Ուիքիփետիա hywwiki https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D5%AC%D5%AD%D5%A1%D6%82%D5%B8%D6%80_%D4%B7%D5%BB MediaWiki 1.47.0-wmf.7 first-letter Մեդիա Սպասարկող Քննարկում Մասնակից Մասնակցի քննարկում Ուիքիփետիա Ուիքիփետիայի քննարկում Պատկեր Պատկերի քննարկում MediaWiki MediaWiki քննարկում Կաղապար Կաղապարի քննարկում Օգնություն Օգնության քննարկում Ստորոգութիւն Կատեգորիայի քննարկում TimedText TimedText talk Մոդուլ Մոդուլի քննարկում Event Event talk Առաստաղ (վէպ) 0 32019 252413 252080 2026-06-22T01:22:07Z JohnYahyaHanna 7467 252413 wikitext text/x-wiki '''Առաստաղ''' (բնագիր՝ «'''ԱՌԱՍՏԱՂ'''»), վէպ, զոր գրած է [[Ռոպէր Հատտէճեան]]: Վէպը կը նկարագրէ հիւանդացած, անշարժացած մարդու մը ներաշխարհը, որ հիւանդանոցի անկողնին մէջ պառկած՝ կը դիտէ առաստաղը եւ անոր միջոցով կը վերապրի իր անցեալը, իր պապերը, իր յոյսերն ու կորուստները:<ref>{{Cite web|url=https://azg.am/culture/%D5%B0%D5%A1%D5%BF%D5%BF%D5%A5%D5%B3%D5%B5%D5%A1%D5%B6%D5%AB-%D5%A5%D6%80%D5%AF%D5%B8%D6%82-%D5%BE%D5%A5%D5%BA%D5%A5%D6%80%D5%A8-%D5%B4%D5%A5%D5%AF-%D5%B0%D5%A1%D5%BF%D5%B8%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%B4/|title=Հատտեճյանի երկու վեպերը մեկ հատորում|last=ԱԶԳ|date=2021-01-27|website=Ազգ|language=hy|accessdate=2026-06-01}}</ref> == Հեղինակ == Ռոպէր Հատտէճեան (ծն. 1950) պոլսահայ գրող, հրապարակագիր, խմբագիր է: Երկար տարիներ խմբագրած է «Մարմարա» օրաթերթը: Անոր գործերը կը միացնեն գրականութիւնն ու հրապարակագրութիւնը: Հատտէճեան յայտնի է նաեւ իր յուշատետրերով եւ կենսագրական գրութիւններով: == Պատմութեան համառօտ նկարագիր == Վէպին հերոսը (անանուն) կաթուածահար վիճակի մէջ պառկած է հիւանդանոցի սենեակին մէջ, կռնակի վրայ, եւ անկարող է շարժիլ: Ամբողջ օրը կը դիտէ առաստաղը: Առաստաղը կը դառնայ անոր մտածումներու էկրանը: Հոն կը պարպէ իր յիշողութիւնները, կը տեսնէ իր մանկութիւնը, իր հօր, պապերու դէմքերը, իր մահացած կինը՝ Վերժինը, իր աղջիկը՝ Սաթենիկը, փեսան՝ Յակոբը, եւ թոռնիկը՝ Ռուբիկը: Վէպը կը ցուցնէ թէ ինչպէս անշարժութիւնը չի կրնար ոչնչացնել մարդու մարդկայնութիւնը: Հերոսը կը մնայ բարի, լաւատես եւ ընտանիքին սէրը պահպանող: Սակայն վերջին հարուածը կը ստանայ, երբ կ'իմանայ, որ իր դուստրն ու անոր ընտանիքը պիտի գաղթեն օտար երկիր: == Գաղափարաբանութիւն == Վէպը միաժամանակ ազգային եւ համամարդկային է: Հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս գաղթը, կորստեան զգացումը եւ անկայունութիւնը կը դառնան հայու կեանքի անբաժան մասը: Հերոսի անշարժութիւնը խորհրդանշականօրէն կը