի մեծաթիւ ծովեզրեայ բարեկեցիկ հայութիւնը տունէ ու գործէ զուրկ կը թափառի հիմա ամէն ճամբաներուն վրայ իբրեւ թշուառ գաղթական: Ուրեմն վերջացա՛ւ: Ա՛լ վերջացած է կատակերգութիւնը, եւ վարագոյրը իջած: Եւ այդ վարագոյրին փակուելովը կարծես բացուեր են ամէնուն աչքերը: «Մեր մինչեւ հիմա ըրածը անմտութիւն էր: Ո՛չ, յանցանք էր: Անխոհե՛մ թեթեւամտութիւն: Ո՛չ, րօմանթիզմ էր: Հապա՛, այսպէս կ’ըլլայ կրակի հետ խաղալը»: Մէկ խօսքով` սխա՛լ էր, հայութեան մինչեւ հիմա ըրածը սխալ էր: Պէտք է հայութիւնը փոխէ իր ընթացքը, պէտք է վերաքննութեան ենթարկե՛նք «հին արժէքները», հին ձգտումները, մեր բոլոր ուզածը, մեր բոլոր ըրածը: Նո՛ր, պէտք է նորէն նստինք ու նորէն մտածենք: Պէտք է խելքի գանք վերջապէս: Լա՛ւ, գա՛նք խելքի: ==== IV. Քննադատներ, որոնք կը մեղադրեն հայ ժողովուրդը իր անկախութեանը ձգտելուն համար ==== Եւ խելքի գալու համար պէտք է ամենէն առաջ հարցը հանենք իր ուղիղ ճամբուն վրայ: Ի՞նչն է, որ սխալ է եղած, ի՞նչը պէտք է փոխուի: Այն նպատա՞կը, որուն դիմած է մինչեւ հիմա հայ ժողովուրդը, թէ՞ այդ նպատակին հասնելու համար իր բռնած ճամբան: Ո՞րն է եղած հայութեան սխալը, իր անկախութեանը հասնելու ձգտո՞ւմը, թէ այդ անկախութեան հասնելու համար իր ընտրած ու գործ դրած միջոցները: Դժգոհներէն շատ շատերուն համար հարցը բռնուելիք ճամբու մասին է: Որ հայը կը ձգտի ու պիտի ձգտի իր անկախութեանը` կը համարին շատ բնական ու անխուսափելի եւ իրենք ալ կը ցանկան նոյնը, եւ ճիշդ ատոր համար ալ նոր ճամբաներ կը փնտռեն, քանի որ հիները հանդիպեցան այս տեսակ ֆիասքօի: Հարցը կը յանգի վերջ ի վերջոյ` որո՞ւն վրայ յենուինք, ռուսի՞ն, անգլիացիի՞ն թէ թուրքին: Յոյս դնե՞նք, թէ չդնենք Եւրոպայի վրայ, յեղափոխութեա՞մբ շարժուինք, թէ՞ «խոհեմութեամբ», այս վայրկեանիս որեւէ շարժում ընե՞նք, թէ՞ համակերպինք, դարմանենք մեր վէրքերը եւ նոր ուժ հաւաքենք, սպասենք նո՞ր ռուսներուն, թէ՞ կապուինք նաեւ բոլշեւիկներուն: Այսինքն` զուտ տաքտիկ հարցեր, օրուան բռնուելիք քաղաքականութեան հարցեր, շա՛տ կարեւոր ու կենսական հարցեր: Այս իմաստով ո՛վ կրնայ հակառակ ըլլալ ե՛ւ մտածելուն ե՛ւ փոփոխելուն, ինչ որ կարելի է մտածել կամ փոփոխել: Թէեւ ինծի կը թուի, որ ինչքան ալ նստինք եւ ինչքան ալ մտածենք, արդի կատարուածէն եւ կատարուելու վրայ եղածէն մեծ տարբերութիւն մը չէ ունենալու մեր նոր մտածումը: Որովհետեւ կեանքի ընթացքը իր օրէնքներն ունի, զանազան ուղղութեամբ քաշող արտաքին ու ներքին ուժերը որոշ ուղղութեամբ կը տանին մեր ազգային գնդակը: Բայց եւ այնպէս միշտ օգտակար եւ լուրջ գործ է ըրածին ու կատարուածին վրայ խորհիլը, գիտակցաբար եւ բազմակողմանի կերպով հարցերը ըմբռնելը եւ ատոր համեմատ շարժուիլը: Բան մը, որ կեանքի մէջ արդէն ինքնին կատարուելու վրայ է բնականաբար, ամէն կուսակցութիւն, ամէն օրգան եւ միտք, որ քիչ-շատ ազդեցութիւն ունի մեր ազգային կեանքի վրայ` կ’աշխատի այդ ուղղութեամբ: Եւ պիտի աշխատի: Խնդիրը հիմնովին կը տարբերի, երբ քննադատութիւնը ուղղուած է հայութեան հասնիլ ուզած նպատակին դէմ, մեր անկախութեան ձգտումին դէմ: Անշուշտ, շատ սակաւ են անոնք, որ քիչ մը խոր ու անվերապահ կերպով թաղուելէն ետքը իրենց հոգիին մէջ, կարողանան ըսել, թէ կը մեղադրեն հայ ժողովուրդը կամ անոր ղեկավար մտաւորականութիւնը, որ անիկա ձգտած է իր անկախութեան, որ իրենք հակառակ են եղած հայու անկախութեան, որ իրենք հիմա գոնէ կ’ուզեն, որ հայը չի ձգտի այլեւս այդ անկախութեան, եւ կամ կը կարծեն, որ հայը կարող է չի ձգտիլ այդ անկախութեան: Սակաւ են, բայց կան, եւ բոլորովին ալ արհամարհելի չէ անոնց թիւը: Եւ երկու տարբեր արմատներէ կ’աճին այդ հոգիները: Նախ, մարդի՛կ, որոնք բանի տեղ չեն դներ ազգային գոյութիւնը, կը հեգնեն ազգային գաղափարը ընդհանրապէս, հակառակ են մանր սահմաններու, մանր տնտեսութիւններու եւ մանր զգացումներու: Հայուն վրայ կը նային, իբրեւ մարդու մը վրայ, եւ այդ հայը ըսուած մարդուն կը ցանկան հանգիստ կեանք ու տնտեսական բարօրութիւն: Եւ տեսնելով, թէ ինչպէ՜ս կը տառապի այդ դժբախտ հայ ըսուած մարդը խելօք չի նստելուն եւ անարժէք անկախութիւններու ձգտելուն համար, խորհուրդ կուտան, որ թողնենք այդ յիմար ու ճղճիմ հասկացողութիւնները, պինդ բռնենք զօրաւոր պետութեան մը պոչէն, եւ հանգիստ ուտենք, խմենք, աշխատինք, շահինք ու ապրինք մեզի համար մարդավարի: Այս կերպ մտածողներն ու խորհրդատուները կրնան շատ ազնիւ մարդիկ ըլլալ եւ իրենց խորհուրդները կրնան տալ շատ բարի դիտաւորութեամբ, բայց միեւնոյն է, մենք ականջ չունինք անոնց համար: Չափազանց տարբեր մակարդակներու վրայ ենք կեցած եւ չափազանց իրար հակադիր, ինչ որ մեզի համար արժէք ունի, անարժէք է անոնց համար, եւ ինչով որ իրենք կ’ոգեւորուին` ցաւոտ ժպիտ մը կը պատճառէ մեզի: Այդ խորհրդատուները չեն հասկցած եւ չե՛ն կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ համար այս աստիճանի շատ են «մանր» ու «նախապաշարուած» տեսակի մարդիկը, որոնք պատրաստ են ե՛ւ իրենց ապրուստը ե՛ւ իրենց հանգիստը ոտքի տակ տալու, եւ կրելու ամէն զրկանք ու տառապանք իրենց ժողովուրդի ազգային մակարդակը, ազգային քաղաքակրթութիւնը եւ ազգային անկախութիւնը քայլ մը աւելի առաջ քշած ըլլալու համար, եւ որոնք իրենց այդ ձգտումին մէջ կը գտնեն ե՛ւ իրենց մեծութիւնը, ե՛ւ իրենց մխիթարութիւնը ե՛ւ իրենց հոգեկան հանգիստը: Այդ խորհրդատուները կը նմանին որոշ գոյներու հանդէպ կոյր եղող անհատներուն, ինչ որ յաճախ կը պատահի բժշկութեան մեջ, որոնք, օրինակ, կապոյտը միշտ իբրեւ կանաչ կը տեսնեն եւ ատոր համար ալ շատ կը զայրանան մեր տխմարութեան վրայ, որ ապուշ տարբերութիւններ կը դնենք, եւ որ երկնքի կապոյտին համար առանձին սէր ունինք, եւ առանձին գնահատում դաշտերու դալարին համար: Այդ խորհրդատուներու միտքը չի ուզեր ըմբռնել, որ մարդը մարդ է ազգային ամբողջութեան մը մէջ, որ մարդը արդիւնքն է ու մէկ օղակը այդ ամբողջին, եւ որ մարդուս անհատական բախտաւորութիւնն ու հանգիստը շատ սերտ կապուած է իր ժողովուրդի վիճակին ու բախտին: ==== V. Քննադատներ, որոնք պահել կ’ուզեն միայն մեր «ազգային» գոյութիւնը ==== Երկրորդ խումբը, ընդհակառակը, ազգային գաղափարն ալ կը գնահատէ, ազգային քաղաքակրթութիւնն ալ, կը սիրէ իր մայրենի լեզուն եւ հայ գիրքը, եւ ճիշդ ատոր համար է, որ խորհուրդ կուտայ` ձեռք վերցնենք մեր անկախութեան երազէն: Ան մեր անկախութիւնը կը համարէ անկարելիութիւն, յամենայն դէպս հիմակուան համար եւ առաւել կամ նուազ մօտաւոր ապագաներու համար: Եթէ թուրքին ճանկէն ազատինք ալ, ռուսին ճանկէն չենք ազատիր` ի զուր ջանքեր են, ի զուր եւ վնասակար, աւելորդ տեղը պիտի գրգռենք նաեւ ռուսները մեզի դէմ, մեր բուրդը պիտի գզեն աշխարհքի չորս հովերուն եւ պիտի կորսնցնենք ամէն ինչ: Մինչդեռ, եթէ ձեռք վերցնենք այդ առանձին պետութեան գաղափարէն եւ անկախութեան երազանքէն, հանգիստ կ’ապրինք Ռուսաստանի գրկին մէջ, իբրեւ ռուսահպատակ, տնտեսապէս կը բարգաւաճինք, թուով կ’աճինք եւ մեր ազգութիւնը, լեզուն ու գրականութիւնն ալ կը տեւէ, այո՛, անշո՛ւշտ, երկրորդաբար, թէեւ միշտ թեւը կախ, եւ ենթարկուած պետական քաղաքակրթութեան, բայց կը տեւէ, կը զարգանայ` ինչպէս օրինակ վերջին պատերազմի նախօրեակին: Վերի տողերու շատ վտանգաւոր «այո՛», «անշո՛ւշտ», «թէեւ», «բայց»-երը մէջտեղէն վերցնելու համար` նախ պէտք է կտրուկ կերպով պատասխանել հետեւեալ հարցին: Եթէ այդպէս երկար ժամանակ մնանք բարձր քաղաքակրթութեան հասած եւ հետզհետէ աւելի ուժեղցող ռուս տիրապետութեան տակ, առանց ներքին լարուած դիմադրութեան, կը դիմանա՞ն մեր ազգային հոգին, առանձնայատկութիւնները, գրականութիւնն ու լեզուն: Այո՞, թէ ոչ: Ոմանք պիտի խոստովանին, որ ո՛չ, չեն դիմանար: Հետզհետէ շատցող խառն ամուսնութիւնը` մասնաւորապէս մեր մտաւորականներու շրջանակին մէջ, որոշ ոգիով ու սիսթեմով տարուած պետական ընդհանուր կրթութիւնը, ամէն կարգի ու տեսակի դիտումնաւոր արգելքներն ու դժուարութիւնները, ինչպէս եւ արուեստօրէն ներշնչուած արհամարհանքը դէպի այդ «մանրուք» երկրորդական ժողովուրդիկներն ու լեզուիկները, սերունդէ սերունդ կը մաշեն ու կը մեռցնեն` ինչ որ հայկական է: Հայերէն լեզուն պատերազմէն առաջ մեր ռուսահայ մտաւորական դասակարգին մէջ կա՛մ ամենեւին չէր գործածուեր, կա՛մ հոս ու հոն, եթէ կը գործածուէր ալ, կը գործածուէր շատ երկրորդաբար եւ այնպէս չքոտի ու աղաւաղուած, որ աւելի լաւ էր չգործածուէր: Կարգին հայերէն խօսողը բացառութիւն մըն էր, որուն առջեւը հայերէն խօսիլ կ’ամչնային միւսները: Այլեւս ինչ խօսինք գրքի ու գրականութեան մասին: Հա՛, իբրեւ ազգասիրութիւն, իբրեւ հասարակական պարտականութիւն կամ իբրեւ տեսակ մը բարեգործութիւն, նայելով մարդոց մտաւոր մակարդակին, շատ տեղ կը ստացուէին հայերէն լրագիրներ, երբեմն նաեւ գրքեր, որոնք կը քաշքշուէին սեղաններուն վրայ առանց սակայն ոչ ոքի կողմէ կարդացուելու: Եւ ինչո՞ւ պիտի կարդային, երբ շատ աւելի հարուստ ու մեծ ու բազմակողմանի թերթեր ու գրքեր թափուած էին նոյն սեղանի վրայ իրենց համար շատ աւելի հարազատ դարձած իրենց դպրոցական լեզուով: Ո՛չ, այս պայմաններուն մէջ ազգային ոգի չի դիմանար: Առանց ազգային լրիւ գոյութեան, առանց պետական անկախութեան` հայ քաղաքակրթութիւն ունենալու գաղափարը անճար ինքնախաբէութիւն մըն է, կամ ծպտուած խաբէութիւն մը, կամ կէս-գիտակից խոստովանութիւն մը, որ ինքը հայ ժողովուրդի օրերը համրուած կը կարծէ: Ուրիշները պիտի պնդեն այո-ն: Հայ ինքնութիւնը, հայ լեզուն, ոգին ու գրականութիւնը կը դիմանա՛ն ու կը զարգանան նաեւ օտար ժողովուրդի մը պետականութեան տակ եւ անոր բնական ու արուեստական բոլոր կաշկանդումներուն հակառակ, եթէ հայ ժողովուրդը ունի իր մէջը կենսունակութիւն եւ եթէ կայ գիտակից աշխատանք եւ կազմակերպուած կուլտուրական դիմադրութիւն հայ մտաւորականութեան կողմէ: Չէ՞ որ Ռուսաստանի մտաւորականներէն շա՛տ շատերը վե՛րջն են սովրած հայերէնը, իրենց ջանքերով, ազգային գիտակցութեամբ, եւ ամէն կողմ սկսած էր շրջանակներ կազմուիլ հայ գրքի, հայ մտքի ու հայ գրականութեան տարածմանը նպաստելու համար: Այս ճամբով կարելի է շատ հեռուն երթալ: Այսպէս պնդող մարդը, իրա՛ւ որ, շատ կարճատես պիտի ըլլայ, չտեսնելու համար, որ այդ աստիճանի կենսունակութիւն ունեցող ժողովուրդ մը, այդ աստիճանի ազգային հպարտութիւն զգացող մտաւորականութիւն մը, այդպէս զարգացման հասած ու կարդացուող գիրքն ու գրականութիւնը այլեւս բաւականանալ չեն կրնար իրենց կիսատ ու աղճատ գոյութեամբ եւ կամայ-ակամայ պիտի ձգտին իրենց լրիւ ծաղկումը, իրենց ազատ շարժումը ձեռք բերելու: Ճիշդ է, պատերազմէն առաջ շատերը սկսեր էին հայերէն սովրիլ, ջանքեր ընել հայերէն կարդալու եւ ամօթ զգալ իրենց մայրենի լեզուն չգիտնալէն, բայց եթէ քիչ մը աւելի խորը նայինք, պիտի տեսնենք, որ այդ սովրող, ջանացող ու ամչցողները անոնք էին, որոնք հայ յեղափոխութեան ցանցը կը հիւսէին եւ կամ այդ ցանցի անմիջական ազդեցութեան տակն էին: Այդ երկուքը արդէն իրար կապուած են միշտ, ազգային կուլտուրայի սէրը յեղափոխութիւն կ’առաջացնէ, յեղափոխութիւնը առաջ կը քաշէ ազգային կուլտուրան: Որ կողմ ալ որ դարձնենք` եզրակացութիւնը նոյն է: Այն մարդիկը, որ ազգայինը կը սիրեն եւ պահել կ’ուզեն, բայց խորհուրդ կուտան անհրաժեշտութան առաջ ձեռք վերցնենք մեր անկախութեան ձգտումէն, կ’ըսեն բան մը, որ խորապէս չեն մտածած եւ չեն նայած քիչ մը աւելի հեռուն: Եւ մարդս ակամայ այն տպաւարութիւնը կը ստանայ, որ այդ դժգոհները պարզապէս «անիծուած ու անլուծելի հարցը» իրենց վիզէն նետել կ’ուզեն եկող սերունդներուն վիզը: Իրենք արդէն շա՛տ են յոգնած, բոլորը տեղահան եղած, տակնուվրայ դարձած, եւ տարիներու ձիւնն ալ նստեր է արդէն իրենց մօրուքին: Եւ բնազդական ձգտում մը զարթնած է հիմա իրենց մէջ պատառ մը հանգստութեան, ինչ գնով կ’ուզէ ըլլայ, գոնէ այնչափ մը, ինչպէս որ էր պատերազմէն առաջ, որը «այո՛, ի հարկէ՛, մեծ բան մը չէր թէեւ, բայց…»: ==== VI. Ամբողջ Հայոց Պատմութիւնը հայ ժողովուրդի անկախութեան պայքարն է ==== Ով ջարդուած է, բնականաբար, կը քաշուի մէջտեղէն, ով յոգնած է` կը նստի, բայց ատով ոչինչ չի փոխուիր: Ետ քաշուողներուն տեղը կուգան նորերը, մէկ նստողին տեղը` ոտքի կ’ելնեն ուրիշները: Եւ եթէ այսօր մենք բոլորս ալ քաշուինք ասպարէզէն` վաղը հրապարակ կուգայ նոր սերունդը հին դրօշակը բարձր պահած իր ձեռքին, որովհետեւ անիկա ալ ապրիլ պիտի ուզէ իր ազգային կեանքովը: Վերջապէս պէտք է հասկնանք, որ ինքն իր տէրը ըլլալու եւ իր անկախութեան հասնելու պահանջը իմ ու քու հնարած խաղը չէ, ո՛չ մեզմով է սկսած եւ ո՛չ մեզմով կը վերջանայ: Ազգը ապրող օրգանիզմ մըն է, որ քանի կենդանի է, ուզէչուզէ, ենթարկուի պիտի իր գոյութեան օրէնքներուն: Եւ այդ օրէնքներուն ամենէն առաջինը իր լրիւ գոյութիւնը ունենալու, իր բոլոր ֆունկսիոններուն տէրը ըլլալու պահանջն է: Ամէն հիւանդ օրգանիզմի առաջին ձգտումը առողջանալն է, այսինքն` վերստին ձեռք բերել իր բոլոր օրգաններու ազատ ու առողջ գործածութիւնը, որոնցմէ զրկուած էր, եւ այդ պատճառով խանգարուած, թուլացած ու տխեղծ էր դարձած ամբողջ օրգանիզմը: Իր կամքէն ու պետականութենէն զրկուած ժողովուրդ մը, ինչքան ժամանակ որ կ’ապրի, միշտ պիտի ձգտի, անխուսափելի կերպով պիտի ձգտի, իր կամքն ու իր ազատ պետութիւնը ձեռք բերելու: Կը կարողանայ թէ ոչ` ատիկա տարբեր հարց է, բայց որ պիտի տենչայ ու ձգտի` ատոր տարակոյս չկայ: Հէնց որ դադրեցաւ այդ պահանջը, հէնց որ մեռաւ անկախութեան ձգտումը, կը նշանակէ սկսուած է ժողովուրդին հոգեւարքը: Իր ջիղերուն ու հոգիին մէջ կենսունակութիւն զգացող ժողովուրդ մը հրաժարիլ չի կրնար երբեք իր այդ ամենաբնական ձգտումէն: Հայ ժողովուրդը, որ իր քսանըեօթը դարերու գոյութեան ընթացքին իր կեանքին կէսը հպատակ է ապրած, մի՛շտ ձգտեր է ձեռք բերելու իր թանկագին կորուստը, եւ կռիւ է մղեր աշխարհիս ամենէն հզօր բռնապետութիւններուն դէմ հասնելու համար կամ պահելու համար իր անկախութիւնը: Հայոց պատմութիւնը դիմադրութիւններու ու ապստամբութիւններու անվերջ շարան մըն է Դարեհներու ու Սելեւկեաններու ժամանակներէն սկսած, Հռոմի ու Սասանեաններուն վրայով, մինչեւ արաբները, Բիւզանդիա եւ թուրանական հորդաները: Եւ մինչեւ ԺԱ-րդ դարուն կէսերը իր բո՛ւն հայրենիքին մէջ կրցած է պահպանել իր ներքին անկախութիւնը միշտ, եւ հինգ-վեց անգամ յաջողած է նաեւ արտաքին անկախ պետականութիւն հիմնելու, որոնք երկար դարեր են տեւած: Ամենէն սեւ ու մռայլ շրջանը ԺԵ-էն մինչեւ ԺԹ-րդ դարն է, երբ կը մարին բոլոր բոցերը չորս-հինգ դարերու անընդհատ աւերածութեան ու սրածութեան եւ թուրքմահմետական տիրապետութեան քայքայումին տակ, բայց հոդ անգամ չէ մարած անկախութեան կրակը եւ մոխիրներուն տակէն կը կայծկլտան երբեմն կայծերը: Ժողովուրդ մը, որ այսքա՜ն-այսքա՜ն անգամներ ինկած ու կանգնած է, որ յամառ տեւած է եւ ձգտած նորէն ու նորէն իր անկախութեանը, ինչպէ՞ս կարող է հիմա ձեռք վերցնել իր այդ ձգտումէն, երբ իր մէջը առաջացած է նոր գիտակից մտաւոր դասակարգ մը եւ ընդհանրապէս նոր թափ է առած իր հոգին ու նոր հպարտութիւն: Վերջապէս մենք ժողովուրդ մըն ենք ընդունակ, աշխատող, հին ու նոր արժէքներ ներկայացնող, ե՛ւ կռուած, ե՛ւ կռուող, ե՛ւ մարդկութեան առաջ պահանջատէր: Եւ ան ալ հրաժարինք հիմա, մեր այս դարուն մէջ, երբ հետզհետէ կը գիտակցուի անկախ ազգութիւններու դերը պատմութեան մէջ, երբ ազգն ու ազգութիւնը կը դառնան հիմքը պետութեան, երբ փոքր ազգութիւններու անկախութեան նշանաբանն է դրուած մէջտեղ, երբ նոյնիսկ սոցիալիստական քառակուսի դատողութիւններու մէջն անգամ սկսեր է թափանցել ազգային անկախութիւններու առողջ լոյսը, եւ երբ «բոլորի՛ն, բոլորի՛ն, բոլորի՛ն» բոլշեւիկներն անգամ սկսեր են ազգայնականութիւն խաղալ: Ո՛չ: Հայ մտաւորականութիւնը միշտ դնէ պիտի իր ծրագրին գլուխը հայու անկախութեան պահանջը, ինչքան ժամանակ, որ հայը անկախութիւն չունի: ==== VII. Հայ անկախութեան կռիւը թուրանական դարերու սկզբին ու աւարտին ==== «Բայց,- կը կրկնեն իբրեւ գերագոյն առարկութիւն - այդ անկախութեան ձգտումը կրնայ պատճառ դառնալ մեր ազգութեան վերջնական քայքայումին, կրնանք բոլորովին ոչնչանալ այդ անհաւասար կռուին մէջ, իբրեւ ազգութիւն` կրնանք մեռնիլ»: Այո՛, կրնա՛նք, կրնա՛յ պատահիլ: Կռուի մէջ նետուողը ե՛ւ կը վիրաւորուի ե՛ւ կրնայ մեռնիլ: Բայց մեռնելէն վախցող ժողովուրդը ո՛չ կրնայ ապրիլ ու դիմանալ, ո՛չ ալ իրաւունք ունի ապրելու, իբրեւ ուրոյն գոյութիւն, իբրեւ ջոկ անհատականութիւն: Եւ իր վախովը ան չազատիր մեռնելէ, միայն կը մեռնի քաշքշուելով, հիւծուելով, արհամարհուելով ու ոտքի տակ երթալով: Ինչի՞ է նման ամէն արժանիքէ զուրկ ու ստորին ազգային գոյութիւն մը: Արդի ու անցեալ մեր բոլոր հալածանքը, մեր բոլոր տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատուութեան այս բոլոր ոտնահարումը, անազատ կեանքի այս բոլոր լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէ՛կ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ ոտքի հանենք նորէն մեր ժողովուրդի լրիւ քաղաքակրթութիւնը, լրիւ ինքնուրոյնութիւնը: Իսկ եթէ գոյութիւն պիտի չունենայ այդ ձգտումը մեր հոգիներուն մէջ ու չի պիտի վարէ մեր շարժումները հանրային կեանքին մէջ` ի՞նչ արժէք ունի այլեւս այս կիսատ ու քառորդ ազգային ցաւագար գոյութիւնը, որ պահելու աշխատինք: Ի՞նչ օգուտ մեզի եւ ի՞նչ օգուտ ուրիշներուն: Անհամեմատ աւելի իմաստ ունի ցրուիլը, ձուլուիլը ուրիշ ազգերու հետ եւ ապրիլը իբրեւ նոր ազգի մը մէկ առողջ անդամը, եւ ինչքան շուտ ու արագ` այնքան լաւ: Բայց չե՛նք մեռնիր: Ժողովուրդները իրենց անկախութեանը ձգտելուն համար չէ՛, որ կը մեռնին: Շատ աւելի ճիշդ է հակառակը` կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռականութիւնը չունենալուն համար: Եթէ հայութիւնը դիմացեր է այսքան դարեր, իր դիմադրութեամբն է դիմացեր, դիմադրելով, որ չկլանուի, դիմադրելով, որ ազատուի: Եթէ իր անկախութեան համար մաքառիլը մահ բերէր` հայութիւնը արդէն տասնեակ անգամներ պէտք է մեռած ըլլար: Կամքը ո՛ւժ է, մե՛ծ ուժ, շա՛տ աւելի մեծ ուժ, քան սովորաբար կը կարծուի: Սրե՛նք մեր կամքերը բոլոր միջոցներով` ատիկա է այն միակ զէնքը, որ իրապէս կը պաշտպանէ մեզի մահէն, ատիկա է այն միակ սուր զէնքը, որ մեր բարձրացման ու մեր զարգացման առջեւը ճամբայ կը բանայ: Ինչպէս երէկ, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ վաղը` նո՛յնն է հայութեան ձգտումը, եւ ուրիշ բան ալ չի կրնար ըլլալ, մինչեւ որ մենք ալ մտնենք վերջապէս ազատ ու առողջ ազգերու շարքը: Անկախութեան այս ձգտումը եւ նոր կապուած մաքառումները, իրա՛ւ է, ուտեն պիտի մեր ստեղծագործական ուժերու, մեր քաղաքակրթական ընդունակութիւններու եւ մեր աշխատանքի լաւագոյն մասը, ինչպէս որ կերեր են մինչեւ հիմա, բայց ա՛յս է կեանքը, ա՛յս է պահանջը մեզի շրջապատող պայմաններուն` ուրիշ ճամբայ չկայ: Յամենայն դէպս պատմական իրողութիւնն այն է, որ այն օրէն, երբ թուրանական ցեղերը ոտքի տակ տուին եւ աւերեցին Հայաստանը, հայ ազգը երկու մեծ շարժում ունի կատարած, երկու յամառ ճիգ, իր անկախութիւնը ձեռք բերելու: Առաջինը թուրանական դարերու սկիզբին, երբ դեռ մեր ազնուականութեան մնացորդները կային, որոնք եւ հիմնեցին նոր ու անկախ իշխանապետութիւն մը Տաւրոսի բարձրունքներուն վրայ, որը շուտով դարձաւ Կիլիկիայի թագաւորութիւն եւ երեք դար կրցաւ իր առողջ կեանքը ունենալ շրջակայ հետզհետէ զօրացող մահմետական օղակին մէջ եւ ինկաւ, որովհետեւ մինակ մնաց իբրեւ քրիստոնեայ եւ կտրուած Արեւմուտքէն, որովհետեւ դարաշրջանը Ասիայինն էր, որու յորձանքին դէմ Բիւզանդիոնն անգամ դիմանալ չի կրցաւ: Երկրորդ մեծ ճիգը անկախութեան, ահա՛, կը կատարէ հայ ժողովուրդը հիմա, թուրանական տիրապետութեան աւարտին, կը կատարէ՛, որովհետեւ եկած է արեւմտեան մտքի ու զէնքի յաղթանակին դարաշրջանը, կը կատարէ՛, որովհետեւ ինքը վերստին կապուեցաւ Արեւմուտքի ոգիին ու քաղաքակրթութեան, կը կատարէ՛, որովհետեւ իր սպառուած ազնուականութեան փոխարէն ձեռք է բերեր հիմա նոր վարիչ ու կազմակերպող դասակարգ մը` իր մտաւորականութիւնը: Ինչքա՞ն դժուարութիւններ է քաշած Կիլիկիայի մեր անկախութիւնը ոտքի կանգնելու համար: Ինչքա՜ն համեստ ու փոքր են եղեր իր սկիզբները` քանի՜-քանի անգամ ինկած է շնչատ եւ ուժասպառ, ընդհատուած է, կարծես վերջացաւ ամէն ինչ եւ մարեցաւ ամէն կայծ, ամէն յոյս: Բայց ահա՜ Թորոս մը, կամքի յանդուգն շարժում մը, պայմաններու յաջող փորձ մը, եւ անկախութիւնը նորէն ելած է ոտքի, նորէն կը մաքառի ու իր ոտքերուն աւելի ամուր տեղ կ’ընէ, եւ կը հասնի ծովուն, եւ կը հասնի թագի, հակառակ շրջապատի յոյն, թուրք, լատին դրացիներու անվերջ դաւին, դիմադրութեան, յարձակումներուն ու թշնամութեան: Նոյն վիճակը եւ նոյն ապագան կը սպասէ մեզի եւ հիմա: Եթէ մէկ կողմէն` մեր արդի պայմանները աւելի ծանր են, քանի որ կամաց-կամաց նահանջող Բիւզանդիայի մը փոխարէն, հետզհետէ բարձրացող ու արեւմտացող Ռուսաստան մը ունինք հիմա մեր կողքին, բայց միւս կողմէն` մեզի հետ է ժամանակի ոգին ու քաղաքակրթութեան պահանջը: Մենք ալ, անշուշտ, դեռ շատ պիտի ելնենք ու իյնանք, մեր հողամասերն ալ սկիզբները սաստիկ համեստ ու փոքրիկ, եւ բաւական ժամանակ ունենանք անկախութիւն մը հաւանօրէն սաստիկ կախեալ ու խեղճուկրակ, մօտաւորապէս ինչպէս արդի Խորհրդային Հայաստանը օրինակ: Եւ ա՛ն ալ դեռ շատ պիտի գտնեն, ատոր համար ալ պիտի մաքառինք, հարկ եղաւ զէնքով, ուրիշ անգամ պասսիւ դիմադրութեամբ եւ պատմութեան վայրկեանի ընձեռած բոլոր միջոցներով: Գուցէ եւ խլեն նաեւ այդ չնչինը եւ ոչնչացնել ուզեն: Պէտք է սկսինք նորէն, պէտք է սկսինք ծայրէն այդ Զիսիֆոսի աշխատանքը, մինչեւ որ ոտքերնիս ամուր դնենք մեր հողին, մինչեւ որ հասնինք ծովուն, մինչեւ որ հասնինք թագին, մեր կատարեալ անկախութեան: Այսպէ՛ս կը շինուին պետութիւնները: Եւ գիտե՛նք, որ դժուար շինուելիք շէնք է մե՛ր պետութիւնը: == ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳԾԱԾ ՈՒՂԻՆ == === Ա. ԹՈՒՐՔԻԱ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ === ==== I. Թուրքիայի մէջ հայկական հալածանքներուն առաջին երկու պատճառները ==== Մինչեւ 1828 թուականը Թուրքիայի տիրապետութիւնը հայկական նահանգներուն մէջ անուանական է: Այս հողամասերը կը կազմեն Պարսկաստանի հետ ունեցած սահմանին մէկ կարեւոր մասը, եւ կը ներկայացնեն անվերջ դաշտ մը անվերջ պատերազմներու, աչքէ հեռու, հսկողութենէ հեռու` երկրի իսկական տէրերն են քիւրտ աշիրէթներու պետերը, զանազան տէրէպէյիներ, գործնականապէս բոլորովին ինքնագլուխ: Թուրք տարրը չափազանց աննշան, եւ միայն մէկ-երկու քաղաքներու մէջ: Ընդարձակ կիսաւեր ու կիսատէր տարածութիւն մը մասա՛մբ հետեւանք Թուրքիայի կեդրոնական քայքայման ու վարչական անփութութեան, մասա՛մբ ալ դիտմամբ ձգուած այդ վիճակին մէջ, իբրեւ բնական անջրպետ մը` Թուրքիայի ու Պարսկաստանի միջեւ: Ռուսներուն Կովկասի մէջ երեւալը եւ 1828-ի յաղթանակը կը բանան թուրքերուն աչքը հիւսիսէն ցած շարժուող մեծ վտանգին դէմ, եւ կառավարութիւնը արագ ու կտրուկ միջոցներու կը դիմէ իր հսկողութիւնն ու տիրապետութիւնը ամրացնելու համար այդ ռուսամերձ հողամասերուն մէջ: Կը կոտրեն քիւրտերուն դիմադրութիւնը, երկիրը լրջօրէն կ’ենթարկուի Օսմանեան կեդրոնական վարչութեան եւ կը բաժնուի վիլայէթներու: 1877-ի պարտութիւնը, նոր հողերու կորուստը այդ սահմանին վրայ, եւ ռուսներու պարզ դիտաւորութիւնը աւելի եւս հարաւ, աւելի եւս առաջ շարժուելու, վերջնականապէս կը վախցնեն ու կը խրթնեցնեն թուրք կառավարութիւնը: Եւ որովհետեւ ռուսները իրենց բոլոր յարձակումներու միջոցին քրիստոնեաներու պաշտպանութեան անունով կը խօսէին, թուրքերը անմիջապէս կը ձեռնարկեն անաղմուկ կերպով այդ պատրուակը մէջտեղէն վերցնելու: Մէկ կողմէն կը ստեղծուին «Համիտեան գնդերը», այսինքն` կեդրոնական կառավարութեան վստահութիւնը վայելող եւ անկէ օժանդակուող քիւրտ ցեղապետներ, որոնց կը տրուին ռուսական սահմանին մօտիկ եղած հողերը եւ ազատ իրաւունք տիրանալու, փճացնելու եւ փախցնելու հայ գիւղերն ու հայ տարրը, որը առանց ատոր ալ շատ նուազած էր ու քարուքանդ էր եղած պատերազմի միջոցին եւ յաջորդող դէպի Կովկաս գաղթին պատճառով: Միւս կողմէն, կը սկսուի սիսթեմատիկ աշխատանք մը հայ տարրը հողազուրկ դարձնելու Հայաստանի մէջ, եւ անտանելի դարձնելու անոր տնտեսական ու վարչական վիճակը, որպէսզի հայերը թողնեն ու հեռանան: Թէ՛ բռնի ու բացայայտ, թէ՛ վարչական ու տնտեսական մեքենայութիւններով հողերն ու գիւղերը արագ կերպով կը հաստատուին նոր եկուոր մահմետականներու անուանը, եւ օր օրի կը մեծնայ հայու պանդխտութիւնն ու գաղթը: Այնպէս որ հայկական հալածանքը բուն մայր հողին վրայ կը սկսուի 1877-էն, եւ արդիւնք է ռուսական յառաջխաղացման դէպի հայկական հողերը, ռուսական սպառնալիքին, եւ ոչ թէ հայութեան յեղափոխական շարժումներուն: Հայ ինքնապաշտպանութեան փորձերն ու յեղափոխական առաջին քայլերը թեթեւ ուշացումով կը հետեւին ու զոյգ կ’երթան թուրքերուն` հայութիւնը ոչնչացնելու ու փախցնելու ծրագրին: Բայց այդ բոլորը տեղի ունենար թէ ոչ, հիմնական իրողութենէն ոչինչ չէր փոխուելու` թուրքերը պէ՛տք է դատարկէին Հայաստանը հայ տարրէն, եւ ատոր պատճառը մե՛նք չէինք, այլ ռուսական վախը: Այսպէսով` թուրքերու հայութեան դէմ բռնած թշնամական դիրքին առաջին պատճառը հայու քրիստոնեայ ըլլալն է, որով ան պատրուակ կը ծառայէր ռուսական արշաւանքներուն, օժանդակ կը դառնար ռուսերու շարժումին, եւ իր համակրանքներովն ու սպասումներովը բնականօրէն կապուած էր ռուսներու յաջողութեան: Թէեւ թուրքերու` հայ տարրը Հայաստանէն հալածելու ծրագիրը ծագում չէ առած հայ յեղափոխական շարժումներէն, ինչպէս որ թուրքերը դիտումնաւոր կերպով կը ստեն, եւ մեր մէջ ալ շատերը կը կրկնեն կարճատեսութեամբ, բայց, ինչ ըսել կ’ուզէ, որ հայ յեղափոխական շարժումներուն առաջ գալը հաստատեց թուրքերուն երկիւղը, աւելի եւս գրգռեց, կատղեցուց եւ ընդհ. դարձուց անոնց հալածանքը ամէն տեղի հայութեան դէմ: Այլեւս բուն Հայաստանի հայութիւնը ցրիւ տալու ու մէջտեղէն վերցնելու ծրագիրը չէ միայն, այլ ընդհանրապէս ատելութիւն հայուն դէմ, իբրեւ ապերախտ ու ապստամբ ժողովուրդ մը, իբրեւ ներքին թշնամի: Եւ այն վայրագութիւնը, ինչ որ հերթով անոնք ունեցած էին յոյնին, սերպին ու բուլգարին համար, հիմա դարձաւ շատ բնական կերպով մեր դէմը: Միշտ պէտք է շատ որոշ կերպով իրարմէ զանազանել «երկրի» հայութիւնը Թուրքիայի միւս մասերու հայութենէն, մասնաւորապէս` ծովեզերեայ մասերու հայութենէն: Վերջիններս գաղութներ էին եւ բոլորովին տարբեր պայամաններու տակ: Եւ այն միջոցին, երբ թուրքերը Հայաստանի հայութիւնը կը նկատէին իբրեւ վտանգաւոր տարր եւ «մաքրելու» ետեւէ էին, ոչինչ չունէին, օրինակ Պոլսի հայուն դէմ. ընդհակառակը, այդ գաղութ հայերուն վրայ կը նայէին իբրեւ լաւ ծառայող եւ շատ օգտակար հպատակներու վրայ, մասնաւորապէս ԺԹ-րդ դարու կէսերուն շուրջը, որովհետեւ յունական ապստամբութենէն ետքը հայերը դարձեր էին յոյն տարրին տեսակ մը փոխարինողն ու հակադրողը Թուրքիայի առեւտրական, ֆինանսական ու վարչական գործառնութիւններուն մէջ: Հայ յեղափոխութիւնը մէկ-երկու տասնեակ տարի ետքը բոլորովին փճացուց այդ գաղութ հայերու ու թուրքերու մէջ եղած լաւ յարաբերութիւնը, եւ հոս է մեր էֆէնտիներու յեղափոխութեան դէմ ունեցած զայրոյթին ամենէն գլխաւոր պատճառը: Հայ յեղափոխական ցոյցերը ամէն անգամ մեծ անախորժութիւններ կը պատճառէին թուրք վարչութեան, ատոնց ետեւէն միշտ կուգար եւրոպական միջամտութիւն, միջազգային քննիչ յանձնաժողովներ, զանազան «նօթ»-եր, բարենորոգումներու պահանջ ու ծրագիրներ: Կառավարութիւնը ի հարկէ միշտ կը յաջողէր հարցը խեղդելու, ծրագիրները կը մնային օդի մէջ, բայց քանի կ’երթար` խնդիրը կը լրջանար ու կը դառնար վտանգաւոր, մանաւանդ, որ եւրոպական պետութիւնները շարունակ կը քրքրէին ու կը շահագործէին մեր հարցի այդ անլոյծ վիճակը Թուրքիայի հետ իրենց ուրիշ հաշիւները մաքրելու համար: Ուրիշ խօսքով` թուրքի հայու դէմ ունեցած ատելութեան, հալածանքին ու թշնամութեան երկրորդ պատճառը, բնականաբար, է՛ր հայու անկախութեան ձգտիլը, յեղափոխական ցոյցերն ու շարժումները եւ բարենորոգումներու պահանջը: Թուրքը կը զգար, որ այլեւս հայերը իր հպատակութեան տակ պահելու անկարող էր ատոնք մշտական սպառնալիք մըն էին իր ծոցին մէջ, մշտական հնոց մը` ցնցումներու, խառնակութեան եւ եւրոպական միջամտութեան: Այս երկու պատճառները լիովին հերիք են բացատրելու համար մինչեւ հիմա կատարուած սոսկումները, ինչպէս եւ այս վայրկեանիս թուրքերու բռնած անհաշտ ու անզիջող դիրքը մեզի հանդէպ, մանաւանդ, եթէ աչքի առաջ ունենանք շատ հեռուն չմտածող ամբոխի ու մեծամասնութեան տրամադրութիւնը: Բայց եթէ միայն այս երկուքը ըլլային հայ ու թուրքի թշնամութեան պատճառը` չարիքը կ’ըլլար շատ աւելի փոքր, եւ անկարելի չէր ելքի ու իրար հասկնալու ճամբայ մը գտնելը: Որովհետեւ գոնէ անոնց ղեկավարները շատ աղէկ կը հասկնան, որ «հայն» ու «քրիստոնեան» դատարկ խօսքեր են միայն ռուսին համար, եւ հայութիւնը փճացնելով չէ, որ առաջը պիտի առնեն Ռուսաստանի դէպի հարաւ շարժմանը: Ընդհակառա՛կը, այդ տեսակէտէն, մանաւանդ հիմա, արդի ստեղծուած վիճակէն ետքը, հայ տարրի իսպառ ոչնչացումը բնաւ ձեռնտու չէ Թուրքիայի շահերուն, իր կողն է, որ կը մերկացնէ ռուսի հարուածներուն դէմ: Որովհետեւ եթէ պէտք է կորսնցնեն այդ «արեւելեան նահանգները», ըլլար լրիւ թէ մասամբ, մի՛շտ Թուրքիայի համար անհամեմատ աւելի ձեռնտու է, որ այդ հողամասերէն կազմուի պզտիկ Հայաստան մը իրեն կից, իրեն ու ռուսներուն մէջտեղը, եւրոպական վերին հսկողութեան մը տակ, քան թէ այդ նահանգներն ալ երթան միանալու ծովածաւալ հսկայ պետութեան հողերուն, եւ այդ պետութիւնը դարձնեն զուտ թուրք հողերուն անմիջական ու շատ վտանգաւոր դրացին: ==== II. Հայ ու թուրքի թշնամութեան երրորդ պատճառը ==== Հայ ու թուրքի յարաբերութիւնը անհաշտ եւ սուր դարձնողը իսկապէս երրորդ պատճառն է, մանաւանդ ասկէ ետքը: Որը է Թուրքիայի յարձակողական ծրագիրը, այսինքն` օսմանցիներու ձգտումը իրենց իշխանութիւնը տարածելու բոլոր թուրանական ժողովուրդներուն վրայ, հիմնելու ընդարձակ թուրանական կայսրութիւն մը, եւ այդ ձգտումը իրականացնելու իբրեւ առաջին քայլ, քշել ռուսները Կովկասէն եւ այդ երկիրները միացնել Թուրքիային: Իսկ այդ միացման տեւական ու արմատական յաջողութեանը համար ամենէն կարեւոր պայմանն է միանգամ ընդմիշտ սրբել հայութիւնը իր հայրենի վերջին կայանէն, եւ Աճառիայի, Ղազախի, Գանձակի, Ղարաբաղի, Նախիջեւանի ու Կարսի թուրք ու մահմետական տարրերը իրար բերելով` առաջացնել միաձոյլ ամբողջութիւն մը եւ պինդ նստիլ Սեւանի լիճը ընդգրկող տիրական բարձունքներուն վրայ: Ո՛չ միայն որեւէ աստիճանի ինքնուրոյն Հայաստանի մը կազմութիւնը, այլ նոյնիսկ հայու պարզ գոյութիւնը անտանելի է հայ հողերուն վրան` պան-թուրքական ծրագիրներու յաջողութեան տեսակէտէն: Մեր գոյութիւնը դառնալու է նորէն յաւիտենական «հայկական հարցի» մը բոյնը, իսկ մեր անկախութիւնը, սեպի մը նման, խրուելու է Փոքր Ասիայի, Ատրբէյջանի ու Ատրպատականի թուրք ու մահմետական տարրերուն մէջ` սպառնալով օրէ օր աւելի պինդ խրուելու, ամրանալու եւ բաժնելու այդ ցեղակից կամ կրօնակից ժողովուրդներն ու տարրերը իրարմէ: Ուրիշ խօսքով` թուրք մահմետական ասիականութեան դէմ ուղղուած քրիստոնէական ու արեւմտեան սպառնալիքի ամենէն վերջին սուր ծայրն ենք մենք, որ կը ծակէ, կը ցաւցնէ ու կը պատռէ թուրքական վերստին տիրապետութեան ու մեծութեան տենչերը: Որով եւ թուրքերու պան-թուրանական ձգտումը եւ հայերու անկախութեան ձգտումը իրարու տրամագծօրէն հակառակ կուգան: Մեր ծրագրին յաջողութիւնը անոնց խոշոր ծրագիրներուն ձախողանքն է, իսկ անոնց ծրագրին յաջողութիւնը` մեր ոչնչացումը: Ինչքան ժամանակ, որ թուրքերու ձգտումը` յանուն իրենց թուրանական ընդարձակ տիրապետութեան` Հայաստանն ու հայութիւնը վերջապէս բնաւներ դարձնելն է, մեր ու թուրքին միջեւ, բնական է, հասկացողութեան լեզու չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Ատոր համար ալ երեխայութիւն են այն բոլոր միամիտ առաջարկները, որոնք մէջէմէջ կը լսուին աջէն ու ձախէն, թէ այսպէս կարելի չէ, պէտք է շիտակ յարաբերութեան մէջ մտնել թուրքերուն հետ, պէտք է կերպ մը համաձայնութեան գալ եւ իրար հասկնալ: Այդ տեսակի բոլոր փորձերը, ինչպէս մինչեւ հիմա, ասկէ ետքն ալ դատապարտուած են դուրս չի գալու կեղծուպատիր հաւաստիացումներու եւ ուռուցիկ, գոց ըրած խօսքերու տափակ շրջանակէն: Որովհետեւ, եթէ մարդիկը քիչ մը աւելի շիտակ ըլլալ ուզեն, քան քաղաքավար, պարզապէս պիտի ըսեն. «Թոյլ էք ու փոքր, ուրեմն պէտք է հնազանդինք ձեր ճակատի գիրին, այսինքն պէտք է մորթուիք, ցրուիք, ձուլուիք ու ոչնչանաք»: Թէեւ ինքնին մեռածին ծրագիր մըն է պանթուրանիզմը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ քաղաքակրթական պատճառներով, եւ անոր յաջողիլը հաւանականութենէ չափազանց զուրկ, բայց մեզի համար կրնայ ունենալ երկու շատ ծանր հետեւանք: Նախ` այդ ձգտումը կրնայ ծնունդ տալ Կովկասի վրայ արշաւանքի մը իրենց համար նպաստաւոր վայրկեանի մը մէջ, գուցէ եւ ժամանակաւոր գրաւումի մը, որը հայ ժողովուրդի համար ըսել է` նորէ՛ն կոտորած, նորէ՛ն փախուստ եւ գաղթ դէպի հիւսիս, այսինքն` առնուազն մեր թուի կէսին կորուստը, երբ նորէն վերադառնանք մեր աւերակ հողերը: Վերջին տասնամեակի սարսափելի կորուստներէն ետքը` այս նոր հարուածը կը հասցնէ մեզի կատարեալ արիւնաքամ վիճակի: Երկրորդ` ենթադրելով, որ կերպ մը կարողանանք դիմադրել ու պաշտպանուիլ այդ սարսափելի աղէտէն, կամ որ չի յաջողուի գրաւումը, կամ որ բնաւ հարցը արշաւանքի մը կարելիութեանը չի հասնի, նորէն Թուրքիայի այդ յարձակողական ծրագիրը շատ դժբախտ կերպով ազդէ պիտի թէ՛ հայու, թէ՛ թուրքի եւ թէ՛ ընդհանրապէս ամբողջ Կովկասի կեանքին ու քաղաքական ուղղութեանը վրայ: Թուրքի ու մեր մէջ աւելի խոր ու տեւական պիտի դարձնէ փոխադարձ անվստահութիւնը, ատելութիւնը եւ թշնամութիւնը: Պիտի վերցնէ մէջտեղէն հնարաւորութիւնը քիչ-շատ մարդավարի ու հանգիստ յարաբերութիւն ու ապրուստ ունենալու` մեր մահմետական դրացիներուն ու կենակիցներուն հետ: Մեզի պիտի ստիպէ աւելի կամակատար դառնալու ռուսին հանդէպ, որովհետեւ, երբ ժողովուրդի մը ֆիզիքական լրիւ փճացումն է թուրքին ծրագիրը եւ մեր ամբողջ հայրենիքի վերջնական յափշտակութիւնը, այլեւս ամէն ուրիշ հաշիւ, ու յափշտակութիւն, այլեւս ամէն ուրիշ հաշիւ, ու ձգտում կանգ կ’առնէ, միայն մէ՛կ նպատակ` խանգարել թուրքի ծրագիրներուն կարելիութիւնը, ինչ գնով ալ, որ ըլլայ, ատ կը դառնայ օրուան սեւ անհրաժեշտութիւնը, եւ ռուսի հետ մեր ունեցած աւելի բարձր տեսակի հաշիւները կը մնան վաղուան: ==== III. Հայաստանի ու Թուրքիայի ապագայ կապը ==== Անշուշտ, պայմանները հիմնովին կը փոխուին, երբ թուրքերը պատմութեան ու իրականութեան արտաքին ճնշումին տակ, ինչպէս եւ իրենց տնտեսական ու կուլտուրական անկարողութիւններու ներքին հարկադրանքէն մղուած, հասնին աւելի համեստ, բայց եւ աւելի առողջ, աւելի քաղաքակիրթ եւ իրենց վիճակին աւելի համապատասխան քաղաքականութեան մը, ինքն իր պատեանին մէջ ապրելու եւ իր կուլտուրական զարգացման համար աշխատելու քաղաքականութեանը: Թուրքերուն մէջ հիմա ալ կան մարդիկ, որ աւելի հեռատես են եւ այդ ուղղութեամբ կը մտածեն, բայց ատոնք հիմա մատի վրայ համարուող հատիկներ են, պէտք է, որ համոզումը դառնայ ընդհանուր: Երբ թուրքերը հասնին այս իմաստութեան եւ լքեն իրենց սահմաններէն անդին արշաւելու ծրագիրները, անմիջապէս կը փոխուին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական փոխյարաբերութիւնները, եւ կը վերանայ հայ ու թուրք զարգացումներուն ու վերաբերումին մէջ եղած թշնամութիւնը, որովհետեւ կը ջնջուի հայ ու թուրք ձգտումներու մէջ եղած արդի ճակատագրական հակամարտութիւնը: Եւ այն ժամանակ իրենց արեւելեան սահմաններուն վրայ փոքր ու անկախ երկիրներու ստեղծումը, ինչպէս ըլլալու են Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրբէյջանը, ոչ միայն իրենց որեւէ վնաս տալ չի կրնար, այլ ընդհակառակը, կը դառնայ Թուրքիայի քաղաքական ձգտումը, իբրեւ իրենց սեփական պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ պատնէշ մը ռուսներու ոտնձգութիւններուն դէմ: Թուրքական նո՛ր քաղաքականութիւն մը, որ համապատասխան է նաեւ անգլիական շահերուն, եւ իր ետեւը ունի թէ՛ միջագային պահանջը եւ թէ՛ քաղաքակրթութեան համակրանքը: Դեռ աւելին: Անկախ Հայաստան մը, ինչպէս եւ մեր փոքր դրացիներու անկախութիւնը, միակ պայմանն է, որ Թուրքիան ինքն ալ կարողանայ վերջապէս ազատ ու անկախ դառնալ իսկապէս: Որովհետեւ երկու պետութեան մէջ ինկած, ծաւալով, ուժով, տնտեսական միջոցներով եւ քաղաքակրթական կարողութիւններով աւելի փոքր պետութիւն մը իսկապէ՛ս ազատ դառնալու համար, ոչ միայն արտաքուստ ու ձեւականօրէն, պէտք է, որ այդ երկու պետութիւններու ճնշումէն ու քմահաճոյքէն ձերբազատուի: Իսկ ատոր համար անհրաժեշտ եղող ուժը, եթէ պան-թուրանիզմով ստեղծելը անկարելի է, կարելի՛ է ստեղծել ընդհանուր ձգտումով եւ միացած ջանքերով վիճակակից դրացի ժողովուրդներուն հետ: Հայ, վրացի, թուրք ու ատրբէյջանցի, գուցէ եւ պարսիկ, երբ միաձայն նոյն պահանջը կը դնեն մէջտեղ, երբ հարաւի ու հիւսիսի ճնշումին դէմ իրենց շահերն ու ձգտումները կը նոյնանան, ատիկա կը դառնայ ուժ մը, եւ շատ լուրջ ուժ մը, որը չի կրնար յարգանք չազդել: Մօտաւորապէս այնպէս, ինչպէս որ հիմա Բալքաններուն մէջ նման շահերու գործակցութիւն մը ձեւ առնելու վրայ է: Այդ իսկապէս անկախ փոքր պետութիւններու գործակցութիւնն ու շահակցութիւնը կ’ունենայ եւ այն առաւելութիւնը, որ կը դառնայ լայն գօտի մը Մերձաւոր Արեւելքի հարաւն ու հիւսիսը իրարմէ զատող, ռուս-անգլիական ձգտումներու հակամարտութեանը բնական սահմանը մը քաշելով: Այսինքն` կը դառնայ համաշխարհային խաղաղութեան նոր ու կարեւոր գրաւական մը, եւ միջնադարեան տիրապետական հակումներու նոր ու կարեւոր հարուած մը, քաղաքակրթութեան զարգացման նոր քայլ մը: Փոքր ազգերու այս գօտին գայ պիտի ուշ կամ կանուխ, որովհետեւ ժամանակի պահանջն է, քաքաղաքակրթութեան զարգացման պահանջը, միջազգային խաղաղութեան պահանջը: Մանր ազգութիւններու կազմութիւնը եւ մանր ազգութիւններու շղթայով խոշորները իրարմէ զատելն ու չէզոքացնելը մարդկային զարգացման խիստ նկատելի ընթացքն է եւ արդէն այսօրուան իրականութիւնը: Բալտիկ ծովէն մինչեւ Սեւ ծով այդ տեսակ շղթայ մըն է, որ կը ձգուի ռուս ու գերման ցանկութիւններուն հակառակ, եւ ռուս ու գերման հակամարտ շահերուն մէջտեղը: Ալպեան լեռներէն մինչեւ Լա-Մանշ փոքր ազգերու շղթայ մըն է, որ վերջ ի վերջոյ գայ պիտի ֆրանքօ-գերման հակամարտ շահերը յարդարելու Ֆրանսայի ու Գերմանիայի կամքին հակառակ: Արուեստական ազգ մը պիտի ստեղծուի, արուեստական պետութիւն մը, գերմանօ-ֆրանս Էլզաս Լօրէնէն, ինչպէս որ արդէն արուեստական ազգեր ստեղծուած են վալոն-ֆլաման Բելճիկայէն եւ գերման-իտալօ-ֆրանս Զուիցերիայէն, այդ արդէն վաղուց հիւսուիլ սկսած շղթան փակելու համար: Մեծ ու աղէտաւոր հակամարտութիւններու առաջն առնելու համար, եթէ կեանքը նոյնիսկ արուեստական ազգեր ու պետութիւններ ստեղծելուն կը հասնի, պարզ է, որ հին ու կենսունակ ազգերէ կազմուած գօտին ե՛ւ ժամանակի պահանջն է, ե՛ւ քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւնը: Այսպէսով` տարօրինակ ու ճակատագրական փոխյարաբերութիւն մը կայ թուրքի ու հայու վիճակին ու ապագային միջեւ: Ինչքան ժամանակ, որ սեւ ամպի մը նման Թուրքիան կախուած ըլլայ մեր հոգիին վրայ իր ազգասպան ծրագիրներովը, խանգարելով մեր հանգիստը, դաւելով մեր գոյութեան, եւ դժուարացնելով մեր զարգացումն ու անկախացումը, այնքան ժամանակ ինքն ալ ենթակայ է ըլլալու ռուսներու սպառնալիքին ու վախին, զուրկ` հանգիստէ ու ապահովութենէ, զուրկ` իսկական անկախութենէ, տնտեսապէս յետնեալ երկիր մը` նորէն մատնուած եւրոպացիներուն ձեռքը, եւ քաղաքականապէս խաղալիքը Անգլիային: Իր հանգիստը, ապահովութիւնն ու զարգացումը կարծւածէն շատ աւելի մեծ չափերով կախուած է կովկասեան փոքր ազգերու վիճակէն ու անկախութենէն, եւ մասնաւորապէս Հայաստանի անկախութենէն ու դիրքէն: Ինչքան շո՛ւտ հասկնան թուրքերը այս պատմական կապը եւ ինչքան խո՛րը տեսնել կարողանան մեր ու մեր փոքր հարեւաններու ունեցած մեծ կարեւորութիւնը Թուրքիայի թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ տնտեսական ազատագրմանը համար, այնքա՜ն աւելի շատ կը շահին ե՛ւ իրենք, ե՛ւ մենք, ե՛ւ մեր հարեւանները, ե՛ւ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր կեանքն ու քաղաքակրթութիւնը: Ուրիշները մորթելով, ամբողջ ժողովուրդներ սպաննելու գնով իր տիրապետութեանը ճամբայ բանալ ուզելը պատմութեան մէջ կը կոչուի բարբարոսութիւն: Ապրիլ եւ ապրեցնել, բարձրանալ ու բարձրացնելը` ատոր մէջն է քաղաքակրթութիւնը: Եւ ատո՛ր է, որ կը ձգտուի հայ ժողովուրդի մտաւորականութիւնը: Եւ ատոր մէջն է մեր ու թուրքի մե՛ծ տարբերութիւնը: Եւ ատով է, որ պատմութեան մէջ մեր վրէժը պիտի առնենք թուրքէն: === Բ. ԱՆԳԼԻԱ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ === ==== I. Կովկասի մէջ Անգլիայի բռնած դիրքը կախումն ունի Ռուսաստանի վիճակէն ==== Անգլիական դէպի հիւսիս ձգտումին ամենէն լայն շրջանակը մինչեւ կովկասեան լեռներն են եւ Միջին-ասիական անապատները: Այսինքն` Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկիրներուն Անգլիայի քաղաքական ու տնտեսական ղեկավարութեան տակ մտնելը: Այդպէս ալ կ’ըլլայ, եթէ ռուսները քաշուին Անդրկովկասէն եւ ՄիջինԱսիայի գոնէ հարաւային մասերէն: Անգլիայի այս ձգտումը անկարելիութեան կը դատապարտէ Թուրքիայի տիրապետական ծրագիրները: Որովհետեւ, եթէ պատահի, որ հաւանականութեան հակառակ, բոլշեւիզմի բերած քայքայումը շատ աւելի արմատական ըլլայ, քան մենք կ’ենթադրենք, եւ ներքին պառակտումներն ու կռիւները ռուսներուն ոտքը կտրեն Կովկասէն տեւական կերպով, իսկոյն Անգլիան կ’իջնէ ասպարէզ եւ թոյլ տալ չի կրնար, որ թուրքերը շարժուին դէպի Բաթում, Բաքու եւ աւելի հեռու: Իսկ թուրքերը, ինչքան կ’ուզեն յոխորտան, առանց Անգլիայի հրամանին տեղէն շարժուիլ չեն համարձակիր, մանաւանդ այն ժամանակ, երբ Ռուսաստանի այդ աստիճանի անկումով Անգլիայի դիրքն ու ազդեցութիւնը բարձրացած կ’ըլլայ հիմակուանէն անհամեմատ աւելի: Հէնց որ ռուսները լրջօրէն քաշուին Կովկասէն, Անգլիան ինքն է, որ պիտի երեւայ նորէն Բաթում, Թիֆլիս, Բաքու, ինչպէս եւ Կարս, Թաւրիզ եւ Էնզէլի: Բայց այս վիճակը ստեղծուելու համար անհրաժեշտ է դէմը բոլորովին ինկած եւ ուժասպառ Ռուսաստան մը, յամենայն դէպս քանի մը կտորներու բաժնուած եւ տնտեսապէս կախեալ դիրքի հասած Ռուսաստան մը: Բոլշեւիկեան առաջին ցնցումները արդէն մատուցին մը այդ թանկագին ծառայութիւնը, եւ անգլիացիք ըրին արդէն առաջին փորձ մը Կովկասի տիրացման, ի հարկէ, շատ զգոյշ: Չէին եկած առանձին, այլ Ֆրանսայի ու Իտալիայի հետ, եկած էին ամբողջ եռապետութիւն մը, եւ իբրեւ հին Ռուսաստանի պաշտպան դաշնակիցները: Բայց ինչպէս յայտնի է` բոլոր եռապետութիւններու մէջ երկու հոգին կ’ըլլան միայն ձեւը փրկելու համար եւ անձնասիրութիւնները շոյելու, իսկ իրական հրամայողը կ’ըլլայ միշտ Յուլիոս Կեսարը: Անգլիան ո՛չ միայն իր հրամաններուն տակն առաւ Կովկասը, այլ եւ իր ուռկանը նետեց ամբողջ Պարսկաստանի վրայ իր նշանաւոր անգլօ-պարսիկ դաշնակցութեամբ: Սակայն Դենիկինի վրայ դրուած յոյսերը չի տուին սպասուած արդիւնքը, ո՛չ ալ Հիւսիսային Կովկասի ապստամբութիւնները, ո՛չ ալ կովկասեան «անկախ» հանրապետութիւններու դաշնակցութիւնն ու դիմադրութիւնը: Դեռ ամէն ինչ շա՛տ էր նոր, շատ էր յանկարծ, շատ էր անկազմակերպ` բոլորը նո՛ր գաղափարներ, նո՛ր հնարաւորութիւններ, նո՛ր ձեւեր, նո՛ր հեռանկար: Եւ բոլշեւիկները սկսան յառաջանալ դէպի Կովկասի հին ու պատմական միակ դուռը, դէպի Դերբենդ, «կապիտալիստական Եւրոպայի ճիրաններուն տակ հեծող թշուառ ժողովուրդներուն կարմիր ազատութիւն բերելու»: Եւ Անգլիան կամացուկ մը հեծաւ իր նաւերը ու քաշուեցաւ ո՛չ միայն Բաքուէն ու Բաթումէն եւ Կասպիական Պարսկաստանէն, այլ եւ լքեց Հարաւային Պարսկաստանը, դադրեցուց Իրաքի մէջ փորած նաւթային հորերու բանեցնելը, եւ մինչեւ անգամ սկսաւ «սպառնալ», որ քաշուելու է նաեւ Միջագետքէն, ամէն տեղ ազատ ասպարէզ բանալով յառաջացող բոլշեւիկներուն, եւ վերջապէս դաշն կնքեց անոնց հետ` բոլշեւիկներու ուժին ու դիրքին հետ համեմատած չափազանց զիջող ու կամակատար պայմաններով: Ինչո՞ւ այս արագ նահանջը: Բոլշեւիկեան շռնդալից բացատրութեամբ` անգլիացիք վախցան կարմիր բանակներու երեւումէն եւ կարմիր գաղափարներու յաղթական ընթացքէն իրենց ասիական տիրապետութիւններու սահմաններուն վրայ: Անգլիական խոնարհամիտ բացատրութեամբ` իր ներքին բանուորական շարժումները արգելք էին կոմմունիզմի հետ ընդհարումի, միւս կողմէն բոլշեւիկներու հետ բարեկամութիւնը ցանկալի էր Ռուսաստանի մեջ տնտեսական ու առեւտրական առաւելութիւններ ապահովելու համար Անգլիային: Չէ՞ որ բոլշեւիկներու հետ նշանաւոր առեւտրական դաշնագիր մը կայ մէջտեղը, որ չորս տարիէ ի վեր հա՛ կնքուելու եւ հա՛ գործադրուելու ջրերուն վրայ է մեծ ցուցադրութեամբ: Եւ, ի հարկէ՛ այս բոլոր յայտարարուած պատճառները չեն իսկական պատճառը անգլիական նահանջող բարեացակամութեան բոլշեւիկներու հանդէպ: Եւ չեն այն պարզ պատճառով, որ շատ բարձրաձայն են յայտարարուած եւ շատ ցուցադիր կերպով: Եւ այնպէս կը թուի, ու բուն պատճառը շատ աւելի դժուար խոստովանելիք քնքշութիւն մըն է: Անգլիացիք պարզապէս սիրահարուած են Ռուսաստանի ներկայ կառավարութեան վրայ: Այն գաղտնի ու հաշիւը գիտցող սէրերէն մէկը, ուղղուած հարեւանիդ կնկանը, որ մարդ բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը ջանայ ծածկել եւ ցոյց չի տալ ուրիշներուն: Յաճախ նոյնիսկ հակակրանք, հակառակութիւն ու թշնամութիւն ձեւացնելով, երբեմն ալ մատնելով իր քնքշութիւնը հակառակ իր կամքին: Ինչքան որ մեծ է Անգլիայի հակամարտութիւնը Ռուսաստանին եւ Ռուսաստանի մեծութեան, այնքան աւելի խորունկ է իր ներքին համակրանքը եւ բարեացակամութիւնը անոր արդի կառավարութեան հանդէպ: Անգլիան այն պետութիւնն է, որ բոլոր պետութիւններէն շատ աւելի մանրամասն եւ մօտիկէն, օրը օրին կը ճանչնայ բոլշեւիզմը իր իսկական բոյնին մէջ, եւ շատ լաւ գիտէ, որ չկայ Ռուսաստանի բարձրացումը ո՛չ տնտեսական, ո՛չ կուլտուրական, ո՛չ բարոյական, ո՛չ քաղաքական, քանի բոլշեւիկներու բռունցքին տակն է: Երկինքէն ղրկուած բացառիկ բարի ոգի մըն է բոլշեւիզմը Անգլիայի համար, որպեսզի քանդէ ու փճացնէ իր ախոյեանի այսքան տարիներու ընթացքին բարձրացուցած պետական շէնքը, տնտեսական բարգաւաճումը, կուլտուրական աշխատանքը եւ հասցուցած մտաւորականութիւնը: Անգլիացին ինչու՞ պիտի ցանկայ բոլշեւիկներու պարտութիւնը. ընդհակառակը, թող տեւեն, ինչքան կարելի է երկար, թող ապրին ու քայքայեն, թող տարածուին ու փռուին ե՛ւ Թուրքիա, ե՛ւ Պարսկաստան, ե՛ւ բոլոր շուրջը, ամէն տեղ ատելութիւն ու զզուանք ներշնչելով Ռուսաստանին հանդէպ, ծաղր ու հեգնանք ռուսական պրեստիժին ու մեծութեան դէմ: Թող կապեն միտքը, աշխատանքը, մրցումն ու ստեղծագործումը, թող թող սպաննեն մարդոց հոգին ու բռնանան իրար գլխու: Թող փուլ գան ու աւերին երկաթուղիի գծերը, կամուրջները, նաւարանները, գործարանները, շէնքերն ու տները, եւ թող իրենք հպարտանան իրենց պաշտօնական թերթերուն մէջ, որ այս ինչ նահանգի այս ինչ գործարանը օրական չգիտեմ քանի տասնեակ հազար ասեղ կը պատրաստէ, որ այս տարի հողը չգիտեմ քանի հարիւր դեսիադին աւելի է մշակուած, որ 7-8 տարի ետքը, երբ բոլոր «հիւանդ» լոկոմոթութիւնները հիմնովին կարկտուած ըլլան, Ռուսաստանը կ’ունենայ այնքան, որ իր պէտքերուն բաւարարութիւն կուտայ: Իսկ իրենք թող խլեն երկրագործի լծկան ձիերը եւ անոր աշխատանքին ամբողջ արդիւնքը, թող հաշուեն հաւերը եւ տուրք դնեն ածուելիք ձուերուն եւ հարուելիք ու չհարուելիք կարագին վրայ, թո՛ղ անէծք, յոսահատութիւն, սով ու մահ ցանեն Ռուսաստանի բոլոր գիւղերն ու անկիւնները: Ինչո՞ւ պիտի ձգտի Անգլիան բոլշեւիզմի վերացման` ան ուրկէ՞ կրնայ գտնել աւելի սուր գործիք մը իր ախոյեանը տաշելու ու մաշելու: Եթէ այս բոլոր ներքին ու արտաքին ցնցումները, տակնուվրայութիւնն ու աւերումը, իրա՛ւ որ, հասցնեն Ռուսաստանը բզկտուած, յոգնած ու հիւանդկախ վիճակի մը, առաւել կամ նուազ երկար ժամանակի մը համար, ատով ինքնին կը հարթուի ճամբան նաեւ Անգլիայի գերիշխանութեանը Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր մասերուն վրայ: Հո՛ս ապստամբութիւն, հո՛ն միջամտութիւն, եւ ահա՜ կը ստեղծուին մանր ու մեծ անկախութիւններ, բնական ու արուեստական, թէ՛ Թուրքիայի հողերուն վրայ, թէ՛ Պարսկաստանի, ինչպէս եւ Կովկասի ու միջին Ասիայի: Ինչքան շատ, այնքան լաւ: Քանի մը կէտեր, որոնք տնտեսական կամ ռազմական մասնաւոր կարեւորութիւն ունին, կը մտնեն Անգլիայի անմիջական վարչութեան տակ, ինչպէս, օրինակ, «Աճառական հանրապետութեան» Բաթումը, ուր կը վերջանան Բագուի նաւթային խողովակները, ուր պիտի վերջանայ Թաւրիզ-Ջուլֆա-Կարս երկաթուղային գիծը, այսինքն` Հիւսիսային Պարսկաստանէն դէպի բաց ծով վազող ամենէն շիտակ ու կարճ ճամբան, եւ ուր կրնան հանգիստ վայլել իր առեւտրական ու ռազմական նաւերը: Մնացած բոլոր մասերը կ’ըլլան անկախ, զանազան աստիճաններով անգլիական վերին «ղեկավարութեան» տակ, միայն հաղորդակցութեան ճանապարհները կ’ըլլան անոնց «հսկողութեան» ներքեւ, ինչպէս նաեւ քիչ-շատ կարեւոր տեղական արդիւնագործութիւնը, ի հարկէ, նաեւ շուկան: Ահա՜ այս տեսակ անկախ երկիրներէն մէկն ալ կ’ըլլայ Հայասստանը: Իսկ եթէ շատ աւելի պնդակազմ դուրս գայ Ռուսաստանը, յաջողութեամբ անցնէ բոլշեւիկեան հիւանդութիւնը, եւ կամացկամաց առանց մեծ, նոր ցնցումներու, բուրժուական հակադեկրետներով, ետեւ-ետեւ կոմմունիզմով, կամ ընկեր Նապէլէոնի մը ռազմաշունչ խողովակով, վերադառնայ մօտաւորապէս նախաբոլշեւիկեան վիճակին եւ վերսկսի աշխատանքն ու վերականգնումը, բնականաբար, պիտի վերադառնայ նախաբոլշեւիկեան վիճակին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութիւնը: Անգլիացիք առայժմ ո՛չ կարող, ո՛չ ալ տրամադիր, լուրջ պատերազմներ վարելու, պէտք է աշխատին քաղաքականութեամբ, համաձայնութիւններով, ազդեցութեան շրջանակներ գծելով Ռուսաստանի հետ: Միւս կողմէն ալ միջազգային իրաւունքներու անունով, արդէն եղած որոշումներու, տրուած խոստումներու անունով, ազգութիւններու ինքնորոշման սկզբունքով, Անգլիան պիտի աշխատի կիսանկախ գոյութիւններ առաջացնելու Ռուսաստանի դէմ, Ռուսաստանի մէջ, անոր կովկասեան տիրապետութիւնը հնար եղածին չափ խախուտ պահելու համար, հնար եղածին չափ արգիլելու համար Ռուսաստանի աւելի եւս ցած սահիլը, հնար եղածին չափ իր ու Ռուսաստանի միջեւ շփումը նուազեցնելու համար, եւ միշտ բաց դուռ մը պահելու ապագայ հնարաւորութիւններու առջեւը: Հայաստան ալ այդ «հնար եղածին չափ»-ի խախուտ ցուցակին մէջն է: ==== II. Հայաստանի ներկայացուցած կարեւորութիւնը Անգլիայի համար ==== Անգլիայի բռնած դիրքը մասնաւորապէս Հայաստանի վերաբերմամբ կը բխի երկու հիմնական մտածումէ: Նախ` Հայաստանը կը ներկայացնէ ցեղագրական պատ մը, որ արեւելեան թաթարական-թուրանական տարրերը կը բաժնէ Փոքր Ասիայի օսմանցիներէն, եւ միակ հնարաւոր, բնական պատը, եւ չափազանց յարմար, որովհետեւ անոր բարձրացնելը կարելի է հիմնել ե՛ւ ժամանակի պահանջին վրայ, ե՛ւ արդարութեան զգացումներու, ե՛ւ տրուած խոստումներու, ե՛ւ քաղաքակրթական տեսակէտներու: Իսկ այդ բաժնող պատը շատ է կարեւոր Անգլիայի հանգստին եւ իր տիրապետութեան տեւականութեան համար Մերձաւոր Արեւելքի հարաւին վրայ, ուր բոլոր ժողովուրդները մահմետական են, որով եւ ուժեղ մահմետական պետութեան մը հարեւանութիւնը շատ է անախորժ ու վտանգաւոր: Բայց Հայաստանը պատուար մըն է նաեւ ռուսներուն հանդէպ: Անգլիայի համար խիստ է մտահոգիչ, եթէ ռուսները անարգել ու անպայման տիրանան հայկական բարձրաւանդակին, եւ առանց այլեւայլութեան հասնին մինչեւ հայկական Տաւրոսին, որուն հարաւային էջքերը Քիւրտիստանն է եւ հարթութիւնը` Միջագետքն ու Ասորիքը: Հայկական բարձրաւանդակին բացարձակ տիրապետող Ռուսաստան մը մշտական սպառնալիք մըն է մինչեւ Պարսից ծոցը եւ ուժեղ ճնշում մը` մինչեւ Հնդկաստան: Անգլիայի պետական մարդիկ յաճախ են շեշտած հայկական բարձրավանդակի կարեւորութիւնը անգլիական տիրապետութեան համար Ասիայի մէջ: Անգլիան չի ցանկար մեր հողամասերու թուրքին ձեռքը մնալը, մանաւանդ ասկէ ետքը, երբ օսմանցի էֆէնտիները պանթուրանիզմի ձին հեծնել կը ջանան, բայց ան չի ցանկար նաեւ, որ այդ անառիկ բերդին մէջ ամրանան ռուսները: Եւ ատոր համար է, որ Անգլիան ձգտեր էր, ու ձգտի պիտի մեր հայրենիքը անկախ երկիր մը դարձնելու, եւ միշտ պաշտպան է կանգնած, գոնէ սկզբունքով, մեր անկախութեան պահանջին ու ճիգերուն: Նոյնիսկ, եթէ ամէն ինչ սեւ տեսնելով, ենթադրենք վայրկեան մը, որ թուրքերուն յաջողուի Կովկասի մէջ մնացած հայութիւնն ալ ցրուելու ու ոչնչացնելու, նորէն օր մը պէտք է ծնուի այդ անկախ Հայաստանը հայերու ամէն կողմերէ հաւաքուած մնացորդներովը: Ճիշդ այնպէս տեսակ մը բռնի ու կիսարուեստական կերպով, ինչպէս հիմա առաջանալու վրայ է Հրէաստան մը, եւ ինչպէս վաղը ծնուի պիտի Քիւրտիստան մը, եւ ո՞վ գիտէ, գուցէ նաեւ Ատրպատական մը` Ուրմիայի շուրջը: Անկախ Հայաստանը անհրաժեշտ մէկ հետեւութիւնն է Անգլիայի ասիական ընդհանուր քաղաքականութեան, իր մահմետական տիրապետութեան եւ անգլօ-ռուս հակամարտութեան: Բայց Անգլիայի նման համաշխարհային դեր ունեցող պետութիւն մը, աշխարհիս բոլոր ծայրերուն վրայ հազար տեսակ հաշիւներով ու շփումներով կապուած միւս պետութիւններուն, որոնք չորս աչքով կը հսկեն իր ամէն մէկ քայլին, ինչպէս եւ կախուած` իր ներքին մեծ ու փոքր հազար տեսակի տրամադրութիւններէ, ընտրութիւններէ, մրցումներէ եւ կուսակցական հաշիւներէ, չի՛ կրնար իր ուշադրութիւնը պահել մէկ կէտի մը վրայ ու մէկ հարցի շուրջը, չի՛ կրնար իր ուզածը անմիջապէս իրագործել: Ան չի՛ սիրեր շտապելը, կը գերադասէ պատեհութիւններէն օգտուիլը, եւ հետզհետէ՛, շատ բան թողնելով ժամանակին ու բնական հասուննալուն, եւ մանաւանդ չի մոռնար երբեք իր նշանաւոր սկզբունքը.- «Հնար եղածին չափ քիչ ծախսով»: Ատոր համար է, որ երբ առնուած քայլ մը աւելի գլխու ցաւ կը պատճառէ «առայժմ», քան օգուտ, եւ հեռանկարին վրայ ուժերու նոր լարում կը պահանջուի, անիկա իսկոյն կը յարմարուի վայրկեանի նուազագոյն չարիքին ու կամաց մը ետ կը քաշուի, ինչպէս օրինակ իր Կովկաս ու Պարսկաստան գալն ու քաշուիլը: Պատրուակ մը միշտ կարելի է ճարել, եւ միշտ կարելի է պճնազարդել իր ետ ու առաջ շարժումները զանազան համամարդկային ու մարդասիրական գեղեցիկ գլխարկներով, ատ ալ եթէ հարկ համարեց: Իսկ իր «ոտքի վրայ» եւ «հիւրի մը նման» քաղաքականութիւնը, որ ամէն տեղ շատ քիչ մարդով կ’երեւայ, աւելի եւս դիւրին ու հնարաւոր կը դարձնեն իր այդ ծփուն շարժումները: Ատոր համար է, որ երբ ինքը առաջ շարժուիլ չի կրնար կամ չ’ուզեր, իսկ թուրքի առաջ շարժուիլը քաջալերելը իր հաշուին չի գար, ստիպուած է համակերպելու ոչ միայն ռուսի Կովկաս մնալուն, այլ նոյնիսկ մէկ-երկու խոշոր քայլերով աւելի առաջ գալուն, ի հարկէ, ջանալով կարելիին չափ թուլցնելու այդ յառաջխաղացման նշանակութիւնը, չէզոքացնելու այդ շարժման հետ կապուած սպառնալիքը, ցնոր տնօրինութիւնը: Ատոր համար է, որ ան պիտի համակերպի նաեւ ռուսներու կողմէն հայկական վիլայէթներու մէկ մասին գրաւմանը, եթէ հարկը ստիպեց, միեւնոյն ժամանակ պիտի ջանայ ռուսներու այդ քայլին տալու միջազգային կերպարանք, կարծես, տեսակ մը պետութիւններու ընդհանուր համաձայնութեամբ կատարուած գործ, կամ իբրեւ յանձնարարութիւն մը Ազգերու Լիգային կողմէ, կամ իբրեւ մասնաւոր համաձայնութիւն մը իր ու ռուսին միջեւ, նայելով թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ կը կատարուի ռուսներու առաջ շարժուիլը եւ ի՞նչ տեսակի կառավարութեան ձեռքով: Սակայն ձգտումը նոյնն է միշտ: Հայաստանի գրաւումը դարձնել, գոնէ ձեւականօրէն, միջազգային հսկողութեան ենթակայ իրողութիւն մը, իբրեւ իրականացումը Հայաստանը Թուրքիայէն անջատելու եւ ուրոյնացնելու միջազգային խոստումին: Այդ միջազգայնացումը, ինչքան անուանական ըլլայ, ունի միշտ իր արժէքը. բաց դուռ կը թողնէ ժամանակի ու պատեհութեան առաջ այդ անուանականը աւելի իրականի մօտեցնել տալու համար: Ուրիշ խօսքով` Անգլիան այն միակ պետութիւնն է, որ իր սեփական հաշիւներէն ու շահերէն դրդուած, ամենէն բնական ու պարզ պաշտպանն է հայու անկախութեան ձգտումին, ինչ ձեւի տակ եւ ինչ չափով, որ հնար ըլլայ իրագործելը եւ կատարելագործելը: === Գ. ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ === ==== I. Ռուսներու «իրաւունքը» ==== Ռուսը Կովկասէն դիւրութեամբ ձեռք վերցնել չի կրնար: Դարէ մը ի վեր այդ երկիրներուն տիրողի ու տէր եղողի հոգեբանութիւնը, Անգլիայի հզօրացման առաջն առնելու ցանկութիւնը, իր ներքին ու Միջին-Ասիական նահանգներուն մէջ թուրք խլրտումները կանխելու անհրաժեշտութիւնը, Թուրքիայի վրայ անմիջական ճնշում բանեցնել կարողանալու պէտքը, վերջապէս Բաքուի նաւթը եւ տնտեսական ուրիշ առաւելութիւններ չափազանց ուժեղ ազդակներ են, չափազանց ուժեղ մակնիսներ: Այս բոլոր աւելի պաշտպանողական գոյն ունեցող դրդիչներուն վրայ պէտք է աւելացնել նաեւ յարձակողական ազդակը, որ հարազատ մայրն է միւս բոլոր դրդիչներուն: Այսինքն` ծաւալելու, տարածուելու, Պոլսին տիրելու, ծովերուն հասնելու ռուսական հին ձգտումը, որ գոյութիւն պէտք է ունենայ միշտ, ինչքան ժամանակ որ գոյութիւն ունի ահագին ռուս ժողովուրդ մը ու ահագին ռուս պետութիւն: Եւ այս տեսակէտէն տարբերութիւն չկայ հին ու նոր ռուս կառավարութիւններու մէջ. բոլորի ձգտումն ալ նոյնն է` ցար, սոցիալիստ, «կադէտ» թէ բոլշեւիկ: Ինչպէս ամբողջ թուրք-բոլշեւիկ բարեկամութիւնը, այնպէս ալ մասնաւորապէս բոլշեւիկներու ըրած հողային զիջումները Թուրքիային մինչեւ Արփա-Չայ, ի հարկէ, զուրկ են լրջութենէ: Օրուան մը համար ընդունուած կարգադրութիւններ են ատոնք, մինչեւ որ իրերը ստանան իրենց բնական ընթացքը: Եւ այն անփութութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, որով կը կատարուին այդ զիջումները թուրքերուն, ամենէն լաւ նշանն է բոլշեւիկ ռուսներու ոչ-լրջութեան եւ այն վստահութեան, որ անոնք ունին, թէ այդ հողերը վաղը իրենցն են նորէն, հէնց որ ուզենան: «Ա՜խ, Էրզրումը ձե՛րն է, ի հարկէ՛, բայց առայժմ… պէ՛տք է մեզի թուրքերուն բարեկամութիւնը»,կ’ըսէին անոնք Հայաստանի հին կառավարութեան հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւններու ժամանակ: Եւ այդ «ձե՛ր»-ը այն տեսակ մտերիմ շեշտ մը ունէր իր վրան, որ շատ դժուար էր զանազանել «մեր»-էն: Եւ եթէ բոլշեւիկները քիչ մը աւելի երկար դիմանան իրենց գահին վրայ, որ ժամանակ ստանան իրերը հասուննալու եւ թուրքերը քիչիկ մը աւելի կապուին Անգլիային, մենք կրնանք ականատես ըլլալ զուարճալի տեսարանի մը: Հայերու եւ յոյներու իմպերիալիզմին դէմ թուրքերը պաշտպանելէն ետքը, բոլշեւիկները յանկարծ կրնան դառնալ հայկական հարցի թունդ պաշտպանը թուրքերուն դէմ: Ի՜նչ հրաշալի առիթ ե՛ւ ցանկալի երկիրներ տիրելու ե՛ւ իրենց դիրքն ու վարկը բարձրացնելու, թէ՛ համակիրներու աչքին թէ՛ հակառակորդներու: Տեսէ՛ք, եւրոպական «եսամոլ» ու «բուրժուայ» պետութիւնները հրապարակով ճառախօսեցին, խոստացան, ստորագրեցին, ետքն ալ առանց ամչնալու խաբեցին, լքեցին ու վախցան, բայց ահա՜ հիմա Խորհրդային Ռուսաստանն է, որ կ’առնէ հարցը իր ձեռքը, եւ կ’ազատէ խորհրդային դարձած հայութիւնն ու Հայաստանը նորէն բուրժուայ դարձած թուրքերուն վայրագութենէն: Իսկ եթէ բոլշեւիկները ժամանակ չունենան մինչեւ հոդ հասնելու, միեւնոյն է, իրենցմէ ետքը ինչ կառավարութիւն ալ որ գալու ըլլայ, չի կրնար ճանչնալ Կարսի դաշնագիրը: Նոյնիսկ նախապատերազմեան Սարը-Քամիշի սահմանը, որ թուրքերը հիմա պինդպինդ ջնջուած կը յայտարարեն, վաղը նոյն թուրքերը մեծ սիրով պիտի ուզենան վերականգնել, բայց ապարդիւն: Ռուսները պահանջելու են շատ աւելին, պահանջելու են իրենց «իրաւունքը», եւ պահանջելու են ոչ թէ թղթերով ու ժողովներով, այլ թնդանօթներով, որը թուրքերուն խօսք հասկցնելու միակ ճամբան է եղած մինչեւ հիմա: Եւ ի՞նչ են պահանջելու, մինչեւ ո՞ւր: Իտէալը միշտ բաց ծովերն են, ի հարկէ, բայց հոդ հասնելու կայ երկու եղանակ: Կա՛յ աստիճանական գրաւումը, քայլ առ քայլ, հանգրուանէ հանգրուան, ամէն կէս դարը անգամ մը, առաջ շարժուելով ժամանակի հետ: Կա՛յ անմիջական գրաւումը, մէ՛կ ոստիւնով, յանդուգն թափով մը, օգտուելով Թուրքիայի խեղճ վիճակէն եւ Եւրոպայի գլուխը խառն դրութենէն լուծել Պոլսի ու բաց ծովերու կենսական խնդիրը: Ասոնցմէ առաջին ճամբան կարելի է անցնիլ Եւրոպայի համաձայնութեամբ, ազնուազն չէզոքութեամբ: Երկրորդ ճամբան կը տանի շիտակ եւրոպական պատերազմի: ==== II. Աստիճանական շարժում ==== Առաջին ճամբու ընտրութիւնը կ’ըլլայ հետեւանք բոլշեւիզմի անփառունակ մահուան, երկրորդ ճամբուն ընտրութիւնը` արդիւնք բոլշեւիզմի մեծադղորդ անյայտացումին: Տրոցկիի նշանաւոր խօսքն է. «Մենք գուցէ ստիպուինք հեռանալու, բայց երբ հեռանանք, այնպէս պիտի գոցենք դուռները մեր ետեւէն, որ ամբողջ աշխարհը դղրդայ»: Անփառունակ մահ կը նշանակէ բոլշեւիզմի տապալումը ներքին ու արտաքին նոր ցնցումով մը, եւ կամ բոլշեւիզմի անձնասպանութիւնը հետզհետէ սահելով, կամաց-կամաց մօտենալով դէպի հին Դուման ու հին կուսակցութիւնները, դիցո՛ւք եւ նոր անուններու տակ: Նոր կազմուած կառավարութիւնը ինչ ձեւով ալ որ աշխարհ գայ, իսկոյն պիտի աշխատի ջնջելու բոլշեւիզմի վերջին հետքերը, պիտի ջանայ ինքզինքը մարդկութեան ազատարարը ներկայացնելու բոլշեւիկեան սարսափներէն, պիտի ջանայ քաղաքական ու տնտեսական սերտ կապակցութեան Եւրոպայի հետ, պիտի ներկայանայ իբրեւ հին Ռուսաստանի շարունակութիւնը եւ իբրեւ հին դաշնակիցը Ալլիէն-երուն<ref>Եւրոպական դաշնակիցները: Խմբ.:</ref>, պիտի պահանջէ իր արդար բաժինը ընդհանուր աւարէն, եւ մասնաւորապէս իրեն հասնելիք կտորը Թուրքիայի վերջին մասնատումէն, չէ՞ որ թուրքերուն դէմ ինքն էր գլխաւոր կռուողը, չէ՞ որ տիրեր էր մինչեւ Եփրատ, մինչեւ Երզնկա ու Տրապիզոն` «ռուս արիւնով» է գծուած այդ սահմանը: Իսկ այդ ռուս արիւնով գծուած սահմանը ճիշդ այն սահմանն է, որ քանի-քանի անգամներ գծեր են հասարակ թանաքով մեծ պետութիւնները պատերազմէն առաջ հայկական բարենորոգումներուն համար, որ գծեր է Ուիլսընի մատիտը պատերազմէն ետքը անկախ Հայաստանի համար, որ եւ կը կազմէ միեւնոյն ժամանակ թուրք տարրի արեւելեան բնական սահմանը: Ի՞նչ իրաւունք ունի այլեւս թուրքը այդ հողերուն վրայ, եւ ո՞վ իրաւունք ունի զրկելու Ռուսաստանը իր իրաւունքէն: Եւ իրա՛ւ, սիրուած նորափեսայի դերին մէջ եղող նոր Ռուսաստանի մը այդ «արդար» պահանջը ո՞վ է մերժելու: Անգլիայի բոլոր հակառակորդները ծափահարեն պիտի բոլոր ուժով, եւ Ֆրանսան ամէնուն գլուխը` չնայելով իր նշանաւոր թրքասիրութեան: Բոլոր չէզոքները ստիպուած են խոստովանելու, որ ռուսի ըսածը սխալ չէ, եւ ո՞վ կրնայ արգիլել, եւ իրե՞նց ինչ: Իսկ Անգլիան վաղուց հաշուած ու նախատեսած է այդ բոլորը, եւ պիտի աշխատի ինչքան կարելի է սուղ ծախելու, «պայմաններով» ու սահմանափակումներով ծախելու, միեւնոյն ժամանակ թուրքերու պաշտպանը դառնալու նորէն, եւ իր մահմետական տիրապետութիւններուն մէջ վառուող դժգոհութիւններուն վրայ ջուր լեցնելու: Ոչ միայն որեւէ լուրջ ընդդիմութիւն չպիտի ըլլայ ռուսական այդ «բնական» պահանջին դէմ, որուն անշուշտ ընկերանալու է նաեւ բանակներու շարժումը, այլ նոյնիսկ անոր կողմը պիտի ըլլան քաղաքակիրթ մարդկութեան համակրանքը եւ պետութիւններու երախտագէտ համաձայնութիւնը: Աւելի քան հաւանական է, գրեթէ անխուսափելի, պաշտօնական կամ կիսապաշտօն առաջարկ մը ռուսներուն, ըլլայ դաշնակիցներուն կողմէ, ըլլայ Ազգերու Լիգայի, որ Ռուսաստանը իր վրայ վերցնէ Հայաստանի մանտան: Ատիկա կը դառնայ ամենէն պարզ ճամբան ազատուելու համար այն յիմար ու ոչ-պատուաբեր դրութենէն, որուն մէջ խրուած են մեծ պետութիւնները այդ կոշմարային հայկական հարցի պատճառով: Մանաւանդ, որ հետզհետէ ամէնքը սկսած են գալ միեւնոյն եզրակացութեան, թէ այդ անախորժ հարցը չի կրնար լուծուիլ առանց Ռուսաստանի միջամտութեան: Թուրքական Հայաստանին մէջ հայ չկայ, եւ ոչ-մէկ հայ ոտքը չի դներ հոն, ինչքան ատեն, որ թուրքի իշխանութեան ստուերը երերայ այդ կողմերը, իսկ Ռուսաստանէն զատ, ոչ-մէկ պետութիւն չկայ, որ զօրք ղրկել յանձն առնէ այդ աւերակ երկիրները եւ իր ողջ գլուխը կոխէ թուրքի ու ռուսի սուրերուն մէջտեղը: Եւ, վերջապէս, իր հողին վրայ ապրող ամբողջ հայութիւնը հիմա ռուսի ձեռքին տակն է, ինչ որ կազմուի` այդ հայութեամբ պիտի կազմուի գլխաւորապէս, ուրեմն եւ ինչ որ կազմուի ռուսներու համաձայնութեամբը, ռուսներու միջոցովը եւ ռուսներու զինուորական գրաւումովը պիտի կազմուի: Այդ զինուորական գրաւումը պիտի կատարուի Եւրոպայի յանձնարարութեա՞մբ, հայու անունով ու մասնակցութեամբ, թէ` առանց այդ կարգի «ձեւականութիւններու», ուղղակի իբրեւ ռուսական արշաւանք, անշուշտ մեծ կարեւորութիւն ունի այդ հողամասերու յետագայ քաղաքական վիճակին վրայ: Բայց ինչ ձեւով ալ որ գրաւումը կատարուի, Թուրքիայի այդ հայկական հողերուն Ռուսաստանին կցումը չի կրնար նկատուիլ իբրեւ պարզ ու սովորական տիրապետութիւն մը: Որովհետեւ այդ հողամասերուն բախտը կէս դար է արդէն, որ միջազգային սեղանի վրայ է դրուած, որովհետեւ սկզբունքով ու դաշնագրերով ընդունուած է հայ ժողովուրդի «անկախութիւնը» թէ՛ եւրոպական պետութիւններու կողմէ, թէ՛ ռուսի ու թուրքի, որովհետեւ Թուրքիան ինքը պիտի բարձրացնէ այդ երկիրներու անկախացման հարցը, իբրեւ միջին ճանապարհ մը, որովհետեւ գոյութիւն ունի վերջապէս «անկախ» Հայաստան մը, ինչքան ալ խեղճ ըլլայ, իբրեւ շարունակութիւնը եւրոպական պետութիւններու կողմէ ընդունուած եւ վաւերացուած մեր հին կառավարութեան: Բոլշեւիկներուն յաջորդող ռուս կառավարութեան համար չափազանց դժուար է, առանց այլեւայլութեան, այս բոլորը չեղեալ նկատելը. մանաւանդ, որ Անգլիան ու Գերմանիան ալ պիտի ջանան, ի հարկէ, անկարելի դարձնելու համար այդ «պարզ ու մաքուր» գրաւումը: Այնպէս որ` կովկասեան Հայաստանը Թուրքիայէն նոր փրցուելիք կտորին հետ միասին ներկայացնելու է, գոնէ սկզբունքով, իրաւականօրէն, տեսակ մը առանձին, իր տեսակի ուրոյն ամբողջութիւն մը, իբրեւ հայկական ինքնավարութիւն, գուցէ եւ Ազգերու Լիգային վերին հսկողութեան ու պաշտպանութեան տակ, լիովին կապուած Ռուսաստանին եւ յանձնուած անոր անմիջական հոգացողութեանն ու ղեկավարութեանը: Իսկ ասիկա գործնականին մէջ կրնայ ստանալ շատ ձեւեր ու աստիճաններ` զերօի ցրտութեանը հասնող անուանական ու պաղ «տեղական ինքնավարութենէ» մը սկսած, մինչեւ քիչիկ մը աւելի ջերմ ու աւելի վերին աստիճանները գործելու ու ինքնավարելու ազատութեան, գոնէ, ներքին, տնտեսական-կուլտուրական գործերու մէջ, կրնայ հասնիլ նաեւ աւելի բարձր աստիճանները, բայց կրնայ իջնել եւ զերօէն ցած, մինչեւ ճնշում ու հալածանք, մինչեւ Գալիցին, եթէ ոչ աւելի վատ: Սկիզբները հաւանօրէն սկսելու ենք շատ սառնօրէն, կրնայ պատահիլ նաեւ զանազան անկանոն ելեւէջներ մեր անկախութեան ջերմաչափին վրայ, նայելով ռուսներու պետական զարգացման ընթացքին, կազմուելիք կառավարութիւններու ոգիին եւ ուղղութեանը, ինչպէս եւ արտաքին քաղաքական դէպքերուն, ներքին «ազգային» պահանջներուն ու խլրտումներուն, եւ վերջապէս մեր կամքին ու վճռականութեանը: Բայց տարակոյս չկայ, որ ընդհանուր առումով, հետզհետէ շեշտուելու ու զօրանալու է մեր քաղաքակրթական ու պետական անկախութիւնը տարիներու հետ միասին թէ՛ մեր աշխատանքով ու լարուած ձգտումով, թէ՛ Ռուսաստանի մէջ հետզհետէ արմատ բռնելիք դաշնակցային կազմին հետեւանքով, թէ՛ անգլիական քաղաքականութեան բերած ազդեցութեամբ, եւ թէ՛ ընդհանրապէս ժամանակի ոգիին ու քաղաքակրթութեան ընդհանուր պահանջին ենթարկուելով: ==== III. Գահավէժ շարժում ==== Իսկ անմիջական շարժում դէպի ծովերն ու դէպի Պոլիս կը նշանակէ շռնդալից մահը բոլշեւիզմի` դիկտատորի մը ծնունդովը հէնց իրենց ծոցէն, կը նշանակէ ռազմաշունչ ոգեւորութիւն եւ խիզախ յարձակում դրացիներուն վրայ, կը նշանակէ փայլուն ու վճռական յաղթանակներ թէ՛ եւրոպական, թէ՛ ասիական ճակատներուն վրայ, կը նշանակէ գրաւումը ամբողջ Փոքր Ասիայի գոնէ հիւսիսային մասին: Այս պայմաններուն տակ Հայաստանը կը դառնայ տեսակ մը թիկունք, ցամաքային հաղորդակցութեան գլխաւոր ճամբան եւ ներքին նահանգ: Որեւէ հայկական ուրոյնութեան մասին խօսելը կը դառնայ ծիծաղելի` շատ-շատ զեմստվօյութիւն մը, ան ալ չսիրուած, իբրեւ խորթ զաւակ: Այս աստիճանի մեծ ռուսական յաղթանակ մը բոլորովին ալ անկարելի բան չէ: Իրաւ է, որ Ռուսաստանը տնտեսապէս շատ է քայքայուած, հոգեպէս շատ յոգնած ու ցնցուած ամբողջ տասնեակի մը պատերազմներէն ու յեղափոխութիւններէն ու բայց հէնց այդ ցնցումն ու քայքայումը, այդ ճնշուած ու ինկած դրութիւնը կրնայ ծնիլ արշաւանքներու սէրը: Որովհետեւ ատիկա է մնացած միակ միջոցը, որ կրնայ արագ բարձրացնել ժողովուրդի ինկած տրամադրութիւնը, իսկ ժողովուրդները պահանջ ունին այսքան նուաստացումներէ ու զրկանքներէ ետքը հոգեպէս բարձրանալու: Կրնա՛յ պատահիլ: Բայց պարզ է, որ այդ յաղթանակներուն ստեղծած դրութիւնը տեւական ըլլալ չի կրնար: Այդ տեսակ տնտեսական ու հոգեկան մաշուած ուժերով բռնկիլն ու տիրելը անկարելի չէ, նոյնիսկ նպաստաւոր պայման է, բայց տիրածը պահելն ու տեւելը, ահա՜, ինչ որ դժուար է ու անկարելի: Կը քամուին ժողովուրդին վերջին ստեղծագործական ու եռանդուն կարողութիւնները, ժողովուրդը երկար ժամանակուան համար կը դառնայ ուժասպառ: Մինչ հակառակորդները քանի կ’երթան կը շատնան, կ’ուժեղնան, կը կազմակերպուին, որովհետեւ այդ խիզախ Ռուսաստանը չափազանց կերպով կը խանգարէ ազգերու հաւասարակշռութիւնը: Խօսելով միայն Մերձաւոր Արեւելքի մասին, Պոլսին ու Փոքր Ասիային տիրացած Ռուսաստան մը միայն Անգլիայի ոտքը չէ, որ կը կոխէ, այլ եւ բալքանեան երկիրներու, այլ եւ Գերմանիայի, այլ եւ Միացեալ Նահանգներու եւ ուրիշներու: Որով Թուրքիայի պաշտպանները նորէն սաստիկ կը շատնան, եւ անխուսափելի կերպով կը կազմուի նոր կօալիսիոն մը, ի հարկէ, Անգլիայի նախագահութեամբ, մինչեւ որ փոխադարձ հարուածներու եւ յաջողութիւններու ու անյաջողութիւններու հաւասարակշռումով` ջրերը ստանան իրենց սովորական ընթացքը, եւ վերադառնանք մօտաւորապէս իրերու հին վիճակին: Պոլիսը միջազգային, փոքր Թուրքիա մը` զուտ թուրք հողերուն վրայ, եւ այս անգամ արդէն անպայման անկախ Հայաստան մը, եւ անկախը առանց չակերտելու: Ռուսական ու թուրքական մասերէն կազմուած Հայաստան մը, միջազգային կոնտրոլի տակ, իբրեւ բաժնող պատուար մը կռուող կողմերուն միջեւ, գուցէ չէզոք ազգի մը կարճատեւ մանտայով: === Դ. ՄԵՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ === ==== I. Հաւանականութիւններու սանդուղը եւ Ռուսաստանի դերը ==== Մինչեւ հիմա ըսուածները, եթէ սիսթեմի վերածելու ըլլանք` մեր յառաջիկայ անմիջական ապագայի մասին կարելի է գծել հետեւեալ աստիճանացոյցը առաւել կամ նուազ հաւանական կարելիութիւններու, վատթարագոյնէն սկած դէպի աւելի նպաստաւորները: Ա. Վատթարագոյնն է, երբ ռուսներու քաշուելուն կամ պարտութեան հետեւանքով` թուրքերը տեւականօրէն գրաւեն Կովկասը, ջարդեն ու ցրուեն մնացած հայութիւնը եւ մեզի բոլորովին կտրեն մեր հայրենիքէն: Հայը կը դառնայ առժամանակ մը անհայրենիք հրէայ ժողովուրդ: Ատո՛վ ալ, ի հարկէ, չի վերջանար հայուն գոյութեան ու անկախութեան կռիւը, բայց կը մտնէ բոլորովին ուրիշ հունի մէջ եւ մեր ենթադրութիւններու սահմանէն դուրս: Եւ եթէ երկար մնանք այդ վիճակին մէջ, հայութեան մահը անխուսափելի է, իբրեւ ազգութիւն: Բ. Ռուսաստանը, ըլլայ բոլշեւիկեան թէ նոր, կը վերացնէ մէջտեղէն այն համեստ ներքին կուլտուրական-վարչական «անկախութիւնը», որ դեռ մնացեր է Խորհրդային Հայաստանի մէջ, եւ հայութիւնը կը դարձնէ պարզ ու հասարակ հպատակը Ռուսաստանի, իսկ Հայաստանը ռուսական պարզ նահանգ մը, կ’ուզէ ըլլայ արդի բոլշեւիկեան սահմաններով, կ’ուզէ ըլլայ աւելի ծաւալուն Թուրքիայէն գրաւուած նոր գաւառներով, ռուսի անունով ու ռուսի հաշուին: Այսինքն` կը ստեղծուի պատերազմէն առաջ Կովկասի հայութեան ունեցած քաղաքական վիճակը: Ուրեմն` ռուսական պարզ տիրապետութիւն: Գ. Ռուսաստանը, ըլլան Եւրոպայի հետ հասկացողութեան եկած բոլշեւիկները, թէ մանաւանդ բոլշեւիկներու սահումով կամ տապալումով առաջացած նոր կառավարութիւն մը, միեւնոյն է, արդի սահմաններուն մէջ թէ հայ հողամասերու նոր կցումներէն ետքը: Բայց գործնականին մէջ կը կրճատէ նոյնիսկ արդի Խորհրդային Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ինքնուրոյնութիւնը, ջնջելով տեղական հայկական կառավարութիւնը եւ փոխարէնը կեդրոնէն ուղարկելով ընդհանուր կառավարիչ մը, դիցուք եւ բաւական քաղաքավարի հնչող անուան մը տակ, եւ հայ ինքնուրոյնութիւնը կը հաւասարցնէ զեմստվօներուն<ref>Ռուսական տեղական ինքնակառավարման մարմիններ: Խմբ.:</ref>` ան ալ համեմուած ներքին ազգագրական էնդրիկներով եւ ամէն գործի մէջ խառնելով կառավարչի մատն ու աչքը: Հաւանօրէն նոյն պայմաններու տակ պիտի գտնուին նաեւ մեր բախտակից հարեւանները` Վրաստանն ու Ատրբէյջանը: Այսինքն` լոկ անուանական ազգային ինքնուրոյնութիւնը: Դ. Ռուսաստանը, բոլշեւիկեան թէ ուրիշ, կ’ընդունի Հայաստանի ինքնավարութիւնը, ըլլայ Սեւանի լճին շուրջը կծկուած, ըլլայ աւելի լայն հայկական շրջանակի մը վրայ, կամ ռուսական ներքին քաղաքական պատճառներով, կամ Եւրոպայի կողմէն ստացուած յանձնառութեան մը իբրեւ իրագործում: Ինքնավարութիւն մը միայն ներքին կուլտուրական-վարչական գործերու մէջ եւ կեդրոնի առաւել կամ նուազ անմիջական հրահանգին ու հսկողութեան տակ: Ճանապարհները, ֆինանսական ու արդիւնաբերական լայն ձեռնարկութիւնները, ժանդարմային ու զինուորական գործը, ինչպէս եւ արտաքին քաղաքականութիւնը պահելով ամբողջովին կեդրոնական կառավարութեան ձեռքը: Այսինքն` մօտաւորապէս այն քաղաքական վիճակն ու յարաբերութիւնը կեդրոնի հետ, ինչ որ կը ներկայացնէ այս վայրկեանիս Խորհրդային Հայաստանը: Եթէ հաշուի չառնենք բոլշեւիկեան դիկտատուրայէն ծագող մտքի, խօսքի եւ հոգեկան ազատութեան ճնշումը, ինչպէս եւ կոմունիստական փորձերու արդիւնքը եղող տնտեսական սահմանափակումները, բռնագրաւումները եւ հարկադրանքը, որոնք բոլորովին խեղդիչ ու անտանելի կը դարձնեն բոլշեւիկեան մթնոլորտը, պարտական ենք խոստովանելու, որ իբրեւ քաղաքական վարչաձեւ, անոնք տուած են Հայաստանին ու մեր հարեւաններուն այն մաքսիմում անկախութիւնը, ինչ որ Ռուսաստանը կրնայ համաձայնիլ տալու իր բաղադրիչ մասերուն, առանց արտաքին ճնշումի` գոնէ առայժմ: Այսինքն` կուլտուրական ու վարչական սեղմ ինքնավարութիւն, կեդրոնի վերին հսկողութեան ու ղեկավարութեան տակ: Ե. Ռուսաստանի պահանջին, պատերազմական սպառնալիքին կամ արդէն կատարուած հողային գրաւումներուն հետեւանքով` Թուրքիան կը դիմէ միջնորդ դատարանի, կամ Ազգերու Լիգան կը միջնորդէ իր կողմէն, կամ հարցը կուգայ միջազգային խորհրդաժողովի մը առջեւ, եւ Ռուսաստանը հարկադրուած կ’ըլլայ ճանչնալու Հայաստանի ներքին անկախութիւնը, իբրեւ Ռուսաստանի անբաժանելի դաշնակիցներէն մէկը: Հայաստանը կ’ունենայ իր սեփական կառավարութիւնը, զօրքը, տնտեսութիւնը, բայց ենթարկուած` Ռուսաստանի վաւերացման ու հսկողութեանը, սերտ կապուած անոր տնտեսութեանը եւ ամբողջովին ենթակայ անոր արտաքին քաղաքականութեանը: Ուրիշ խօսքով` Հայաստանի ներքին անկախութիւնը Ռուսաստանի գերիշխանութեան տակ: Զ. Ռուսաստանի տկարութեան, պարտութեան կամ ներքին բաժանումներու հետեւանքով` ռուսները կը ստիպուին քաշուելու Կովկասէն, եւ նորէն այդ հողամասերուն վրայ իբրեւ վերին հսկող կը ներկայանայ Անգլիան, այս կամ այն ձեւի տակ: Նորէն կեանքի կուգան Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրբէյջանի ու Աճառիայի հանրապետութիւնները, ենթարկուած անգլիական հրահանգներուն, վերին տնտեսութեան ու արտաքին քաղաքականութեան: Մօտաւորապէս նոյն քաղաքական դրութիւնն ու յարաբերութիւնը, ինչ որ էր նախորդը, միայն անգլիական ներքին քաղաքականութեան, քաղաքակրթութեան եւ ոգիին բերած տարբերութիւններուն պատճառով` քանի մը նոր առաւելութիւններով ու քանի մը նոր անյարմարութիւններով: Որով կ’ունենանք` Հայաստանի ներքին անկախութիւնը անգլիական գերիշխանութեան տակ: Է. Նոր եւրոպական պատերազմէ մը ետքը, ուր Ռուսաստանն ու Անգլիան իրար դէմ են, Ռուսաստանը կը հարկադրուի հաշտութիւն խնդրելու, որու պայմաններուն մէջ Հայաստանը կը ճանչցուի անկախ ու զատ պետութիւն մը, չէզոք ու անձեռնմխելի, իբրեւ կռուող կողմերը իրարմէ անջատող հողամաս` գուցէ չէզոք ազգի մը կարճատեւ մանտայով: Արդ` եթէ քիչիկ մը ուշադրութեամբ նայելու ըլլանք այս կարելիութիւններու ցանկին, իսկոյն պարզ կը դառնայ, որ մեր անմիջական մօտաւոր ապագային վրայ կտրական նշանակութիւն ունեցողը ամենէն առաջ Ռուսաստանի բախտն է: Եթէ Ռուսաստանը պառակտեցաւ, տկարացաւ կամ պարզապէս ստիպուեցաւ թողնել Կովկասը, մեր առջեւը կը բացուի երկու ծայրայեղ ուղի, կամ ոչնչացումը մեր ձգտումներուն ու մեր հայրենիքի` Թուրքիայի յառաջխաղացումովը, կամ անգլիական գերիշխանութեան տակ մեր անկախութեան անմիջական իրականացումը: Ռուսական նահանջը Մերձաւոր Արեւելքէն կը բերէ մեզի համար վիճակին արագ լուծումը. «կամ դէ՛նը, կամ դէ՛սը» ինչպէս կ’ըսէ ժողովուրդը: Մինչդեռ ռուսական յաջողութիւնը, յառաջխաղացումը կամ պարզապէս իր դիրքերուն վրայ մնալու չափ կարողութիւն ունենալը` կը պահէ մեզի ու մեր հայրենիքը ռուս իշխանութեան տակ եւ մեր ինքնուրոյնութեան ու անկախութեան ձգտումը կը ստանայ ծանր, երկարատեւ ու աստիճանական զարգացման բնոյթ: Ուրիշ խօսքով` մեր անկախութեան եւ գոյութեան մահն է թուրք իշխանութեան տարածումը Կովկասի վրայ, մեր անկախութեան պայքարը եւ դժուարին սկզբնաւորումն է ռուս իշխանութեան մնալը Կովկասի վրայ, մեր անկախութեան անմիջական հիմնարկումն է անգլիական գերիշխանութիւնը մեր կողմերուն վրայ: ==== II. Անգլիա թէ՞ Ռուսաստան ==== Եւ այս է պատճառը, որ հայ լեզուի եւ գրչի տակ յաճախ կուգայ վարանոտ հարցը` ռուսասէ՞ր թէ անգլօսէր: Որո՞ւն վրայ պիտի յենուի հայութիւնը իր անկախութեանը հասնելու համար, ռուսներո՞ւն թէ անգլիացիներուն, եւ ո՞րն է աւելի ձեռնտու, ռո՞ւսը ըլլայ Կովկաս, թէ` անգլիացին: Բաւականին անիմաստ ու ակադեմիկ հարց մը: Որովհետեւ, ամենէն առաջ, բնաւ մեր ընտրութենէն կախուած բան չէ Կովկասը անգլացիին կամ ռուսին ձեռքը դնելը, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ մեր կամքէն կախուած բան չէ ռուսին կամ անգլիացիին վրայ յենուիլը, քանի որ ուզենք-չուզենք պէտք է յենուինք անոր վրայ, ով որ իր գիտական ու տնտեսական մեքանիզմով եկեր է, նստեր է ու տէր է դարձեր մեր շրջապատին: Երբ 1918-ին ռուսները քաշուեցան Կովկասէն ու եկան անգլիացիք, շատ բնական կերպով մեր նորածին հանրապետական կառավարութիւնը յենուեցաւ, եւ պէտք է յենուէր Անգլիայի վրայ, անոր պահանջն ու հաշիւները աչքի առաջ ունենար, իր ուզածը յարմարցնէր անգլիական ձգտումներուն ու հրահանգներուն, եւ անգլիացիներու ձեռքէն ալ ստացաւ Կարսն ու Նախիջեւանը, ինչպէս եւ այլ կարգի կարեւոր նպաստներ: Ճիշդ մեզի պէս եւ մեր բախտակից Վրաստանն ու Ատրբէյջանը: Բայց ահա բոլշեւիկ ռուսները Ռոստովի վրայով սկսան մօտենալ դէպի Բաքու, անգլիացիք թողեցին ու հեռացան, ի՞նչ պիտի ընէին կովկասեան փոքրիկ հանրապետութիւնները. մէկը միւսի ետեւէն իրենց պատուիրակութիւնները փութացուցին Մոսկուա` բոլշեւիկներուն հետ յարաբերութեան մտնելու, անոնց հետ յարմարուելու, անոնց ձգտումները հասկնալու, եւ եթէ հնար է, յենուելու անոնց վրայ, ինչքան ալ, որ այդ հանրապետութիւններէն եւ ոչ մէկը ո՛չ վստահութիւն ունէր բոլշեւիկներու խօսքին, ո՛չ հաւատք` անոնց տեւականութեանն ու յաջողութեանը, եւ ո՛չ ալ համակրանք` անոնց հում ու աւերիչ կոմունիզմին: Դուրս եկաւ, որ բոլշեւիկներու նպատակն էր բոլշեւիկը, այսինքն` խումբ մը մարդոց բռնապետութիւնը, եւ ոչ թէ ռուս ու մանր ժողովուրդներու հանգիստն ու բախտաւորութիւնը, ինչպէս կը հաւատային այնքա՜ն այնքա՜ն միամիտ լաւատեսներ, երբ բոլշեւիկները դեռ հեռու էին: Եւ անոնց պահանջը շատ էր յստակ, ճանչնա՛լ այդ նոր թխուած բոլշեւիկ տէրերու լուծը, մնացածը քսուած ներկ էր ու պարապ խօսքեր: Անոնք ալ ճիշդ նոյն «իմպերիալիստ» ու «բուրժուա» տիրապետողներեն էին, ինչպէս բոլոր միւսները` միայն աւելի աղքատ ու անսանձ, ուրիշ ոչինչ: Եւ «կարմիր» բանակներուն Կովկասի մէջ առաջանալուն զուգընթաց` բոլոր փոքր հանրապետութիւնները դարձան խորհրդային, իսկ նախորդ կառավարութիւնները դարձան փախստական: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ արդի խորհրդային կառավարութիւնները պէտք է դառնան փախստական, հէնց որ Ռուսաստանի մէջ բոլշեւիզմի անկումով այդ մանր պետութիւններն ալ հարկադրուին յենուելու հակաբոլշեւիկ նոր Ռուսաստանին, եւ իրենց կառավարութիւններն ալ ձեւեն ըստ Ռուսաստանի նոր հագնելիք վերարկուին: Այդպէս կը պահանջէ քաղաքական մօդան, որ քաղաքավարի խօսքով կը կոչուի «յենուիլ» մէկուն վրայ: Ուժեղներու գալն ու երթալը, ուժեղներու մեկնած կամ քաշած ձեռքն է, որ կ’որոշէ աւելի թոյլերու յենուիլն ու չյենուիլը: Ի՜նչ օգուտ աւելորդ ու անգործական վէճէրէ, երբ չըլլայ մօտդ այն թեւը, որուն, ենթադրենք, յենուիլ կը գերադասես: Օրուան քաղաքականութիւնը կ’առաջնորդուի օրուան իրականութենէն, յարմարուելով ու յենուելով անոր վրայ, որուն վրայ որ կարող ես, որը կեցած է քու մօտդ: Իսկ ընդհանուր գծերով, իբրեւ ընդհանուր ուղղութիւն, բնական է, պէտք է յենուիս բոլոր ուժերուն վրայ ու բոլոր պետութիւններուն, որոնք քու բախտիդ ու ձգտումներուդ յառաջացմանը կրնան նպաստել: Մասնաւորապէս, մեզի նման, երկու հակադիր մեծ պետութիւններու ընդհարման գծին վրայ ինկած փոքրիկ ժողովուրդ մը ո՛չ կարելիութիւն, ո՛չ հաշիւ, ո՛չ ալ իրաւունք ունի բացառապէս մէկուն վրայ յենուելու: Ընդհակառակը, պարտական է յենուելու եւ օգտուելու երկուքէն ալ եւ երկուքի փոխադարձ հակամարտութենէն ալ, նայելով պարագաներուն: Քաղաքականութիւնը չի ճանչնար բացառիկ սէրեր ու ամբողջական անձնատուութիւններ, քաղաքականութիւնը հիմնուած է ամէնուն հետ ֆլիրտ ընելու եւ ամէնուն հետ ալ գլուխ պահելու չափազանց հասարակ ու գռեհիկ փիլիսոփայութեան վրայ, ինչ որ այնքա՜ն մեծ ու փոքր ազգերու օրէնքն է, ի հարկէ՛, մենք չենք, որ պիտի փոխենք: Եւ եթէ անպատճառ անհրաժեշտ է նշանաբան մը ունենալը` ատիկա մեզի համար անշուշտ ո՛չ ռուսասէր ըլլան է, ո՛չ ալ անգլօսէր, այլ պարզապէս հայասէր: Ռուսն ու անգլիացին մեզի համար միջոցներ են միայն, ճամբաներ, մեր ձգտումին հասնելու, ինչպէս որ մենք ալ ու մեր ձգտումը գործիք մըն ենք ու զէնք մը թէ՛ ռուսին ձեռքը թէ՛ անգլիացիին իրենց սեփական քաղաքականութեան համար: Քաղաքականութեան մէջ ասոր կ’ըսեն բարի դրացնութիւն ու բարեկամութիւն: ==== III. Հաւանական ու երկար ճամբան ==== Այս վայրկեանիս Կովկասը ռուսներուն ձեռքն է, ինչպէս եւ հայութեան ստուար մեծամասնութիւնը: Շատ քիչ է հաւանական, որ անոնք բաց թողնեն Կովկասը իրենց ձեռքէն, մանաւանդ երկարատեւ ու վերջնապէս: Այս մեծ պատերազմի մեծ արհաւիրքներէն ետքը մեծ հաւանականութիւն չկայ նորէն խոշոր եւրոպական պատերազմի մը` ամէնքն ալ ծարաւը ունին հանգստի, ամէնքն ալ մինչեւ վերջին հնարաւորութիւնը խուսափելու են մեծ ընդհարումներէ, թէեւ փոքր ու մասնակի կռիւներ պակաս չեն ըլլալու ըստ երեւոյթին: Մասնաւորապէս Անգլիան մեծ կարիք ունի ժամանակի ու խաղաղութեան իր նոր կուլ տուած վերջին պատառները հանգիստ մարսել կարողանալու համար: Այդ պատճառով ալ անգլիացիներու կողմէն վճռական դիմադրութիւն ու հակառակութիւն սպասելի չէ ռուսներու «արդար» պահանջներուն դէմ, որով եւ տեղիք չի մնար նաեւ ռուսներու կողմէն չափազանց յանդուգն քայլերու, եթէ նոյնիսկ վերջիններս ունենան ատոր համար հարկ եղած պատեհութիւնը, ուժն ու տրամադրութիւնը: Եւ այս ամէնը մեզի կը բերեն այն եզրակացութեան, որ մեր քաղաքական կեանքը, ինչպէս երեկ ու այսօր, կապուած է եղեր ու է Ռուսաստանին, այնպէս ալ վաղը եւ բաւական ժամանակ, ամենէն խոշոր հաւանականութեամբ, դեռ կապուած է ըլլալու Ռուսաստանին: Եւ կարծես թէ մեր պատմութիւնը բռնելու է հետեւեալ ուղին: Հայ ժողովուրդի ու հայ հողի ազատագրումը թուրքին լուծէն, ինչպէս որ սկսուած է դարէ մը ի վեր, այդպէս ալ պիտի շարունակուի ու աւարտի ռուսներու զէնքին ու տիրապետութեան միջոցովը, ռուսներու ձեռքով, ռուսներու դէպի հարաւ ձգտումին իբրեւ մէկ հետեւանքը: Մինչդեռ մեր անկախացման ու պետականացման մաքառումներուն ու ճիգերուն մասնաւորապէս նպաստելու են, ինչպէս մինչեւ հիմա, այնպէս ալ ասկէ ետքը, անգլիական շահերը, միշտ պահելով ու քաշելով մեր հարցը միջազգային մակարդակի վրայ, իբրեւ մէկ հետեւանքը Անգլիայի դէպի հիւսիս ձգտումին: Մինչեւ որ այդ դէպի հարաւ ու դէպի հիւսիս հրմշտուքէն ազատուիլ կարողանանք մեր վիճակից հարեւաններուն հետ միասին, եւ դառնանք վերջապէս մեր բացարձակ անկախ տէրը, ինչքան որ ազգ մը կրնայ իր բացարձակ անկախ տէրը դառնալ արդի համամարդկային հետզհետէ իրարու օղակուող իրականութեան մէջ: Յամենայն դէպս, ո՛ր պետութեան խողովակովն ալ, որ անցնելու ըլլանք, որու խնամակալութեանն ալ բարիքներն ու չարիքները վայելելու ստիպուած ըլլանք, գիտնանք, որ սկսելու ենք փոքրէն ու վարէն, եւ բարձրանալու ենք կամաց-կամաց ու մեր ջանքերով: Մեր անկախութիւնը թէ՛ ըստ ներքին էութեան եւ թէ՛ հողային ծաւալով զարգանալու է հետզհետէ, յամառ ու երկար աշխատանքով, շա՛տ քրիտինքով, շատ չարչարանքով ու արիւնով: Դժուար ու ոլոր ճամբայ է, այո՛, հետեւանք աշխարհագրական ու ցեղագրական մեր դժբախտ դիրքի: Բայց մխիթարուինք անով, որ ամենէն աւելի արժէք ունին այն բաները, որոնք ձեռք կը բերուին մեծ ջանքներով եւ շարք մը սերունդներու միակամ ու միատենչ աշխատանքով, զոհերով: Թէ՛ ձեռք բերուածը կը դառնայ անհամեմատ աւելի թանկագին ու խորապէս գնահատուած ամէնքէն, եւ թէ՛ ժողովուրդներն ու սերունդները կը կրթուին հոգեպէս ու պետականօրէն այդ աշխատանքի, տառապանքի ու կռուի ճամբուն վրայ: Ժողովուրդները ատով է, որ կ’ազնուանան, կամքերը ատով կը խորանան ու կը դարբնուին, եւ ապագաները ատով կը բարձրանան ու կը կառուցուին: Յարատեւ ու կեդրոնացած ճիգը մեծութիւններ կը ծնի: == ՄԵՐ ՈՒՂԵԿԻՑՆԵՐԸ == === Ա. ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՄԵՐ ԿԱՊԸ === ==== I. Աշխարհագրական ու պատմական տարբեր դիրքեր ==== Մեր կողքը, մեզի հետ, մեզի նման, նոյն քաղաքական պայմաններու տակ եւ նոյն քաղաքական ձգտումներով, եւ գրեթէ նոյն տնտեսական ու քաղաքակրթական վիճակով, կ’ապրի վրացի ժողովուրդը: Մեր եւ վրացի ժողովուրդին մէջ կան քանի մը շեշտելի տարբերութիւններ, որոնք խոշոր դեր են խաղցած ու կը խաղան մեր փոխադարձ յարաբերութիւններոտւ միջոցին: Ամենէն առաջ իրենց աշխարհագրական դիրքը: Վրաստանը, հարաւէն դիտուած, բոլորովին ճամբէ դուրս, անկիւն մը քաշուած, լեռնոտ երկիր մըն է` կռնակը տուած կովկասեան շղթային, իսկ կուշտը` ծովուն: Իր հարաւը հայութիւնն է, ոչ նուազ ապահով պատուար մը, դարերու ընթացքին անդադար հարաւէն եկող սպառնալիքին հանդէպ, կ’ուզէ Սասանեան մազդէզը ըլլալ, կ’ուզէ արաբ Մահմետականութիւնը, թէ մահմետական թուրանը: Մինչ մենք ինկած ենք եղեր միշտ մեծ ճամբուն վրայ եւ միշտ գլխաւոր հարուածը իջած է մեր կրծքին: Եւ մենք ամէն անգամ դիմած ենք ընդհանուր պաշտպանութեան համար վրացի ազգին, իբրեւ հաւատակից, ցեղակից ու վիճակակից ժողովուրդի, հասկցնել փորձելով, որ մեզմէ ետքը հերթը իրենցն է, եթէ մենք իյնանք, իրենք ալ չեն դիմանար: Միշտ համաձայներ են, յաճախ խոստացեր օգնելու, բայց պէտք եղած վայրկեանին չեն եկեր, կամ ղրկեր են շատ չնչին ու միոտանի օգնութիւն մը. այն շա՛տ բնական եսականութեամբ, թէ հայերը թող հանեն շագանակը կրակէն, հարուածը մինչեւ վրացական անկիւնը հազիւ թէ հասնի, իրենք կը կռուին, երբ թշնամին իրենց հասնի: Եւ թշնամին, մեզմէ ետքը, ի հարկէ, հասեր է միշտ եւ անոնց, բայց շատ աւելի թուլցած բազուկով ու տկարացած թափով, եւ աւելի շուտ ալ ետ է քաշուեր, քան մեր երկրէն: Նոյնն է անոնց վիճակը եւ Թուրքիայի վերաբերմամբ: Թուրանական հոսանքը չի կրցաւ ոչնչացնել անոնց պետականութիւնը, մինչեւ ԺԹ-րդ դար ունէին իրենց անկախութիւնը, թուրանականութիւնը չի թափանցեց, չի նստաւ անոնց հողերուն ու հոգիին վրայ: Վրաստանը չէ կրած, մասնաւորապէս, օսմանեան թուրքերու լուծը, եւ չէ ենթարկուած այն անսանձ ու մոլեգնոտ գազանութիւններուն ու ոչնչացման, ինչպէս հայերս ենք եղած: Եւ այս իրողութեան հետեւանքն այն է, որ ոչ միայն անոնք չունին թուրքի ատելութիւնը, այլ եւ մեծ վախ մը չունին Թուրքիայի կովկասեան ձգտումներու սպառնալիքէն, նոյնիսկ կը հաւտան, որ հիմա իսկ Թուրքիայի հետ կապուելով կրնան ազատուիլ ռուսներու ճանկէն: Եւ ատոր համար ալ մշտական յարաբերութեան, բաց ու ծածուկ համաձայնութիւններու եւ առուտուրի մէջ էին Թուրքիայի հին ու նոր վարիչներուն հետ, թէ՛ պատերազմի նախօրեակին, թէ՛ պատերազմի ելեւէջներու միջոցին, թէ՛ զինադադարի շրջանին: Որովհետեւ, ինչպէս որ հարաւի հանդէպ մենք ենք ճամբու վրայ եւ մեր գոյութեան թշնամին կը նկատենք Թուրքիան, անոնք ալ ճամբու վրայ են հիւսիսի հանդէպ, անմիջական դրացին ռուսութեան, որ շարունակ վար կը սահի` նոյնիսկ կովկասեան սարերը շատ վստահելի պատնէշ չեն այդ շարժման դիմաց: Եւ եթէ աւելցնենք, որ իրենց անկախութենէն զրկուած են ռուսներու ձեռքով հազիւ դար մը առաջ, որ իրենց եկեղեցին բռնի միացուած էր ռուսականին, իբրեւ նոյնադաւան, եւ որ ամբողջ ռուսական զինուորական ու վարչական ապարատը նստած էր ու է՛ Վրաստանի կրծքին` Թիֆլիս, հասկնալի կը դառնայ այն մասնաւոր ատելութիւնը, որ կայ անոնց մէջ ռուսական տիրապետութեան դէմ: Մինչ մենք սահմանակից չե՛նք ռուսութեան, մեզի համար տեսակ մը պատուար է Վրաստանը ու Ատրբէյջանը, մեր երկիրը շատ աւելի նուազ հետաքրքիր է ռուսներուն եւ կարեւոր միայն հեռաւոր ծրագիրներու տեսակէտէն: Եւ բոլշեւիզմի ծնունդով քանդուեցան ռուսական բանակները եւ Կովկասը մնաց ինքն իր գլխուն, Վրաստանի առաջին գործը եղաւ ջնջե՛լ ռուսերէնը դպրոցներէն, կեանքէն, առուտուրէն ու պատերէն, եւ անտանելի դարձնել ռուսներու գոյութիւնը իրենց հողերուն վրայ: Մինչ Հայաստանի մէջ, մինչեւ բոլշեւիկներու գալը, ունէինք ռուսներ թէ՛ բանակին մէջ, թէ՛ քաղաքացիական պաշտօնէութեան մէջ, իրենց նախկին գործերուն վրայ, եւ մեր պարլամենտի օրակարգին մէջ լուրջ հարց մըն էր հայերէնը պարտադիր դարձնելը: Ասոնք շատ պարզ ու բնական արտայայտութիւններ են այն տարբեր վերաբերումին, ինչ որ կայ հայուն ու վրացիին մէջ ռուսական վանգին հանդէպ: Մեզի համար մեծ թշնամին թուրքն է, ռուսի հարցը երկրորդ տեղը, անոնց համար ռուսի սպառնալիքը առաջինն է, թուրքի վտանգը հազիւ կը նշմարուի հեռուէն` ան ալ շատ մշուշոտ: ==== II. Տնտեսական ու դասակարգային տարբերութիւններ ==== Այս քաղաքական տարբեր գնահատումներուն կից` կան եւ աւելի ներքին տեսակի տարբերութիւններ: Վրացի ժողովուրդը կ’ապրի շատ ամփոփ: Մէկ միլիոն ութ հարիւր հազարի չափ վրացի ազգաբնակութիւնը գրեթէ ամբողջովին Վրաստանի մէջ կ’ապրի, այնքան չնչին է իր տոկոսը Ռուսաստանի ու կովկասեան միւս մասերուն մէջ: Այդ հաւաք կեանքը եւ միայն մէ՛կ պետութեան մը հետ շփում ունենալը բնականօրէն առաջացուցած է միաձոյլ հոգեբանութիւն, քան ինչ որ հայերս էինք երեք պետութեան տակ բաժնուած եւ աշխարհիս բոլոր կողմերը ցրիւ, ամէն տեղ ունենալով տեղական չարն ու բարին, տեղական խնդիրները, եւ տարբեր կրթութիւն ու հոգեբանութիւն: Եւ երբ նոյնիսկ Ռուսաստանի հայութիւնը իր մտաւորական ու յեղափոխական ուժերը կը սպառէր ամբողջովին «թուրքահայ» դատին վրայ եւ իր «ռուսահայ» խնդիրներուն միայն ի միջի-այլոց կը մօտենար, վրացիք ընդհակառակը ունէին միայն ռուսական ցաւը, եւ իրենց գլխաւոր հոգն էր ժողովուրդի ներքին կազմակերպումն ու ազգային գիտակցութեան ուժեղացումը մենշեւիկ-սոցիալիստ վերարկուի տակ: Վրացին վրացերէն կը խօսի, կը կարդայ, կը ճանչնայ իր հեղինակներն ու բանաստեղծները, հպարտ է իր անցեալովը, իր ազդեցութեամբը, իր կուլտուրականութեամբը, գուցէ նոյնիսկ քիչ մը աւելի պէտք եղածէն: Եթէ վրան աւելցնենք իր ազնուականութիւնը, որ դեռ կ’ապրի, եւ կ’ապրի բնականօրէն հին օրերու երազովը, հին ազատ օրերու, որոնց վրայէն դար մը հազիւ է անցեր, հասկնալի կը դառնայ մեզի այն աւելի խոր ազգային զգացումը, որ ունի վրացին, եւ այն անհամբերութիւնը, որով ան կը ձգտի իր անկախութեանը, շա՛տ աւելի մեծ հապճեպով մը, քան հայը: Մեր ու անոնց մէջ եղած տարբերութիւններէն մէկն ալ վրացի ազնուականութեան գոյութիւնն է ինքնի՛ն: Ազնուականութիւնը մշտական յարաբերութեան մէջ ըլլալով տիրապետող ցեղի բարձր շրջաններուն հետ, եւ կապուած՝ ընտանեկան կապերով ու կենակցութեամբ, շատ բան կը հարթուի «տանուց տանու», երկու բաժակ խմիչքի ընդմիջումին, ծխախոտի ախորժելի ու մտերիմ ոլորտի մը մէջ: Ազնուականութիւնը ընդհանուր լեզու ունի ո՛չ միայն ռուս, այլ եւ կովկասեան մահմետական բէկերու ու մեծաւորներու հետ, ուրկէ շատ մեծ տարբերութիւն մը չունի արդէն իր նիստ ու կացով, իր ճաշակներով: Ատով շատ կը դիւրանայ մերձեցումն ու իրար հասկնալը նաեւ Ատրբէյջանի հետ ու Թուրքիայի: Մանաւանդ, որ ազնուական կեանքին յատուկ խօսելու ու շռայլելու յատկութիւնը, ինչպէս եւ վրացական ուրախ բնաւորութիւնը, եւ վերջապէս պոլիտիկա բանեցնելու վարպետութիւնն ու նրբութիւնն ալ երկարատեւ ու դարաւոր վարժութեամբ միայն ձեռք կը բերուի: Այս բոլորի հակադրութիւնն է ազնուականութենէ զուրկ հայը: Յայտնի իրողութիւն է հայու քաղաքական անճկունութիւնը, խօսելու ու ինքզինքը պահելու անշնորհքութիւնը, որ թուրքական կնիքի տակ կը դառնայ շողոքորթութիւն, քծնանք ու ստորացում, իսկ ռուսական ազդեցութեան տակ` չոր ու կոպիտ եւ ուղիղ-գիծ: Հայը միշտ քանի մը ձայնանիշ աւելի բարձր կը վերցնէ, կամ աւելի ցածր, վրացիին յարաբերութիւնը չունի այդ երաժշտական թերութիւնը: Ասոր փոխարէն վրացին աղքատ է եղած միշտ առեւտրական ու արդիւնաբերական շնորհքէ ու սէրէ: Եղած է դարերով ճամբաներէն հեռու ինկած փոքրիկ աշխարհ մը հողը մշակող գիւղացիութեան, եւ այդ հողին ու գիւղացիութեան տէրը եղող ազնուականներու, ան չէ ունեցած ո՛չ մեծ քաղաքներ, ո՛չ քաղաքական զարգացած կեանք եւ ո՛չ առեւտրական արդիւնաբերական դասակարգ: Եւ ինչ որ եղեր է մինչեւ ռուսներու գալը այդ ուղղութեամբ Վրաստանի մէջ, ստեղծուեր է գլխաւորապէս հայերու ձեռքով, որոնք թուրանական դարերուն իրենց երկրի կործանումովը, Անիի նման առեւտուրի կեդրոն քաղաքներու աւերումովը, ցրուեր են ամէն կողմ, մաս մըն ալ ասպնջականութիւն են գտեր իրենց դրացի Վրաստանին մէջ: Թիֆլիս ու Գորի եւ աւելի երկրորդական քաղաքներու մէջ բազմաթիւ են եղեր հայերը, եւ սիրուած ու առանձնաշնորհուած՝ իրենց բերած արուեստներուն եւ դուրսերէն հասցուցած թանկագին ապրանքներուն շնորհիւ: Հայու ու վրացիի մէջ եղած այդ տարբերութիւնը աւելի եւս ընդգծուած է ռուսներու գալէն ետքը, քանի որ շատ աւելի լայնցած է երթեւեկը, ապրանքներու շրջանառութիւնը եւ աւելցած ու զարգացած են նոր արդիւնաբերական ճիւղեր ու ձեռնարկներ: Որով, երբ մէկ կողմէն վրացի ազնուականը սկսեր է քիչ-քիչ կորսնցնել իր դիրքը, իր եկամուտը, սկսեր է աղքատանալ ու ծախել, որովհետեւ չէր կորցրած իր շռայլութիւնը եւ ծախսելու իր սէրն ու վարժութիւնը, միեւնոյն ժամանակ Վրաստանի հայը սկսել է հարստանալլ, տէր է դարձեր ազնուականներու կողմէն ծախսուած շէնքերուն, կայքերուն ու հողերուն, եւ ստացեր է աչքի իյնող դեր, ձայն եւ ազդեցութիւն Թիֆլիսի մէջ, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ դարձեր է բնական կերպով վրացական վերին շերտի աչքին փուշը: Եթէ վրան աւելցնենք ռուսներու «Բաժնէ՛ որ տիրես»-ի սկզբունքով կրակին վրայ լեցուած իւղը լրագրութեան միջոցով, վերջի տասնեակներու ընթացքին, պարզ կը դառնայ այն նեղսրտութիւնն ու անբարեացակամութիւնը, որ ունի վրացին հայուն հանդէպ: Մեր անկախութիւններու կարճ ընթացքին, բացի կարճատեւ քաղաքական-զինական ընդհարումէ մը, որ ստիպուած ենք եղեր ունենալու իրարու հետ, ունեցած ենք նաեւ շատ աւելի երկարատեւ ու սիսթեմատիկ, այսպէս ըսուած, քաղաքացիական պատերազմ մը, հալածանք մը, լուրջ ու կանոնաւոր կերպով տարուած, հայ տարրի, հայ սեփականութեան եւ հայ ազգութեան դէմ Վրաստանի մէջ: Մարդիկը շատ պարզ ու կտրուկ կերպով մեզի վռնտել են ուզած իրենց քաղաքներէն՝ «գացէ՛ք ձեր երկիրը, թողէ՛ք մեզի մեր գոյքերն ու մեր ինչքերը», իսկ հայ գիւղացիութիւնը ընդհակառակը ուզած են պահել իրենց մօտ՝ աքսորելով հայ դպրոցն ու հայ լեզուն, եւ հայութիւնը նկատելով իբրեւ «Լուսաւորչական վրացիներ»: Պարզ է, որ այս բոլորը չափազանց պիտի դառնացնէր եւ առաջացնէր Վրաստանի հայութեան մէջ ուժեղ ցանկութիւն մը ռուսներու վերադարձին, զուտ տեղական-անձնական պատճառներով, որով եւ աւելի եւս ատելի դառնար վրացիին: ==== III. Մենք ու Վրացիք Թուրքիայի հանդէպ ==== Այս բոլորի իրար օղակուող տպաւորութեան տակ առաջին հայեացքով կը կարծես, որ մեր ու անոնց մէջ լուրջ հակադրութիւններ ու հակառակութիւններ կան: Բարեբախտաբար, շատ աւելի տեղական ու մասնակի են մեր ընդհարումները, շատ աւելի երկրորդական ու համեմատաբար դիւրին հարթուելիք մեր փոխադարձ դժգոհութիւնները, եւ ընդհակառակը, շա՛տ աւելի հիմնական ու անխուսափելի մեր փոխադարձ կապը: Իրողութիւնն այն է, որ հայութեան գոյութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ պէտք մըն է վրացութեան համար, ինչքան վրացութեան գոյութիւնը հայութեան համար: Այդպէս ալ մեր անկախութիւններուն ստեղծումը ունի ներքին խոր առնչութիւն ու փոխադարձ ազդեցութիւն: Ամբողջ Մերձավոր Ասիայի մէջ հիմա մենք ու վրացիք ենք, որ մնացեր ենք իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, մնացածը մահմետականութիւն է: Կովկասը, Փոքր-Ասիան, Հիւսիսային Պարսկաստանը եւ Միջին-Ասիան բոլորը թուրանական զանազան ժողովուրդներ են, մենք ենք ու վրացիք տարբեր միւսներէն եւ ցեղակից իրարու: Եւ մենք ու վրացիք միասին առած նորէն շատ քիչ ենք մեզի շրջապատող թուրան-մահմետական ընդհանուր ճնշումին դէմ պաշտպանուիլ կարողանալու համար, որուն ղեկավարն ու հրամանատարը կ’ուզէ դառնայ Թուրքիան: Եթէ հայութիւնը սրբուի իր վերջին ապաւէն Սեւանի բարձրաւանդակէն, Վրաստանը կը մնայ բոլորովին մերկ ու մինակ այդ յոխորտացող ալիքներուն դէմ, եւ անզօր թէ՛ թուով, թէ՛ ուժով, թէ՛ քաղաքակրթութեամբ եւ թէ՛ տնտեսութեամբ: Եւ դիմանալ չի կրնար, նոյնիսկ եթէ իր կեանքը իրեն բաշխեն թուրքերը, իսկ որ թուրքերը այլեւս այդ տեսակ «ախմախութիւն» ընելու բնաւ տրամադիր չեն, ահա՜ ապացոյցը, ո՛չ միայն հայկական, այլ ընդհանուր քրիստոնէական ջարդերն ու հալածանքը ե՛ւ Պոնտոսի մէջ, ե՛ւ Զմիւռնիա, ե՛ւ Կիլիկիա եւ ամէն տեղ: Յամենայն դէպս անկախութեան մասին երազելը այդ թուրքական աշխարհակալութեան մէկ անկիւնը կծկտած՝ կ’ըլլայ կատարեալ երեխայութիւն, ո՛չ միայն Թուրքիայի նման ոչնչացնելը սիրող ու յետադիմական պետութեան մը դիմաց, այլ ընդհանրապէս ամէն քիչ թէ շատ իր մէջը ուժ զգացող եւ նոյն պայմաններուն մէջ գտնւող տիրապետութեան մը հանդէպ: Եթէ հայութիւնը ջնջուի, հերթը Վրաստանինն է անխուսափելի կերպով` Երեւան, Դիլիջան ու Լօռին գրաւողը չի կրնար Թիֆլիզը հանգիստ թողնել, չի կրնար Բաթումէն ձեռք վերցնել, չի կրնար Բաքու-Բաթում գիծը իր ձեռքը չառնել, բացարձակ անկարելիութիւն մըն է թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ խլելտիրելու ախորժակի: Եթէ Վրաստանը անբարեացակամութիւններ ու դժգոհութիւններ ունի մեզի դէմ, շատ աւելի մեծ չափերով այդ դժգոհութիւնները եւ վախերը ունի իր ձախի Ատրբէյջանի եւ իր աջի Թուրքիայի դէմ: Այն շատ մեծ տարբերութեամբ, որ մեզի հետ ունեցած վէճի հիմքը էապէս տնտեսական է, եւ հարթելի, եւ ինքն է յարձակողը, մինչդեռ թուրք ու թաթարին դէմ հակառակն է, յարձակողն ու սպառնացողը անոնք են եւ վէճը հողային ու շատ լուրջ` մէկ կողմը ամբողջ Աճարիայի հարցն է, միւս կողմը` սքանչելի ջրդի հողեր Զաքաթալայի շրջանին մէջ: Այնպէս որ՝ Վրաստանի ղեկավարները, շատ աւելի ազատ ու յարմար քան մենք, շատ բնական ու շատ խելացի կերպով կրնան մշտական յարաբերութեան մէջ ըլլալ Թուրքիայի հետ, բոլոր դռները բաց պահել ու «բարեկամ» ըլլալ՝ հնար եղածին չափ օգտուելու, հնար եղածին չափ ամէն վիճակէ օգուտ քաղելու ցանկութեամբ: Բայց անոնք երբե՛ք չեն կրնար ցանկալ, որ թուրքերը տէր դառնան Հայաստանի, ուրիշ խօսքով ամէն կողմէն խեղդեն Վրաստանը: Եւ կասկած չկայ, որ ինչքան ալ չսիրեն ռուսները, երբ գայ կտրուկ երկընտրանքը ու կանգնի իրենց դէմ՝ կա՛մ թուրքերու լուծը կա՛մ ռուսներու, հոն ալ ո՛չ մէկ վարանում չի մնար, ինչպէս եւ մեզ մօտ: Որովհետեւ Թուրքիայի լուծ չկայ ասկէ ետքը` ատիկա կը նշանակէ հայրենիքի ու ցեղի վերջնական ոչնչացում, այսինքն՝ ապրած ժողովուրդի մէկ մասը պէտք է մնայ ու դառնայ թուրք, միւս մասը պէտք է ցրուի ու դառնայ հրէա: ==== IV. Մենք ու Վրացիք Ռուսաստանի հանդէպ ==== Ինչպէս որ խորքէն դիտած մեր ու Վրաստանի վիճակը նոյնն է թուրքին հանդէպ, այդպէս ալ նոյնն է ըստ էութեան մեր երկուքի դիրքն ու բախտը ռուսներուն դէմ: Մեր ու վրացիներու անկախացման ջանքերը, յոյսերը եւ ցաւերը անտարակոյս երթան պիտի զոյգ ու նոյն ճամբով, ինչպէս շատ բնական կերպով եղեր է մինչեւ հիմա: Եթէ ռուսը որեւէ աստիճանի ինքնուրոյնութիւն ստիպուի զիջիլ մեզմէ մէկուն, անկարելի է, որ նոյնը չընէ եւ միւսին, արդէն զիջելու պատճառներէն մէկն ալ ըլլալու է կովկասեան բոլոր ժողովուրդներուն միաժամանակ ձգտումը: Եւ եթէ նոյնիսկ «խորամանկ» պոլիտիքայով որոշ ժամանակ մը մէկուն կամ մէկալին դիտմամբ չի տան նոյն ազատութեան չափը, ինչ որ արդէն զիջած են միւսին, մէկուն զիջած ըլլալը արդէն ինքնին դրդում ու ապահովութիւն մըն է օր մը, ուշ կամ կանուխ, նոյն տեղը հասնելու: Այնպէս որ՝ կիսանկախ կամ քառորդ անկախ Վրաստանի մը ճանաչումը քայլ մը առաջ ըսել է նաեւ Հայաստանի համար, եթէ նոյնիսկ ենթադրենք, որ այդ քայլը միասին չառինք: Եւ ճիշդ ատոր համար է, որ Հայկական հարցը, որ այսքան տարի է միջազգային սեղաններուն վրայ կը քաշքշուի, որոշ աստիճանի նաեւ վրացական հարց է: Եւ մեր յեղափոխական ճիգերն ու այնքա՜ն զոհերը, սխալ ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ աշխատած են նաեւ Վրաստանի ապագային համար, ընդհանրապէս Կովկասի ազատութեան համար, ի հարկէ՛, եթէ հարցին նայինք շատ վերերէն եւ օրուան նեղ իրականացումէն դուրս գալ կարողանանք: Եւ հիմա ալ, ենթադրելով, որ որոշ ինքնուրոյնութիւն մը ճանաչուի Հայաստանի համար ռուսական իշխանութեան կամ գերիշխանութեան տակ, ատիկա արդէն գործնական քայլ մը կը դառնայ նաեւ Վրաստանի համար: Թէ՛ մենք եւ թէ՛ վրացիք պէտք է պինդ բռնենք այն ամէն մէկ պատառ ինքնավարութիւնը, որ փրցնել կարողանանք պատմական պայմաններուն ճանկէն: Եւ յենուած այդ արդէն ձեռք բերուածի վրայ, եւ իրարու հետ միշտ զուգընթաց, ջանալու ենք փրցնելու մեր անկախութեան երկրորդ կտորը` մինչեւ որ կամաց-կամաց իրարու հետ, իրար օգնելով, իրարու յենուելով եւ իրար հետեւելով, տիրանանք մեր լիակատար ազատութեան: Եթէ ռուսին տեղը, յանկարծ պատմական դէպքերու շրջումով, նորէն գան անգլիացիք, պատահելիքը նո՛յնն է, թէեւ անշուշտ աւելի արագ ու աւելի թեթեւ իր ընդհանուր առումովը: Բայց նոյնն է ուղին ու եղանակը` մե՛նք պիտի ձեռք բերենք մեր լրի՛ւ անկախութիւնը անգլիական իշխանութեան ձեռքէն, հետզհետէ, մաքառումով եւ կովկասեան ժողովուրդներու միահամուռ աշխատանքով: Եթէ ռուս-անգլիական խոշոր ընդհարումի մը հետեւանքով՝ մեր կարծածէն աւելի շուտ լրիւ ազատութիւն իյնայ մեր ձեռքը, հոդ անգամ հաւանօրէն բախտակից ենք ըլլալու Վրաստանին: Որովհետեւ շատ դժուար է ենթադրել դաշնագիր մը, որ անկախ ու ազատ Հայաստան մը պիտի պարտադրէ Ռուսաստանին, ռուսներուն ձեռքը թողնէ Բաթումը եւ այն, համեմատօրէն, շատ փոքրիկ հողամասը, որ մնալու է Հայաստանի, կովկասեան շղթայի ու Սեւ ծովուն մէջտեղը: Եւ, ընդհանրապէս, անկախ Հայաստանը միայն մէկ մասն է Ռուսաստանի ու Անգլիայի միջեւ քաշուելիք պատին: Մեր անկախութեամբ, ճի՛շդ է, Անգլիան կը գոցէ ռուսներու ճամբան դէպի Պարսկաստան ու Պարսից ծոցը: Այնպէս որ՝ եթէ դէպքերու խաղով, դուրսի ճնշումով եւ առանձին կերպով, գլուխ գայ լրիւ անկախ Հայաստան մը, ատիկա կ’ըլլայ առաւել կամ նուազ ժամանակաւոր վիճակ մը, թերի կացութիւն մը, որ պիտի լրացուի ներքին ու արտաքին ջանքերով, Վրաստանի ու Ատրբէյջանի անկախացումով: Եթէ մեր ու վրացիներու վրայէն անդին նետենք օրուան բերած պատահական ու երկրորդական խորթութիւնները, իր խորքին մէջ այնքան նո՛յն ու նմա՛ն է մեր ու անոնց դիրքը Մերձաւոր Արեւելքի վարող ձգտումներուն եւ հոսանքներուն խաղին մէջ, որ մենք ու անոնք անկարող ենք զատ ու տարբեր քաղաքականութիւններ ունենալու, որ մենք ու անոնք անկարող ենք զանազան ճամբաներ բռնելու, որովհետեւ չկան այդ զանազան ճամբաները, եւ որ մենք ու անոնք անկարող ենք իրարու յաջողութեանը չուրախանալու, մեր ջանքներուն մէջ իրարու հետ չըլլալու ու իրար չօգնելու: Այս բոլորը, եթէ մենք գիտակցութեամբ չընենք, պիտի ընենք բնազդօրէն, ինքնին, իբրեւ բնական որոշ տուեալներու բնական որոշ հետեւանք: === Բ. ՄԵՐ ՈՒ ԱՏՐԲԷՅՋԱՆԻ ԿԱՊԸ === ==== I. Հին ու Նոր Ուղիներ ==== Ատրբէյջանի մէջ է ինկած այն չափազանց կարեւոր ճամբան, որ նախապատմական ժամանակներէն սկսած մինչեւ հիմա եղած է միակ դուռը սկիւթական տափաստաններէն Մերձաւոր Արեւելք անցնելու հանար, հին նշանաւոր Ճորայ-Պահակը: Այսինքն` այն աւազուտ հողի նեղ շերտը երկար տարածութեամբ, որ կովկասեան լեռնե՛րն ալ մոռցեր են վերցնելու իրենց փէշերուն վրայ, ինչպէս եւ Կասպից ծովը՝ իր ալիքներուն ծոցը: Այդ ճամբով են խուժէր քաղաքակիրթ Ասիայի վրայ վայրենի սկիւթական ցեղերը, ալանները, կիմբրները եւ ուրիշներ, ատիկա է եղեր միջին դարերուն թաթարներու ու մոնգոլներու հաղորդակցութեան ուղին իրենց հիւսիսային ու հարաւային մասերուն մէջ, այդ ճամբով է, որ ԺԸ դարու կէսերէն արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը ռուսներուն հետ նորէն ոտք կը դնէ մեր ասիական հողերը, եւ հիմա ալ այդ ճամբով է, որ կ’անցնի միակ երկաթուղային գիծը Կովկասը Ռուսաստանին կապող: Ատրբէյջանի առաջին բացառիկ կարեւորութիւնը այդ դուռն է` ինչքան ատեն որ դուռը որեւէ աստիճանի դիտաւորութիւններ ունենայ Կովկասի, Պարսկաստանի եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի սահմաններուն ու հարցերուն վրայ, այդ դռնէն ձեռք վերցնել չի կրնար: Հոտկէ է, որ պիտի վազեն հարաւ իր բանակներն ալ, իր ապրանքներն ալ, իր տիրապետութիւնն ալ, իր ընդարձակ ծրագիրներն ալ: Ատրբէյջանի երկրորդ բացառիկ կարեւորութիւնը իր նաւթն է: Եթէ Անգլիան ու Ամերիկան եւ ուրիշները աշխարհիս հեռաւոր ծայրերէն անտարբեր կերպով առնել չեն կրնար Բաքուի նաւթին հոտը, ի՞նչ զարմանալու բան կայ, որ Ռուսաստանը իր քիթին տակ ու իր ձեռքին մէջ ունեցած այդ չափազանց կարեւոր հարստութիւնը ձեռքէ հանել պիտի չուզենայ: Երրորդ, եւ ո՛չ նուազ, հրապոյր մըն է Ատրբէյջանի մէջ Կուրի ու Երասխի հովիտներուն արգաւանդ հողը, մասնաւորապէս յարմար՝ բամպակի մշակութեան, եւ ընդհանրապէս երկրագործութեան «կապիտալիստական» շահագործման համար: Այսպէսով՝ Ատրբէյջան կը նշանակէ տնտեսական բացառիկ հնարաւարութիւններով օժտուած երկիր մը, չափազանց կարեւոր աշխարհագրական դիրքով, ուր կ’ապրի երկու միլիոնէ աւելի մահմետական խառնազգ բնակչութիւն մը, որ ո՛չ իր մտաւոր պատրաստութեամբ, ո՛չ իր սեփական տնտեսական կարողութիւններով հնար ունի այդ բոլորը օգտագործելու` երկիր մը, որ կովկասեան բոլոր մասերուն մէջ ամենէն աւելի կը հետաքրքրէ ե՛ւ ռուսները ե՛ւ անգլիացին եւ թուրքերը, եւ որուն վրայ տնկուած են ամէնուն աչքերը: Իր ապագային վերաբերմամբ առջեւը կայ երեք կարելիութիւն: 1. Թուրքիան կ’արշաւէ Կովկաս, կ’ոչնչացնէ հայութիւնը, կը խեղդէ Վրաստանը, կը ստեղծուի նորէն մեծ Թուրքիա մը, որուն մէկ ծայրագաւառը կը դառնայ Ատրբէյջանը: Կ’ազատուին անիծուած կեավուրներուն տիրապետութենէն եւ կը դառնան թուրք փաշաներու ու նահանգապետներու երջանիկ հպատակը: 2. Կուգայ նորէն Անգլիան եւ իր տնտեսական ու քաղաքական գերիշխանութիւնը կովկասեան մասերուն վրայ, եւ կը վերստեղծուին տեղական հանրապետութիւնները, իբրեւ «անկախ» պետութիւններ, ի հարկէ՛, անգլիական ձեւի: 3. Ռուսը տեղէն չի շարժիր եւ Կովկասը կը մնայ իր տիրապետութեան տակ, ինչպէս մինչեւ հիմա: Ատրբէյջանը կը կազմէ կովկասեան ժողովուրդներուն մէկ մասը, եւ այդ ժողովուրդներուն հետ միասին կը նկրտի հիմնելու եւ ընդլայնելու իր տեղական, ազգային ինքնավարութիւնը, ձգտելով հասնիլ աւելի լրիւ անկախութեան մը: Այս երեքէն առաջինը հին ճամբան է, հին հոգեբանութիւն, կրօնական ու ցեղական դարաւոր ատելութիւններու վրայ հիմնուած ու արմատացած հակում, որով եւ, բնականաբար, աւելի տարածուած եւ աւելի համակիրներ ունեցող մահմետականութեան մէջ: Մանաւանդ քառասուն տարիէ ի վեր Թուրքիայի կողմէն այդ ուղղութեամբ թափուած ճիգերը, ուղարկուած պրոպականտիստները, մզկիթներուն մէջ քարոզները, հիմա ալ բոլշեւիկներու կարճատեսութեամբ ստեղծուած խառնափնթորութիւնը Կովկասի մէջ, ինչպէս եւ քեմալականներու երես առնելը, աւելի եւս կ’ուժեղցնեն այդ տրամադրութիւնը Ադրբէյջանի մէջ այս վայրկեանիս: Վերջին երկուքը նոր ճամբաներ են, նոր ձգտումներ ու նոր հոգեբանութիւն, տրամագծօրէն հակառակը նախորդին: Մէկդի դնել ցեղային ու կրօնական հարցերը քաղաքականութեան մէջ եւ կապուիլ քու հայրենիքիդ մէջ քու քովդ ապրող ժողովուրդներուն հետ՝ ձեռք բերելու համար քու ուրոյն սեփական անկախութիւնդ: Թէեւ շատ աւելի փոքրաթիւ, բայց կայ Ատրբէյջանի ղեկավարներուն մէջ եւ այս երկրորդ տիպի հոգեբանութեան մարդիկ: Մասամբ եւրոպական կրթութեան հետեւանք, մասամբ երկար կենակցութեան՝ քրիստոնեայ տարրին հետ, մասամբ արդիւնք իսկապէս անկախ ապրելու ձգտումին, իր սեփական ինքնուրոյն կեանքովը ապրելու պահանջին, եւ մասամբ ալ արդիւնք այն խոր համոզումին, թէ օսմանեան Թուրքիայէն լուրջ ու տեւական ոչինչ դուրս գալ չի կրնար, նո՛ր կոտորածներ, կռիւներ ու տակնուվրայութիւն, որուն յաջորդ օրը գալու է նորէն կա՛մ ռուսը կա՛մ անգլիացին, եւ ետ է քշելու օսմանցիները իրենց անկիւնը: Այսպէսով՝ Ատրբէյջանը կրնայ երթալ երկու բոլորովին իրար հակադիր ճամբաներով, հարցը դեռ վարանքի մէջ է, եւ հո՛ս ալ, ինչպէս այնքա՜ն-այնքան ուրիշ բաներու մէջ, վերջնական որոշումը կայացնողը պիտի ըլլան ուժն ու յաջողութիւնը: Եթէ Թուրքիան յաջողի Կովկասը գրաւելու` Ատրբէյջանը ուզէ-չուզէ կապուած է օսմանցիներու պոչին, եւ իր վիճակը մեզի համար այլ եւս հետաքրքիր չէ: Հակառակ պարագային ատրբէյջանցին ալ, ինչպէս եւ հայն ու վրացին, ինկած է ըլլալու նոյն ռուսական կամ անգլիական իշխանութեան կամ գերիշխանութան տակ, նոյն ու նման տնտեսական ու վարչական պայմաններու մէջ, նոյն ձգտումները իր հոգիին խորքը եւ նոյն ճամբան իր առջեւը, որով եւ բնականօրէն փնտռելու է իր բախտակից եւ ուղեկից ժողովուդներու գործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը, ճիշդ ինչպէս եւ հայն ու վրացին: Եւ Ատրբէյջանը մեզմէ աւելի է փնտռելու մեր կապն ու աջակցութիւնը` ըլլա՛յ ռուսին դէմ, ըլլայ անգլացիին: Ռուսը եթէ կրնայ ընել որոշ զիջումներ փոքրիկ ու քրիստոնեայ Հայաստանի մը, Վրաստանի մը, առանց մեծ վախի, քանի որ ասոնք հէնց իրենք են, որ կան եւ որեւէ ցեղակից կամ կրօնակից կապեր ու թիկունք չունին դուրսը, նոյն զիջումները շատ դժուար է իրեն համար ընել մահմետական-թուրանական ժողովուրդի մը, որ դիւրութեամբ կրնայ դառնալ գործիքը դուրսի թուրքութեան ու