Ուիքիփետիա hywwiki https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D5%AC%D5%AD%D5%A1%D6%82%D5%B8%D6%80_%D4%B7%D5%BB MediaWiki 1.47.0-wmf.16 first-letter Մեդիա Սպասարկող Քննարկում Մասնակից Մասնակցի քննարկում Ուիքիփետիա Ուիքիփետիայի քննարկում Պատկեր Պատկերի քննարկում MediaWiki MediaWiki քննարկում Կաղապար Կաղապարի քննարկում Օգնություն Օգնության քննարկում Ստորոգութիւն Կատեգորիայի քննարկում TimedText TimedText talk Մոդուլ Մոդուլի քննարկում Event Event talk Բնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան (Վիեննա) 0 2340 253698 252374 2026-08-23T09:05:35Z Սեւան Դանիէլեան Մկրեան 135 253698 wikitext text/x-wiki {{Տեղեկաքարտ Թանգարան}} '''Բնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան''' ({{lang-de|Naturhistorisches Museum}}), բնագիտութեան պատմութեան մեծ թանգարան, կը գտնուի [[Աւստրիա|Աւստրիոյ]] մայրաքաղաք [[Վիեննա]]յի մէջ<ref name="NotesNM">[http://www.nhm-wien.ac.at/d/museum.html Պաշտօնական կայք] {{ref-de}}</ref>։ Թանգարանին ցուցադրած իրերուն ամէնէն հին հաւաքածոները ունին 250 տարուան պատմութիւն<ref name="NotesNM" /> եւ կը ցուցադրուին 8,700 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ։ Ըստ 2011-ի տուեալներուն, թանգարանին մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 30 միլիոն նմուշներ, իսկ այդ թիւը մշտապէս աճման մէջ է: Հաւաքածոյին նմուշները հիմք կը հանդիսանան 60 գիտնական աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններուն, որոնց շրջանակը կ'ընդգրկէ Արեգակնային համակարգի ծագումը, կենդանիներու, բոյսերու եւ մարդու եղափոխութիւնը, նախապատմական աւանդոյթներն ու սովորոյթները<ref name="NotesNM" />։ == Շինութիւնը == [[Պատկեր:2013-12-13_0022_Wien01_Heldenplatz_Statue_ErzherzogCarl_NaturhistorischesMuseum.jpg|thumb|Թանգարանի գմբեթը՝ էրցհերցոգ Կառլի արձանի ետեւէն]] Թանգարանին գլխաւոր շէնքը մանրակրկիտ քանդակներով հարուստ պալատ մըն է, որ 1889 թուականէն սկսեալ կը ծառայէ իբրեւ բնագիտութեան պատմութեան թանգարան<ref name="NotesNM" />։ Շէնքին բարձրակարգ ճարտարապետական ձեւաւորումը, կահոյքը եւ թանկարժէք ցուցանմուշներու համադրութիւնը անոր կու տան պատմական պահպանման կարեւորագոյն առարկայի արժէք<ref name="NotesNM" />։ == Ցուցանմուշներ == Վերջին յարկին մէջ ցուցադրուած թանկարժէք քարերու, հանածոներու եւ մետեորիտներու կողքին կարելի է տեսնել [[Հոյամողէս|հոյամողէսի]] հսկայ կմախք, նախապատմական գեղարուեստական գործեր, [[Բիւրեղ|բիւրեղեայ]] հսկայական [[տոպազ]] եւ թանկարժէք ադամանդեայ ծաղկեփունջ մը, որ Մարիա Թէրէզան նուիրեր էր իր ամուսինին<ref name="NotesNM" />։ Առաջին յարկին մէջ ցուցադրուած է կենդանական աշխարհի բազմազան տեսակները՝ պարզագոյն ձեւերէն մինչեւ միջատներ եւ կաթնասուններ: 200 տարուան նմուշները հետաքրքրական են իբրեւ գիտութեան պատմութեան մասին պատմական գրառումներ<ref name="NotesNM" />։ == Պատկերասրահ == <gallery> NHM Saurier-Saal 2025-05-06.tif|Թանգարանին դահլիճներէն մէկը Venus of Willendorf 03.jpg|Վեներա Վիլենդորֆէն </gallery> == Ծանօթագրութիւններ == {{Ծնթ․ցանկ}} {{Արտաքին յղումներ}} [[Ստորոգութիւն:Վիեննայի թանգարաններ]] [[Ստորոգութիւն:Բնագիտական թանգարաններ]] [[Ստորոգութիւն:Հնէաբանական թանգարաններ]] br4301mq53pecdtajn1scgagylmkhnm 253699 253698 2026-08-23T09:08:12Z Սեւան Դանիէլեան Մկրեան 135 /* Պատկերասրահ */ 253699 wikitext text/x-wiki {{Տեղեկաքարտ Թանգարան}} '''Բնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան''' ({{lang-de|Naturhistorisches Museum}}), բնագիտութեան պատմութեան մեծ թանգարան, կը գտնուի [[Աւստրիա|Աւստրիոյ]] մայրաքաղաք [[Վիեննա]]յի մէջ<ref name="NotesNM">[http://www.nhm-wien.ac.at/d/museum.html Պաշտօնական կայք] {{ref-de}}</ref>։ Թանգարանին ցուցադրած իրերուն ամէնէն հին հաւաքածոները ունին 250 տարուան պատմութիւն<ref name="NotesNM" /> եւ կը ցուցադրուին 8,700 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ։ Ըստ 2011-ի տուեալներուն, թանգարանին մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 30 միլիոն նմուշներ, իսկ այդ թիւը մշտապէս աճման մէջ է: Հաւաքածոյին նմուշները հիմք կը հանդիսանան 60 գիտնական աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններուն, որոնց շրջանակը կ'ընդգրկէ Արեգակնային համակարգի ծագումը, կենդանիներու, բոյսերու եւ մարդու եղափոխութիւնը, նախապատմական աւանդոյթներն ու սովորոյթները<ref name="NotesNM" />։ == Շինութիւնը == [[Պատկեր:2013-12-13_0022_Wien01_Heldenplatz_Statue_ErzherzogCarl_NaturhistorischesMuseum.jpg|thumb|Թանգարանի գմբեթը՝ էրցհերցոգ Կառլի արձանի ետեւէն]] Թանգարանին գլխաւոր շէնքը մանրակրկիտ քանդակներով հարուստ պալատ մըն է, որ 1889 թուականէն սկսեալ կը ծառայէ իբրեւ բնագիտութեան պատմութեան թանգարան<ref name="NotesNM" />։ Շէնքին բարձրակարգ ճարտարապետական ձեւաւորումը, կահոյքը եւ թանկարժէք ցուցանմուշներու համադրութիւնը անոր կու տան պատմական պահպանման կարեւորագոյն առարկայի արժէք<ref name="NotesNM" />։ == Ցուցանմուշներ == Վերջին յարկին մէջ ցուցադրուած թանկարժէք քարերու, հանածոներու եւ մետեորիտներու կողքին կարելի է տեսնել [[Հոյամողէս|հոյամողէսի]] հսկայ կմախք, նախապատմական գեղարուեստական գործեր, [[Բիւրեղ|բիւրեղեայ]] հսկայական [[տոպազ]] եւ թանկարժէք ադամանդեայ ծաղկեփունջ մը, որ Մարիա Թէրէզան նուիրեր էր իր ամուսինին<ref name="NotesNM" />։ Առաջին յարկին մէջ ցուցադրուած է կենդանական աշխարհի բազմազան տեսակները՝ պարզագոյն ձեւերէն մինչեւ միջատներ եւ կաթնասուններ: 200 տարուան նմուշները հետաքրքրական են իբրեւ գիտութեան պատմութեան մասին պատմական գրառումներ<ref name="NotesNM" />։ == Պատկերասրահ == <gallery> NHM Saurier-Saal 2025-05-06.tif|Թանգարանին դահլիճներէն մէկը Venus of Willendorf 03.jpg|Վեներա Վիլենտորֆէն </gallery> == Ծանօթագրութիւններ == {{Ծնթ․ցանկ}} {{Արտաքին յղումներ}} [[Ստորոգութիւն:Վիեննայի թանգարաններ]] [[Ստորոգութիւն:Բնագիտական թանգարաններ]] [[Ստորոգութիւն:Հնէաբանական թանգարաններ]] 8l5g2acogxsqxjxjqogcuos0ehsd5jo 253700 253699 2026-08-23T11:05:25Z Սեւան Դանիէլեան Մկրեան 135 /* Ցուցանմուշներ */ 253700 wikitext text/x-wiki {{Տեղեկաքարտ Թանգարան}} '''Բնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան''' ({{lang-de|Naturhistorisches Museum}}), բնագիտութեան պատմութեան մեծ թանգարան, կը գտնուի [[Աւստրիա|Աւստրիոյ]] մայրաքաղաք [[Վիեննա]]յի մէջ<ref name="NotesNM">[http://www.nhm-wien.ac.at/d/museum.html Պաշտօնական կայք] {{ref-de}}</ref>։ Թանգարանին ցուցադրած իրերուն ամէնէն հին հաւաքածոները ունին 250 տարուան պատմութիւն<ref name="NotesNM" /> եւ կը ցուցադրուին 8,700 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ։ Ըստ 2011-ի տուեալներուն, թանգարանին մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 30 միլիոն նմուշներ, իսկ այդ թիւը մշտապէս աճման մէջ է: Հաւաքածոյին նմուշները հիմք կը հանդիսանան 60 գիտնական աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններուն, որոնց շրջանակը կ'ընդգրկէ Արեգակնային համակարգի ծագումը, կենդանիներու, բոյսերու եւ մարդու եղափոխութիւնը, նախապատմական աւանդոյթներն ու սովորոյթները<ref name="NotesNM" />։ == Շինութիւնը == [[Պատկեր:2013-12-13_0022_Wien01_Heldenplatz_Statue_ErzherzogCarl_NaturhistorischesMuseum.jpg|thumb|Թանգարանին գմբէթը]] Թանգարանին գլխաւոր շէնքը մանրակրկիտ քանդակներով հարուստ պալատ մըն է, որ 1889 թուականէն սկսեալ կը ծառայէ իբրեւ բնագիտութեան պատմութեան թանգարան<ref name="NotesNM" />։ Շէնքին բարձրակարգ ճարտարապետական ձեւաւորումը, կահոյքը եւ թանկարժէք ցուցանմուշներու համադրութիւնը անոր կու տան պատմական պահպանման կարեւորագոյն առարկայի արժէք<ref name="NotesNM" />։ == Ցուցանմուշներ == Վերջին յարկին մէջ ցուցադրուած թանկարժէք քարերու, հանածոներու եւ մետեորիտներու կողքին կարելի է տեսնել [[Հոյամողէս|հոյամողէսի]] հսկայ կմախք, նախապատմական գեղարուեստական գործեր, [[Բիւրեղ|բիւրեղեայ]] հսկայական [[տոպազ]] եւ թանկարժէք ադամանդեայ ծաղկեփունջ մը, որ Մարիա Թէրէզան նուիրեր էր իր ամուսինին<ref name="NotesNM" />։ Առաջին յարկին մէջ ցուցադրուած է կենդանական աշխարհի բազմազան տեսակները՝ պարզագոյն ձեւերէն մինչեւ միջատներ եւ կաթնասուններ: 200 տարուան նմուշները հետաքրքրական են իբրեւ գիտութեան պատմութեան մասին պատմական գրառումներ<ref name="NotesNM" />։ === Շէնքը === '''Բնագիտութեան թանգարանին շէնքին գլխաւոր սանդուխը''' Բնագիտութեան թանգարանը եւ Կերպարուեստի թանգարանը պատուիրուած են կայսր Ֆրանց Ժոզէֆ Ա.