նկարագրէ նաեւ սփիւռքահայութեան վիճակը՝ արմատներէն կտրուած, սակայն յիշողութեամբ եւ յոյսով ապրող: Վէպին մէջ յաճախ կը հնչեն հարցումներ մարդկային գոյութեան մասին, ինչպէս՝ «Ինչո՞ւ մարդիկ կ'ապրին միլիոններով՝ առանց իրար ճանչնալու»: == Հրատարակութեան պատմութիւն == * 1982 – Վէպը արժանացած է «Ալեք Մանուկեանի Գրական Մրցանք»ի առաջնութեան պարգեւին (արձակի բաժին): * 1983 – Հրատարակուած է Հ. Բ. Ը. Միութեան Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի մեկնասութեամբ: * 1997 – Թրքերէնի թարգմանած է Անահիտ Հազարեանը, «ԹԱՒԱՆ» վերնագրով, ԹԷԼՈՍ հրատարակչատան կողմէ: * 2018 – Երկրորդ թրքերէն հրատարակութիւնը կատարած է ԱՐԱՍ Հրատարակչատունը: == Արձագանգներ == Գրականագէտ Կիրակոս Գույումշեան (Քուէյթ) գրած է.<blockquote>«Այս վէպը միայն հայուն պատմութիւնը չէ, այս վէպը կ'արձագանգէ ամբողջ մարդկութեան ապրելաձեւին... «Առաստաղ»ը, ըլլալով հանդերձ ազգային վէպ, նաեւ համամարդկային պատմութիւն մըն է, որուն էջերուն մէջ ամէն հայ պիտի գտնէ իրմէ բան մը»:</blockquote> == Տես նաեւ == * [[Ռոպէր Հատտէճեան]] * [[Մարմարա (թերթ)|«Մարմարա» թերթ]] == Ծանօթագրութիւններ == <references /> 2lv41i75jm19rqm7th8uyex2qkgcluq Նափոլէոն Պոնափարթ 0 32076 252415 252298 2026-06-22T09:32:44Z Maral Dikbikian 4797 252415 wikitext text/x-wiki {{Տեղեկաքարտ Անձ}} '''Նափոլէոն Պոնափարթ''' ({{Lang-fr|Napoléon Bonaparte}}, {{ԱԾ}}), Ֆրանսայի կայսր, աշխարհահռչակ զօրավար եւ պետական գործիչ, որ յետագային ճանչցուեցաւ իր գահակալական անունով՝ Նափոլէոն Ա․: Ֆրանսացիներու Կայսրն էր 18 Մայիս 1804-էն մինչեւ իր առաջին հրաժարումը՝ 1814-ին, եւ կարճատեւ վերականգնումով մը՝ 1815-ի Հարիւր Օրերուն ընթացքին։ Ան յառաջացաւ ու հռչակուեցաւ որպէս զօրավար՝ Ֆրանսական Յեղափոխութեան ժամանակ, եւ ղեկավարեց զինուորական արշաւանքներու շարք մը ամբողջ Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի մէջ՝ Ֆրանսական Յեղափոխական եւ Նափոլէոնեան Պատերազմներու ընթացքին։ Որպէս պետական գործիչ՝ ան բազմաթիւ օրինական եւ վարչական բարեփոխումներ իրագործեց Ֆրանսայի ու Եւրոպայի մէջ։ == Կենսագրական գիծեր == === Կանուխ Կեանքը === Նափոլէոնի ընտանիքը իտալական արմատներ ունէր։ Իր հայրական կողմի նախնիները՝ Պոնափարթները, սերած էին թոսքանական մանր ազնուական ընտանիքէ մը, որ 16-րդ դարուն գաղթած էր Քորսիքա։ Իր մայրական կողմի նախնիները՝ Ռամոլինոները, սերած էին լոմպարտական ազնուական ընտանիքէ մը։ Նափոլէոնի ծնողքը՝ Քարլօ Մարիա Պոնափարթ եւ Մարիա Լեթիցիա Ռամոլինօ, կ'ապրէին Այաչիոյի «Մեզոն Պոնափարթ» (Պոնափարթի տուն) տան մէջ, ուր Նափոլէոն ծնաւ 15 Օգոստոս 1769-ին։ Ան ունէր