մահմետականութեան: Իսկ միւս կողմէն ընել որեւէ զիջում հայուն ու վրացիին առանց նոյնը ընելու ատրբէյջանցիին՝ պետականօրէն գրեթէ անկարելի բան է: Գալով անգլիացիին՝ թէեւ առաջին իսկ վայրկեանէն տալու է անկախութեան բոլոր արտաքին ձեւերն ու երեւոյթը, պարզ է սակայն, որ Բաքուի ու Կուրի հովիտին նման առաջնակարգ հարստութիւններու բոյնը ձգել չի կրնար տեղական կառավարութեան մը ձեռքը: Եւ Ատրբէյջանը շատ աւելի յամառ ծանր մաքառումներու կարիք պիտի ունենայ իր օձիկը իսկապէս ազատելու համար, քան տնտեսապէս աւելի համեստ Վրաստանը եւ անհամեմատ աւելի համեստ Հայաստանը: ==== II. Հայաստանի ու Ատրբէյջանի Մէջ Եղած Լարումը ==== Ինչքան ետ-ետ երթան Թուրքիայի սահմանները դէպի Արեւմուտք` ըլլա՛յ որեւէ աստիճանի ինքնուրոյն Հայաստանի մը կազմութեամբը, ըլլա՛յ այդ հողամասերու պարզ միացումովը ռուսական տիրապետութեան, այնքան աւելի կը պարզուի մթնոլորտը Կովկասի մէջ, եւ այնքան յստակ կը դառնայ այն միակ ճամբան, որ անխուսափելի է երեք վիճակակից ժողովուրդներուն համար: Ինչ որ հիմա վարանք է ատրբէյջանցիի հոգիին մէջ, այն ժամանակ կը դառնայ արդէն պարզ ըմբռնում` պան-թուրանիզմը կը կորսնցնէ իր հմայքը եւ ախորժակ չի մնար օսմանցիներու սրինգովը պարելու: Աւելորդ է, ի հարկէ, լրջօրէն խօսիլ մեր ու Ատրբէյջանի մէջ եղած ատելութեան ու թշնամութեան մասին, ինչպէս եւ մեր ու Ատրբէյջանի մէջ եղած քաղաքական ոխերու եւ հողային ծանր վէճերու մասին: Որովհետեւ ատոնցմէ ո՛չ մէկը տեղական պայմաններու պտուղը չէ: Ատոնք բոլորը առաւել կամ նուազ արուեստական արձագանգն են մեր ու Թուրքիայի մէջ եղած կռիւներուն ու հակառակութեան, արդիւնքն են օսմանցիներու տիրապետական տենչերուն եւ պան-թուրանական քարոզներուն ու գրգռումին: Այս հոգեկան շփոթ վիճակէն օգտուեցաւ ցարական կառավարութիւնը եւ փորձեց իր հողին վրայ ալ կռուեցնել հայն ու թուրքը՝ իր դէմ ուղղուած դժգոհութիւնները շեղելու ու իրարմով չէզոքացնելու յոյսով: Երբ Թուրքիա ետ նետուի, երբ հայութիւնը վերջնապէս ազատուի Թուրքիայի հետ ունեցած դարաւոր ու անիծուած կապէն ու կապանքէն` կը չորնան արդէն ինքնին մեր Ատրբէյջանի մէջ եղած անհիմն դժկամութեան ու անբարեացակամութեան բոլոր արմատները: Մանր մունր շահերու ընդհարում ու վէճեր եւ մանաւանդ տիրող կառավարութեան արուեստական կերպով մեզի նորէն իրարու դէմ հանելու փորձերը, ի հարկէ, ապագային ալ անպակաս են ըլլալու: Բայց ճիշդ հոդ է, որ պիտի երեւայ մեր ու մեր դրացիներու քաղաքական հասունութիւնը, որ մեր բռնելիք ընդհանուր ուղղութիւնն ու կապը կարողանանք բարձր պահել մանր ու անցողակի հարցերէն, եւ մանաւանդ չենթարկուիլ տիրողներու պրովոգասիոնին: Ինչպէս որ մեր ու Ատրբէյջանի մէջ եղած թշնամութիւնը արդիւնք է Թուրքիայի սադրանքին եւ հոդկէ առաջացած հոգեբանութեան` այդպէս ալ մեր ու Ատրբէյջանի իրարմէ ունեցած քաղաքական փոխադարձ անվստահութիւնն ու վախը հետեւանք է Թուրքիայի յարձակողական ծրագիրներուն: Ատրբէյջանը մեզմէ կը վախնայ, որ պինդ կապուած ենք քրիստոնեայ ռուսին, եւ իր ռուսներու դէմ ունենալիք մաքառման միջոցին կրնանք զարնել թիկունքէն: Մենք ալ կը վախնանք, որ Թուրքիայի յառաջխաղացման մը միջոցին կը մնանք երկու կրակի մէջ Ատրբէյջանի կողմէն եղած յարձակումով մը: Արդ՝ հէնց որ մէջտեղէն վերնայ Թուրքիայի արշաւանքին սպառնալիքը, այսինքն հէնց որ թուրքերը ետ շպրտուին Իգտիրէն, Կարսէն ու Էրզրումէն, կը վերնայ մէջտեղէն նաեւ այդ երկուստեք վախը: Ո՛չ Ատրբէյջանը կրնայ ծրագրել ռուսներուն դէմ ինքնիրենը դուրս գալու, որ ետեւի հայերէն վախ ունենայ, ո՛չ մենք կ’ունենանք մեր հողերուն վրայ Թուրքիայի առաջ սողալը, որ երկիւղ կրենք մեր թիկունքի կրակէն: Մեր ու Ատրբէյջանի մէջ եղած հողային վէճերն ալ իրենց թէ՛ բուն ծագումը, թէ՛ նշանակութիւնն ու սրութիւնը ամբողջովին կը պարտին Թուրքիայի յարձակողական ձգտումին: Եթէ Ատրբէյջանը պնդեր է ու կը պնդէ, որ Ղարաբաղը, Զանգեզուրը, Նախիջեւանը եւ Շարուրը պէտք է կցուին իր հողերուն, պնդեր է ու կը պնդէ, որովհետեւ Թուրքիան ալ անկէ այդ պնդելը կը պահանջէ: Պահանջողը Թուրքիան է, որպէսզի անընդհատ թուրքական գօտիով մը նախապատրաստուի ճամբան դէպի Ատրբէյջան եւ պատրաստուի այն պարանը, որ հայութեան վիզը պիտի փաթթուի խեղդելու համար: Այն վայրկեանին, որ Թուրքիայի գնդերը քաշուին Իգտիրէն ու Կարսէն, ինքնին աւելորդ, անկարելի ու ծիծաղելի կը դառնայ Շարուրի, Նախիջեւանի ու Զանգեզուրի պահանջը, իսկ Ղարաբաղի խնդիրը կարգադրելը բնաւ անկարելիութիւն չէ, եթէ իսկապէս, որ կարգադրելու ցանկութիւնը ըլլայ երկու կողմէն: ==== III. Կովկասեան դաշնակցութիւն ==== Եթէ Կովկասը մնալու է Ռուսաստանի իշխանութեան տակ, ինչպէս եւ ամենէն աւելի հաւանականն է, հայ, վրացի ու ատրբէյջանցի ժողովուրդներու կապն ու գործակցութիւնը պարզապէս կեանքի պայմաններէն ինքնին բխող իրողութիւն մը պիտի դառնայ` իբրեւ բնական ու անխուսափելի երեւոյթ մը: Եւ այդ անհրաժեշտ երեւոյթը նոր չէ, որ սկիզբ պիտի առնէ: Մօտ երկու տասնեակ տարի է արդէն, որ ծայր տուած է անիկա, թէեւ մենք խրուած օրուան մանր կռիւներուն ու հակասութիւններուն մէջ՝ դեռ դժուարով կը նշմարենք: Դարու մը ռուսական տիրապետութիւնը, ընդհանուր ոգին, ընդհանուր դպրոցը, ընդհանուր խառն կենակցութիւնը նոյն օրէնքին ու նոյն հողին վրայ, եւ երեքս ալ` հաւասարապէս հպատակ նոյն պետութեան, ենթակայ նոյն ու նման ճնշումներու, դժգոհութիւններու ու ձգտումներու, մեզի շատ են մօտեցուցած իրարու, հրած, բերած են իրարու, հակառակ ամէն տեսակի կէս-արուեստական, կէս-բնական հայ-թրքական, հայ-վրացական ու թուրքվրացական վէճերու եւ ընդհարումներու: Եւ տաս-տասնըհինգ տարիէ ի վեր այդ երեք ժողովուրդներուն վարիչները կարելի է ըսել մշտական եւ տեւական ժողովի են նստած իրարու հետ իրենց փոխադարձ ազդեցութեան շրջանակները որոշելու, եւ իրարու հետ միասին գործակցաբար Կովկասի թէ՛ տնտեսական, թէ՛ վարչական եւ թէ՛ քաղաքական բախտը վարելու համար: Ռուսական առաջին յեղափոխութենէն ծնունդ առաւ այդ խորհրդակցութիւնը, այդ կովկասեան խորհրդակցութիւնը եւ հէնց ռուսներու ղեկավարութեամբ ու յարմարումով: Պատմութիւնը պիտի ըսէ օր մը, որ կովկասեան զեմստվօյական խորհրդակցութիւնները առաջին տարտամ քայլն էր Կովկասի ուրոյնացման ու անջատման, որ ռուսները ստիպուած էին առնելու, եւ միւս կողմէն երեք կովկասեան ժողովուրդներու առաջին գործնական կապակցումը. ինչքան ալ, որ բնաւ Ռուսաստանէն անջատման նմանութիւն չունէին այդ ժողովները, եւ ընդհակառակը կարծես երեք ժողովուրդներու անհաշտ շահերն էին իրարու բախուած, եւ աւելի կռիւ ու դժգոհութիւն թողեցին իրենց ետեւէն, քան արդիւնք: Բայց ասոնք երեւույթի կեղեւն են, դուրսինը, այսօր ամէնուս կողմէն տեսնուածն ու շօշափելին, իսկ ինչ որ երեւոյթի միջուկն է, ինչ որ պատմութիւնն է վաւերացնելու՝ ատիկա կովկասեան երեք ժողովուրդներու գործակցութեան ծայրն է՝ մէկ կողմէն, եւ Ռուսաստանի քայլ մը տեղի տալը կովկասեան ժողովուրդներուն՝ միւս կողմէն: Այս խորհրդակցութիւններու շարունակութիւնն է երկրորդ ռուսական յեղափոխութենէն ետքը կովկասեան կոմիսարութիւնը` կազմուած երեք ազգերու ներկայացուցիչներէն, ասոր շարունակութիւնը կովկասեան կարճատեւ անկախութիւնը երեք ազգերու գործակցութեամբ, ասոր շարունակութիւնը իրարմէ բաժնուած երեք հանրապետութիւններու անընդհատ բանակցութիւններն ու ճիգերը իրար հետ դաշնակցելու տնտեսական ու քաղաքական հողի վրայ, ասոր շարունակութիւնը երեք փախստական կառավարութիւններու կնքած համաձայնութիւնը արդէն օտար երկինքներու տակ նորէն ձգտելու համար մեր անկախութեանը՝ միացած ուժերով, ասոր շարունակութիւնը բոլշեւիկ մկրտուած երեք կովկասեան խորհրդային «անկախ» կառավարութիւններու ստեղծած Համակովկասեան Դաշնակցութիւնը, իբրեւ վարիչը երեք հանրապետութիւններուն համար ալ ընդհանուր եղող տնտեսական ու վարչական հարցերուն: Անշուշտ, հարցը հոն չէ, թէ գործնական ի՞նչ արժէք ունի հին կառավարութիւններու փախստական անդամներուն ստորագրած թղթին կտորը, կամ թէ իրական ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այդ համակովկասեան խորհրդային դաշնակցութիւնը, եւ թէ ի՞նչ ետեւի մտքերով ստեղծուած է անիկա Մոսկուայի հրամանով ու քաջալերութեամբ: Հարցը հոն է, որ կովկասեան ժողովուրդներու բոլոր եկող ու գացող վարիչները ընդհանուր գործակցութեան մը անհրաժեշտութիւն կը զգան իրարու հետ եւ որոշ կովկասեան անջատ ուրոյնութիւն մը կը զգան ու կ’ընդունին նոյնիսկ իրենք ռուսները: Եւ այս գիծը շարունակուի պիտի անպայման ինչ կառավարութիւն ալ, որ գայ Ռուսաստանի ղեկին գլուխը, եւ ինչ պայմաններ ալ, որ ստեղծուին ռուսական Կովկասին մէջ: Ամէն պատմական երեւոյթ իր բնական ընթացքը ունի եւ իր աստիճանական զարգացումը: Կովկասեան երեք ժողովուրդները՝ ձգտելով ամէն մէկը իր ուրոյնացմանն ու անկախութեանը, առանց նկատելու, իրենց այդ նոյն ճիգերովը, միեւնոյն ժամանակ կամաց-կամաց կը քալեն դէպի վիճակ մը, դէպի ընդհանուր աւելի բարձր միութիւն մը, որուն անունն է կովկասեան դաշնակցութիւն, իսկ օր մը, ո՞վ գիտէ, գուցէ եւ կովկասեան հանրապետութիւն: Այս գաղափարը հիմա կրնայ մեզմէ ու մեր դրացիներէն շատերուն մէջ տհաճութեան նման զգացում մը արթնեցնել, շատերը գուցէ թերահաւատ ծամածռութիւն մը հանեն իրենց դէմքին, իսկ ռուսները հեգնոտ ու արհամարհոտ ժպիտ մը: Ինչպէս ամէն գաղափար, այնպէս ալ Կովկասը կովկասցիներուն թողնելու գաղափարը, ժամանակ կ’ուզէ, որ հասուննայ ու գիտակցական դառնայ ե՛ւ մեզի համար, որ կ’ապրինք այդ հողերուն վրայ ե՛ւ ռուսի համար, որ կը տիրէ այդ հողերուն վրայ: Պատմութեան մէջ սովորական երեւոյթ է` այն իրականութիւնը ինչ որ 50-60 տարի ետքը ինքնին հասկնալի ու «բնական» բան մը կը նկատուի, իր նոր ձեւ առնելու սկսած օրերուն ե՛ւ ծիծաղելի կը համարուի, ե՛ւ անհաւանական, ե՛ւ անախորժ: Ռուսները, հիմա ինչքան կ’ուզեն հեգնեն ու ժպտին, օր մը քաշուին պիտի Կովկասէն ու մեր երկիրները թողնեն պիտի մեզի` այդ օրը գա՛յ պիտի: Դեռ հասած չէ այդ օրը, դեռ հասուն չէ ո՛չ գաղափարը, ո՛չ իրողութիւնը, գուցէ նոյնիսկ վնաս է հիմա անոնց ետ քաշուիլը այս վայրկեանիս: Բայց ժամանակն ու ժամանակի ոգին կը հասունցնեն եւ ա՛յդ պտուղը: Ռուսաստանի մէջ ալ անխուսափելի կերպով փոխուի պիտի պետական կազմը, եւ տիրապետական ըմբռնումը վերածուի պիտի դաշնակցական ձեւի. մանաւանդ, որ բոլոր տիրուած ազգերը հետզհետէ աւելի բուռն կերպով պահանջելու են իրենց տարրական իրաւունքը, իրենց ազգային ուրոյնութիւնն ու անկախութիւնը, ինչ գնով ալ, որ ըլլայ: Եւ ռուսներու աստիճանական նահանջով՝ ստեղծուելու են սկիզբը հաւանօրէն տեղական-ազգային ներքին «անկախութիւններ» ուժեղ կեդրոնական-կովկասեան ռուս վարչութեան մը ձեռքին տակ: Քիչ քիչ կովկասեան ինքնավարութիւն մը՝ երեք կիսանկախ ինքնավարութիւններու դաշնակցութեամբ ռուսական վերին հսկողութեան տակ: Վերջապէս կովկասեան կիսանկախ դաշնակցական պետութիւն մը, իբրեւ մշտական դաշնակիցը Ռուսաստանի, որուն յաջորդ քայլն է անկախ ու ազատ կովկասեան դաշնակցութիւնը: Եթէ կովկասեան երկիրները անցնին անգլիական ազդեցութեան շրջանակին տակ, նորէն հիմնական տարբերութիւն մը չի կրեր մեր երեք ժողովուրդներու գործակցութիւնը, ինչպէս եւ այդ գործակցութեան ստանալիք պատմական զարգացումը: Գլխաւոր զանազանութիւնը ռուսներէն՝ սկիզբն է, մեր ինքնավարութիւններու սկզբնավորումը: Անգլիան արդէն իւրացուցած է տեղական կիսանկախ պետութիւններու սիսթեմը, որով եւ անմիջապէս ատիկա կովկասեան ժողովուրդներուն համար ալ կը դառնայ իրականութիւն, առանց աւելորդ մաքառումներու ու դժուարութեան. մինչդեռ ռուսները դեռ նոր պիտի հաշտուին այդ մտքին, դեռ նոր պիտի փորձեն ու իւրացնեն, ո՜վ գիտէ թէ, ինչքա՜ն երկար վարանումներով ու տատանումներով: Սակայն անգլիական սիսթեմն ալ հաշտ է այդ ինքնավարութիւններուն ու կիսանկախութիւններուն հետ մինչեւ մէկ որոշ աստիճանի, ուրկէ անդին նորէն ամէն ինչ պէտք է ձեռք բերուի կեանքի հնաւանդ զէնքերովը՝ դիմադրութեամբ, կամքով ու կռուով: Եւ այդ պատճառով ալ կովկասեան կիսանկախ պետութիւններու իրարու սեղմուիլն ու իրար օգնելը նորէն պիտի դառնայ անխուսափելի՝ լրիւ անկախութեան հասնելու մեր ընդհանուր ճիգերուն մէջ: Այսպէսով՝ ռուսական իշխանութեան տակ մեր երեք ժողովուրդներու կապակցումը աւելի հարկադրական է, աւելի տարերային, եւ իր գլխաւոր առաջին նպատակը՝ ձեռք բերել ու ապահովել մեզմէ ամէն մէկուն գէթ նախնական անկախութիւնը, միայն վերջերը հարցը կը հասնի լրիւ ազատութեան: Անգլիական իշխանութեան տակ մեր երեք ժողովուրդներու կապակցումը չի ունենար այդ տարերային բնոյթը, այլ կ’ըլլայ աւելի գիտակից, աւելի նման կամաւոր դաշնակցութեան եւ աւելի բարձր թռիչք ունեցող նպատակի համար, այն է՝ ձեռք բերելու եւ ապահովելու երեք ժողովուրդներու լրիւ ու իսկական անկախութիւնը: Կայ աւելին: Այդ երեք ժողովուրդներու մէջ եղած սերտ կապն ու գործակցութիւնը տեղի է ունենալու՝ նոյնիսկ, եթէ արդէն հասած ըլլանք երեքս ալ մեր իսկական ազատութեանը, կամ միասին ու արագ անգլօ-ռուս խոշոր ընդհարումի մը հետեւանքով, կամ առանձին-առանձին իրարմէ տարբեր ժամանակով ու եղանակով: Որովհետեւ մեր զարգացման առաջին աստիճաններուն վրայ եւ մեր լրիւ ազատութեան առաջին շրջանին, երբ դեռ ուժի չենք եկած ամբողջովին, կրնանք մնալ ամէն մէկս մեր պատեանին մէջ չէզոքացած, ան ալ ի հարկէ մէկ որոշ աստիճանի: Բայց քանի մեր թիւը աճի, մեր պետական օրգանիզմը ամրանայ, մեր ուժերն ու թափը աւելնան տնտեսապէս ու կուլտուրապէս, այնքան պահանջ պիտի զգանք մեր խորշերէն ու ծոցերէն դուրս գալու դէպի լայն ու բաց ծովերը, այնքան պէտքը պիտի զգանք մեծ նաւի մը: Վրացական, հայկական կամ ատրբէյջանեան անջատ շոգեմակոյկ մը անշուշտ հերիք է Վանի ու Սեւանի ջրերուն համար, ինչպէս եւ Սեւ ու Կասպից ծովերուն պատառ մը եզերքին վրայ: Բայց, երբ արթըննայ տենչանքը բաց ծովերուն, պէտք է կառուցուին շատ աւելի խոշոր նաւեր, խոշոր միջոցներով, խոշոր տարողութեամբ ու կարողութեամբ: Առանձին-առանձին մեզմէ ոչ մէկը չի կրնար այդ կառուցումը, բայց երեքս միասին, մեր թուական, տնտեսական, տեքնիկական ու զինական միացեալ ուժերով կրնա՛նք: Ի հարկէ, երկար գործ է ու դարերու պատմութիւն՝ այդ նաւուն կառուցումը, ինչպէս ամէն մեծ ու կարեւոր պատմական երեւոյթ, եւ որուն վրայ աշխատելու են շատ ու շատ սերունդներ: Մենք հիմա անոր կազմուածքին առաջին գերանները միայն կրնանք իրարու բերել, եւ այդ առաջին գերանները իրար կապելու փորձերը արդէն իսկ կը կատարուին, աւելի բնազդօրէն, քան գիտակցաբար, բայց կը կատարուին: == ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՀԱՆՋԸ == === Ա. ՀՈՂԻ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ === Ուժերու կեդրոնացումը ռազմական արուեստի ամենէն հիմնական պահանջն է: Տրամադրելի ուժերու դէպի մէկ կէտ մը ու մէկ նպատակ մը ուղղելը ամենէն մեծ գրաւականն է յաջողութեան նաեւ կեանքի առօրեայ կռուին ու աշխատանքին մէջ: Նոյնն է օրէնքը ազգերու քաղաքական ձգտումներու իրականացման ժամանակ: Շատ մեծ առաւելութիւն մը, ուրկէ զուրկ է եղած հայ ժողովուրդը մինչեւ հիմա պատմական պայմաններու բերումով: Իրաւ է, հայ քաղաքական միտքն ու հայ յեղափոխական աշխատանքը գլխաւորապէս եւ խոշոր չափերով ուղղուած է եղեր թուրքական Հայաստանի ազատագրման կողմը, դէպի արեւելեան վիլայէթները, բայց եւ այնպէս ուժերու, ջանքերու ու ձգտումներու որոշ գնահատելի չափ մը սպառուեր է միշտ մեր զարթօնքի առաջին օրերէն սկսած Կիլիկիայի վրայ: Ձգտումներու այդ ճիւղաւորմանը քսաներորդ դարը աւելցուց երրորդ շատ կարեւոր նոր ճիւղաւորում մը: Ռուսական յեղափոխական ցնցումները, ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի հետզհետէ շեշտուիլը, եւ «Ծայրագաւառներու» ազգային ինքնուրոյնութեան պահանջները բերին անխուսափելի կերպով նաեւ ռուսական Հայաստանի այս կամ այն ձեւով, այս կամ այն աստիճանի ինքնուրոյնացման հարցը: Կովկասի բոլոր կուսակցութիւններու ծոցին մէջ, Դաշնակցութեան ծոցին մէջ մասնաւորապէս, սկսաւ քիչ-քիչ մարմին ստանալ Ռուսաստանի հայութեան քաղաքական վիճակով զբաղուելու, Ռուսահայաստանի խնդրին վրայ ուժ թափելու պահանջը: Մերկ իրականութիւնն ա՛յն է, որ մինչեւ Ֆրանսայի Կիլիկիայէն ձեռընթափ ըլլալը, մինչեւ Լոզանի մէջ եւրոպական պետութիւններու իրենց տուած խօսքը, պատւին ու պարտաւորութիւնը ոտքի տակ տալը, հայ քաղաքական միտքն ու ձգտումը ճիւղաւորուած էր երեքի: Զուտ քաղաքական-պատմական պատճառներուն ի հարկէ հիւսուած էին նաեւ կուսակցական ու խմբական շահեր ու հաշիւներ այս մեղաւոր աշխարհի օրէնքովը: Լոզանի դաշնագիրը իր բոլոր հիասթափութիւններուն, իր բոլոր լքումներուն, իր նոր ցրւումներուն ու նոր տառապանքներուն հետ, հայ ժողովուրդին համար բերաւ գոնէ մէկ հատիկ առաւելութիւն. կեդրոնացուց հայ ժողովուրդի ուշադրութիւնն ու ակնկալութիւնները մէկ կէտի վրայ: Այլեւս վէճ չկայ: Պատմական իրողութիւնները եւ պատմական անհրաժեշտութիւնները ամենէն աւելի ուշ ու դժուար ըմբռնողներուն համար անգամ այլեւս պարզ է, որ մեր հայրենիքի ապագան, մեր ժողովուրդի բախտը եւ մեր ձգտումներու իրագործումը կախուած են մեր հայրենի հողի այն կտորէն, որուն վրայ դեռ հայ ժողովուրդ կայ նստած: Հիմա ամէնուն յոյսը եւ վերջին յոյսը, կեդրոնացած է Սեւանի ծովակին շուրջը, հո՛ն, ուր խմբուեր է հայութեան վերջին պահեստի ուժը, եւ որ ունի նոյնիսկ քաղաքական որոշ ինքնուրոյնութիւն մը, այսինքն՝ «Կովկասեան» Հայաստանը, «Ռուսական» Հայաստանը, «Խորհրդային» Հայաստանը, ինչպէս որ կ’անուանէ մեզմէ ամէն մէկը ըստ իր քաղաքական հասկացողութեան եւ ճաշակին: Մեր ձգտումներուն, մեր գոյութեան ու մեր ապագայի վերջին ու միակ յենարանը: Ապագայ երազներու, ապագայ իրականութիւններու, ապագայ հայրենիքի ու ապագայ ստեղծագործութեան ապրող «կորիզը», ինչպէս կ’անուանենք ամէնքս անխտիր: === Բ. ԹՈՒԻ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ === Բայց որպէսզի այդ կորիզը մնայ կենսունակ, քիչ-քիչ դառնայ առողջ ու աւելի դիմացկուն, եւ կարողանայ հետզհետէ աճիլ, զօրանալ եւ մայր դառնալ ապագայ զարգացման, անհրաժեշտ է, որ իր մէջը ամփոփէ հայութեան բոլոր կենդանի ուժերը, անհրաժեշտ է, որ հաւաքէ, ժողովէ, կեդրոնացնէ իր մէջ հայութեան ամէն տեսակի կարողութիւնները: Եւ այդ բացարձակ անհրաժեշտութեան մէջ ամենէն վերը, ամենէն կարեւորը եւ ամենէն էականը բնականաբար իր թուական ուժի կեդրոնացումն է: Եթէ հայութիւնը ապրիլ կ’ուզէ, եթէ իբրեւ ուրոյն ժողովուրդ մը տեւել կ’ուզէ, եթէ իր հայրենիքի վերջին ծուէնին տէր մնալ կ’ուզէ` պէտք է գործ դնէ բոլոր հնարաւոր միջոցներն ու ջանքերը հո՛ն հաւաքելու համար ամէն կողմ ցրուըտած իր մասերն ու կտորները, իսկ արդէն հոն եղող կամ հաւաքուած հատուածներուն համար ալ պէտք է ամէն կերպ աշխատի առաջն առնելու անոնց վերստին ցրուելուն ու հեռանալուն: Արդ՝ ի՞նչ պայմաններու տակ հայութիւնը կրնայ կատարել իր գոյութեան համար անհրաժեշտ եղող այդ առաջին պահանջը. որո՞նք են այն պատճառները, որոնք կը դժուարացնեն կամ կը խանգարեն ցրուած մասերու համախմբումը, եւ ընդհակառակը կը դրդեն կամ կը նպաստեն խմբուած տարրերու վերստին ցրւումին: ⁂ Առաջին պատճառը ռուս պետութեան քաղաքական հաշիւներն են ու ըմբռնումները: Բացի թուրքերուն դէմ եղած պատերազմներու միջոցին թոյլատրուած ներգաղթերէն, որոնք մասամբ անխուսափելի էին, մասամբ ձեռնտւ էին՝ ռուսներուն նոր գրաւած մասերը շէնցնելու համար, մասամբ ալ կը կատարուէին հայ զօրավարներու դրդումով ու ղեկավարութեամբ, մնացած ժամանակը ռուս պետական մարդիկը հաշտ աչքով չեն նայած հայերու կեդրոնացմանը հայ սահմաններուն մէջ: Ի հարկէ չեն ցանկար անոնք Կովկասը առանց հայութեան. հայերը պիտանի ապրանք են ու յարմար առիթ՝ նոր արշաւանքներու միջոցին, այլ եւ անհրաժեշտ են թուրքին, թաթարին ու վրացիին դէմ կռուեցնելու համար, վերջապէս անհրաժեշտ են Կովկասի մէջ իբրեւ տնտեսական շատ կարեւոր գործօն մը, քանի որ դեռ ռուսները իրենք անկարող են ամէն բան իրենց ձեռքը առնելու: Առանց հայի չեն ցանկար, բայց չեն ցանկար եւ կեդրոնացած հայութիւն թէ՛ արտաքին քաղաքական խաղերէ զգուշանալով,- չէ՞ որ յաւիտենական հայկական հարց մը կայ մէջտեղը,- եւ թէ՛ ներքին քաղաքական պատճառով` ուժեղ, ընդունակ եւ խմբուած հպատակ տարրերը միշտ անհաճոյ են եւ գլխու-ցաւանք տիրապետողներուն համար: Այդ հոգեբանութեան արդիւնք է ռուսներուն սարքած Վանի հռչակաւոր կեղծ նահանջը վերջի պատերազմի միջոցին, որով քանդեցին թուրքահայութեան վերջին բոյնը եւ ցրիւ տուին Կովկասի բոլոր անկիւնները եւ աւելի անդին մինչեւ Րոստով ու Խարկով: Եւ այդ հոգեբանութեան արդիւնքն է, որ հիմա խորհրդային հայ հանրապետութիւնը իր դռները պինդ փակեր է Թուրքիայէն փախստական անտուն ու անտէր հայութեան երեսին, հայ բոլշեւիկը գործիք մըն է միայն, ինչպէս միշտ հայուն առջեւ Հայաստանի դռները փակողը Մոսկուան է: Եւ ի հարկէ պատահականութիւն չէ Տրոցկիներու եւ Չիչէրիններու պատրաստակամութիւնը այդ հայերը Վօլգայի ափերը եւ հիւսիսային բեւեռ տեղափոխելու. առաջարկը ինքնին, պարզ է, որ լուրջ չէր գործադրուելու տեսակէտէն, բայց չափազանց լուրջ էր հոգեբանութեան եւ ցանկութիւններու տեսակէտէն: Այսօրուան Չիչէրինները, երէկուան Ստալըբինները, եւ վաղուան գալիքները` բոլորն ալ պատրաստ են «օգնելու» հայ ժողովուրդին եւ նպաստելու, որ անիկա փռուի ամբողջ Կովկասի երեսին եւ Անդր-Կասպեան երկիրները: Թո՛ղ նուազեցնեն իրենց արժէքն ու թիւը իրենց հայրենի սահմաններուն մէջ, եւ թող երթան խառնակելու ու նօսրացնելու վրացական ազգաբնակութեան թիւը Վրաստանի մէջ եւ թաթարներու տոկոսային յարաբերութիւնը Ատրբէյջանի հողերուն վրայ: Ինչքան իրարու խառնուին, այնքան դիւրին է իրարու թշնամացնելը, իրարու հետ կռուեցնելը եւ մէկով միւսը սանձելը: Եւ հէնց այս վայրկեանիս ի՞նչ է պոլշեւիկներու ըրածը Կովկասի մէջ. թեւ կուտան հայ պաշտօնեաներուն, հայ տնտեսական ձեռնարկութիւններուն եւ հայ առեւտրականին Վրաստանի մէջ, վրացիներուն քաղաքական ուժ ու դիրք կուտան Բաքուի մէջ, իսկ թուրքերուն պաշտպանութիւն ու հողեր կուտան Հայաստանի մէջ: Ի հարկէ, այս բոլորը ազգերու «հաւասարութեան», «եղբայրութեան» եւ «անխտրականութեան» ուռուցիկ ու կեղծաւոր վերարկուներուն մէջ փաթթած: Իրականին մէջ հին արուեստն է: Ժողովուրդները ատելի կը դարձնեն իրարու, որ իրենք աւելի դիւրին կերպով տիրեն: Եւ այսպէս ալ ըլլալու է վաղը` ինչ ռուս կառավարութիւն ալ, որ յաջորդելու ըլլայ բոլշեւիկեան թագաւորութեան: Պակաս կ’ըլլան քիչիկ մը կեղծաւորութիւնը, պակաս կ’ըլլան քիչիկ մը սուտ ու խոշոր բառերը, ինչպէս եւ դերասանութիւնը, բայց ատիկա կ’ըլլայ նաեւ մեր ունենալիք բոլոր շահը` մնացածը կը մնայ նոյնը: Թուլացնել ամէն մէկուն ուժը իր հողին վրայ, խառնել բոլորը իրարու եւ կռուեցնել իրար հետ, ահա՜ հնաւանդ ու փորձուած դեղատոմսը: Եւ ռուսները բնականաբար ուրիշ կերպ վարուելու ալ ո՛չ հնար ունին, ո՛չ հաշիւ: Անոնք չէ, որ պիտի մտածեն հայու ու վրացիի շահն ու բարիքը: Ատոր համար չէ, որ անոնք եկեր են Կովկաս: Ամէն ազգ կը մտածէ ի՛ր դիւրութիւնն ու ի՛ր օգուտը: Մեր շահի ու վիճակի մասին կրնանք մտածել միայն մե՛նք: ⁂ Հայ ժողովուրդը իր հողէն կտրուելուն նպաստող երկրորդ պատճառը ռուս պետութեան բռնած հողային քաղաքականութիւնն է` իբրեւ բնական հետեւանք եւ գործադրութիւն փոքր ազգերու հանդէպ ունեցած իր ընդհանուր քաղաքականութեան: Ռուս կառավարութիւնը մէկ կողմէն մեր լաւագոյն հողերը կը տրամադրէ ռուս գաղթականներուն, հողային աւելի մեծ չափերով եւ պետական օժանդակութիւններով ու առանձնաշնորհումներով օժտուած, կամ կը պահէ տրամադրելի՝ գալիք ռուս գաղթականութեան տալու համար, իսկ միւս կողմէն ալ կը նպաստէ ընդարձակ հողերու կեդրոնացմանը թաթարներուն ձեռքը մեր սահմաններուն մէջ: Ցարական ռէժիմը կը յենուէր «ազնուականութեան» իրաւունքներուն վրայ, բոլշեւիկները կը գործեն «պրոլետարական» դիմակի տակ, իսկ վաղուան կառավարութիւնը կախուելու է իր նոր յարմարցնելիք հողային օրէնքներու առանձգական ծուէններէն: Ինչպէս յայտնի է` օրէնքները միայն այնքան կ’արժեն, ինչքան որ այդ օրէնքները գործադրող կառավարութիւնը արժեցնել ցանկայ, եւ ինչ չափով ու ինչ ձեւով որ արժեցնել ուզենայ: Իրողութիւնը այն է, որ հայ գիւղացին շատ քիչ հող ունի, եւ անբաւական, եւ վատ հողերը: Եւ երբ իր գիւղին ու արտին կից գտնուող հողերը կը բաշխուին եկւոր ռուսներուն կամ կը մնան նոյնիսկ առանց օգտագործման զանազան բէգերու ձեռքը, հայ ժոցովուրդը կը գաղթէ մինչեւ անգամ Շիրակի դաշտին նման համեմատաբար հացառատ կեդրոններէն` ա՛լ ի՜նչ ըսելու բան կը մնայ միւս աւելի աղքատ ու աւելի բարձր տեղերու մասին, ուր հազիւ մէկէն եօթը բերք կը ստացուի «լաւ» տարին: Այսպէս էր երէկ, եւ այսպէս է այսօր: Լրագիրները վերջերս կը պատմէին, որ Զանգեզուրի ժողովուրդը սկսեր է պանդխտել դէպի Բագու եւ Անդրկասպեան երկիրները «քաղաքական ու տնտեսական» պատճառներով: Այսպէս ալ ըլլալու է վաղը` կը փոխուին ճնշումներու, կողմնապահութեան ու հալածանքի արտաքին անունները, բայց էականը կը մնայ նոյնը, հայ ժողովուրդը իր հողին վրայ օր օրի կը դառնայ անհող ու սակաւահող, որով եւ չի կրնար մնալ իր հողին վրայ: ⁂ Հայուն իր հողէն կտրուելուն երրորդ պատճառը ռուս պետութեան ընդհանուր անհոգութիւնն է, ու անկարողութիւնը՝ իր հեռաւոր «Ծայրագաւառներու» տնտեսական հոգածութեան հանդէպ: Ռուս պետութիւնը ո՛չ ժամանակ, ո՛չ հետաքրքրութիւն եւ ո՛չ ալ միջոց ունի իր լայնածաւալ տիրապետութեան բոլոր անկիւններուն հոգը քաշելու, ոչ միայն հիմա իր արդի քայքայուած տնտեսութեամբ, պարապ քսակներով եւ անկար մարդիկներով, այլ եւ իր «լաւագոյն օրերուն»: Ան միշտ աչքի առաջ է ունեցած այն կէտերն ու մասերը, որոնք մասնաւոր տնտեսական կարեւորութիւն մը կը ներկայացնեն ռուս պետութեան համար, շահագործուելու նպատակով: Անոր համար ի՜նչ արժէք կրնան ունենալ տեղական ժողովուրդներու կարիքներն ու ցաւերը, ա՛ն ալ Հայաստանի նման ո՛չ մէկ մասնաւոր հրապոյր չունեցող լեռնոտ ու սահմանամերձ գաւառներուն մէջ: Ռուսաստանի ներքին նահանգներուն մէջ մտցուցած ընդհանուր բարենորոգութիւններէն մէկ մասը միայն, եւ ան ալ թերի ու կրճատ կերպով, մտած է Կովկաս: Եւ Կովկասի մէջ առնուած այդ քանի մը կիսատ քայլերէն ալ հայկական գաւառներուն միշտ շատ քիչ բաժին է հասած: Ամէն լաւ ձեռնարկի վերջին ալիքներուն վերջին փշրանքները միայն հասած են մեր անհետաքրքիր սարերը, ուր տնտեսութիւնը մնացած է իր հին խեղճ վիճակին մէջ, մինչ տնտեսական արտաքին պայմաններուն ճնշումը եւ ապրելու դժուարութիւնը շեշտուած է օր օրի: Ահա՜ այդ ճնշումն ու խեճութիւնն է, որ միացած հողի պակասին դուրս կը քշէ հայ տարրը իր բնագաւառէն դէպի կովկասեան տնտեսապէս աւելի բախտաւոր մասերը, իր հացը հանելու յոյսերով ու որոնումով: ⁂ Հայ տարրի ցրուելուն նպպաստող չորրորդ պատճառն է հայ երկրի կուլտուրական յետամնացութիւնը, որ ամէն տեղ զոյգ կ’երթայ տնտեսական խեղճութեան ու լքուածութեան: Մասամբ կեանքի յարմարութիւններէ դրդուած, մասամբ իրենց զաւակներուն աւելի բարձր կրթութիւն մը տալու ձգտումով, նիւթականապէս քիչ շատ ապահովութիւն ունեցող ընտանիքներէն շատերը «գաւառէն» կ’անցնին Թիֆլիս, կամ նոյնիսկ աւելի հեռուները, մինչեւ Մոսկուա ու Պետերբուրգ: Նոյն հետեւանքին կը բերէ զանազան պետական կամ մասնաւոր պաշտօններով, գործերով, հացի խնդրով Ռուսաստանի զանազան կողմերը ղրկուիլը, քանի որ իր հողին վրայ ո՛չ այդ հաստատութիւնները կան, ո՛չ այդ գործերը, ո՛չ ալ այդ պաշտօններն ու ռոճիկները: Ինչպէս ցարերու ժամանակ, այնպէս ալ բոլշեւիկեան դրախտին մէջ, «բարձր» մտաւորականութիւնը կը փախչի Հայաստանէն, որովհետեւ «կը խեղդուի այդ գաւառական մթնոլորտին մէջ», միջակ մտաւորականութիւնը նմանապէս, որովհետեւ կը ձգտի բարձր մտաւորականութիւն դառնալու: Եւ այսպէս ալ պիտի ըլլայ վաղուան Հայաստանին մէջ, ինչքան ժամանակ, որ Հայաստանը իրապէս ըլլայ մէկ «գաւառը» մեծ Ռուսաստանի, ինչքան ժամանակ, որ Թիֆլիսը ըլլայ կովկասեան կեդրոնը մեծ ռուսական պետութեան, ինչքան ժամանակ, որ Բաքուն ըլլայ արդիւնագործական եւ հարստագործական քաղաքը, միեւնոյն պետութեան սահմաններուն մէջ: ⁂ Ուրիշ խօսքով, հայերը իրենց երկրէն քշող, ցրող ու գաղթեցնող չորս գլխաւոր պատճառներն ալ կ’առաջանան նոյն հիմնական պատճառէն, այսինքն՝ որ Հայաստանը կը կազմէ մեծ ռուսական պետութեան մը մէկ մասնիկը: Եւ ինչքան ժամանակ, որ Հայաստանը իրականապէս Ծայրագաւառ մը ըլլայ Ռուսաստանի, այդ պատճառներն ալ շարունակ գործեն պիտի եւ այս կամ այն աստիճանի արգելք պիտի ըլլան հայ ժողովուրդի իր մայր հողի վրայ խմբուելուն, մեր թուական կեդրոնացմանը: Սա իրողութիւն մըն է, որ ամէն հայ պարտական է պարզ եւ յստակ ըմբռնելու: Դաժան իրականութեան հանդէպ աչք գոցելով, բոլշեւիկները գեղեցկացնելով կամ վաղուան Ռուսաստանին վրայ աղուոր ու աժան յոյսեր դնելով՝ ոչինչ չենք շահիր: Ռազմական խաղերը, ռուս պետական հաշիւներն ու ձգտումները, անոնց կառավարական ու կուսակցական նեղսրտութիւններն ու վախերը միշտ ալ ըլլան պիտի, միշտ ալ նեղեն, սեղմեն ու ճնշեն պիտի մեզի, երբեմն սուր ու ակնյայտնի, երբեմն ծածուկ ու քօղարկուած, օր մը աւելի մեղմ ու հաշտ, օր մը աւելի անողոք ու դաժան` նայելով մայր Ռուսաստանի տափաստաններուն վրայ փչող քաղաքական քամիներուն: Օր մը շատ, օր մը քիչ, բայց միշտ յարատեւ, ինչ ձեւի ու ինչ գոյնի ալ որ ըլլայ կառավարութեան հագած գտակը, վայրագութեան շառլախ կարմիրէն սկսած մինչեւ մեռելատիպ ճերմակը: Հայ ժողովուրդի տեւական արտահոսութեան առաջն առնելու եւ ընդհակառակը, ներհոսանքը նպաստաւորելու միակ միջոցը, միակ իրական պայմանը, Հայաստանի անկախացումն է եւ Կովկասի ազգայնացումը: Պէտք է Թիֆլիսը դառնայ վրացական քաղաք, Բաքուն ատրբէյջանեան, որ հայերը ուզեն չուզեն ստիպուած ըլլան քաշուելու իրենց մնացած հայ հողին վրայ: Պէտք է հայ երկրին մէջ հայ վարչութիւն մը, որ հոգայ ու գործադրէ բոլոր միջոցները հայ գիւղացիին տնտեսութիւնն ու ապրուստը գոնէ այնչափ մը բարելաւելու, որ խցուին հայութիւնը դուրս քամող ծակերը: Ոչ մէկ ուրիշ վարչութիւն, ով ալ կ’ուզէ ըլլայ, այդ հոգը չի ունենար եւ չի կրնար առնել իր վրայ, ամէն բանի մասին կը մտածէ, բայց հայ տարրը հայ հողէն չբաժնելու մասին չի կրնար մտածեր, որովհետեւ ատիկա զուտ հայ մտածմունք է, զուտ հայկական պահանջ, եւ միայն հայու գոյութեանը համար կենսական ու հիմնական պայման: Հետեւաբար, ով որ իրօք համոզուած է, թէ ամենաառաջին պայմանն է ատիկա մեր ժողովուրդի ձգտումներուն իրականացմանը, եւ ով որ իր սրտին խորքը արդէն խաչ չէ քաշած ամէն հայ ապագայի ու ամէն հայ ձգտումի վրայ, բնական կերպով փարի պիտի անկախութեան գաղափարին` ուրիշ ելք չունի: Գոնէ այնքան անկախութիւն մը, որ իրաւունք ունենանք մեր գաղթականութեան առջեւ բանալու մեր հայրենիքին դռները, գոնէ այնքան անկախութիւն մը, որ կարող ըլլանք մեր ժողովուրդի հողային խնդիրը արդար ու բնական լուծման մը ենթարկելու, մեր աշխարհի տնտեսական բարձրացմանը համար մտածել եւ աշխատիլ կարողանալու, եւ այս բոլորի հետեւանքով գործ, հաց եւ հրապոյր ստեղծելու նաեւ մեր մտաւորականութեան համար իր աշխարհին մէջ, իր հողին վրայ: Հայ ժողովուրդի թուական կեդրոնացումը հնարաւոր է միայն անկախութեան ժամանակ եւ անկախութեան ձգտելով: === Գ. ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ === Հայաստանի արդի «կորիզը» տնտեսապէս ողորմելի վիճակի մը մէջ է, գրեթէ մուրացկան: Եթէ այս աստիճան քայքայման ու թշուառութեան պատճառը վերջին տասնամեակի պատերազմական ու յեղափոխական տակնուվրայութիւնն է, յամենայն դէպս մինչեւ պատերազմ ալ գիտենք, որ Կովկասի հայկական գաւառներու տնտեսութիւնը երբեք ալ չէ եղած փայլուն, գոնէ բաւարար, այլ միշտ խեղճ ու աղքատ տնտեսական ընդհանուր վիճակ մը, եւ չարքաշ ու ծայրը ծայրին չեկող ապրուստ մը՝ իբրեւ ընդհանուր պատկեր: Ինչո՞ւ համար: Չէ՞ որ մեր սարահարթերը առաջնակարգ նպաստաւոր պայմաններ ունին անասնապահութեան համար, կաթնատնտեսութեան համար, մեղուաբուծութեան համար, չէ՞ որ մեր աշխարհի հացահատիկը կը բաւէ իրեն, եթէ բոլոր տրամադրելի հողերը օգտագործուին ինչպէս պէտք է, եւ եթէ ընդարձակ ու յարմար տարածութիւնները տրամադրելի դառնան, որոնք հիմա ինկած են խոպան ու անջրդի, չէ՞ որ մեր երկիրը գովուած է իր այգիներով, բանջարանոցներով, ընտիր է իր գինին, իր ոգելից ըմպելիներու համբաւը հասած է շատ հեռուներ, եւ յաջող են եղած իր պտուղները կոնսերվի վերածելու փորձերը, եւ չեն պակսիր նաեւ կապիտալին սիրելի բոյսերը՝ բամպակ, բրինձ եւ ծխախոտ: Չէ՞ որ այս բոլորի արտադրութիւնը հնարաւոր է արդիւնագործել անմիջապէս հէնց տեղն ու տեղը թէ՛ տեղական պէտքերու համար եւ թէ՛ շրջակայքի արտահանութեան: Նոյնն է հարցը եւ պղինձի, աղի ու քարածուխի վերաբերմամբ. մանաւանդ, որ գործարանային աշխատանքի համար մեր երկիրը բացառիկ կերպով նպաստաւորուած վայրերէն է «ճերմակ ածուխի» տեսակէտէն: Եւ չէ՞ որ վերջապէս, այդ բոլոր ձեռնարկութիւններուն համար հարկ եղող դրամագլուխն ու մասնագէտը չէ որ պակսեր է մեզի` Թիֆլիզ, Բաքու եւ ամբողջ Կովկասի մէջ արտադրական, արդիւնաբերական ու ֆինանսական բոլոր գործերու ու հաստատութիւններու մէջ շատ խոշոր տոկոս մըն է կազմած միշտ հայ մասնագէտն ու հայ արդիւնաբերողը: Այս ինչուին պատասխանող պատճառները նոյնն են ու համապատասխան՝ մեր ժողովուրդի թուական կեդրոնացմանը արգելք եղող պայմաններուն: ⁂ Նախ՝ ժողովուրդը բաւական հող չունի իր ապրուստին համար, որովհետեւ քաղաքական նկատումներով լաւ եւ ընտիր հողերը կը տրուին օտարներուն եւ պէտք է տրուին օտարներուն, ինչքան ալ որ արտաքին երեւոյթները փոփոխուին: Որովհետեւ ընդարձակ սարահարթեր կը ծառայեն ու յատկացուած են Կուրի հովիտներէն եւ աւելի հեռուներէն ամառները իր հօտերը վեր քշող քոչւորներու եայլախին, եւ զանազան պատճառներով տիրող տարրին ձեռնտու է, որ այդպէս մնայ: Որովհետեւ կարեւոր եւ ընտիր տարածութիւններ կը մնան անջրդի, քանի որ ռուս պետութեան խոշոր հաշիւներուն մէջ լրջօրէն տեղ բռնել չի կրնար Արարատեան պզտիկ դաշտերու ոռոգումով զբաղուիլը: Անիկա նոյնիսկ պատրաստ է առանց վարանքի, եղած դաշտերն ալ չորցնելու՝ Արաքսի ջուրերով Մուղանի ընդարձակ անապատը ոռոգելու համար, որը արդէն բացառիկ արժէք եւ բացառիկ շահաւէտ ձեռնարկ մըն է մեծ պետութեան մը համար: ⁂ Երկրորդ՝ ժողովուրդն ու երկիրը պէտք եղած տնտեսական հոգածութիւնը չեն ստանար իրենց բազմադիմի կարիքներուն համար: Պետրոգրատն ու Մոսկուան կը հետաքրքրուին մեր պատառ մը «անպէտք» հողով էապէս միայն իբրեւ սահման, որուն բոլոր կարեւորութիւնը ռազմական է միայն, ատոր համար ալ միլիառներ կը ծախսուին Կարսի մը համար, որու ամրութիւններուն կէսն անգամ պաշտպանելու հերիք չէր Հայաստանի Հանրապետութեն ամբողջ ընդհանուր զօրակոչի ենթարկւած բանակը, եւ ուր ամբարուած թնդանօթային ռումբերը տասնեակ մը տարի լիովին հերիք էին մեզի, պայմանով, որ շարունակ կռուի մէջ ըլլայինք: Ատոր համար ալ մեր հողին վրայ շինուած երկաթուղային գծերը չեն շինուած, տեղային պէտքերն ու պայմանները աչքի առաջ ունենալով կամ տնտեսական վիճակի բարձրացմանը յարմարուելու կամ նպաստաւորելու համար: Ասոնք շատ միամիտ ու ծիծաղելի դատողութիւններ են: Այդ գիծերը շինուած են դէպի Թաւրիզ ու դէպի Կարին արշաւող բանակներու պէտքերուն համար եւ ուրիշ ոչինչ` Թիֆլիզը Թաւրիզին կապող երկաթուղային գիծը, որ Երեւանի քիթին տակէն կ’անցնի, Երեւան չի մտներ: Հայ հողերն ու հայ պէտքերը, ո՛չ միայն Պետրոգրատի ու Մոսկուայի, այլ նոյնիսկ Կովկասի կեդրոնական վարչութեան համար միշտ եղած են խորթ զաւակ, շատ անգամ նաեւ չսիրուած ու ատելի: Այդ Թիֆլիզ նստող ռուս կեդրոնական վարչութիւնը բազմակողմանի պատճառներով իր գլխաւոր ուշադրութիւնը իր անմիջական շրջապատին վրայ էր ուղղած, հիմա ալ հոն է ուղղած եւ միշտ ալ հոն պիտի ըլլայ ուղղած, որովհետեւ բոլոր միւս պատճառները մէկ կողմ թողած, մեծ Ռուսաստանի համար Կովկասի գլխաւոր տնտեսական զարկերակը Կուրի եւ Ռիոնի հովիտներովը կ’անցնի, եւ այդ առաջնակարգ կարեւորութեան արտայայտիչն է ԲաքուԹիֆլիզ-Բաթում երկաթի գիծը, որը ծնունդ է ո՛չ թէ ռազմական, այլ տնտեսական անհրաժեշտութեան: Մեր երկիրը խորթ զաւակ է եղած եւ չսիրուած ու ատելի, նոյնիսկ տեղական պաշտօնէութեան համար, տեղական երկրորդական վարչութեան: Հեռուներէն եկող օտար պաշտօնեան, եւ յաճախ դիտմամբ ամէն տեսակի գոյնզգոյն ազգութիւններէ ընտրուած, եւ այդ ազգութիւններու վատհոգի տարրերէն ու տականքէն, միշտ մէկ մտահոգութիւն ունի միայն, որու համար եւ եկեր է` հարստանալ: Հո՛ն, ուր հարստանալու, կաշառուելու, կողոպտելու նիւթ կայ եւ հնարաւորութիւն, այդ երկւորներուն համար սիրելի կը դառնան ե՛ւ երկիրը ե՛ւ ժողովուրդը, ե՛ւ մարդիկը կ’ընեն ինչ որ իրենց ձեռքէն կուգայ ե՛ւ տեղացիին հաշուին համար ե՛ւ իրենց գրպանին: Իսկ հո՛ն, ուր մեծ բան մը չկայ խլելու, մեծ գործեր չկան, որ իրենք ալ «իւղոտուին», այդ օտարականները, որոնց ձեռքն է տեղային վարչութիւնը, կը դառնան չար եւ իրենց սրտնեղութիւնը կը հանեն դժբախտ ժողովուրդէն: Ասոր մէջն է նաեւ անոնց մեզի դէմ ունեցած ատելութեան ու արհամարհանքին գլխաւոր պատճառներէն մէկը: Եւ ասիկա ընդհանուր երեւոյթ է ամէն տեղի համար, ուր տիրող ու տիրուած կայ, միայն հայի ու ռուսի հարց չէ: Եւ ահա՜ այս հոգեբանութեամբ օտար մարդը, այսպէս դժգոհ ու հակառակ տրամադրուած, ի՜նչ խնամք, ի՜նչ հոգածութիւն կրնայ ունենալ տեղական տնտեսութեան բարձրացմանը համար, եւ կամ ի՜նչ մտածում ժողովուրդի ցաւերուն, խեղճութեան ու կարիքներուն հանդէպ: Ծիծաղելի է նոյնիսկ խօսիլը այդ մասին: Ցարէն, Դումաներէն, Դումաներու քուլիսներէն, Լէնինէն, Ցէքա-ներէն ու Չէքա-ներէն սկսած մինչեւ Կովկասեան կեդրոնական վարչական խողովակները եւ մինչեւ նահանգային ու գաւառակային տեղական մարմիններն ու պաշտօնեաները` բոլորն ալ վերջ ի վերջոյ բան մը առնելու, բան մը տանելու, բան մը շահելու մասին կը մտածեն, մէկը պետական տեսակէտով, միւսը անձնական: Եւ եթէ պետական ընդհանուր տրամադրութիւններուն կամ հաշիւներուն հետեւելով կ’առնուին որոշ քայլեր տեղական տնտեսութեան այս կամ այն մասը բարելաւելու ու կարկտելու նպատակով, այդ բոլորը կը կատարուի անհոգի, անկեանք, անհետեւողական եւ աւելի ձեւական կերպով, ուրկէ ի հարկէ լուրջ արդիւնք առաջանալ չի կրնար: Եւ օգտուողներն ալ սովորաբար կ’ըլլան կամ տեղական օտարները կամ հայերուն մէջէն ալ հանրային տեսակէտով ամենէն անպիտան ու անհամակիր տարրը, որովհետեւ հոս ալ մեծ դեր կը խաղան կաշառքն ու կապերը: ⁂ Դրամագլուխը արագ աճիլ սիրող բացիլներէն է, եւ ուր հնար ու միջոց կայ արագ ու դիւրին բազմապատկուելու՝ հոն կը դնէ իր ուռեցքը: Հայաստանի նման ետ ինկած, ետ քաշուած, աղքատ ու չի հոգացուող գառաւական անկիւն մը ի՞նչ հրապոյր կրնայ ներկայացնել արդիւնաբերողին եւ ի՞նչ դրդում առեւտրականին ու միջնորդին: Արհեստանոցները, գործարանները, մեծ ու պզտիկ առեւտրական հաստատութիւնները, սեղանաւորական տները ուզենչուզեն կը վազեն դէպի վարչական ու տնտեսական կեդրոնները եւ ապրանքներու շարժման հանգոյցը եղող կէտերը. արդիւնաբերութեան որոշ տեսակներն ալ, որոնք իրենց բնութեամբ չեն կրնար այդ կեդրոններուն շուրջը խմբուիլ` գոնէ կը ջանան կարելի եղածին չափ մօտիկ մնալ դէպի այդ կեդրոնները երկարող երկաթ գծին: Եւ հետեւանքը այն կ’ըլլայ, որ հայ շնորհքը, հայ աշխատանքը, հայ մտածումը, հայ արհեստն ու արուեստը կը հոսին դէպի Կուրի ու Ռիօնի հովիտները, կը կեդրոնանան Թիֆլիզ, Բաքու եւ Բաթում, ընդհանրապէս Վրաստան ու Ատրբէյջան, եւ կը չորցնեն Արաքսի հովիտը: Անոնց հողին վրայ կը շատնան հայ ձեռնարկութիւնները, հոն տեղի հայերը կը հարստանան, կը տիրանան հողերու, կալուածներու, շէնքերու, ձայն ու ազդեցութիւն ձեռք կը բերեն հոն հանրային գործերուն մէջ, որով եւ նախանձ ու խոր ատելութիւն կ’առաջացնեն վրացիին ու ատրբէյջանցիին հոգիին մէջ հայուն հանդէպ: Այսպէս է, որ մեր աշխատանքը, շնորհքը եւ մտաւորական ուժերը կ’երթան շէնցնելու եւ արդիւնագործելու օտարներուն երկիրը, քաղաքները, կը ծառայեն մեր հարեւաններու տնտեսուեան բարձրացմանը, զրկելով մեր մայր ժողովուրդը, խլելով մեր ժողովուրդին ուժերը, եւ այդ բոլորի փոխարէն ատելութիւն ու թշնամութիւն առաջացնելով մեր ժողովուրդի հասցէին: Այդպէս ալ հայ առեւտրականը, փոխադրողն ու միջնորդը ոչ թէ հայ բերքն է, որ կ’արտահանէ եւ դուրսերէն բերած ապրանքն ալ Հայաստանի համար չէ` կը ծառայէ ու կ’աշխատի Կովկասի համար, Ռուսաստանի համար, Պարսկաստանի համար: Եւ իր դիրքն ու յաջողութիւնն ու հարստութիւնը պարտական է ընդարձակ Ռուսաստանին եւ ռուսական մեծ ու միահեծան պետութեան, որով եւ իր հոգիովը կապուած է ռուսին ու անոր տիրապետութեանը, եւ բնականէն ու խորունկէն հակառակորդ է կովկասեան երկիրներու առանձնացման ու ազգայնացման գաղափարին: Վրաստանի ու Ատրբէյջանի մէջ մնալ կարողանալու եւ շահիլ կարողանալու համար անհրաժեշտ է, որ ռուսը ըլլայ հոն իր բանակներովն ու իր օրէնքներովը: Ի՞նչ զարմանք, երբ վրացին ու թաթարը հայութիւնը իբրեւ հակառակորդ ու արգելք կը նկատեն իրենց անկախութեանը, դատելով ամբողջ հայութիւնը իրենց մէջը եւ իրենց ուսին նստած հայերէն: Իսկ մանր վաճառականն ու խանութպանը իրենց ճարպիկութիւնն ու գձձութիւնը կը պտտցնեն Կովկասի սահմաններէն ալ անդին, հարաւային Ռուսաստանի բոլոր կարեւոր կեդրոնները եւ հարաւային գծերու բոլոր կայանները, ամէն տեղ ահագին պրոպագանտ մղելով հայու անուանը, իբրեւ խարդախ, «չարչի» ու կողոպտող ժողովուրդ: Ասիկա է մայր հայրենիքին տուած անոնց միակ որդիական տուրքը: Պատկերը կը լրանայ, եթէ այս բոլորի վրայ աւելցնենք իր անբաւարար հողովը իր ապրուստը հոգալու անկարող գիւղացին, որ կ’երթայ Բաքու, Բաթում ու Սեւ ծովու ռուսական նաւահանգիստները «մշակ» դառնալու, այսինքն՝ օրը օրին ապրող եւ սեւ աշխատաւոր: Եւ տարիներու տաժանելի աշխատանքէ ու կեանքէ մը ետքը իրեն հետ իր գիւղը կը բերէ միայն սեռային հիւանդութիւններ, կեղտոտած ու այլանդակուած վարք ու բարք եւ խառնափնդոր դատողութիւններ, իսկ դրամ՝ շատ չնչին: Ուրիշ խօսքով, հայ աշխատող ժողովուրդի բոլոր դասերը երկրէն դուրս կը հոսին ուրիշ ժողովուրդներու եւ ուրիշ երկիրներ տանելով իրենց ուժն ու աշխատանքը, իրենց խելքն ու ստեղծագործութիւնը, առանց ոեւէ օգուտի հայ ժողովուրդի համար, հայ հողին ու հայ տնտեսութեանը. ընդհակառակը, ամէն տեղ կամ վարկաբեկելով հայու անունը եւ արհամարհանք առաջացնելով, կամ տնտեսական նախանձ ու ատելութիւն սերմանելով եւ քաղաքական թշնամութիւն՝ դէպի հայ ժողովուրդը: *** Մեր լրագրութեան մէջ երեւցեր են միշտ հոս ու հոն առաւել կամ նուազ շեշտով բարի խրատներ, քարոզներ, թէ հայ կապիտալը «պէտք է» երթայ հայ գաւառները, թէ հայ արդիւնագործութիւնը «պէտք է» աշխատի հայ ժողովուրդի համար, եւ հայ ուժերը «պէտք է» ջանան հայ տնտեսութիւնը բարձրացնելու: Այս սիրուն ու դժբախտ «պէտք է»-ները դեռ ասկէ ետքն ալ երեւի շատ պիտի կրկնուին մեր գալիք գաղութային թերթերու սիւնակներուն մէջ, միշտ ալ առանց համոզմունքի եւ առանց հաւատքի, յամենայն դէպս առանց հետեւանքի: Որովհետեւ, եթէ մեր ինժիներները, գործավարներն ու գործատէրերը, կալուածատէրերն ու խանութպանները զուտ ու մաքուր կորուստ մըն են մայր հողին ու ժողովուրդին համար, յաճախ չարիք մըն են եւ անգիտակից թշնամութիւն մը նոյն այդ մայր ժողովուրդի հասցէին, յամենայն դէպս պարտական ենք շեշտելու, որ այդ կորուստը, չարիքն ու թշնամութիւնը անոնք կը գործեն անկախ իրենց կամքէն: Անոնք ուրիշ կերպ վարուիլ չեն կրնար` տնտեսութիւնը իր օրէնքներն ունի, եւ սիրուն խրատները լուրջ բան մը փոխել չեն կրնար մեր անբնական պայմաններուն մէջ: Որպէսզի հայ աշխատանքը հայ տնտեսութեան եւ հայ երկրին համար աշխատի «պէտք է» փոխուի այդ անբնականութեան արմատը, «պէտք է» փոխուին մեր ժողովուրդի հիւանդ վիճակը առաջացնող պայմանները: Ինչքան ժամանակ, որ Կովկասը մէկ մասն է ռուսական տիրապետութեան, ինչքան ժամանակ, որ Թիֆլիզը կեդրոնն է կովկասեան ռուս վարչութեան, Բաքուն աշխատանքի գլխաւոր կեդրոնը ռուս մեծ պետութեան ձեռքին տակ եւ Բաթումը գլխաւոր դուռը նոյն մեծ պետութեան, եւ ինչքան ժամանակ, որ մեր խեղճ «կորիզը» ետ ինկած ու աչքէ ինկած եւ սրտէ ինկած գաւառական խուլ անկիւն մըն է ընդարձակածաւալ պետութեան փէշին մէկ ծայրիկը, վերի տնտեսական պայմաններէն ոչինչ փոխուիլ չի կրնար: Այսպէս եղեր է շատ բնական կերպով եւ այսպէս պիտի շարունակուի շատ բնական եւ անխուսափելի կերպով: Այս պայմաններուն տակն անգամ, անշուշտ, կարելի է առնել թերատ ու արուեստական որոշ քայլեր, որոնք արհամարհելի չեն եւ պէտք է առնւին, բայց ատոր համար անհրաժեշտ է գոնէ հոգեբանական խորին փոփոխութիւն մը, սեփական հայրենիքի ուժող զգացում ու գիտակցութիւն եւ ուժեղ վճռականութիւն մը զոհաբերութեան այդ հայրենի անկիւնին համա՛ր ու անկիւնին մէ՛ջ աշխատելու, որ ուրիշ բառերով ըսել է անկախութեան ձգտում: Ուպէսզի հայ աշխատանքը կեդրոնանայ Հայաստան, հայ աշխատաւորները հաւաքուին իր ծնող ժողովուրդին ծոցը, որպէսզի մեր բնական ուժերն ու հարստութիւնները մշակուին ու արդիւնագործուին, առեւտրականը սկսի իր մագոգի երթեւեկը Հայաստանէն ներս ու դուրս, որպէսզի մեր հողին վրայ գործարաններ ու աշխատանոցներ բացուին, քսենօֆօնեան գիւղերը հողին տակէն վեր բարձրանան, քաղաքներ հասուննան, հողային աշխատանքի նախապատմական ձեւերուն նոր գիտութիւնը օգնութեան հասնի, հողերը աւելի արդար բաժնուին ու ոռոգուին եւ օգտագործուին, որպէսզի տնտեսական նոր պահանջներ ու նոր ճամբաներ բացուին հայ շնորհքին ու մտքի աշխատաւորին առջեւը` ամենէն առաջ «պէտք է», որ Հայաստանը ըլլայ անկախ: Գոնէ այնքան անկախ, որ ինքը կարողանայ տնօրինել իր հողային հարցերն ու տնտեսական կարիքները, եւ իր տնտեսական ու վարչական խնդիրներու լուծումը կախուած չըլլայ Պետրոգրատի ու Մոսկուայի հրահանգներէն եւ Թիֆլիզի հրամաններէն: Առանց այս հիմնական «պէտք է»-ին՝ բոլոր միւս «պէտք»ները դատապարտուած են բարի ցանկութիւններու սահմանէն դուրս չի գալու: Եւ Հայաստանի «վերաշինութիւնը», որը հնարաւոր է միայն հայ տնտեսական ուժերու եւ հաստատութիւններու հայ հողի վրայ կեդրոնացումովը, պարզ ինքնախաբէութիւն մըն է եւ սին խօսք մը կը դառնայ առանց այդ անկախութեան: === Դ. ՄՏԱՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ === ==== I. Մեր մտաւոր ուժերու կորուստը ==== Մեր հայրենիքի «կորիզը» խեղճ ու կրակ վիճակի մը մէջ է ու կ’ապրի հիւանդ ու զուրկ կեանքով մը, ոչ միայն տնտեսապէս, այլ ընդհանրապէս ե՛ւ կուլտուրական ե՛ւ հոգեկան հարստութիւններու տեսակէտէն: Իր հողին ու տեղին կապուած մնացեր է նորէն գիւղացի դասը եւ տեղական մանր աշխատաւորը, մինչդեռ ժողովուրդի մտաւորականութիւնը, այսինքն՝ աւելի բարձր մտաւոր ու տնտեսական դիրքերու հասած մասը, միեւնոյն ժամանակ ժողովուրդի ղեկավար դասը կը կազմէ, ան իր ստուար մեծամասնութեամբը հեռու կ’ապրի մայրենի միջավայրէն, առաւել կամ նուազ չափով կտրուած իր ժողովուրդէն: Ամենէն առաջ հացի խնդիրը. կրթութիւն ստացած մարդը կամ պաշտօնեայ է դառնալու կամ առեւտրական-արդիւնաբերական գործերու մէջ եւ կամ ազատ արուեստի աշխատաւոր, եւ ստիպուած է երթալու հոն, ուր իր գիտութեան ու պատրաստութեանը յարմար գործեր կան ու հաստատութիւններ: Իսկ այդ հաստատութիւնները հոն են, ուր վարչական կեդրոնն է, պետական եռուն կեանք կայ, տնտեսական կենդանի գործունէութիւն, եւ ուր ահագին բազմութիւն կ’ապրի խռնուած, եւ բազմութիւն մը, որ աւելի բարձր քաղաքակրթական կեանք ու բարդ պահանջներ ունի: Տնտեսապէս յետնեալ եւ վարչապէս գաւառական միջավայրը չի կրնար ապրեցնել իր մտաւորականութիւնը` ո՛չ հարկ եղած գործը կայ, ո՛չ անհրաժեշտ հաստատութիւնները եւ ո՛չ ալ խմբուած բազմութիւն, մանաւանդ, երբ այդ մտաւորականութիւնը ոչ իր որակով, ո՛չ ալ քանակով արդիւնքը չէ տեղական համեստ պէտքերուն, այլ ծնունդն է մեծ պետութեան մը մեծ չափերով պահանջներուն: Հացի խնդրին զոյգ կ’երթայ վայելքի խնդիրը: Մեծ քաղաքակրթական կեդրոններու կեանքը տեսած եւ ապրած մարդու համար շատ պահանջներ կան, ուրկէ այլեւս հրաժարիլ չի կրնար: Ապրուստի որոշ յարմարութիւններ, կենցաղի ձեւեր, իր նմաններու շրջանակին մէջ ըլլալու ցանկութիւն եւ ընդհանրապէս ընկերութեան մէջ ըլլալու, տեսնւելու, խօսելու, շփուելու պահանջ, ինչպէս եւ թատերական, երաժշտական, գեղարուեստական եւ այդ կարգի զուարճութիւններու որոնում` ինչ որ, մէկ խօսքով, կ’անուանենք քաղաքի մթնոլորտ, մանաւանդ մեծ քաղաքի: Մտաւորական մարդուն համար այս բոլորէն զրկուիլը շատ է զգալի, եւ չափազանց մեծ պիտի ըլլայ իր ժողովրդական սկզբունքներուն ուժը, որ կամովին հրաժարի այդ բոլորէն, գաւառական անկիւն մը քաշուելու համար, եւ ատոնք ալ ի հարկէ միշտ պիտի կազմեն մատի վրայ համրուող բացառութիւն մը: Հացին ու վայելքին կ’աւելնայ սովորաբար կրթութեան խնդիրը, իր տղոցն ու աղջիկներուն աւելի «լուրջ» գիտական ու գեղարուեստական կրթութիւն մը տալու կամ իրական կամ մօտայական պահանջը, որը ի հարկէ գոհացնել կարելի չէ Հայաստանի քաղաք կոչուող մեծ գիւղերուն մէջ, ուր ո՛չ բարձրագոյն վարժարաններ կան, ո՛չ կոնսերվադուար, ո՛չ ալ մարդավարի ուսուցիչ մը կարելի է ճարել դաշնակի, ջութակի, նկարչութեան կամ երգի: Եւ ինչքան ժամանակ, որ մեր հայրենիքը չունի իր առանձին հայ կառավարութիւնը, վարչական հայ մեքանիզմը, իր քաղաքները, իր սեփական տնտեսութիւնը, իր պետական, դատական, կրթական հայ հաստատութիւնները, մեր մտաւորականութեան համար չէ ճարուելու իր հայրենի հողին վրայ իրեն անհրաժեշտ եղող գործը, իրեն անհրաժեշտ եղող կեանքն ու ընկերութիւնը: Եւ մեր պատրաստուած, կրթուած, ձեռնարկող, ընդունակ մարդիկը միշտ պէտք է լքեն մայրենի հողը եւ պէտք է երթան աշխատելու ու ծառայելու ուրիշ ժողովուրդներու եւ ուրիշ աշխարհներու օգտին: Ինչքա՜ն, ինչքա՜ն մարդիկ տուած ենք ու կուտանք տնտեսական, վարչական, զինուորական, գիտական ու գեղարուեստական բոլոր ճիւղերուն մէջ, աշխարհի բոլոր ասպարէզներուն վրայ ե՛ւ ռուսին, ե՛ւ թուրքին ե՛ւ Պարսկաստանին ե՛ւ Կովկասին եւ ամերիկեան ու եւրոպական այլ երկիրներուն ու պետութիւններուն: Այս բոլորը զուտ կորուստ մըն է, անչափելի խոշոր կորուստ մը այդ բոլոր շնորհքները ծնող մայր ժողովուրդին համար: Հայութիւնը այսպէսով շռայլօրէն կը վատնէ թէ՛ իր ծնելական ուժերը, թէ՛ ստեղծագործական ու կուլտուրական ուժերը, փոխանակ այդ բոլորը խմբել կարողանալու իր ծոցին մէջ, եւ իր կենսունակութեանն ու բարձրացմանը ծառայեցնելու, իր ինքնութեանն ու ինքնուրոյնութեանը: ⁂ Մտաւորականութեան՝ մայր երկրէն դուրս մղուելուն զոյգ կ’երթայ նաեւ հայ կուլտուրական ամէն տեսակի հիմնարկութիւններու մեր աշխարհէն դուրս կեանքի գալը: Մեր լրագիրները կը հրատարակուին Հայաստանէն դուրս, մեր տպարանները կը բանին Հայաստանէն դուրս, մեր քիչ-շատ կարեւոր կրթական հաստատութիւնները կը գտնուին Հայաստանէն դուրս, Բարեգործական ընկերութիւնը նստած էր Թիֆլիզ, Հրատարակչականը նմանապէս, Կուլտուրական ընկերութիւնը Բաքու էր, գրական շարժումը նոյնպէս կեդրոնացած էր այդ երկու քաղաքներուն մէջ, մանաւանդ Թիֆլիզ: Հոն են եղեր միշտ մեր թատրոնները, ներկայացումները, Տրամատիկ ընկերութիւնը, ինչպէս եւ հիւանդանոցները, կլուբները, ցուցահանդէսները: Եւ այդ բոլորէն օգտուողը եղած է բնականաբար Թիֆլիզի ու Բաքուի հայը: Այդ բոլոր հաստատութիւններն ու ընկերութիւնները եղած են գաղութային պտուղ եւ գլխաւորապէս գաղութային պէտքերու համար: Անշուշտ, այդ ընկերութիւններու եւ հիմնարկութիւններու աշխատանքին փշրանքները հասած են եւ «գաւառ»` քանի մը գիրք, քանի մը մարդ, քանի մը ներկայացում, եւ քանի մը նիւթական ու տնտեսական օժանդակութիւն, բայց ատ չի փոխեր մերկ իրականութենէն ոչինչ: Մեր կուլտուրական հաստատութիւններն ու երեւոյթները կտրուած են բուն ժողովուրդէն, առաւել կամ նուազ արհեստական են, կիսաօտար եւ ամէն տեղ զգալի է կենդանի հայ շունչին պակասը: Միակ կուլտուրական խոշոր երեւոյթը, որ ամենէն աւելի խորը խրուած է եղեր մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին ծոցը, հայ յեղափոխական կազմակերպութիւնն է, մեր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, այսինքն՝ այն կազմակերպութիւնը, որուն առաջին ու հիմնական նպատակն է եղեր միշտ, այս կամ այն ճամբով, ձգտիլ հայ ժողովուրդի ինքնուրոյնացմանն ու անկախացմանը: Բայց մեր յեղափոխական կազմակերպութիւններն անգամ կը կրեն իրենց վրայ գաղութի կնիքը, եւ շատ յաճախ որոշումներ ու ծանրակշիռ վճիռներ են տրուած հեռուէն, գաղութի մարդու հոգեբանութեամբ, օտար շրջապատի ազդեցութեան տակ եւ դրսեցի գաղափարներով, որովհետեւ վարիչ կեդրոնները եւ ղեկավարներէն շատերը անխուսափելի կերպով նստած են եղեր գաղութներու մէջ եւ աւելի դուրսով եւ օտարով են սնուած եղեր, քան ներսով ու հարազատով: Շարժումն ու զարգացումը մեր երկիրը պիտի մտնէր գաղութներէն` ասիկա մեր իրականութեան ու պատմութեան ընթացքն է: Եւ անտարակոյս աւելի գերադասելի է, որ ունենանք գաղութային թերի ու կիսաօտար քաղաքակրթութիւն մը, քան թէ ոչինչ չունենանք: Բայց եւ այնպէս չմոռնանք երբեք, որ գաղութային մտաւորականութիւնը եւ գաղութային կուլտուրական հաստատութիւնները մեր բուն ժողովուրդին համար կորուստ են կրկնակի ձեւով` մէկ կողմէ մայր հողը կը քամուի ու կը զրկուի իր ուժերէն, եւ երկրորդ՝ այդ հողէն կտրուած մարդիկն ու հաստատութիւնները կը դառնան կիսահայ, կիսախորթ, անհիւթ, անգործնական ու արուեստական: Այսպէս է եղեր մինչեւ հիմա եւ այսպէս ալ պիտի ըլլայ ասկէ ետքը, մինչեւ որ ժողովուրդն ու մտաւորականութիւնը եւ կուլտուրական հիմնարկութիւնները հիւսուին իրարու եւ տաքնան իրարմով միեւնոյն կեանքին մէջ, միեւնոյն հողին վրայ, իսկ ատիկա հնար է միայն այն ժամանակ, երբ ունենանք մեր սեփական անկիւնը, մեր պետութիւնն ու անկախութիւնը: ==== II. Հայ լեզուի թուլացումն ու խորթացումը ==== Ազգային շարժում, ազգային գոյութիւն, ազգային ինքնութիւն ըսելով՝ շատերը կը կարծեն հարցը կը վերաբերի միայն հայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայ եկեղեցիի պաշտպանութեանը, եւ կը մտածեն, որ մեր եկեղեցին, լեզուն ու գիրքը եթէ պահել կարողանանք՝ ատիկա է կարեւորը: Վաճառականութիւնը, արդիւնագործութիւնը, պաշտօնն ու աշխատանքը, պետական կազմը, վարչական մեքենան, զինուորական ծառայութիւնը, կրթութիւնը, նիստն ու կացը թող ըլլան ռուսական` ի՞նչ վնաս: Դեռ աւելի լաւ` մեծ ու ընդարձակ պետութիւնը անհամեմատ աւելի լայն յարմարութիւններ ու հնարաւորութիւններ կուտայ անձնական յաջողութեան, յառաջդիմութեան ու հարստութեան, եւ շատ աւելի առատ ու բազմատեսակ աղբիւրներ ունի անհատական վայելքի: Իսկ ռուս պետութիւնը, փա՜ռք Աստծու, ոչինչ չունի ո՛չ մեր եկեղեցիին դէմ, ո՛չ մեր լեզուին, ո՛չ ալ գրքին, մէջէմէջ իրաւ է, եղած են արգելքներ ու հալածանք՝ նաեւ այդ սուրբ երրորդութեան դէմ, բայց անցողակի բաներ են ատոնք, միապետական բռնակալութեան հետեւանք, ռուսը իր ռուսին դէմ երբեմն շատ աւելի խիստ ճնշումներ է գործ դրած, ասկէ ետքը Աստուծմով ամէն ինչ կը փոխուի: Այսպէս դատողները գիտակից թէ անգիտակից կերպով պզտիկցնելու կը ջանան ռուս պետութեան յարատեւ եւ յամառ հալածանքը փոքր ազգութիւններու լեզուին, գրքին, եկեղեցիին ու կուլտուրական ամէն տեսակի հաստատութիւններուն դէմ, եւ ապագայի հանդէպ ալ ինքզինքնին կ’օրօրեն շատ վտանգաւոր եւ բոլորվին անհիմն լաւատեսութեամբ մը: Արդի բոլշեւիկեան խմբապետութիւնը էականին ու գործնականին մէջ բոլորովին նոյն ճամբով կ’երթայ նաեւ այս տեսակէտէն հին միապետութեան հետ, եթէ սիրուն ու սուտ բառերն ու արտաքին խաբուսիկ ձեւերը մէկդի դնենք: Եւ վաղն ալ, միեւնոյնն է, գալիք հասարակապետութիւնը ուրիշ ճամբայ չունի երթալու: Բայց վայրկեան մը ենթադրելով, որ այդ անմիջական ճնշումն ու հալածանքը տեղի չէ ունենալու գոնէ ասկէ ետքի «երջանիկ ապագային» մէջ, դեռ ատով ալ ապահոված չենք ըլլար