-ի (1830-1916) կողմէ եւ նախագծուած են ճարտարապետներ Կոթֆրիտ Զեմփըրի (1803–1879) եւ Քարլ Հազենաուըրի (1833-1894) կողմէ<ref>[https://www.nhm.at/en/museum/history__architecture/architecture Թանգարանին շէնքը]</ref>։ Երկու թանգարաններն ալ ունին նոյնանման արտաքին տեսք եւ իրարու դիմաց կը գտնուին։ Անոնք ի սկզբանէ նախատեսուած էին շատ աւելի ընդարձակ ծրագիրի մը՝ Կայսերական Համալիրի մը, մաս կազմելու համար, սակայն այդ ծրագիրը ամբողջութեամբ չէ իրականացած։ Բնագիտութեան թանգարանի շէնքին շինարարութիւնը կը տեւէ 1871-էն մինչեւ 1881։ 10 Օգոստոս 1889-ին, կայսր Ֆրանց Ժոզէֆ Ա. անձամբ բացումը կը կատարէ թանգարանին։ Կոթֆրիտ Զեմփըրի նախագծած ճակատը զարդարուած է բնական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ յառաջդիմութիւնը եւ բնութեան զօրութիւնը խորհրդանշող կերպարներով եւ արձաններով։ Գմբէթին տակ, ոսկեզօծ տառերով, կայսերական նուիրումը կը կարդացուի. «Բնութեան աշխարհին եւ անոր ուսումնասիրութեան»<ref>[https://www.nhm.at/en/museum/history__architecture/expeditions_in_the_19th_century Բնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան]</ref>։ === Ճարտարապետութիւն === Պատմականութեան ոճը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր ԺԹ. դարու [[Աւստրիա|Աւստրիոյ]] արուեստին եւ ճարտարապետութեան մէջ։ [[Վիեննա|Վիեննայի]] Բնագիտութեան թանգարանը կը միաւորէ անցեալի բազմաթիւ ժամանակաշրջաններու ոճական տարրեր, յատկապէս՝ [[Վերածնունդ|Վերածննդեան]] ճարտարապետութեան ազդեցութիւնները։ Շէնքին շինարարութիւնը սկսաւ 1871-ին, իսկ ճակատը աւարտեցաւ 1881-ին։ Շէնքը շուրջ 170 մեթր երկարութիւն եւ 70 մեթր լայնք ունի եւ կը բաղկանայ երկու ներքին բակերէ, որոնց շուրջը տեղակայուած են աշխատասենեակներն ու ցուցասրահները։ Տանիքին վրայ կը բարձրանայ 65 մեթր բարձրութեամբ գմբէթ մը, որուն գագաթը կը զարդարէ [[Յունական Դիցաբանութիւն|յունական]] արեւի աստուած Հելիոսի հսկայ [[Պղինձ|պղնձեայ]] արձանը։ Հելիոսը կեանք պարգեւող այն տարրին խորհրդանիշն է, առանց որուն բնութիւնը գոյութիւն ունենալ չէր կրնար։ Ճակատին բարդօրէն զարդարուած վերին եւ միջին յարկերը զարդարուած են այլաբանական եւ դիցաբանական կերպարներով, որոնք կը ներկայացնեն տիեզերքի հիմնական տարրերը, ինչպէս նաեւ զանոնք մարդու կողմէ յայտնաբերելու եւ հասկնալու գործընթացը։ Եզրապատին վրայ այցելուները կրնան տեսնել հետազօտողներու եւ գիտնականներու արձաններ, որոնք կը խորհրդանշեն մարդկային գիտելիքի շարունակական յառաջընթացը։ Այս հիմնական գաղափարները հիմք կը կազմեն նաեւ Գմբէթին սրահին եւ մեծ սանդուխին արձաններուն եւ նկարներուն։ Հոս ամէնէն ուշագրաւ գործերէն մէկը Հանս Քանոնի առաստաղի որմնանկարն է՝ «Կեանքի Շրջանը»։ Շէնքին ներքին կառուցուածքը պայմանաւորուած է ցուցադրութեան եւ թանգարանի առանձին բաժանմունքներու համակարգուած դասաւորումով։ Միջնայարկը կը ներառէ անկենդան բնութիւնը՝ [[Հանք|Հանքաբանութեան]] բաժանմունքը (1-5-րդ սրահներ), [[Երկրաբանութիւն|Երկրաբանութեան]] եւ [[Հնէաբանութիւն|Հնէաբանութեան]] բաժանմունքները՝ [[Երկրագունդին Օրը|երկրագունդի]]<nowiki/>ն վաղ շրջանի պատմութեան նստուածքներն ու կեանքի հետքերը (6-10-րդ սրահներ), Նախապատմութեան բաժինը (11-13-րդ սրահներ) եւ Մարդաբանութեան բաժինը՝ մարդկային