մեծ եղբայր մը՝ Ժոզեֆը, եւ վեց կրտսեր քոյր ու եղբայր՝ Լիւսիէն, Էլիզա, Լուի, Փոլին, Քարոլին եւ Ժերոմ։ Աւելի քան հինգ այլ քոյր ու եղբայրներ ալ կամ մահացած ծնած էին, կամ ալ չէին գոյատեւած մանկութեան տարիներուն։ Նափոլէոն մկրտուեցաւ որպէս կաթոլիկ՝ Նափոլէոնէ տի Պոնափարթ անունով։ Իր երիտասարդութեան տարիներուն իր անունը նաեւ կը գրուէր որպէս Նապուլիոնէ, Նապուլիօ, Նափոլիոննէ եւ Նափուլիոնէ։ Նափոլէոն ծնաւ Ճենովայի Հանրապետութեան կողմէ Վերսայի պայմանագիրով Քորսիքան Ֆրանսային զիջելէն մէկ տարի ետք։ Իր հայրը պաշտպանեց Փասքուալէ Փաոլին՝ Ֆրանսայի դէմ Քորսիքայի անկախութեան պատերազմին ընթացքին։ 1769-ին Փոնթէ Նովուի ճակատամարտին քորսիքացիներու կրած պարտութենէն եւ Փաոլիի դէպի Բրիտանիա աքսորուելէն ետք, Քարլօ մտերմացաւ Ֆրանսայի կառավարիչ Շարլ Լուի տը Մարպէօֆի հետ, որ դարձաւ իր հովանաւորն ու Նափոլէոնի կնքահայրը։ Մարպէօֆի աջակցութեամբ, Քարլօ նշանակուեցաւ Քորսիքայի ներկայացուցիչ Լուի ԺԶ-ի արքունիքին մէջ, իսկ Նափոլէոն արքայական կրթաթոշակ ստացաւ Ֆրանսայի ցամաքային մասին մէջ գտնուող զինուորական ակադեմիայի մը մէջ ուսանելու համար։ Նափոլէոնի մանկութեան ամէնէն ազդեցիկ դէմքը իր մայրն էր, որուն խիստ կարգապահութիւնը զսպեց այս չարաճճի երեխան։ Կեանքի յետագայ տարիներուն Նափոլէոն ըսած է․ «Զաւակին ապագայ ճակատագիրը միշտ մօր գործն է»։ Նափոլէոնի ազնուական եւ չափաւոր հարուստ ծագումը իրեն ուսման աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ընձեռեց, քան այն ժամանակուան սովորական քորսիքացիի մը համար հասանելի էր։ 1779-ի Յունուարին, 9 տարեկան հասակին, Նափոլէոն տեղափոխուեցաւ Ֆրանսայի ցամաքային մաս եւ արձանագրուեցաւ Օթիւնի (Autun) կրօնական դպրոցը՝ իր ֆրանսերէնը բարելաւելու համար, քանի որ իր մայրենի լեզուները քորսիքերէնն ու իտալերէնն էին։ Թէեւ ան ի վերջոյ վարժ կերպով տիրապետեց ֆրանսերէնին, սակայն կը խօսէր քորսիքական շեշտադրումով (աքսանով), իսկ իր ֆրանսերէն ուղղագրութիւնը տկար էր։ Մայիսին ան տեղափոխուեցաւ Պրիէն-լը-Շաթոյի (Brienne-le-Château) զինուորական ակադեմիան, ուր իր դասընկերները պարբերաբար կը ծաղրէին զինք իր շեշտադրման, ծննդավայրի, կարճ հասակի, վարուելակերպի եւ թերի ֆրանսերէնի պատճառով։ Ան դարձաւ ինքնամփոփ ու տխրամած, եւ իրեն տուաւ ընթերցանութեան։ Քննող մը նկատած էր, որ Նափոլէոն «միշտ աչքի զարկած է թուաբանութեան հանդէպ իր ունեցած ջանասիրութեամբ։ Ան բաւական լաւ ծանօթ է պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ․․․ Այս տղան հիանալի նաւաստի կրնայ դառնալ»։ Դպրոցական տարիներու պատմութիւններէն մէկը կը պատմէ, թէ ան ձիւնագնդի կռիւի մը ժամանակ կրտսեր աշակերտները առաջնորդած