Ուիքիփետիա
hywwiki
https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D5%AC%D5%AD%D5%A1%D6%82%D5%B8%D6%80_%D4%B7%D5%BB
MediaWiki 1.47.0-wmf.23
first-letter
Մեդիա
Սպասարկող
Քննարկում
Մասնակից
Մասնակցի քննարկում
Ուիքիփետիա
Ուիքիփետիայի քննարկում
Պատկեր
Պատկերի քննարկում
MediaWiki
MediaWiki քննարկում
Կաղապար
Կաղապարի քննարկում
Օգնություն
Օգնության քննարկում
Ստորոգութիւն
Կատեգորիայի քննարկում
TimedText
TimedText talk
Մոդուլ
Մոդուլի քննարկում
Event
Event talk
Ճիովաննի Պաթիսթա Թիէփոլօ
0
32542
255998
254073
2026-10-14T07:18:29Z
Maral Dikbikian
4797
255998
wikitext
text/x-wiki
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Ճիովաննի Պաթիսթա Թիէփոլօ''' ({{Lang-it|Giovanni Battista Tiepolo}}, {{ԱԾ}}), (ծանօթ նաեւ իբրեւ '''Ճամպաթիսթա''' '''Թիէփոլօ'''), Վենետիկի Հանրապետութենէն իտալացի նկարիչ եւ փորագրիչ էր, որ կը նկարէր Ռոքոքօ ոճով․ ան կը համարուի 18-րդ դարու վենետիկեան դպրոցի կարեւոր անդամներէն մէկը։ Ան բեղուն ստեղծագործող մըն էր եւ աշխատած է ոչ միայն [[Իտալիա|Իտալիոյ]], այլ նաեւ [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] ու [[Սպանիա|Սպանիոյ]] մէջ։
Ճիովաննի Պապթիսթա Թիէփոլօ, Ճամպաթիսթա Փիթթոնիի, Քանալեթթոյի, Ճիովաննի Պապթիսթա Փիացցէթթայի, Ճուզեփփէ Մարիա Քրեսփիի եւ Ֆրանչեսքօ Կուարտիի հետ միասին, կը համարուի այդ շրջանի աւանդական «Հին Վարպետներէն» մէկը։
Իր ասպարէզի սկիզբէն իսկ յաջողութիւն արձանագրած ըլլալով՝ Մայքլ Լիվի զինք բնութագրած է իբրեւ «18-րդ դարու Եւրոպայի ամէնամեծ զարդարուն/որմնանկարչական նկարիչը, ինչպէս նաեւ անոր ամէնահմուտ արհեստաւորը»<ref>Levey 1980, p. 193.</ref>։
== Վաղ կեանքը (1696–1726)<ref name=":0">{{Citation|title=Giovanni Battista Tiepolo|url=https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Giovanni_Battista_Tiepolo&oldid=1370777036|date=2026-08-23|accessdate=2026-09-01|language=en}}</ref> ==
Ծնած է Վենետիկ, Տոմենիքօ եւ Օրսէթթա Թիէփոլօներու վեց զաւակներէն ամէնափոքրն էր<ref name=":1">Barcham, William L. "Tiepolo". ''Grove Art Online''. Oxford Art Online, Oxford University Press. Retrieved 3 May 2014.</ref>։ Հայրը նաւային փոքր առեւտրական մըն էր<ref>"Tièpolo, Giambattista". ''Treccani'' (in Italian). Treccani. Retrieved 3 May 2014.