զարգացումը ներկայացնող ցուցադրութիւններով (14-15-րդ սրահներ)։ Առաջին յարկը կը ներկայացնէ կենդանական աշխարհի հսկայական բազմազանութիւնը (Կենդանաբանութեան բաժանմունքներ, 22-39-րդ սրահներ), ինչպէս նաեւ Երկիրի ամէնէն փոքր կենդանի օրկանիզմներու հետաքրքրական աշխարհը՝ «Մանրաշխարհ»ը (21-րդ սրահ)։ Ցուցանմուշները դասաւորուած են համակարգուած ձեւով՝ նկատի ունենալով անոնց միջեւ եղած ազգակցական կապը կամ անոնց ժամանակագրական դիրքը [[Երկիր]] մոլորակի կամ մարդկութեան պատմութեան մէջ։ === Առաստաղի նկարը === Մեծ սանդուխին վերը գտնուող 100 քառակուսի մեթր մակերեսով առաստաղին նկարը կը ներկայացնէ «Կեանքի Շրջանը»։ Հանս Քանոն (1829-1885) ազատութիւն ունեցած է ընտրելու իր նիւթը եւ ստեղծած է մարդկութեան վերելքն ու անկումը ներկայացնող թատերական այլաբանութիւն մը։ Մարդկութիւնը այս նկարին կեդրոնական թեման ըլլալով՝ միաժամանակ կ'ամբողջացնէ Ֆերտինանտ ֆոն Հոխշթեթըրի գաղափարը։ Մարդկային գոյութեան աճի եւ մահուան շրջանը ներկայացուած է շրջանաձեւ յօրինուածքով։ Անիկա կ'արտացոլացնէ գոյատեւման պայքարի գաղափարը, որ այդ ժամանակաշրջանին գերակշռող էր գիտական մտածողութեան մէջ։ Միաժամանակ կենդանական աշխարհն ալ ներառուած է այս շրջապտոյտին մէջ։ Մէկ կողմին վրայ «մարդը Երկիրը իր ծառայութեան դրած է»․ ան իր եռաժանիով [[Ձուկեր|ձուկ]] մը կը բռնէ։ Միւս կողմին վրայ, սակայն, բնութիւնը գերիշխան կը դառնայ․ [[անգղ]] մը իր որսը կը հսկէ։ Այդուհանդերձ, մարդը կը մնայ այս իրադարձութիւններուն կեդրոնը։ [[Կարմիր (գոյն)|Կարմիր]] կտորի մը մէջ փաթթուած մարդ մը ձեռքին կը պահէ [[աւազի ժամացոյց]] մը, որ հաւանաբար Ժամանակի աստուած Քրոնոսի ակնարկ մըն է։ === Ցուցադրութեան տարածքը === 8,700 քառակուսի մեթր տարածք զբաղեցնող 39 ցուցասրահներուն մէջ հաւաքածոները ընդհանուր պատկերացում մը կու տան Երկիրի վրայ գոյութիւն ունեցող կեանքի բազմազանութեան մասին։ Սրահներուն դասաւորումը հիմնուած է ԺԹ. դարու դասակարգման սկզբունքներուն վրայ։ Մարդը, որ ի սկզբանէ կը նկատուէր «արարչագործութեան գագաթնակէտը», միջնայարկի մեծ բաժին մը կը զբաղեցնէր՝ մարդաբանութեան, ազգագրութեան եւ նախապատմութեան ցուցադրութիւններով։ Առաջին յարկին վրայ այցելուն առաջնորդուած էր «ամէնէն պարզ» կենդանիներէն դէպի «ամէնէն կատարեալները»։ Այդ պատճառով կապիկները՝ իբրեւ կապկազգիներու ներկայացուցիչներ, կը գտնուին շրջայցի վերջին բաժինին մէջ։ Հաւաքածոներու այս համակարգուած ներկայացման սկզբունքը մինչեւ այսօր պահպանուած է, թէեւ ներկայիս զարգացումը այլեւս չի դիտուիր իբրեւ կատարելութեան հասնելու գործընթաց, այլ՝ բազմազանութեան զարգացում։ Ցուցասրահներու կահաւորումը, որ կը ներառէ մութ գոյնի, փորագրուած փայտէ ցուցափեղկեր, մեծ մասամբ թանգարանի բացման օրերէն պահպանուած բնօրինակներ են։ Անոնք պատրաստուած են Ֆերտինանտ ֆոն Հոխշթեթըրի ծրագիրներուն համաձայն<ref>[https://www.nhm.at/en/press_/about_the_museum/head_office թանգարանին մասին]</ref>։ Հաւաքածոներու այս պատմական