է դէպի յաղթանակ՝ ընդդէմ աւագ աշակերտներուն, ինչ որ իբր թէ ցոյց տուած է իր առաջնորդական ձիրքերը։ Սակայն այս պատմութիւնը սկսած է պատմուիլ միայն այն ատեն, երբ Նափոլէոն արդէն հռչակաւոր դարձած էր։ Պրիէնի իր վերջին տարիներուն Նափոլէոն դարձաւ բացայայտ քորսիքացի ազգայնական եւ Փաոլիի երկրպագու։ 1784-ի Սեպտեմբերին Նափոլէոն ընդունուեցաւ Փարիզի «Էքոլ Միլիթէր» (École militaire - Զինուորական դպրոց), ուր ուսանեցաւ հրետանիի սպայ դառնալու համար։ Ան փայլեցաւ թուաբանութեան մէջ եւ լայնօրէն կը կարդար աշխարհագրութիւն, պատմութիւն ու գրականութիւն։ Սակայն, տկար էր ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի մէջ։ 1785-ի Փետրուարին իր հօր մահը կրճատեց ընտանիքի եկամուտը եւ ստիպեց զինք, որ երկամեայ դասընթացքը մէկ տարուան մէջ աւարտէ։ Սեպտեմբերին ան քննուեցաւ հռչակաւոր գիտնական Փիեռ-Սիմոն Լափլասի կողմէ եւ դարձաւ առաջին քորսիքացին, որ աւարտեց «Էքոլ Միլիթէր»-ը։ == Կանուխ Ասպարէզը == === Վերադարձ դէպի Քորսիքա === 1785-ի Սեպտեմբերին աւարտելէն ետք, Պոնափարթ նշանակուեցաւ որպէս տեղակալ (second lieutenant) «Լա Ֆեր» (La Fère) հրետանային գունդին մէջ։ Ան ծառայեց Վալանսի (Valence) եւ Օքսոնի (Auxonne) մէջ մինչեւ 1789-ին Ֆրանսական Յեղափոխութեան պայթումը, սակայն երկարատեւ արձակուրդներ անցուց Քորսիքայի մէջ, ինչ որ սնուցեց իր քորսիքական ազգայնականութիւնը։ 1789-ի Սեպտեմբերին ան վերադարձաւ Քորսիքա եւ սկսաւ պաշտպանել ու տարածել ֆրանսական յեղափոխական գաղափարները։ 1790-ի Յուլիսին Փաոլի վերադարձաւ կղզի, բայց ան ոչ մէկ համակրանք ունէր Պոնափարթի հանդէպ, քանի որ իր հայրը դաւաճան կը համարէր՝ Քորսիքայի անկախութեան դատը լքելուն համար։ Պոնափարթ նետուեցաւ խճճուած ու եռակողմ պայքարի մը մէջ՝ արքայականներու (ռոյալիստներ), յեղափոխականներու եւ քորսիքացի ազգայնականներու միջեւ։ Ան դարձաւ Եակոպինեաններու (Jacobins) կողմնակից եւ միացաւ ֆրանսամէտ քորսիքացի հանրապետականներուն, որոնք դէմ էին Փաոլիի քաղաքականութեան եւ անոր՝ կղզին անջատելու ձգտումներուն։ Անոր տրուեցաւ Քորսիքայի կամաւորներու գումարտակի մը հրամանատարութիւնը, եւ 1792-ին ան բարձրացաւ հարիւրապետի (կապիտան) աստիճանի կանոնաւոր բանակին մէջ՝ հակառակ իր արձակուրդի ժամկէտը անցընելուն եւ Այաչիոյի մէջ իր կամաւորներուն ու ֆրանսական կայազօրին միջեւ ծագած վէճին։ 1793-ի Փետրուարին Պոնափարթ մասնակցեցաւ դէպի Սարտինիա ֆրանսական ձախողած արշաւանքին։ Այն ամբաստանութիւններէն ետք, թէ Փաոլի ձախողցուցած է արշաւանքը եւ անոր վարչակարգը փտած ու անկարող է, Ֆրանսայի Ազգային Պատուիրակութիւնը (National Convention) զինք օրէնքէն դուրս յայտարարեց։ Յունիսի սկիզբը, Պոնափարթ եւ 400 ֆրանսացի զինուորներ չյաջողեցան Այաչիոն գրաւել քորսիքացի կամաւորներէն, եւ կղզին անցաւ Փաոլիի կողմնակիցներու հսկողութեան տակ։ Երբ Պոնափարթ իմացաւ, որ Քորսիքայի ժողովը դատապարտած է զինք ու իր ընտանիքը, Պոնափարթները փախան դէպի Ֆրանսայի ցամաքային մասին մէջ գտնուող Թուլոն քաղաքը։ === Թուլոնի Պաշարումը === Պոնափարթ վերադարձաւ Նիսի մէջ գտնուող իր գունդը եւ նշանակուեցաւ ափամերձ հրետանային մարտկոցի մը հարիւրապետ (կապիտան)։ 1793-ի Յուլիսին ան հրատարակեց «Լը սուփէ տը Պոքեր» (''Le souper de Beaucaire'' - Ընթրիք Պոքերի մէջ) գրքոյկը, որով կը ցուցադրէր իր աջակցութիւնը Ազգային Պատուիրակութեան (National Convention), որ մեծապէս կ'ազդուէր Եակոպինեաններէն։ Սեպտեմբերին, իր քորսիքացի հայրենակից Անթուան Քրիսթոֆ Սալիչեթիի օգնութեամբ, Պոնափարթ նշանակուեցաւ հանրապետական ուժերու հրետանիի հրամանատար, որոնք ուղարկուած էին դաշնակից ուժերու կողմէ գրաւուած Թուլոնի նաւահանգիստը ետ գրաւելու համար։ Ան արագօրէն աւելցուց ձեռքի տակ եղած հրետանին եւ առաջարկեց բլուրի վրայ գտնուող բերդ մը գրաւելու ծրագիր, որմէ հանրապետական թնդանօթները կրնային հսկել քաղաքի նաւահանգիստը եւ ստիպել դաշնակիցներուն, որ պարպեն այն։ Դեկտեմբեր 16–17-ին այդ դիրքին վրայ գործադրուած յաջող յարձակումը յանգեցուց քաղաքի գրաւման։ Թուլոնի յաջողութիւնը Պոնափարթը բերաւ ազդեցիկ մարդոց ուշադրութեան կեդրոնը, որոնցմէ էր Օկիւսթէն Ռոպեսփիերը՝ առաջատար Եակոպինեան Մաքսիմիլիէն Ռոպեսփիերի կրտսեր եղբայրը։ Ան բարձրացուեցաւ պրիգադի զօրավարի (brigadier general) աստիճանի եւ դրուեցաւ Միջերկրականի ափերու պաշտպանութեան գլուխը։ 1794-ի Փետրուարին ան նշանակուեցաւ Իտալական Բանակի հրետանիի հրամանատար եւ Սարտինիոյ Թագաւորութեան վրայ յարձակելու ծրագիրներ մշակեց։ Ֆրանսական բանակը գործադրեց Պոնափարթի ծրագիրը 1794-ի Ապրիլին՝ Սաորճիոյ երկրորդ ճակատամարտին, ապա յառաջացաւ լեռներուն մէջ գտնուող Օրմէան գրաւելու համար։ Օրմէայէն ան ուղղուեցաւ դէպի արեւմուտք՝ շրջանցելու համար Սաորժի շուրջ գտնուող աւստրօ-սարտինական դիրքերը։ Այս արշաւանքէն ետք, Օկիւսթէն Ռոպեսփիերը Պոնափարթը առաքելութեամբ ուղարկեց Ճենովայի Հանրապետութիւն՝ պարզելու համար այդ երկրին դիրքորոշումը Ֆրանսայի հանդէպ։ === 13 Վանտեմիեր (13 Vendémiaire) === 1794-ի Յուլիսին Մաքսիմիլիէն Ռոպեսփիերի անկումէն ետք, Պոնափարթի կապերը առաջատար Եակոպինեաններուն հետ զինք քաղաքականապէս կասկածելի դարձուցին նոր վարչակարգին աչքին։ Ան ձերբակալուեցաւ Օգոստոս 9-ին, բայց երկու շաբաթ ետք արձակուեցաւ։ Իրմէ խնդրուեցաւ ծրագիրներ պատրաստել իտալական դիրքերուն վրայ յարձակելու համար՝ Աւստրիոյ դէմ Ֆրանսայի