</ref>, որ կը պատկանէր Թիէփոլօ հռչակաւոր ազնուական անունը կրող ընտանիքի մը՝ առանց սակայն ազնուական ծագում պահանջելու (յաւակնելու)։ Զաւակներէն ոմանք ազնուական կնքահայրեր ունեցան, իսկ Ճամպաթիսթան սկզբնապէս կոչուեցաւ իր կնքահօր՝ Ճիովաննի Պապթիսթա Տորիա անունով վենետիկցի ազնուականի մը անունով։ Ան մկրտուեցաւ 16 Ապրիլ 1696-ին, տեղական «Սան Փիէթրօ տի Քասթելլօ» եկեղեցւոյ մէջ (որ այն ատեն դեռ պաշտօնապէս Վենետիկի մայր եկեղեցին էր)։ Հայրը մահացաւ շուրջ տարի մը ետք՝ ձգելով մայրը, որ մեծցնէ կրտսեր զաւակները, հաւանաբար բաւական դժուար պայմաններու մէջ<ref name=":1" />։
1710-ին ան աշակերտեց Կրեկորիօ Լածարինիին՝ տարբեր ոճեր համադրող (էքլեքթիք) յաջողակ նկարիչի մը։ Այնուամենայնիւ, ան առնուազն նոյնքան ուժեղ ազդեցութիւն կրած է ժամանակակից այլ արուեստագէտներու գործերու ուսումնասիրութենէն, ինչպիսիք են [[Սեպասթիանօ Ռիչչի|Սեպասթիանօ Ռիչչին,]] [[Ճովաննի Պապթիսթա Փիացցէթթա|Ճիովաննի Պապթիսթա Փիացցէթթան]] եւ [[Ֆետերիքօ Պենքովիչ|Ֆետերիքօ Պենքովիչը]]<ref>"Tièpolo, Giambattista". ''Treccani'' (in Italian). Treccani. Retrieved 3 May 2014.</ref>, ինչպէս նաեւ իր վենետիկցի նախորդներէն՝ յատկապէս Թինթորէթթոյէն եւ Վերոնէզէն<ref name=":2">''Giambattista Tiepolo 1698–1770'' 1996, p. 37.</ref>։ 1732-ին հրատարակուած իր ուսուցիչին կենսագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Թիէփոլօ «հեռացաւ [Լածարինիի] կանոնաւոր նկարչաոճէն եւ, ամբողջութեամբ ոգի ու հուր, որդեգրեց արագ եւ վճռական ոճ մը»։ Իր ամէնավաղ յայտնի գործերէն են առաքեալներու պատկերումները, որոնք նկարուած են որմնակամարներու (spandrels) վրայ՝ իբրեւ Վենետիկի «Սանթա Մարիա տէի Տերելիթթի» եկեղեցւոյ 1715–16 թուականներու զարդարանքի մէկ մասը<ref>''Giambattista Tiepolo 1698–1770'' 1996, p. 37–8.</ref>։ Մօտաւորապէս նոյն ատեն ան դարձաւ Տոժ (քաղաքագլուխ) Ճիովաննի Բ. Քորնարոյի նկարիչը եւ կը հսկէր անոր պալատին մէջ նկարներու տեղադրման, ինչպէս նաեւ ինքնին շատ գործեր նկարեց, որոնցմէ միայն երկու դիմանկար նոյնացուած են<ref>''Giambattista Tiepolo 1698–1770'' 1996, p. 57.</ref>։ Իր առաջին որմնանը (fresco) նկարեց 1716-ին՝ Թրեւիզոյի մօտակայ Պիատենէ գիւղի եկեղեցւոյ մը առաստաղին վրայ։ Հաւանաբար Լածարինիի արուեստանոցէն հեռացաւ 1717-ին՝ այն տարին, երբ ընդունուեցաւ նկարիչներու «Ֆրալիա» կամ ելեւմտական համքարութեան մէջ<ref name=":2" />։