ներկայացման ձեւը այսօր գրեթէ եզակի է աշխարհի մէջ։ === Միջնայարկը === Միջնայարկը զարդարուած է աւելի քան 100 իւղանկարներով եւ պատկերազարդումներով, որոնք կը լրացնեն սրահներուն մէջ ցուցադրուած առարկաները։ Որոշ սրահներ լրացուցիչ զարդարուած են նաեւ արձաններով։ Զարդարանքի եւ ցուցադրուած առարկաներու այս ներդաշնակ համադրութիւնը Վիեննայի Բնագիտութեան թանգարանին կու տայ իւրայատուկ գեղարուեստական ներկայացում մը։ Միջնայարկին ցուցադրութիւնները հետեւեալներն են. * 1-4-րդ սրահներ՝ Հանքաբանութիւն եւ Քարաբանական ուսումնասիրութիւն * 5-րդ սրահ՝ Երկնաքարեր * 6-10-րդ սրահներ՝ Հնէաբանութիւն * 11-13-րդ սրահներ՝ Նախապատմութիւն * 14-15-րդ սրահներ՝ Մարդաբանութիւն === 1-4 սրահներ՝ Հանքաբանութիւն եւ Քարաբանական ուսումնասիրութիւն === 1-4 սրահներու մեծ հանրային ցուցադրութիւնները կը ներկայացնեն աւելի քան 500 տարիներու ընթացքին հաւաքուած գեղագիտական եւ գիտական մեծ արժէք ունեցող հանքանիւթեր, հանքաքարեր, թանկարժէք քարեր, ապարներ՝ ներառեալ զարդարանքի եւ շինարարութեան մէջ օգտագործուող քարերը, ինչպէս նաեւ երկնաքարեր եւ հարուածային ապարներ<ref>[https://www.nhm.at/en/museum/history__architecture/directors_since_1876 Թանգարանի սրահներ]</ref>։ Բոլոր առարկաները դասաւորուած են համակարգուած ձեւով, իսկ ամէն տարի նոր ցուցանմուշներ կ'աւելցուին։ Առանձին սրահներու մէջ կրնան ներկայացուիլ նաեւ ժամանակաւոր մասնայատուկ ցուցահանդէսներ։ Առաջին չորս սրահները կը ներկայացնեն հանքանիւթերու համակարգուած հաւաքածոն։ Ակնեղէններու եւ թանկարժէք քարերու հաւաքածոն եւս կը գտնուի այս սրահին մէջ։ Այս հաւաքածոն [[Եւրոպա|Եւրոպայի]] ցամաքամասին վրայ իր տեսակին մէջ ամէնէն ամբողջական եւ արժէքաւոր հաւաքածոներէն մէկն է։ Ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ կը գտնուին ոսկերչական իրերու պատրաստութեան համար օգտագործուող նիւթերու նշանակալից նմուշներ։ Հոն հում նիւթերն ու կիսամշակ քարերը կը ցուցադրուին վերջնական ձեւ ստացած, կտրուած եւ փայլեցուած քարերու կողքին, ինչպէս նաեւ՝ բնօրինակ ոսկերչական իրերու հետ միասին։ Երկու կողային ցուցափեղկերու մէջ կը ցուցադրուին թանկարժէք քարերու հաւաքածոյին պատկանող աւելի մեծ նմուշներ։ == Պատկերասրահ == <gallery> NHM Saurier-Saal 2025-05-06.tif|Թանգարանին դահլիճներէն մէկը Venus of Willendorf 03.jpg|Վեներա Վիլենտորֆէն File:Birds at naturhistorisches.JPG|Թռչնաբանութեան բաժանմունք File:Birds at naturhistorisches2.JPG|Թռչնաբանութեան բաժանմունք File:Pirarucu.JPG|Փիրարուքու ձուկի տեսակ File:Florentiner Glaskopie NHM Ay762.jpg|Արհեստական բիւրեղ, 1865 File:Beutelwolf NHM-Wien.jpg|Թասմանեան վագր File:Insekten Sammlung NHM-Wien.jpg|Միջատներու հաւաքածոյ </gallery> == Ծանօթագրութիւններ == {{Ծնթ․ցանկ}} {{Արտաքին յղումներ}} [[Ստորոգութիւն:Վիեննայի թանգարաններ]] [[Ստորոգութիւն:Բնագիտական թանգարաններ]] [[Ստորոգութիւն:Հնէաբանական թանգարաններ]] oy0o3158qmk5pv22sbfrfb1xfyyvyd7