սակայն վերի երրորդութեան ո՛չ գոյութիւնը եւ ո՛չ ալ մանաւանդ զարգացումը: Բաց թողնելով եկեղեցին, որ քանի կ’երթայ կը կորսնցնէ իր քաղաքական արժէքը եւ իր հին մղիչ ուժը, կանգ առնենք միայն լեզուի ու գրականութեան վրայ, որոնք անշուշտ որ ազգային միացման եւ անկախացման տեսակէտէն չափազանց կարեւոր եւ հիմնական գործօններ են, թէեւ ի հարկէ ո՛չ միակը: Արդ՝ այդ երկուքն ալ, ինչպէս ամէն օրգանական եւ ընկերային երեւոյթ, ապրելու, մնալու եւ զարգանալ կարողանալու համար պէտք ունին որոշ պայմաններու, որոշ սնունդի, որոշ խնամքի: Գարշապարներու տակ տրորելով կամ արմատախիլ փրցնելով չէ միայն, որ անոնք կը փչանան: Կը խանծին, կը թոռմին ու կը չորնան անոնք, եթէ պակաս է ջուրը, եթէ պակաս է օդը, եթէ պակաս է լոյսը, եթէ պակաս է հողը: Հայ լեզուն այս վայրկեանին ենթակայ է որոշ զարգացման մը անտարակոյս` ունինք արդէն ձեւ առած գրական լեզու մը, դեռ մէկի տեղ դժբախտաբար երկուքը, որուն օր օրի կը հարստանան ու կը կանոնաւորուին: Ճիշդ է, բայց ով քիչ մը հայ է հոգիով եւ քիչ մըն ալ երեւոյթներուն խորքը նայիլ գիտէ` պարզ է անոր համար, որ մեր արդի գրական ըսուած լեզուն, այսինքն՝ դժբախտաբար լեզուները, մէկը քիչ մը աւելի, միւսը քիչ մը պակաս, բայց երկուքն ալ ջերմանոցի բոյս են, եւ երկուքի մէջն ալ շատ կը տիրէ արուեստական տարրը: Արուեստական ե՛ւ իրենց կերտուածքին մէջ ե՛ւ իրենց գործածութեան: Բայց, որ աւելի կարեւորն է՝ մեր մտաւորականութեան ստուար մեծամասնութիւնը, որ հայրենիքէն դուրս գաղութներու մէջ կ’ապրի եւ կը մեծնայ օտարներու կրթութեան, գրականութեան ու շունչին տակ, այդ լեզուով չի խօսիր եւ ընդհանրապէս հայերէն չի խօսիր: Շատ շատ երբեմն, եւ ան ալ քիչերը, առտնին ու հասարակ խօսակցութեան մը միջոցին կը գործածեն քառսուն լեզուի կարկտաններով աղճատուած անճոռնի բաբելոնեան խառնուրդ մը, որուն «հայերէն» կ’ըսեն իրենք: Եւ երբ դուրսը մեր մտաւորականութիւնը կը լքէ կամ կ’աղճատէ մեր գրական-արուեստական լեզուն, ներսը բուն ժողովուրդն ալ օր օրի եւ շատ արագ կերպով կը սկսի խառնել լեզուին՝ ռուսերէնը պետական հաստատութիւններու, օրէնքներու, դատարաններու, դպրոցներու, վարչական մեքենայի, առեւտրական, թղթատարական եւ այլ տնտեսական ու գործնական կեանքի հզօր ճնշումին տակ: Եւ ինչպէս որ դարերու ընթացքին թուրքերու անմիջական ազդեցութեան տակ գտնուած տեղերը հետզհետէ մոռցեր ու լքեր էին իրենց հայերէնը կամ կիսուակէս հիւսեր էին թուրքերէնով, հիմա ալ նոյնը կը կատարուի ռուսերէնի հետ, միայն շատ աւելի արագ ընթացքով: Արդէն լեցուն են բառերը՝ արմատը օտար, հոլովն ու խոնարհումը հայ, արմատը հայ, մասնիկն ու բայական կերտօնները` ռուս: Բոլոր պաշտօնական, օրինական եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթական նորամուտ իրերն ու երեւոյթները ի հարկէ ռուսերէն, բայց եւ շատ ու շատ բառեր, ասոյթներ ու ոճեր, որ ինքը ունի եւ շատ սիրունը, հետզհետէ կը թողնէ, իւրացնելով պետական տիրապետող լեզուի բառերն ու արտայայտութեան ձեւերը: Եւ այս ձեւով խօսուածքը աւելի պատուի է, որովհետեւ մեծաւորներու լեզուն է ատիկա` գիւղացին իր շրջապատին մէջ իր դիրքը բարձրացնելու համար կը ջանայ հնար եղածին չափ «ռուսավարի» խօսելու: Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք, որ Կովկասի մէջ մինչեւ օրս ժողովուրդին բերանը լիքն է թաթար բառերով, ոճերով, երգերով ու կատակներով, իբրեւ հետեւանք դարաւոր տիրապետութեան, կը ստանանք այն լեզուն, որ հիմա կը խօսուի եւ օր օրի խեղճանալու ու խառնակուելու վրայ է: Եւ ուրիշ կերպ ալ չի կրնար ըլլալ, ինչքան ժամանակ, որ այդ ժողովուրդը ստրուկ ու հպատակ է ուրիշ ժողովուրդներու: Լեզուն ալ մաքրուելու, զտուելու, ազնուանալու եւ բարձրանալու համար պահանջ ունի ազատութեան: Լեզուի զարգացման, ուժին ու գեղեցկութեան հիմնական պայմանը առօրեայ ու լրիւ գործածութիւնն է կեանքի բոլոր պայմաններուն ու հաստատութիւններուն մէջ` մինչեւ որ բոլոր վարչութիւններու, զինուորական ծառայութեան, կրթութեան, դատարանի, շուկայի եւ անխտիր բոլոր տնտեսական ու պետական հիմնարկութիւններուն մէջ հայերէն լեզուն, հայ մարդը եւ հայու հոգին նստած չըլլան, բժշկութիւն չկայ հայ լեզուի այդ հիւծախտին, ինչպէս որ վերջ ու ծայր չկայ հայ ժողովուրդի տառապանքին ու հալածանքին: Երբ ունենանք մեր անկախութիւնը` կ’ունենանք եւ մեր լեզուի իսկական, բնական ու կենդանի զարգացումը իր հողին վրայ, իր արմատներէն, իր էութեան ու իր բնութեան խորքերէն: ==== III. Գաղութային գրականութիւն ==== Ժողովուրդի մը գրականութեան կեանքը միշտ սերտ կապուած է անոր լեզուի կեանքին հետ: Մեր գրականութիւնը ունի նոյն ցաւը, ինչ որ մեր գրական երկու լեզուները` բուն հայ ժողովուրդի գրականութիւնը չէ, քանի որ բուն հայ հողին վրայ մտաւորականութիւն ու մտաւորական կեանք գրեթէ չկայ: Մեր ունեցածը գաղութային գրականութիւն է, աղճատուած ու կիսովին օտարացած գաղութային մտաւորականութեան մը ծնունդը, եւ իր վրայ կը կրէ յաւելուածական, երկրորդական, այնպէ՜ս, «խաթեր համար» կատարուած աշխատանքի մը կնիքը, ոչ անհրաժեշտաբար, ոչ կեանքի բացարձակ պահանջով, ոչ առօրեայ պէտքէ մը ծնած, արդիւնք՝ գաղութային հոգեբանութեան, եւ արտայայտութիւն՝ գաղութային կեանքի: Ամենէն շատը՝ գաղութային զբաղումներէ ազատ վայրկեաններուն յետադարձ ակնարկ մը դէպի հայրենիքը, խղճի խայթի պէս բան մը, հայրենիքին ու մայր ժողովուրդին ալ օգտակար ըլլալու գիտակից կամ անգիտակից ճիգ մը: Թիֆլիսը, որ մեր հայրենիքի դրանն է նստած, ի հարկէ, ամենէն աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ է եղած, եւ համեմատաբար աւելի կը կրէ իր մէջը հայ շունչ եւ հայ իրականութիւն, բայց միայն համեմատաբար, իսկ միւս գաղութները ինչքան մեր հողէն` աւելի օտար, արուեստական ու անհարազատ: Մեր գիտական գրականութիւնը արդէն հայութեան, հայ լեզուի, հայ պատմութեան ու գրականութեան մասին քանի մը ուսումնասիրութիւններէ շատ անդին չանցնիր: Կան մէկ երկու առաւել կամ նուազ պատահական թարգմանութիւններ արդէն շատոնց հինցած գիտական երկերու, այլ եւ մատի վրայ համրուող գիտական հետեւողութիւններ կամ ամփոփումներ մեծ մասով դպրոցական գործածութեան համար եւ ընդհանրապէս բաւական խղճուկ ու հինցած բաներ: Բայց միեւնոյն ժամանակը գիտական բոլոր ճիւղերուն մէջ ունեցած ենք աչքի իյնող ուժեր, ոմանք նոյնիսկ անուն հանած: Սակայն ատոնք բոլորն ալ աշխատած են ու կ’աշխատին գիտական ու կրթական հաստատութիւններու մէջ եւ կը գրեն ու կը խօսին օտարներու լեզուովը, այսինքն՝ մեր ժողովուրդին համեստ ուժերովը կ’երթան ոռոգելու ուրիշներու հարուստ ու ջրդի ածուները: Եւ ինչքան ժամանակ, որ չունենանք մեր հայ համալսարանները, մեր հայ բարձրագոյն-մասնագիտական վարժարանները եւ տեքնիկ ու գիտական յարակից հաստատութիւնները եւ հայ պաշտօնէութիւն՝ հայերէն գիտական երկը պիտի ըլլայ զարդ մը, բացառիկ բիբլօ մը, յաւելուածական «ազգասիրական» երկրորդական խաղ մը: Մինչեւ չունենանք մեր անկախութիւնը, մենք չենք ունենալու մեր գիտական գրականութիւնը, այսինքն՝ հայ մտածումի եւ հայ ուսումնասիրութեան հայերէն արտայայտութիւնը հայ միջավայրի ու հայ պէտքերու համար: Այնպէս որ բնական կերպով գեղարուեստական գրականութիւնն է, որ ամենէն աւելի տեղ ու դիրք կը գրաւէ մեր գրքերուն մէջ եւ ամենէն աւելի ալ շեշտ ու զարգացում է ստացած վերջին կէս դարու ընթացքին: Բայց մեր գեղեցիկ գրականութիւնն ալ դեռ շատ կը կաղայ եւ շատ կը տուժէ մեր կեանքի ու մտաւորականութեան անբնական վիճակէն: Նախ՝ շատ քիչերն են, որ կը գրեն ու կը զբաղուին հայ գրականութեամբ, մինչդեռ խիստ մեծ է թիւը մեր այն մտաւորականներուն, որոնք իրենց հոգիին մէջ շարժում ու պէտք կը զգան արտայայտուելու, եւ տաղանդը չէ, որ կը պակսի իրենց, բայց չեն գրեր ու չեն կրնար գրել, որովհետեւ տէր չեն հայերէն լեզուին, շատ է չքոտի իրենց ունեցած պաշարը հոգիին բոլոր նրբութիւններն ու յուզումները, երազներն ու պատկերները արտայայտել կարողանալու համար: Ատոնցմէ շատերը կը փորձեն օտար լեզուներով զեղելու իրենց հոգին, բայց բան մը երկնելու կը յաջողին շատ բացառիկ քիչերը, որովհետեւ կէս-հայ հոգիով եւ կէս-հայ լեզուով մարդը բնականօրէն կիսատ է նաեւ իր իւրացուցած օտար լեզուին մէջ, եւ մանաւանդ շատ աւելի դժուար է օտար հոգիին իւրացումը: Օրինակ, ռուսերէն լեզուով ստեղծագործել կարողանալու համար ռուս հոգիի արտայայտիչը պէտք է դառնալ կարողանաս, թէ չէ քանի մը ընդհանուր նիւթերէ ու շեշտերէ անդին անցնիլ չես կրնար եւ քեզի հասկցող չես ունենար: Երկրորդ՝ հայերէն գրող հեղինակներն ալ ո՛չ իրենց կեանքով, ո՛չ գնահատանքով եւ ո՛չ նիւթական պայմաններով թեւ առնելու չեն յաջողիր երբեք, չեն յաջողիր իրենց գրական աշխատանքներովը միայն ապրելու՝ ինչքան ալ տաղանդաւոր ըլլան ու թափով, որովհետեւ շատ սահմանափակ է հայ երկերը կարդացողներուն թիւը: Մեր մտաւորականութեան ստուար մեծամասնութիւնը կամ հայերէն չգիտէ, կամ ո՛չ ժամանակ ունի եւ ո՛չ տրամադրութիւն այդ հայերէն «պարապ բաները» կարդալու, թէեւ օտար լեզուներով կը կարդայ սովորաբար անոնց գրականութեան ամենէն աւելի պարապ ու տափակ երկերը: Իսկ բուն ժողովուրդը իր լայն խաւերով, նոյնիսկ մեր գաղութներուն մէջ, դեռ չէ ճաշակած ընթերցանութեան ո՛չ օգուտը, ո՛չ հաճոյքը եւ ո՛չ մխիթարութիւնը: Երրորդ՝ մեր հեղինակները մեծ մասով գաղութային հեղինակներ են ե՛ւ ծագումով ե՛ւ կեանքով, եւ իրենց երկերն ալ կը դառնան բնականաբար արտայայտութիւնն ու պատկերացումը գաղութային կեանքի, գաղութային տիպերու եւ հոգեբանութեան, եւ ես կը խօսիմ միայն արժէքաւորներու ու լաւագոյններու մասին: Իսկ մեր հեղինակներէն անոնք, որոնք իրենց ծագումովը կամ կեանքովը իրենց ներշնչումն ու ուժը կը ծծեն մեր ժողովուրդի աւելի խորը, աւելի հարազատ ու աւելի անխառն աղբիւրներէն, անոնք ալ իրենց բոլոր տաղանդին հակառակ կը մնան առաւել կամ պակաս միակողմանի, որովհետեւ մեր ժողովուրդի կեանքը ինքն է միակողմանի: Մինչեւ ժողովուրդ մը իր լրիւ ու ազատ կեանքովը չապրի, մինչեւ կեանքը իր բոլոր անիւներովը չի բանի, մինչեւ գործունէութեան, ստեղծագործութեան, կազմակերպութեան բոլոր բազմադիմի տեսակները չաշխատցնեն ժողովուրդի մը միտքն ու մկանները, մինչեւ հպարտութեան, վստահութեան ու ինքնագիտակցութեան դողը չվազէ անոր ջիղերուն մէջէն, այդ ժողովուրդի բանաստեղծութիւնը չի կրնար առնել իր լրիւ թափը, իր լրիւ խորութիւնը, իր լրիւ թռիչքը: Անհատի տաղանդը հեղինակին մէջ ի հարկէ շատ խոշոր դեր ունի եւ երբեմն կրնայ կանխել նոյնիսկ դէպքերն ու ժամանակը, բայց վերջ ի վերջոյ մէկ աշխատաւոր մըն է միայն ժողովուրդի մը գրական շէնքին կառուցմանը վրայ, իսկ այդ գրական շէնքը արդիւնքն է սերունդներու խմբական ու տեւական աշխատանքին, իրար յենուելով, իրարմէ սովրելով եւ իրար լրացնելով ու կատարելագործելով: Ատոր համար ալ ինչքան որ հեղինակները նոյն հողէն ծլին, նոյն արմատին վրայ, նոյն սննդով ու նոյն արեւով, այնքան լրիւ, ինքնատիպ ու ուժեղ կ’ըլլայ շէնքի ոճն ու ամբողջականութիւնը: Ամէն հեղինակ ճառագայթ մըն է ժողովուրդի հոգիէն, եթէ այդ հոգին կեդրոնացած է նոյն կեանքին, նոյն նպատակներուն ու նոյն աշխատանքին շուրջը, այդ հոգիին ճառագայթները կուգան ու կը խտանան գրական ֆօքուսի մը մէջ, ստանալով ուժ մը, որ մետաղները կը հալէ: Մեզի տաղանդները չէ, որ կը պակսին, մեզի կը պակսի տաղանդներու խմբումը, մեզի կը պակսի գրական միջավայրը եւ գրականութեան շրջանակը, մեզի կը պակսի, ինչպէս եւ կեանքին մէջ, հորիզոններու ընդհանրութիւնը: Մեր տաղանդներուն ճառագայթները կը ցրուին տարբեր ու հեռաւոր տարածութիւններու մէջ, մեր գրականութիւնը ֆօքուս չունի` մեր գրականութեան պակսողը կեդրոնացումն է: Եւ այդ կեդրոնացումը հայ գրականութիւնը չէ ունենալու, մինչեւ որ մենք չունենանք մեր ժողովուրդի կեդրոնացումը, մեր տնտեսական կեդրոնացումը, այսինքն՝ մինչեւ որ չունենանք մեր անկախութիւնը: Այո՛, գեղարուեստն ալ իր բնական կեանքին եւ իր բնական զարգացմանը համար պետականութիւն կը պահանջէ, ամբողջականութիւն: === Ե. ԿԱՄՔԻ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ === ==== I. Մեր կեանքի ու շրջապատի պահանջը ==== Թէ՛ մեր թուական աճումի ու արժէքաւորմանը համար, թէ՛ մեր հայրենիքի տնտեսական վերաշինութեանն ու բարգավաճմանը համար, եւ թէ՛ մեր հոգեկան, մտաւորական ու քաղաքակրթական բարձրացմանը համար, այսինքն` ազգովին ապրելու հնարաւորութիւն ունենալու համար, հայ ժողովուրդին անհրաժեշտ է պետական անկախութիւն: Առանց այդ անկախութեան, շուտով կը ցրուի դեռ իր հողին վրայ մնացած վերջին մէկ միլիոն հայութիւնը Կովկասի, Հիւսիսային Կովկասի եւ Անդրկասպեան երկիրներւն վրայ, եւ մենք կը դառնանք վերջնապէս անհող ու անհայրենիք ժողովուդ մը, հետզհետէ կը խաւարի ազգային ինքնութեան պէտքն ու անհրաժեշտութիւնը հայ հոգիներուն մէջ, եւ մեր գաղութային ցրիւ հատուածներն ու բեկորները պահելու ուժը, յոյսը եւ իմաստը: Անկախութիւնը հայուն համար կեանքի դրած բացարձակ պահանջն է եւ անկախութեան ձգտումը մեր գոյութեան հիմքը, մեր լինելչլինելու հարցը: Անկախութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն մեր սեփական վիճակի ստիպողական պահանջն է, այլ եւ միեւնոյն ժամանակ անխուսափելի հարկադրութիւնն է մեր միջավայրի, մեր շրջապատի ու ժամանակի, որոնց կոչին անկարելի է ականջ չի դնելը: Ինչպէս տեսանք, կովկասեան մեր դրացի ժողովուրդները նոյնպէս կը ձգտին անդիմադրելի կերպով իրենց անկախութեան, եւ մեզմէ աւելի շեշտուած կերպով եւ մեզմէ աւելի փութկոտ, որովհետեւ մեզմէ աւելի կեդրոնացած են ու խիտ բնակչութեամբ եւ կրնան յենուիլ Թուրքայի վրայ: Բայց իրենց նպատակին հասնելու ամենագլխաւոր պայմաններէն մէկը մեր բռնելիք դիրքն է. եթէ իրենց հետ ու իրենց նման չի քալենք` կը դառնանք չափազանց խոշոր արգելք մը անոնց համար: Մենք ոչ միայն մեր, այլ եւ անոնց կենսական շահերուն կը հարուածենք մեր անհրաժեշտութեամբը, այսինքն` աւելի ճիշդ բառով, մեր հակառակութեամբը, որովհետեւ կամքերու ու կրքերու այդ բաշխումին մէջ անկարելի է անշարժ, «խոհեմ» ու անմասնակից մնալը: Եւ շատ իրաւացի եւ շատ բնական կերպով պիտի նկատուինք մեր դրացիներուն կողմէ իբրեւ ռուսի կողմնակից, եւ թշնամի իրենց գոյութեան ու ձգտումներուն: Եւ անոնք իրենց նպատակին հասնիլ կարողանալու համար, նախ` պիտի ձգտին տրորելու ու անպէտքացնելու իրենց մէջի, իրենց կողքի եւ իրենց թիկունքի թշնամին: Եւ ամէն պարտութեան ու անյաջողութեան պատճառը մեզ պիտի համարեն եւ մեզմէ պիտի հանեն իրենց վրէժն ու ատելութիւնը` ուժեղներու դէմ լեցուած ոխն ու ատելութիւնը կը թափուի միշտ փոքրերու ու անպաշտպաններու գլխուն, հին օրէնք է: Պիտի ընեն ինչ որ իրենց ձեռքէն գայ, պէտք է խեղդեն մեզի ե՛ւ բարոյապէս, ե՛ւ տնտեսապէս ե՛ւ ֆիզիքապէս: Եւ մենք, որ իմաստուններու խորհուրդովը, կռիւէ խուսափելու, հանգիստ մնալու, հարստանալու եւ «բարգաւաճելու» համար հրաժարիլ կ’ուզենք մեր անկախութեան ձգտումէն, պիտի ստիպուինք շարունակ կռուելու, տուժելու եւ ցրուելու ճիշդ անոր համար, եթէ տառապիլ, հալածուիլ ու պայքարիլ չուզենանք, պէտք է ստիպուինք տառապելու, հալածուելու, փախչելու ու ջարդուելու ռուսներու տիրապետութեանը գործիք ծառայելու համար, եւ հէնց ռուսները իրենք պիտի սարքեն նորէն հայ-թաթարական ու հայվրացական կռուըչտուքն ու ջարդերը: Եւ մեր այս ստորնութեան, չարչարանքին ու ծառայութեանը փոխարէն չենք ալ կրնար ակնկալել ռուսներէն անոնց յարգանքն ու բարեկամութիւնը: Քաղաքական կեանքի մէջ, ինչպէս եւ անհատական կեանքի մէջ, յարգանքն ու բարեկամութիւնը ձեռք կը բերուի, երբ արժէք մը ունիս եւ արժանապատուութիւն: Ռուսը մեզի իր հլու գործիքը դարձնելէն եւ մեզի շարունակ մեր դրացիներուն հետ կռուեցնելէն ետքը` հաշւեյարդարութեան վայրկեաններուն, միշտ պիտի պահէ թաթարին ու վրացիին կողմը, որովհետեւ վիրն ու թաթարը հէնց իրենց դիմադրութեամբն ու պահանջումներովը պիտի ներկայացնեն որոշ ուժ մը, որ ռուսը ստիպուած է հաշուի առնելու իր որոշումները տալու ժամանակ: Իսկ իր սեփական կամքէն հրաժարած եւ իր պաշտպանութիւնը ամբողջապէս ռուսի զէնքին ու բախտին կապած «բարեկամ», այսինքն` ողորմելի, հայութեան վրայ ի՞նչ կարիք ունի անիկա շատ գլուխ յոգնեցնելու: Եւ մենք բնաւ իրաւունք ալ չունինք ռուսը մեղադրելու` անիկա իր հաշիւներն ունի: Մենք միայն կրնանք մեղադրել մեզի, որ չունինք մեր հաշիւները, կամ որ ունինք` միայն սխալ հաշիւներ եւ անձնատուութեան ու զինաթափութեան ապուշ ու յանցաւոր քարոզներ: Նոյնիսկ անոնք, որ ամէն հանրային ձգտում ու գործունէութիւն կ’արհամարհեն, եւ իրենց անձնական-ընտանեկան բարեկեցութենէն ու յարմարութենէն անդին շատ քիչ կը մտածեն, եւ ատոր համար ալ պինդ կը կախուին ռուսին փէշէն, Վրաստանի ու Ատրբէյջանի մէջ նորէն ազատ ու ապահով դրամ վաստկիլ կարողանալու յոյսով, ատոնք ալ վերջապէս պիտի համոզուին խոժոռ իրականութեան առջեւ, որ այդ փէշը այլեւս չէ տալու իրենց այն հին առաւելութիւնները, որ հիմա ալ դեռ կ’երազեն: Անցածը շրջան մըն էր, անցաւ, ասկէ ետքը Կովկասը ամբողջովին նստած պիտի ըլլայ ազգային ցնցումներու հրաբուխին բերանը, քանի մը տարին անգամ մը այդ քաղաքական գետնաշարժը ցնցէ պիտի Կովկասի այս ու այն մասը, քանդելով շէնքերը, հրկիզելով խանութները, կողոպտելով մթերանոցները, յափշտակելով «օտարներու», այդ «գիշատիչներու», «տզրուկներու» դիզած հարստութիւնը, «ազգայնացնելով» այդ «ցեցերու» ու «ներքին թշնամիներու» ինչքն ու ստացուածքը, բանտարկելով, սպանելով, վռնտելով ու ջարդելով: Եւ մեր թշուառ հայերը իրենց բոլոր գործերը, ծրագիրները եւ ունեցածը թողած իրենց ետեւը` բռնեն պիտի իրենց երեխաներուն ու կանանց ձեռքէն քաղաքէ քաղաք, անկիւնէ անկիւն փախչելու համար, գոնէ իրենց գլուխը ազատելու: Եւ ասիկա կրկնուի պիտի պարբերաբար անխուսափելի կերպով, որովհետեւ ամէն նոր եկող սերունդ ձգտի պիտի իրականացնելու ազգային երազը ամէն պատեհ առիթէն օգտուելով, որովհետեւ, եթէ մեր վսեմաշուք պարոնները այդքան դիւրութեամբ կրնան հրաժարիլ իրենց հայրենիքէն ալ, իրենց անկախութենէն ալ, գուցէ եւ իրենց հայութենէն ալ, այդպէս չեն մտածեր եւ այդպէս չեն զգար մեր հարեւաններն ու համշիրակները` անոնք ամէն գնով հասնիլ կ’ուզեն իրենց անկախութեանը, եւ այդ ցնցումները վերջ չեն գտնելու` մինչեւ չհասնին իրենց նպատակին: Պէտք է հասկնանք, որ ժամանակները կը քալեն: Մարդկութիւնը հիմա հասած է հոն, ուր ամէն ազգ իր տէրը պիտի դառնայ, եթէ դառնալ չի կրցաւ` պէտք է ոչնչանայ: Ազգային զգացումն ու ամբողջութեան գիտակցութիւնը քանի կ’երթայ` կ’ուժեղնայ ժողովուրդներուն մէջ, եւ հետզհետէ «հպատակ» ըսուած ազգութիւնը կը դառնայ անհանդուրժելի երեւոյթ մը թէ՛ տիրողներուն համար, թէ՛ տիրուածներուն: Ով իր սրտին խորքը վերջնականապէս չէ հրաժարած ե՛ւ իր հայրենիքէն, ե՛ւ իր ազգային գոյութենէն ու ինքնութենէն, ե՛ւ հայութենէն` պէտք է պարզ ու յստակ կերպով ըմբռնէ, թէ օգուտ չկայ մեզի ուրիշներէն, հանգիստ ալ չկայ մեզի ուրիշներէն: Եթէ ազգովին ապրիլ, տեւել ու զարգանալ կ’ուզենք` միակ ելքը անկախութիւնն է. ուրիշ ճամբայ չկայ: Արդեօք ուժերնիս պիտի բա՞ւէ, հասնի՞նք պիտի մեր ձգտումին` ատիկա ցոյց պիտի տայ կեանքը եւ պատմութիւնը, բայց ատիկա է մեր բռնելիք միակ ու անխուսափելի ճամբան, եւ ատոր համար ալ մեր բոլոր շարժումներուն, մտածումներուն, ծրագիրներուն, ձեռնարկներուն, պրոպագանտին ու քաղաքականութեան հիմքն ու առանցքը է եւ պէ՛տք է ըլլայ ձգտիլը անկախութեան: ==== II. Ամէն շեղում անիմաստ ==== Բոլոր ուժով եւ բոլոր միջոցներով ձգտիլ անկախութեան չի նշանակեր, ի հարկէ ռումբն ու հրացանը առնել եւ երթալ իսկոյն ռուսներուն դէմը կռուի, ինչպէս հասկնալ կը կեղծեն մեր հակառակորդները: Մեր օրը-օրին ընելիքը, մեր ամէն օրուան բռնելիք դիրքը, այսինքն` մեր օրուան քաղաքականութիւնը միայն մեր կամքէն կախուած չէ, այլ մեր շրջապատի ու վայրկեանի իրական պայմաններէն, ուժերու դասաւորութենէն, ռուսներու եւ մեր փոքր դրացիներու բռնած դիրքէն եւ մեր ունեցած ֆիզիքական ու հոգեկան ուժերու չափէն: Գալու են ծանր վայրկեաններ, ուր խոնարհիլ ու լռել պիտի ստիպեն մեզի մեր տէրերը, գալու են օրեր բողոքի ու պահանջի, կրաւորական դիմադրութեան կամ ներգործական շարժումներու, ե՛ւ զէնքի ե՛ւ արեան, մինչեւ որ կտոր-կտոր փրցնենք մեր իրաւունքները եւ հասնինք մեր անկախութեան: Անշուշտ, ցանկալի է, շատ ցանկալի, որ ինչքան հնար է կարճ տեւեն այդ մաքառումները, ինչքան հնար է ծայրայեղ ընդհարումներու չհասնինք, ինչքան հնար է զէնք ու արիւն քիչ խաղայ մեր ու ռուսներուն միջեւ: Ոչ անոր համար, որ «երախտագիտութեան» զգացումը պիտի կասեցնէ մեզի ռուսի բերած «բարիքներուն» հանդէպ: Կասկած չկայ, որ ռուսներու Կովկաս գալը շատ մը բարիք բերաւ հայուն, բայց ինչ որ երբեմն բարիք էր` հետզհետէ կը դառնայ չարիք այս անցաւոր ու փոփոխական աշխարհիս մէջ, այլեւս ի՞նչ բարիքի մասին կրնայ խօսք ըլլալ, երբ մեր ազգային գոյութեան եւ ինքնութեան հիմքը կը քանդեն: Մենք պէտք է ջանանք ռուսներուն հետ հնար եղածին չափ մեղմ ճամբաներով քալելու, կարելի եղածին չափ քիչ ճակատ-ճակատի գալու, այն պարզ պատճառով, որ շատ են ուժեղ եւ մենք շատ տկար: Եւ երկրորդ` ինչպէս ալ, որ պատմութիւնը դառնայ, անիկա միշտ մնալու է մեր խոշոր դրացին եւ ամենէն աւելի «եւրոպացի» դրացին, որը բազմադիմի ձեւերով ազդելու է մեր ներքին ու արտաքին պայմաններուն վրայ, մեր բախտին վրայ, մանաւանդ, որ իր էութեան ու ստեղծագործութեան որոշ գծերը մօտիկ ու սիրելի են մեզի: Ինչքան շիտակ, բաց ու անկեղծ ըլլան մեր յարաբերութիւնները եւ մեր պահանջը եւ մեր դիմադրութիւնը ռուսներուն հանդէպ, այնքան օգուտ է մեզի: Ամէն տեսակի կարճաշապիկ պոլիտիկոսութիւններ, կեղծ ու ստրկամիտ համակերպութիւններ, եւ «իբրեւ թէ» հրաժարումներ մեր իրաւունքներէն ու անկախութեան ձգտումէն, ինչպէս կ’առաջարկեն մեր նշանաւոր ալաթուրքա քաղաքագէտները, միայն արհամարհանք կ’առաջացնեն իսկական ռուս մարդու հոգիին մէջ, եւ աւելի կը դառնացնեն մեր փոխադարձ յարաբերութիւնները` դարձնելով մեզի անոնց աչքին նենգամիտ, դաւադիր ու խարդախ: Միեւնոյն ժամանակ կ’աւաղաղեն մեր յարաբերութիւնները մեր անմիջական դրացիներուն հետ, ներկայացնելով մեզի երկերեսանի, անվստահելի ու պոչ-խաղցնող: Մինչդեռ մենք ո՛չ մէկ պատճառ չունինք մեր նպատակն ու ձգտումը կեղծելու, չէ՞ որ մեր մարդկային ամենատարրական իրաւունքն է, որ կը պահանջենք, եւ մեզի հետ է ամէն լաւ մարդու ներքին խորին համակրանքը, նոյնիսկ ռուսի, որու շահուն առայժմ դեռ հակառակ է ատիկա: Եւ վերջապէս ինչպէ՞ս կը ծածկես եւ ինչպէ՞ս կը կեղծես ձգտում մը, որ ուզենք-չուզենք ըլլալու է մեր բոլոր քայլերուն ու շարժումներուն ղեկավարող զսպանակը: Եւ ո՞վ կը հաւատայ ձեր հրաժարիմներուն, ձեր երկրպագութիւններուն ու քծնանքին: Անոնք, այդ օտարները, այդ տիրողները, մեր պոլիտիկաններէն շատ աւելի խորը կը տեսնեն, եւ գիտեն, որ զարթնած եւ ընդունակ ժողովուրդ մը իր կամքովը հրաժարիլ չի կրնար ո՛չ իր իրաւունքներէն, ո՛չ իր անկախութենէն եւ որ «փոքրիկները» կը խոնարհին միայն անկարելիութեան առաջ եւ ակռաները խածած: Եւ մեր իմաստուններուն մեղայական հրաժարիմ-ները, համակերպութեան ցուցադրումները կամ սուտ քարոզները ոչ թէ օտարները կը խաբեն ու կը քնացնեն, այլ կը թմրեցնեն միայն մեր մէջի խախուտ հոգիները, իրենց պարտաւորութենէն փախչելու համար պատրուակ փնտռողները, ինչպէս եւ կը շուարեցնեն մեր աղճատուած ու խաթարուած գաղութային հոգեբանութիւնը, օտար ազդեցութիւններու տակ մեծցող մեր երիտասարդութիւնը, այսինքն՝ կը ջլատեն միայն մեր սեփական ուժերը: Եւ այդ տեսակէտէն է, որ մեր բոլշեւիկներն ու Ռամկավարները սիրելի են Մոսկուայի վարիչներուն, իբրեւ ազգային ուժի, կամքի ու կերպարանքի քայքայիչ տարր, իբրեւ կովկասեան ժողովուրդներու ձգտումներուն մէջը բաժանում մտցնող կարեւոր տարր: Կրնայ ըլլալ, մինչեւ անգամ հաւանական է, որ ինչպէս մեր հարեւանները, այնպէս ալ մենք դեռ բաւական ատեն չունենանք մեր անկախութիւնը, յամենայն դէպս մեր ուզած անկախութիւնը: Կրնայ ըլլալ, որ դեռ առաւել կամ նուազ երկար ժամանակ մը կովկասեան երկիրները եւ անկէ ալ անդին գտնուին ուղղակի ռուսի տիրապետութեան եւ հրամանին տակը: Կրնայ ըլլալ, որ նոյնիսկ որոշ ժամանակի մը համար ձեռնտու ըլլայ մեզի իրերու այդ դրութիւնը, իբրեւ չարիքներէն փոքրագոյնը, կրնայ ըլլալ, եւ հաւանական է: Բայց նոյնիսկ այդ մեզի ձեռնտու եղած միջոցին մեր ժողովուրդը պէտք չունի հրաժարուելու իր անկախութեան ձգտումէն ու պահանջէն, ոչ իսկ «ժամանակաւոր» կերպով: Եւ յանուն ի՞նչ բանի: «Խոհեմ ըլլանք, եղբա՛յր, մտնենք ռուսին աչքը, պինդ բռնենք իր փէշէն, որ ռուսը մնայ Կովկաս, գոնէ առայժմ, թէ չէ, ա՜յ, թուրքը կեցած է մեր դռանը»,- այս է հիմնական մտածմունքը, այսինքն՝ դարաւոր մղձաւանջը, թուրքը: Աղէ՛կ, բայց այսպէս մտածողները կը մոռնան շատ կարեւոր կէտ մը, որ մեր ռուսին աչքը մտնելը կամ չմտնելը, ինչպէս եւ մեր ուզեմ-չուզեմը չափազանց չնչին խնդիր մըն է ռուսին համար, մանաւանդ արդի պարագաներուն մէջ, եւ ո՛չ մէկ լուրջ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ կատարուելիք դէպքերու ընթացքին վրայ: Տղայական քաղաքագիտութիւն մըն է կարծելը, թէ մեր հրաժարիմները, «հաւատարմութիւնը» եւ «բարեկամութիւնը» կրնան լուրջ դեր մը խաղալ, որ ռուսները Կովկաս գան, կամ Կովկաս մնան, կամ Թուրքիայի դէմ պատերազմ հրատարակեն, կամ վտանգի պահուն պինդ կենան ու պաշտպանեն մեզի: Ո՛չ: Բոլշեւիկները եկան Կովկաս ո՛չ միայն հայերու, այլ եւ Ատրբէյջանի ու Վրաստանի ցանկութեան ու ջանքներուն հակառակ` անոնք հիմա ալ փառաւոր նստած են Կովկասի մէջ, առանց մեր քէֆը հարցնելու, թէեւ ի հարկէ ամէն առիթով կը շահագործեն մեր ժողովուրդներուն անունը: Եւ եթէ վաղը արեւմտեան ճակատի բարդութիւնները կամ ռուսական ներքին պայմանները ստիպեն ետ քաշուելու Կովկասէն «առժամապէս», անոնք կ’ելլեն ու կ’երթան նորէն, առանց քէֆը հարցնելու եւ առանց ոեւէ կարեւորութիւն տալու մեր բոլոր հրաժարիմներուն ու անձնուրացութեան: Անոնք օր մը անգամ աւելի չեն մնար մեր սահմաններուն վրայ իրենց «աչքը մտած» հայերուն կոտորածն ու ցրւումը արգիլելու եւ մեր աշխարհի աւերման առաջը առնելու համար, ինչքան ալ, որ պինդ կախուած ըլլան մեր պարոն Ռամկավարները անոնց փէշէն եւ եթէ նոյնիսկ ուրացած ըլլան իրենց ե՛ւ հաւատքը ե՛ւ ազգը, ո՛չ միայն անկախութիւնը: Իսկ, ընդհակառակը, եթէ ռուսներու ուժին ու հաշուին մէջը կայ Թուրքիայի հետ ընդհարում մը, անոնք առաջ կ’երթան, կը զարնեն ու կը գրաւեն նոր մասեր Թուրքիայի հայկական հողերէն, եւ կ’ընեն այդ բոլորը առանց մեր կողմէն մասնաւոր ջանքի, դրդումի կամ իրարանցումի, թէեւ ի հարկէ, եթէ պէտք եղաւ, կը շահագործեն ե՛ւ մեր անունը ե՛ւ մեզի: Իսկ մեր մասնակցութեան համար, յօժար ու կամաւոր թէ ակամայ ու բռնի, միեւնոյն է, անոնք շնորհակալութիւն յայտնելու չեն մեզի ո՛չ կռիւներու միջոցին եւ ո՛չ ալ մանաւանդ վերջը: Ընդհակառակը, մեր աշխատանքին ու զոհաբերութեան բերած բաժինը պէտք է ուրանան, պէտք է լռեն, դէպքերը դիտմամբ պէտք է աղաւաղեն, որպէսզի հայկական հարցի հեռաւոր ստուերն անգամ չերերայ այդ նոր գրաւուած հողերուն վրայ, եթէ հնար է: Այնպէս որ, մեր անկախութենէն «գոնէ առայժմ» հրաժարելու քարոզները, ձեռնթափ ըլլալու յայտարարութիւնները, հպատակութեան ցոյցերը, համակերպութեան ու հաւատարմութեան շողոքորթութիւնները, առնուազն, ոչ մէկ բանի չեն ծառայեր, եթէ ռուսթրքական ընդհարում մը տեղի չունենայ կամ եթէ տեղի ունենայ ռուսական յաջողութեամբ: Իսկ, եթէ տեղի ունենայ այդ ընդհարումը եւ դառնայ թուրքերու օգտին եւ վերջանայ ռուսներու նահանջով, մեր իմաստուն քաղաքականութիւնը մեզի ո՛չ միայն բարիք մը չի բերե, այլ կը բերէ յաւելուածական խոշոր չարիք մը՝ թուրքերու գազանութեանը նոր պատրուակ ու նոր սնունդ մատակարարելով: ==== III. Ամէն վարանում վնասակար ==== Ռուսներուն հանդէպ մեր անկախութեան պահանջէն ձեռք վերցնելու ձեւեր առնելը ռուս-թրքական