Մօտաւորապէս 1719–20 թուականներուն, ան որմնանկարներու շարք մը նկարեց հարուստ եւ նորերս ազնուականացած հրատարակիչ [[Ճամպաթիսթա Պալիոնէ|Ճամպաթիսթա Պալիոնէի]] համար՝ [[Փատուա|Փատովայի]] մօտակայ Մասանցակօ գտնուող անոր ապարանքի սրահին մէջ։ Թիէփոլօ առաստաղին վրայ պատկերեց «Աւրորայի յաղթանակը», իսկ պատերուն վրայ՝ «Ֆայէթոնի առասպելը»՝ ստեղծելով հոսուն տարածական պատրանքի այնպիսի ոճ մը, որ պիտի դառնար կրկնուող թեմայ իր գործերուն մէջ<ref>''Giambattista Tiepolo 1698–1770'' 1996, p. 40–1.</ref>։
1722-ին ան Տասներկու արուեստագէտներէն մէկն էր, որոնց յանձնարարուած էր կտաւի վրայ նկարել առաքեալներէն մէկը՝ իբրեւ Վենետիկի «Սան Սթաէ» եկեղեցւոյ կեդրոնական նաւի զարդարման ծրագիրի մէկ մաս։ Ներգրաւուած միւս արուեստագէտներուն շարքին էին Ռիչչին, Փիացցէթթան եւ Փելլեկրինին<ref>''Giambattista Tiepolo 1698–1770'' 1996, p. 41.</ref>։
== Ամուսնութիւն եւ Զաւակներ ==
1719 թուականին Թիէփոլօ ամուսնացաւ ազնուական օրիորդ Մարիա Չեչիլիա Կուարտիի հետ, որ վենետիկցի երկու ժամանակակից նկարիչներու՝ Ֆրանչեսքօ եւ Ճիովաննի Անթոնիօ Կուարտիներու քոյրն էր։ Թիէփոլօ եւ իր կինը ունեցան իննը զաւակ, որոնցմէ չորս դուստրեր եւ երեք որդիներ ապրեցան մինչեւ չափահասութեան տարիքը։ Անոր որդիներէն երկուքը՝ Ճիովաննի Տոմենիքօ եւ Լորենցօ, նկարեցին իրեն հետ իբրեւ օգնականներ, իսկ հետագային հասան որոշ անկախ ճանաչման, յատկապէս՝ Ճիովաննի Տոմենիքօ Թիէփոլօ։ Անոր զաւակները կերպարները կը նկարէին իրենց հօր յօրինուածքին նման ձեւաչափով, սակայն ուրոյն ոճերով, ներառեալ՝ կենցաղագրական ոճը։ Անոր երրորդ որդին դարձաւ քահանայ։ [[Ֆապիօ Քանալ|Ֆապիօ Քանալ,]] [[Ֆրանչեսքօ Լորենցի]] եւ [[Տոմենիքօ Փասքուինի]] եղած են անոր աշակերտներուն շարքին։
== Վաղ Հասուն Շրջանի Գործերը (1726–1750) ==
Որոշ խոշոր պատուէրներ ստացուեցան ազնւական Տոլֆին (Dolfin) ընտանիքին կողմէ։ Ֆրիուլիի Ուտինէ քաղաքի արքեպիսկոպոս Տիոնիզիօ Տոլֆին զինք վարձեց՝ զարդարելու Ուտինէի Մայր Տաճարի մատուռներէն մէկը, ապա իր արքեպիսկոպոսական պալատին մէջ («Arcivescovado») նկարելու այլ շարք մը, որ կը ներկայացնէր դրուագներ Ծննդոց Գիրքէն՝ Աբրահամի եւ անոր սերունդներու կեանքէն (աւարտած՝ 1726–1728)։ Հակառակ իրենց վսեմ նիւթին, անոնք պայծառ են գոյներով եւ թեթեւ՝ տրամադրութեամբ․ Մայքլ Լիվի պալատի նկարները կը նկարագրէ իբրեւ «շողշողուն պատկերասրահ մը՝ լի սրամտութեամբ եւ նրբագեղութեամբ»։ Թիէփոլօ գործածեց շատ աւելի զով (պաղ) երանգապնակ, քան նախկին վենետիկցի նկարիչները, որպէսզի ստեղծէ ցերեկային լոյսի համոզիչ ազդեցութիւն մը։ Վենետիկի մէջ անոր առաջին գլուխգործոցները տասը ահռելի կտաւներէ բաղկացած շարք մըն էին, որոնք նկարուեցան Վենետիկի Մեծ Ջրանցքի վրայ գտնուող «Քա' Տոլֆին» պալատի ընդունելութեան մեծ սրահը զարդարելու համար (մօտ․ 1726–1729)՝ պատկերելով ճակատամարտեր եւ յաղթանակներ հին Հռոմի պատմութենէն։