մղած պատերազմի ծիրէն ներս, իսկ 1795-ի Մարտին ան մասնակցեցաւ Քորսիքան բրիտանացիներէն ետ խլելու արշաւանքին, սակայն ֆրանսացիները ետ մղուեցան Թագաւորական Նաւատորմի (Royal Navy) կողմէ։ 1794-էն սկսեալ Պոնափարթ սիրային կապերու մէջ էր Տեզիրէ Քլարիի հետ, որուն քոյրը՝ Ժիւլի Քլարին, ամուսնացած էր Պոնափարթի մեծ եղբօր՝ Ժոզեֆի հետ։ 1795-ի Ապրիլին Պոնափարթ նշանակուեցաւ Արեւմտեան Բանակին մէջ, որ ներգրաւուած էր Վանտէի պատերազմին՝ քաղաքացիական պատերազմ եւ արքայականներու հակայեղափոխութիւն Վանտէի տարածաշրջանին մէջ։ Որպէս հետեւակի հրամանատարութիւն, ասիկա աստիճանի նուազում էր հրետանիի զօրավարի պաշտօնէն, եւ ան առողջական վատ վիճակը պատրուակեց՝ այդ պաշտօնէն խուսափելու համար։ Այս շրջանին ան գրեց «Քլիսոն եւ Էօժենի» (''Clisson et Eugénie'') սիրային վիպակը՝ զինուորի մը եւ իր սիրեցեալին մասին, ինչ որ ակնայայտ զուգահեռ մըն էր Քլարիի հետ Պոնափարթի ունեցած սեփական յարաբերութեան։ Օգոստոսին ան պաշտօն ստացաւ Տեղագրութեան Գրասենեակին (Bureau of Topography) մէջ, ուր կ'աշխատէր զինուորական ծրագիրներու վրայ։ Սեպտեմբեր 15-ին ան հեռացուեցաւ կանոնաւոր ծառայութեան մէջ գտնուող զօրավարներու ցուցակէն՝ Վանտէի արշաւանքին ծառայելէ հրաժարելուն պատճառով։ Ան փորձեց տեղափոխուիլ Կոստանդնուպոլիս՝ իր ծառայութիւնները առաջարկելու Սուլթան Սելիմ Գ․-ին։ Խնդրանքը ի վերջոյ ընդունուեցաւ, բայց ան երբեք չստանձնեց այդ պաշտօնը։ Հոկտեմբեր 3-ին Փարիզի արքայականները ապստամբութիւն յայտարարեցին Ազգային Պատուիրակութեան դէմ։ Փոլ Պարասը՝ Թերմիտորեան հակազդեցութեան առաջնորդներէն մէկը, գիտէր Թուլոնի մէջ Պոնափարթի զինուորական սխրանքներուն մասին եւ զինք նշանակեց Թուիլըրի պալատին (Tuileries Palace) մէջ Պատուիրակութիւնը պաշտպանող ուժերու փոխհրամանատար։ Պոնափարթ երեք տարի առաջ՝ 10 Օգոստոս 1792-ի ապստամբութեան ժամանակ, տեսած էր թագաւորի զուիցերիական պահակախումբի ջարդը հոն եւ հասկցած էր, որ հրետանին պիտի ըլլար պաշտպանութեան բանալին։ Ան հրամայեց երիտասարդ հեծելազօրի սպայ Ժոաքիմ Միւրային, որ թնդանօթներ գրաւէ, եւ Պոնափարթ զանոնք տեղակայեց կարեւոր դիրքերու վրայ։ 5 Հոկտեմբեր 1795-ին (Ֆրանսական հանրապետական օրացոյցով՝ 13 Վանտեմիեր, Դ․ տարի) ան կարտեչի (canister rounds) կրակ բացաւ ապստամբներուն վրայ (Թոմաս Քարլայլի կողմէ նկարագրուած որպէս «քարտեչի փչոց»): Ապստամբութեան ընթացքին մօտաւորապէս 300-էն 1400 ապստամբ մեռաւ։ Ապստամբութիւնը ճնշելու մէջ Պոնափարթի ունեցած դերը իրեն եւ իր ընտանիքին ապահովեց նոր կառավարութեան՝ Ֆրանսական Տիրեքթուարի (French Directory) հովանաւորութիւնը։ Հոկտեմբեր 26-ին ան բարձրացուեցաւ Ներքին Բանակի