ընդհարումներու տեսակէտէն՝ առնուազն ոչ մէկ օգուտ չի բերեր մեզի, իսկ բոլոր միւս տեսակէտներէն՝ զուտ վնաս է ու անկարելիութիւն: Ամենէն առաջ՝ հայութեան անունով կատարուած եւ անկախութենէ հրաժարուած ըլլալու կամաւոր յայտարարութիւն մը կը նշանակէ մինչեւ հիմա եղած ու անցած դէպքերուն վրայէն սպունգ քսել, եւ ազատել եւրոպական ժողովուրդներն ու կառավարութիւնները իրենց յանձնառութիւններէն ու խոստումներէն: Ի հարկէ, շատ գոհ կը մնան թուրքերն ու ռուսները մեր այդ թեթեւամիտ սիրալիրութեան համար, որովհետեւ անոնք մեզմէ շատ աւելի աղէկ կը հասկնան, թէ ինչքան կ’ուզեն վերացական ու անիրական ըլլան մեր ձեռք բերած այդ համակրանքն ու իրաւունքները այսօր` ատոնք բարոյական մեծ ուժ մըն են, սակայն եւ ծանր պիտի կշռեն վաղը մեր պահանջներու նժարին վրայ: Այնքա՜ն-այնքան կռուողներու եւ նահատակներու կեանքի ու արեան գնովը ստացուած այդ մուրհակները մենք իրաւունք չունինք պատռելու, անոնք միայն մեր այս սերունդի սեփականութիւնը չեն: Երկրորդ՝ մենք չենք կրնար դադրիլ մեր անկախութեան պահանջէն, ոչ իսկ առ երես կամ ժամանակաւոր կերպով, որովհետեւ միայն այդ հողին վրայ կարող ենք համաձայնութեան լեզու գտնել մեր կովկասեան երկրացիներուն հետ, միայն այդ հողին վրայ կարող ենք ընդհանուր գործակցութիւն եւ զուգակից աշխատանք կատարել հասնելու համար մեր ձգտումին, յամենայն դէպս այդ հողին վրայ է միայն, որ կրնանք նուազեցնել գուցէ եւ առաջն առնել մեզի իրարու հետ կռուեցնելու պրովոկասիոններուն ու ջանքերուն: Կովկասի մէջ քիչ-շատ տանելի կեանք մը ստեղծելու համար անհրաժեշտ է, որ երեք ազգութիւններս կամաց-կամաց վարժուինք իրարու կենսական պահանջները ճանչնալու, յարգելու եւ ձգտելու ընդհանուր համաձայնութեան մը: Եւ վայն եկեր է մեր ազգութեան, եթէ իրաւ, որ ռուսներու տիրապետութեան փէշերուն տակը միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ թոքախտաւոր գոյութիւն մը մեր ժողովուրդին` ինչպէս կը կրկնեն մեր յուսահատները: Երրորդ՝ մենք հրաժարիլ չենք կրնար մեր անկախութենէն, ինչքան ալ ուժեղ ու յաղթական ըլլայ Ռուսաստանը: Ընդհակառակը, անոր ուժն ու մեծութիւնը կրկնակի պահանջ կը դնէ մեր վրայ կրկնակի թափով ձգտելու: Խոշոր տիրապետութեան մը քայքայիչ ու ձուլող ու ցրուող ուժին դէմ մեր ազգային ինքնութիւնը կերպ մը պահել կարողանալու համար մեր ժողովուրդէն, մեր մտաւորականութենէն եւ տնտեսական բոլոր դասերէն պիտի պահանջուի արտակարգ ջանքեր կիսայեղափոխական, կիսարուեստական ծուռ ու շիտակ բոլոր միջոցներով հասնելու թուական, տնտեսական ու մտաւորական կեդրոնացաման մը՝ մեր հողին վրայ: Իսկ ասիկա հնարաւոր է միայն այն ժամանակ, երբ ուժեղ ազգային գիտակցութիւն եւ ուժեղ ազգային կամք կայ մէջտեղը, որ ուրիշ բառերով ըսել է անկախութեան լարուած ձգտում: Որովհետեւ այդ բոլոր կեդրոնացումները իմաստ ունին միայն իր ազատութեանը ձգտող ժողովուրդի մը համար, եւ իր հանգիստը եւ ուրիշին փէշերը փնտռող ժողովուրդ մը երբեք յանձն չի առներ այդ կարգի «խելառութիւններ» ու անձնազոհութիւններ: Ասո՛ր համար է, որ անկախութեան ձգտումը միակ իրական ու հատու զէնքն է ժողովուրդի մը ինքնապաշտպանութեան համար ուրիշներու լծին տակ: Եւ ձեռնթափութեան ու համակերպութեան քարոզները, նոյնիսկ իբրեւ թէ «երեսանց» կամ «առժամապէս» յանձնարարուածները` կը տանին շիփ-շիտակ մէկ հետեւանքի մը, կը շփոթեն ու կ’աղօտեն ազգային զգացումը, եւ հրապարակ կը կանչեն անտարբերութիւնը, եսապաշտութիւնը եւ թուլամորթութիւնը, այսինքն կը մարեն ժողովուրդի մը դիմադրութեան ու ինքնապաշտպանութեան ուժը: Եւ չորրորդ՝ ի՞նչ ըսել է «առժամապէս»: Առժամեայ կերպով կարելի է շարժումներ չընել, կարելի է կանգ առնել, կարելի է ետետ քաշուիլ ու նահանջել, կարելի է շրթունքները խածնել ու լռել, կարելի է «գետնին տակը» մտնել, այս բոլորը բնականոն ընթացքն է ամէն մաքառման ու ամէն պատերազմի, մանաւանդ ամէն երկարատեւ պայքարներու ու պատերազմներու: Բայց ասիկա ըսել չէ, թէ ձեռնթափ են եղած պատերազմելէ կամ հրաժարուած են դիմադրութենէ` խրամատներուն մէջ ամիսներով անգործ նստած զինուորը պատերազմի վրայ է, տարիներով կեանքի նշոյլ ցոյց չի տուող յեղափոխական կազմակերպութիւնը կռուի վրայ է: Եւ այդպէս ալ գիտեն եւ այդպէս ալ կը զգան ամէնքը, եւ ատոր համար ալ կը հալածեն: Առժամապէս մեր անկախութենէն հրաժարիլ յանձնարարող պարոնները կը մոռնան նաեւ մէկ ուրիշ կարեւոր բան` կը մոռնան, որ հանրային զգացումները, ազգային ձգտումները, մտաւորականութեան մը ղեկավար ըմբռնումները եւ ընդհանրապէս ժողովուրդներու հոգին մոմ չէ, որ ուզած ժամանակդ հանգցնես, ուզած ժամանակդ վառես, երբ այն նշանաւոր վայրկեանը հասած ըլլայ: Անգամ մը մարելէն ետքը նորէն վառելը շատ է հարցական, ինչպէս եւ շատ է դժուար հանգցնելը, երբ անգամ մը վառուած է: Կը մարի այսինչ կամ այնինչ մարդու հոգին, ուր խեղճ ու քիչ է եղած վառելանիւթը, բայց կը վառին ու կը բռնկին միւսները, թարմերը, նորերը եւ հարուստները վառելանիւթով: Եւ ատոր համար է, որ կեանքը կ’երթայ դէպի աջ իր ճամբով, իսկ զինաթափութեան, համակերպութեան եւ հրաժարման քարոզները դէպի ձախ իրենց գալարուն եւ «իմաստուն» ուղիներով: Եւ մէկը միւսի հետ գործ չունի, որովհետեւ ժամանակներուն պահանջը եւ ժողովուրդներու մարդավայել ու ազգավայել ապրելու բնազդը շատ աւելի զօրեղ է ու իմաստուն, քան բոլոր կաղլիկ սիլլոկիզմներն ու միշտ մէկ կողմը ծակ «տրամաբանութիւնը»: Կայ վերջապէս ուրիշ կարեւոր հոգեբանական կէտ մը, որ նմանապէս իրաւունք չունինք մոռացութեան տալու, նոյնիսկ ժամանակաւորապէս: Եթէ մեր ժողովուրդի ու մեր մտաւորականութեան հոգիին մէջէն յաջողինք մարելու կամ քնացնելու անկախութեան պահանջն ու ձգտումը, տեղը կը մնայ սոսկալի դատարկութիւն մը: Մենք, որ ոչ պետութիւն, ոչ բանակ, ոչ կեդրոնացում ունինք, որ ցրուած ենք կամ հպատակ, եւ կ’ապրինք ուժեղ օտար ազդեցութիւններու ու ճնշումներու տակ, մեզի անհրաժեշտ է զօրեղ ընդհանուր կապ մը, ուժեղ ընդհաուր զգացում մը, զօրաւոր յենարան մը՝ մեր միութիւնն ու ամբողջութիւնը եւ մեր ազգային կենսունակութիւնը պահել կարենալու համար: Ժամանակ մը, երկար դարերու ընթացքին եւ մահմետական լծի տակ, մեր եկեղեցին է խաղցած այդ կարեւոր պահպանողական ու պաշտպանողական դերը, հիմա այլեւս եկեղեցին անզօր է նոյն դերը խաղալու, փոխուած են ե՛ւ ժամանակները ե՛ւ պայմանները ե՛ւ ըմբռնումները: Հիմա այդ հին կրօնին տեղը բռներ է նոր կրօն մը, հին եկեղեցին փոխարինուած է նոր եկեղեցիով մը: Այդ նոր դաւանանքն է ժամանակակից մարդկութեան ամենէն բարձր, ամենէն արդար եւ ամենէն ազնիւ ըմբռնումը՝ ազգերու հաւասարութեան, ազգերու ինքնորոշման եւ ազգերու անկախութեան դաւանանքը: Եւ մեր նոր դաւանանքին տաճարը մեր հայրենի հողն է, մեր հայրենիքը, որու լրիւ ու ազատ տիրացմանը պէտք է ձգտինք, ու կը ձգտինք: Հաւատքը միշտ ալ եղեր է, եւ է ժողովուրդները միացնողը, ժողովուրդները վառողն ու ժողովուրդները շարժողը, որովհետեւ հաւատք կը նշանակէ համոզում, կը նշանակէ ոգեւորութիւ, կը նշանակէ ինքնավստահութիւն: Եւ մենք ունինք այդ հաւատքը, հաւատքը՝ մեր ապագային, մեր քաղաքակրթական դերին, մեր հայրենիքի բարձրացման ու մեր անկախութեան: Ով չունի մեզմէ այդ հաւատքը՝ դատապարտուած է կորուստի, իբրեւ հայ ժողովուրդի անդամ: Ժողովուրդները, որոնք փարած են գաղափարի մը, որոնք որոշ ու յստակ ձգտում մը ունին, որոնք երազով մը կ’ապրին, այդ գաղափարին ու այդ ձգտումին համար այնքա՜ն-այնքան կը տառապին ու անչափ զոհեր կուտան, բոցով ու մուրճով ծեծուած երկաթի մը պէս, կը ստանան բացառիկ ուժ մը, որը մեզի նման ժողովուրդներու համար ամենէն կարեւոր պայմանն է դիմացկունութեան, ինչպէս եւ յաջողութեան: Որովհետեւ մեր միայն նիւթական միջոցները շատ տկար են՝ դիմադրել կարողանալու համար մեր շրջապատի քաղաքական, զինական, տնտեսական, մտաւոր ու կուլտուրական անհամեմատ աւելի ուժեղ ճնշումներուն: Միայն ոգին, միայն գաղափարը, միայն կամքն ու համոզումը կրնան ճակատ տալ այսքան ուժեղ հակառակ հոսանքներուն: Միայն կտրուկ, անվերապահ, յամառ ու անձնազոհ ձգտումը, ինչ կ’ըլլայ թող ըլլայ, կամ մեռնելու կամ յաջողելու: Եւ ասոր մէջն է այն մեծ հրապոյրը, այն դերը եւ այն մեծ ուժը, որ ունին մեր անկախութեան ու մեր ինքնութեան համար ապրող ու մեռնող մարդիկը մեր ժողովուրդին հանդէպ: Եւ ասոր մէջն է հայ բոլշեւիկներու եւ հայ Ռամկավարներու անուղղելի, անսրբագրելի ու անճար խեղճութիւնը հայ ժողովուրդի սրտին, հայ ժողովուրդին հոգիին խօսելու: Մարդիկը հանել կ’ուզեն հայուն սրտէն հաւատքը, վստահութիւնը, գաղափարը, եւ ցած են դրեր իրենց ամենէն սուր զէնքը՝ անկախութեան ձգտումը, ալ ինչպէ՞ս կ’ուզեն, որ յաջողութիւն ունենան, ինչո՞վ կ’ուզեն տաքցնել ու կենդանացնել հայութիւնը` «կոմունիզմո՞վ», «անարխիզմո՞վ», «սերվիլիզմո՞վ»: Եւ ի՞նչ է իրենց ուզածը, ալ ի՞նչ գործ ունին հայ ժողովուրդին հետ, քանի որ այդպէս անտարբեր կերպով կը նետեն մեր անկախութեան գաղափարը` անպէտք ու երկրորդական իրի մը պէս: Կ’ըսեն՝ «հայ ժողովուրդի պահպանումը»: Հայ ժողովուրդի ինչի՞ն պահպանումը` մեր խոշոր աչքերուն ու խոշոր քիթերո՞ւն պահպանումը: Չէ որ մեր թիւն ալ, մեր աշխատանքն ալ, մեր հարստութիւնն ալ, մեր ընդունակութիւններն ալ հազար ծակերով ու առուներով կը վազեն ու կը կորչին, կ’երթան, կը ջրեն ուրիշներուն արտերը, իսկ մեր արտը կը չորնայ: Հայ ժողովուրդը պահելու մասին մտածողը պէտք է մտածէ հայու թուական, տնտեսական ու մտաւորական ուժերու կեդրոնացման մասին, պէտք է մտածէ հայու ազգային զգացման ու գիտակցութեան ուժեղացման մասին, իսկ ասոնք հնարաւոր են միայն այն ժամանակ, երբ կ’ապրի հայ հոգիին մէջ իր անկախութեան համոզումը, եւ երբ մեր բոլոր գործերուն ղեկավարը կը դառնայ հայ ժողովուրդի անշեղ կամքը իր անկախութեանը հասնելու: == ՎԵՐՋԱԲԱՆ == Մինչեւ հիմա ըսուածներէն ետքը՝ կրնանք կանգ առնել հետեւեալ հիմնական եզրակացութիւններուն վրայ: 1. Մեր արդի վիճակը, մեր այս ցնցումները, մեր կրած ծանր հարուածները, մեր ձգտումները, մեր յոյսերն ու բեկումները, մեր ամբողջ նշանաւոր «հայկական հարցը» ո՛չ դժբախտ պատահականութիւն մըն է, ո՛չ ժամանակաւոր դէպքերու բերում, ո՛չ յեղափոխական «անմտութիւններու» ու «անխոհեմութիւններու» արդիւնք, ո՛չ ալ երէկուան ու քանի մը տասնեակ տարիներու մէջ ծնունդ առած իրողութիւն: Շատ խորն են ատոր արմատները եւ տասնեակ մը դարերու պատմութիւն ունին իրենց ետեւը: Թուրանական ցեղերը եկան ու տիրեցին մեր հայրենիքին, նստեցան նոր շերտով մը հայ շերտին վրայ, ուտելով ու կռծելով մեր շերտը եւ կրօնափոխ ընելով, բայց չի յաջողեցան հատցնելու հայութիւնը ու վերջապէս ձուլելու իրենց հետ: Շնորհիւ իր արեւմտեան կրօնին ու հոգիին հայը դիմացաւ ամբողջ հազար տարի, իբրեւ անմարս օտար մարմին մը այդ եկող ու գացող թուրանմահմետական ցեղերու ու պետութիւններու օրգանիզմին մէջ: Ո՛չ միացանք, ո՛չ փչացանք: Ուրեմն օր մը անպատճառ պիտի գար զատուելու ու առանձնանալու անհրաժեշտութիւնը այդ խեղդող գրկախառնութենէն: Եւ եկաւ ահա՜ այդ օրը, երբ մեր ոգիին հարազատ քրիստոնեայ Արեւմուտքը իր ոտքը դրաւ մեր աշխարհը: Այն Արեւմուտքը, որ այնքա՜ն-այնքա՜ն կանչեր էին մեր նախնիքը երկար ու դաժան դարերու ընթացքին, եւ այնքա՜ն-այնքա՜ն սպասեր էին ի զուր: Դարերու ու խորը սերունդներու ձգտումն ու տենչանքն է, որ հիմա կ’ոգորի մարմին առնելու համար` միայն իմ ու քու եւ միայն այսօրուան քմայք մը չէ՛ ասիկա: 2. Եւրոպայի ու Ասիայի երեք անգամ հազարամեայ մենամարտին մէջ, հիմա, երեք հարիւր տարիէ ի վեր, սկսած է Արեւմուտքի բարձրացումը, Արեւմուտքի առաջ արշաւելը, եւ Արեւելքի նահանջը, արեւելեան պետութիւններու խոնարհումն ու հպատակիլը: ԺԹ դարու կէսերէն այդ շարժումը առած է արդէն մասնաւոր թափ ու արագութիւն, իր ուժին հասած եւ ուռած ալիքի մը պէս: Այդ ալիքն է, որ ամէն կողմէ այժմ կ’ողողէ Մերձաւոր Արեւելքը: Եւ այդ հողամասերուն մէջ եկած է վախճանը թուրանականմահմետական տիրապետութեան: Եւրոպան է, որ ներս կը խուժէ, եւ ո՛չ մէկ բան այլեւս առջեւը առնել չի կրնար արեւմտական այդ արշաւին: Պան-թուրանական ու պան-իսլամական երազանքները խորտակուած պետութեան մը վերջին յուսահատ ինքնախաբութիւններն են: Թուրքիայի կայսրութիւնը, այդ ասիական ձրիակեր բռնակալութիւնը, անցած ու աւարտած բեմախաղ մըն է. Լենկթիմուրեան իտէալները չե՛ն վերադառնար` ամէն շարժում իր դարը ունի: Թուրքերու մոլեգին ջանքը Թուրքիան օտարներէն մաքրելու, յոյներու ու հայերու խելագար ջարդերը, խելագար վախը արեւմտեան ժողովուրդներու ներկայութենէն ու ազդեցութենէն՝ ամենէ՛ն լաւ նշանն է Թուրքիայի անկարութեան ու անճարակութեան: Այդ ձեռքերով ու այդ խելքերով չէ, որ պիտի ներկայանան մեր ժամանակի ոգիին: Արեւմտականութեան այս յաղթանակի դարերուն Թուրքիան ո՛չ միայն անկարող է նոր ասիական տիրապետութիւն մը հիմնելու` անիկա անկարող է նաեւ պահելու իր իշխանութեան տակ ա՛յն հողամասերը, որոնք զուտ թուրքաբնակ չեն: Փոքր Ասիայի ափերը, Կիլիկիան, Բարձր Միջագետքը եւ Հայաստանը, որ եւրոպական մրցակցութեան ու խառնակութեան պատճառով դեռ առայժմ մնացեր են իր ձեռքը, պատմական անխուսափելի անհրաժեշտութեամբ դուրս են գալու իր ձեռքէն: Եւ Թուրքիան, եթէ ապրիլ կ’ուզէ` ապրի պիտի միայն իր Անգորայի բարձունքներուն վրան ու շուրջը, իբրեւ փոքրիկ պետութիւն մը, ան ալ՝ եթէ շուտով բռնել կարողանայ աշխատանքի ու քաղաքակրթութեան ճամբան: Բոլոր մնացած «յաջողութիւնները» քամիներու բերած ժամանակաւոր խաղ են կամ սնոտի պոռոտախօսութիւն: 3. Խօսելով մասնաւորապէս մեզի վերաբերող վիլայէթներու մասին՝ թուրքերը ինչքան ալ, որ յոխորտան, կարճատես ըլլան ու գաղթականներ ներս թխմեն, միեւնոյնն է` ոչինչ շահիլ չեն կրնար: Մինչեւ Եփրատ ու Տրապիզոն, գո՛նէ մինչեւ Եփրատ ու Տրապիզոն, այդ հողամասերը չեն մնալու թուրքերու իշխանութեան տակ: Վան, Մուշ, Ալաշկերտ, Կարս ու Էրզրում միանան պիտի, եւ շուտո՛վ, արդի Երեւանեան մասերուն, ըլլայ հայու անունով, ըլլայ ռուսական իբրեւ նահանգ` միանան պիտի անպայման: Թուրքերու սարքած բոլոր կարճամիտ ջարդերն ու վրիժառու վայրագութիւնները, ինչպէս եւ իրենց հիմակուան կոյր յամառութիւնը, որով կ’ընդդիմանան այդ մասերու անկախացմանը, մեզի չափ վնաս է եւ իրե՛նց: Հայու գլխուն հասցուցած ամէն զարկը թուրքը միաժամանակ իր գլուխն է, որ կ’իջեցնէ, մեր առջեւը հանած ամէն դժուարութիւն` ինքն իր առջեւը կը բարդէ: Կովկասին տիրելու ցնորքներով յափշտակուած՝ ինքն իր ձեռքովը կը քանդէ այն միակ պատուարը, որ պատմութիւնը քաշեր է հիւսիսէն Թուրքիայի վրան խուժող Արեւմուտքին առջեւը: Հայ տարրը սպառել ու Հայաստանը դատարկել` կը նշանակէ ռուսի հաշուին աշխատիլ, իշխան Լոբանովներու եւ կեղծաւոր Չիչերիններու փայփայած երազը իրագործել, որպէսզի հայկական բերդը բնակեցնեն, ըլլայ ճերմակ թէ կարմիր, կոզաքներով, ի՜նչ կարեւորութիւն ունի գոյնը, չէ՞ որ «ապուշները խաբելու համար» են հնարուած այդ բոլոր գոյները: 4. Ալ անցած են թուրանական դարերը եւ փակուելու վրայ է պատմութեան այդ էջը: Եւ Մերձաւոր Արեւելքի համար բացուած է նոր երես, մտած ենք անգլօռուս հակամարտութեան դարերը: Մենք կ’ապրինք հիմա փոխանցման շրջանին սկիզբը, դեռ կը մտածենք հին խելքերով, հինը չմոռցած ու նորը դեռ չըմբռնած սերունդի մը շուար ու յամառ վիճակն է, որ կը տիրէ հիամ ե՛ւ մեր դրացիներուն ե՛ւ մեզի: Մեզմէ դեռ շատ շատերը սովոր են նայելու մեր հարցին վրայ, իբրեւ անջատ, առաւել կամ նուազ պատահական ու առանձնակի երեւոյթի մը, եւ ճիշդ ատոր համար ալ մեր հարցին լուծումը կը սպասեն առաւել կամ նուազ արուեստական ձեւով մը, անջատ բարեացակամութեամբ, կարծես, տեսակ մը բարեգործութեամբ: Մինչդեռ այլեւս ներելի չէ մեզի անգիտանալը, որ մեր հարցը շատ աւելի բարդ հիւսուածքի մը մէկ մասնաւոր ու բնորոշ հատուածն է, եւ մեր վիճակը լաւ ըմբռնելու համար` պէտք է որոշ կերպով գիտնանք, թէ ի՞նչ ուղղութեամբ կը վազեն այդ հիւսուածքին թելերը: Ամենէն առաջ, մեր հա՛րցը, ինչպէս որ կայ, եւ ինչպէս որ ըլլալու է ասկէ ետքը, իր խառնակ ու խճճուած դրութեամբ արդիւնքն է անգլօ-ռուս ընդհարումին: Առանց Անգլիայի ներկայութեանը մեր սահմաններուն վրա` այսօր խնդիրը կ’ըլլար անհամեմատ աւելի պարզ ու հասարակ: Հայաստանը թուրքի տիրապետութենէն կ’անցնէր ռուսի տիրապետութեանը եւ մեր անկախութեան յոյսերը կը դառնային շա՛տ աւելի հեռաւոր, քանի որ առանց անգլիական խթանի` ռուսը շատ աւելի դանդաղ պիտի ենթարկէր փոփոխութեան իր պետական սիսթեմը տիրուած ազգերու հանդէպ, մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի միւս կիսանկախ ժողովուրդներու շարքին: Այդ երկու մեծ պետութիւններու ընդհարումն է, որ մեր հարցը կը դարձնէ առկախ եւ ամէն աստիճանի հնարաւորութիւններով լեցուն: Մէկ կողմէն դուռ բանալով աւելի յանդուգն կարելիութիւններու, միւս կողմէն՝ զրկելով մեզի աւելի իրական, աւելի անմիջական հնարաւորութիւններէն: Եւ այս ընդհարման մէջ, ընդհանուր առումով, եւ շատ բնական կերպով, ռուսը աւելի հակառակորդ տարր է մեզի եւ անգլիացին աւելի բարեկամ, քանի որ մէկուն շահերը եւ փռուելու ցանկութիւնը մեր անկախութեան խափանումը կը պահանջէ, կամ գոնէ սեղմումն ու կրճատումը եւ յետաձգումը, ինչքան որ հնար է` մինչեւ միւսին շահերն ու ազդեցութեան տարածումը կը յենուին փոքր անկախութիւններու ստեղծումին վրայ, եւ մասնաւոր կերպով նպաստաւոր են քրիստոնեայ ու արեւմտական Հայաստանի մը անկախացումին: 5. Մեզի հետ նոյն բանուածքը կը կազմեն եւ նոյն անգլօռուս ընդհարման գօտիին զանազան հատուածներն են Թուրքիան, Վրաստանը, Ատրբէյջանը եւ Կասպիականի տակով Պարսկաստանն ու Աւղանիստանը, այլեւս Թուրքեստանի ժողովուրդները: Այդ բոլոր երկիրներու քաղաքական դիրքն ու վիճակը, իր խոշոր գծերով, աւելի կամ պակաս նման է մերինին: Անշուշտ, Վրաստանն ու Ատրբէյջանը մասնաւոր կերպով, որովհետեւ կապուած ենք իրարու աշխարհագրական, տնտեսական ու ռուսական շատ աւելի սերտ կապերով: Այս բոլոր ժողովուրդները պէտք է վերջապէս իրար հասկնան, իրար օժանդակեն ու իրարու կըռթնին, եթէ կը ցանկան, որ ասկէ ետքը իրենք ալ ունենան իրենց ազատ անկիւնը, իրենց կեանքի բաժինը, հարաւի արեւին տակ: Իրար խեղդելով չէ, որ պիտի կարողանանք ապրիլ, այլ իրարու յենուելով: Նոր պայմանները բերելու են նոր կապակցութիւններ, նոր շահակցութիւններ ու նոր քաղաքականութիւն, մէկդի դնելով հետզհետէ արդէն հինցած ու անպիտանացած կրօնական հակակրութիւնները, հին ու կամաց-կամաց իր իմաստը կորսնցնող թշնամութիւններն ու անբարեացակամութիւնը: Բայց դեռ ժամանակ է հարկաւոր, եւ պէտք է հանգիստ, որ ջրերը պարզուին, որ կրքերը պառկին, որ աչքերը բացուին: Այսպէսով է, որ հայ, վրացի ու ատրբէյջան չափազանց նման պայմաններէն ծնունդ է առնելու չափազանց մօտիկ գործացութեան մը անհրաժեշտութիւնը: Այսպէսով է, որ ամբողջ անգլօ-ռուս գօտիի բոլոր ժողովուրդներուն համար ծագելու է կարիքը իրար հասկնալու, իրար մօտենալու եւ մշակելու հաշտ ու ընդհանուր քաղաքականութիւն մը: Եւ մասնաւորապէս տրամագծօրէն փոխուին պիտի մեր յարաբերութիւնը Թուրքիայի հետ, հէնց որ քաշուին անոնք մեր հայրենիքէն եւ հէնց որ հիմք մը դրուի մեր անկախութեան: Բուլգարներու ու թուրքերու շահակցութիւնն ու գործակցութիւնը բուլգարական ջարդերէն հազիւ երեսուն տարի ետքը, շատ փոքրիկ բան մըն է համեմատած այն քաղաքական, տնտեսական ու կուլտուրական բազմադիմի ստիպումին հանդէպ, որ այս վայրկեանիս իրար ջարդող ու իրար ատող մեր երկու թշնամի ժողովուրդները մօտեցնելու ու կապելու է իրար: 6. Ժամանակի ոգին կը քալէ, տարուէ տարի աւելի յաղթական, տարուէ տարի աւելի տիրական ու պահանջկոտ: «Բոլո՜ր ազգերը իրար հաւասար, փո՜քր ազգերուն ազատ ապրելու ապահովութիւն»: Քաղաքակիրթ մարդկութեան անվայել սեւ ամօթ մը ու նախատինք մը պիտի դառնայ շուտով ազգերու ճորտացումն ու ստրկացումը աւելի ուժեղներու կամքին ու մտրակին տակը, ինչպէս որ ամօթ մը ու նախատինք մը հռչակուեցաւ մեզմէ հազիւ դար մը առաջ անհատներու ստրկութիւնն ու ճորտութիւնը անհատներու կամքին ու մտրակին տակը: Եւ խթանուած ժամանակի ոգիէն, ոգեւորուած մարդկութեան բարձր համակրանքէն, բոլո՛ր տիրուած ժողովուրդները տարուէ տարի աւելի բուռն ու աւելի անդիմադրելի ձգտելու են իրենց անկախութեանը, իրար սիրտ տալով, իրար յենուելով, իրար ընդօրինակելով: Եւ այս հոսանքին, ներքին ու արտաքին այս ճնշումին տակ ոչ մէկ պետութիւն, ինչքան կ’ուզէ խոշոր ըլլայ, դիմադրել չի կրնար ընդերկար, ինքն ալ կը վարակուի, եւ հետզհետէ բռնած սանձերը պէտք է թուլցնէ, մինչեւ որ ժամանակը կամ ապստամբութիւնը այդ սանձերը վերջանականապէս փրցնէ: Գալով մեր անկախութեան բռնելիք ճամբուն՝ անիկա պիտի կարճանայ կամ աւելի երկարանայ նայելով անգլօ-ռուս ընդհարման առնելիք ընթացքին: Բուռն ընդհարում մը այդ երկուքին մէջ, անշուշտ, կ’արագացնէ մեր ձգտումին իրականացումը, թէեւ կապուած է լուրջ վտանգներու եւ նոր տառապանքներու հետ: Անգլիայի յաղթանակը այդ ընդհարման մէջ մեր անկախացումն է. երկու կողմերու ուժերուն վերջ ի վերջոյ իրար հաւասարակշռելը մեր անկախացումն է, նոյնիսկ ռուսական յաղթանակը որոշ անկախացում կը բերէ մեզի, որովհետեւ այդ տեսակ մեծ ու հաւանօրէն երկարատեւ պատերազմի մը միջոցին Ռուսաստանը ստիպուած է աւելի շուտ իւրացնելու անգլիական դաշնակցային ձեւը իր հպատակ ժողովուրդներուն հանդէպ: Իսկ եթէ մեղմ ընթացք առնէ անոնց ընդհարումը, իրար զիջելով, ազդեցութեան շրջանակներով, զանազան տեսակի իրար մէջ «բաժանումներով», «կիսումներով» ու համաձայնութիւններով, մեր անկախացումն ալ կը ստանայ աւելի ծանր տեմպ ու դանդաղ զարգացում, աւելի շատ յենուած մեր անձնական ճիգերուն վրայ, իբրեւ գլխաւոր օժանդակ ունենալով կովկասեան մեր հարեւանները եւ ժամանակի ոգին: 7. Եւ ինչպէս մեր ժողովուրդի արդի կեանքն ու վիճակը, այնպէս ալ մեր անկախութեան ելեւէջներն ու յառաջիկայ քայլերը շատ սերտ կերպով կապուած են Ռուսաստանի բախտին ու վիճակին, որովհետեւ գործնականապէս անոր ձեռքին տակն է հիմա հայութիւնը: Եւ եթէ մեր հանրապետական կառավարութեան տապալումէն ի վեր՝ մեր հարցը ինկած է տարօրինակ անելի մը մէջ ու տեղէն չի շարժիր եւ ծանր մթնոլորտ մը կը տիրէ մեր գոյութեան ու ապագային շուրջը, պատճառն այն է, որ մեզի իր ձեռքերուն մէջը պահող Ռուսաստանը ի՛նքը ինկած է անելի մը մէջ եւ տեղէն չի շարժիր ու ծանր մթնոլորտ մը կը տիրէ իր էութեան ու ապագային շուրջը: Խեղդիչ ու մահացնող մթնոլորտ մը, որուն անունն է Բոլշեւիզմ: Եւ մինչեւ որ Ռուսաստանի պատուհաններն ու դռները չի բացուին, մինչեւ որ այդ օրը չի մաքրուի, եւ մինչեւ որ այդ քայքայիչ ածխահարումը չանցնի Ռուսաստանի վրայէն` ոչ մէկ լուծում սպասելի չէ եւ մեր հարցին համար: Առանց Ռուսաստանի մեր հարցը լուծուիլ չի կրնար, առանց Ռուսաստանի զինական միջամտութեան, կամ այդ միջամտութեան վախին` Թուրքիայի հետ մեր անջատումը աւարտիլ չի կրնար, Թուրքիայի հետ մեր հաշիւներու վերջնական յարդարումը գալ չի կրնար, եւ ոչինչ չի վճռուիր, մինչեւ որ Եւրոպայի ու Ռուսաստանի միջեւ հասկացողութեան լեզու մը չի գտնուի: Այս գլխիվայր պայմաններու մէկ անգլուխ ծնունդն էր նաեւ մեր «օճախի» գաղափարը, որը իսկապէս կը նշանակէ խօսքը կտուրը նետել, դուռը բաց պահել ու սպասել: Որովհետեւ Ալլիէները գիտեն, որ առանց Ռուսաստանի իրանք այդ հարցին տակէն դուրս գալու անկարող են: Եւ միայն մենք չենք այդ վիճակին մէջ, ուրիշ շատ հարցեր, թէեւ քիչ մը աւելի վարպետ կերպով քօղարկուած, կը սպասեն բոլշեւիկներու նշանաւոր «փորձի» աւարտին: 8. Եւ նայելով, թէ ի՞նչ ձեւով, ի՞նչ մնացորդ ուժերով, ի՞նչ կազմով ու միջոցներով նորէն ասպարէզ պիտի մտնէ Ռուսաստանը եւ Եւրոպայի հետ յարաբերութեան, ատոր համեմատ ալ պիտի որոշուի մեր անկախութեան բռնելիք ուղին: Եւ խոշոր բաժանումներով երեք հնարաւորութիւն կայ մեր առջեւը: Առաջին՝ Հայաստանը ու ամբողջ հայ ժողովուրդը կը մնայ ռուսական իշխանութեան տակ, գուցէ ստուերային ինքնուրոյնութեամբ մը: Յամենայն դէպս մեր անկախութեան աստիճանական զարգացումը կը դառնայ շատ աւելի դժուար ու դանդաղ եւ սերտօրէն կապուած կովկասեան միւս ժողովուրդներուն: Այսինքն՝ ուժեղ Ռուսաստան մը կովկասեան մասերուն մէջ: Երկրորդ՝ մեր հայրենիքը կազմող հողամասերէն կ’առանձնացուի կիսանկախ հայ պետութիւն մը կապուած ու կախուած կա՛մ Ռուսաստանէն կա՛մ Անգլիայէն: Ըսել է՝ այս կամ այն աստիճանի զգալի է Անգլիայի ճնշումը Ռուսաստանի վրայ Մերձաւոր Արեւելքի գործերուն մէջ: Երրորդ՝ կը ստեղծուի ազատ ու անկախ, գուցէ եւ «չէզոքացուած» հայ պետութիւն մը, իբրեւ արդիւնք անգլօռուս զինական ընդհարման: Նայելով պարագաներուն` հոս ալ կրնան մեզի ընկերանալ նաեւ Վրաստանն ու Ատրբէյջանը: Թէ այս ճամբաներէն ո՞րն ենք բռնելու, մեր կամքէն ու ընտրութենէն կախուած բան չէ, այնքան չնչին դեր ունին հոդ մեր ուժն ու ցանկութիւնը: Ատիկա կախուած է մեր երկու մեծ դրացիներու կամքէն ու կարողութենէն, քիչ մըն ալ պատմական դէպքերու ընդհանուր դասաւորումէն: Բայց այդ ճամբաներէն, որուն վրայէն ալ որ հարկադրուինք քալելու՝ շա՛տ մեծ բան է կախուած մեր կամքէն, մեր վարքէն ու մեր ուժէն՝ թէ ինչպէ՛ս կը քալենք: Հոդ է, որ պիտի երեւայ մեր քաղաքական հասունութիւնը, մեր ճկունութիւնն ու ընդունակութիւնները, ինչպէս եւ մեր ցեղային թափն ու վճռականութիւնը: 9. Անտարակոյս, ամէն հայու տենչանքն է, որ շուտով ու անմիջապէս անցնինք երրորդ հնարաւորութեան, կամ գոնէ երկրորդին, եւ մեր աչքերովը տեսնենք մեր վերջնական ազատութիւնը, մանաւանդ այսքա՜ն-այսքան տառապանքներէ ու զոհաբերութիւններէն ետքը: Մասնաւորապէս անոնք, որոնք բախտ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան երկու-երեք կարճ տարիներու ընթացքին հայրենի հողին վրայ ծծելու մեր սարերու ազատ ու անկախ օդը, շատ դժուարով պիտի համակերպին շնչելու նորէն իր հպատակութեան անառողջ օդը: Բայց պատմութիւնը, բնութեան նման, որուն մէկ կտորն է արդէն ինքը, հաշուի առնել չգիտէ մեր ցաւերն ու տենչանքները: Շատ սերունդներ եկեր են ու անցեր մեզմէ առաջ այդ ցաւերով ու տենչանքներով: Եւ հիմա ալ մեր այնքա՜ն-այնքան հարազատներն ու ընկերները իրենց երիտասարդութիւնն ու ամբողջ կեանքը զոհ բերին հայու ազատութիւնը տեսնելու տենչին, եւ վառուեցան ու անցան առանց այդ օրը տեսնել եւ վայելել կարողանալու: Մեր պարտքն է մաքառիլը, մեր մխիթարութիւնը՝ աշխատիլը, պտուղը կը քաղեն ապագայ սերունդները: Պատմութիւնը թշնամի է գուշակութիւններու, եւ շատ կը սիրէ՝ ծաղրել բոլոր նախագուշակութիւններն ու ենթադրութիւնները: Բայց եւ այնպէս մարդկային անհանգիստ հոգին միշտ աւելի առաջ կը վազէ շրջապատող դէպքերէն, եւ անդիմադրելի կերպով կը ձգտի գիտնալու վաղուան գալիքը: Եւ որոշ աստիճանի նոյնիսկ գործնական անհրաժեշտութիւն մըն է ատիկա, այդ վաղուան նախատեսութիւնը, մօտաւոր ապագայի ըմբռնումը եւ անոր դէմը ելնելու նախապատրաստութիւնը: Եւ ահա՜ հիմա ալ, ուզենք թէ չուզենք, պարտական ենք ըսելու, որ դէպքերու ընթացքէն եւ ուժերու փոխ-յարաբերութենէն դատելով՝ այնպէս կը թուի, որ մեր անկախութիւնը բռնելու է վերի երեք ուղիներէն առաջինը: Ցանկա՛նք ու մաղթե՛նք, որ սխալ ըլլայ մեր հաշիւը եւ սուտ դուրս գայ մեր ենթադրութիւնը, բայց լա՛ւ է, որ պատրաստուինք: Աւելորդ լաւատեսութիւնը մեզի շատ են անպատրաստ գտած պէտք եղած վայրկեանին, շուարում են բերած եւ յուսալքում: Իսկ մեր ակնկալութեան հակառակ յանկարծ մեր անկախութեան արագացումն ու դիւրացումը, ուրախութենէն ու ոգեւորութենէն զատ, մեզի ոչ մէկ վնաս բերել չի կրնար: Հաւանօրէն դեռ բաւական ճամբայ ունինք քալելու եւ բաւականին քարքարոտ ճամբայ, դեռ շատ յոգնութիւն, տաժանք ու զոհաբերութիւն ունինք կրելու այդ ճամբուն վրայ: Քալե՛նք: Տասնըիններորդ դարը բերաւ մեզի մեր ազգային գիտակցութեան զարթօնքը, բերաւ հայ քաղաքակրթութեան, հայ ոգիին ու հայ կամքին վերածնունդը: Քսաներորդ դարը պիտի բերէ մեզի համար կուլտուրական ու պետական անկախութիւնը: jaihvdwn8ieohnn2ba517h3sgztmqmz