հրամանատարի աստիճանի, իսկ 1796-ի Յունուարին նշանակուեցաւ Իտալական Բանակի գլուխ։ Վանտեմիերի ապստամբութենէն քանի մը շաբաթ ետք, Պոնափարթ սիրային կապ հաստատեց Ժոզեֆին տը Պոհարնէի հետ, որ Պարասի նախկին սիրուհին էր։ Ժոզեֆին ծնած էր Փոքր Անթիլեան կղզիներու ֆրանսական գաղութներուն մէջ, եւ իր ընտանիքը ստրուկներ ունէր շաքարեղէգի տնկարկներու (պլանտացիաներու) մէջ։ Զոյգը ամուսնացաւ 9 Մարտ 1796-ին՝ քաղաքացիական արարողութեամբ։ Պոնափարթ սկսաւ սովորութեան համաձայն ինքզինք կոչել «Նափոլէոն Պոնափարթ»՝ փոխանակ իտալական «Նափոլէոնէ տի Պոնափարթ» ձեւը օգտագործելու։ == Ծանօթագրութիւններ == {{Ծնթ․ցանկ}} le90ismx7g6ive44oy7eo8v325263xr Լեւոն Խաչերեան 0 32132 252414 2026-06-22T05:51:36Z Azniv Stepanian 8 Նոր էջ «{{Տեղեկաքարտ Անձ}} '''Լեւոն Խաչերեան''' ({{ԱԾ}}), սփիւռքահայ հայագէտ, լեզուաբան, բանասէր եւ պատմաբան։ Խաչերեանի հիմնական գիտական հետաքրքրութիւնները կենդրոնացած են միջնադարեան հայ [[Մատենագրութիւն|մատենագրութեան]], [[Գրչութիւն|գրչութեան]] արուեստի եւ դասական գրաբարի...»: 252414 wikitext text/x-wiki {{Տեղեկաքարտ Անձ}} '''Լեւոն Խաչերեան''' ({{ԱԾ}}), սփիւռքահայ հայագէտ, լեզուաբան, բանասէր եւ պատմաբան։ Խաչերեանի հիմնական գիտական հետաքրքրութիւնները կենդրոնացած են միջնադարեան հայ [[Մատենագրութիւն|մատենագրութեան]], [[Գրչութիւն|գրչութեան]] արուեստի եւ դասական գրաբարի ուսումնասիրութեան վրայ։ == Կենսագրական գիծեր == Ծնած է [[Նիկոսիա]], [[Կիպրոս]]։ Տեղափոխուած է [[Սուրիա]], ապա՝ [[Լիբանան]]։ 1948 թուականին, հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան, ուր աշխատած է [[Երեւանի Պետական Համալսարան|Երեւանի Պետական Համալսարանը]], Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանը եւ [[Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան|Մատենադարանը]]<ref>{{Cite web|url=http://www.armenianlanguage.am/am/Encyclopedia_khecheryan_levon|title=Խեչերյան Լևոն {{!}} armenianlanguage.am|website=www.armenianlanguage.am|language=արեւելահայերէն|accessdate=2026-06-22}}</ref>։ 1981 թուականին տեղափոխուած է [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ]]։ Հեղինակ է բազմաթիւ գիտական յօդուածներու եւ մենագրութիւններու։ Անոր գիտական ժառանգութեան մէջ կ'առանձնանան միջնադարեան Հայաստանի գրչութեան արուեստի քերականական տեսութեան ուսումնասիրութիւնը։ == Ծանօթագրութիւններ == {{Ծնթ․ցանկ}} [[Ստորոգութիւն:Սփիւռքահայեր]] [[Ստորոգութիւն:Հայ հայագէտներ]] [[Ստորոգութիւն:Հայ լեզուաբաններ]] [[Ստորոգութիւն:Հայ բանասէրներ]] [[Ստորոգութիւն:Հայ պատմաբաններ]] 8b1spqfueia851b17idhjridk88p8y3