Այս վաղ գլուխգործոցները, որոնք նորարարական էին վենետիկեան որմնանկարչութեան մէջ իրենց լուսաւորութեամբ, անոր բերին բազմաթիւ պատուէրներ։ Ան կտաւներ նկարեց այնպիսի եկեղեցիներու համար, ինչպիսին է Վերոլանուովայի եկեղեցին (1735–1740), Քաննարեջոյի «Սքուոլա Կրանտէ տէյ Քարմինի»ի համար (1740–1747), առաստաղ մը՝ Միլանի Պալացցօ Արքինթոյի եւ Պալացցօ Տունեանիի համար (1731), Պերկամոյի Քոլլէոնի մատուռը (Colleoni Chapel, 1732–1733), առաստաղ մը՝ Վենետիկի Ճեզուաթի եկեղեցւոյ համար՝ պատկերելով «Սուրբ Դոմինիկոսը Վարդարանը հաստատելիս» (1737–1739), Պալացցօ Քլերիչի, Միլան (1740), զարդարանքներ՝ Վիլլա Քորտելլինա Մոլինի համար, առաստաղ մը՝ «Քիեզա տելի Սքալցի» եկեղեցւոյ համար (1743–1744, այժմ աւերուած), Վիլլա Քորտելլինա Մոլին, Մոնթեքիօ Մաջորէ (Montecchio Maggiore, 1743–1744), եւ Վենետիկի Պալացցօ Լապիայի պարասրահին համար (այժմ՝ պատկերասփիւռի սթուտիօ), որ կը ցուցադրէ «Քլէօփաթրայի պատմութիւնը» (1745–1750)։
== Փորագրութիւններ ==
Թիէփոլօ հրատարակեց փորագրութիւններու երկու շարք՝ «Քափրիչչի» (Capricci, մօտ․ 1740–1742) եւ «Սքերցի տի ֆանթազիա» (Scherzi di fantasia, մօտ․ 1743–1757)։ Տասը «քափրիչչի»ները առաջին անգամ հրատարակուեցան Անթոն Մարիա Զանէթթիի կողմէ՝ ընդգրկուելով Փարմիճանինոյի գործերու փայտափորագրութիւններու հաւաքածոյին երրորդ հրատարակութեան մէջ։ Անոնք առանձնաբար չհրատարակուեցան մինչեւ 1785 թուականը։ Նիւթերը յաճախ տարօրինակ են ու երեւակայական, եւ այս գործերը շատ բան կը պարտին Սալվաթոր Ռոզայի եւ Ճիովաննի Պենետէթթօ Քասթիլիոնէի օրինակին։ 23 «Սքերցի»ները փորագրուեցան աւելի քան տասը տարուան ընթացքին եւ տարածուեցան մասնաւոր կերպով․ անոնք առեւտրական նպատակով հրատարակուեցան միայն Թիէփոլոյի մահէն ետք՝ իր որդւոյն՝ Ճանտոմենիքոյի կողմէ աւելցուած թիւերով եւ վերնագիրերով։ Նիւթերը կը ներառեն արեւելեան առեղծուածային կերպարներ, իսկ ուշ շրջանի որոշ տպագրութիւններու մէջ՝ ոգեհարցութեան տեսարաններ։
== Վիւրցպուրկի Ռեզիտենց (1750–1753) ==
1750 թուականին, Թիէփոլոյի հռչակը արդէն ամուր կերպով հաստատուած էր ամբողջ Եւրոպայի մէջ՝ իր բարեկամին՝ արուեստի վաճառական, քննադատ եւ հաւաքորդ Ֆրանչեսքօ Ալկարոթթիի օգնութեամբ։ Այդ տարի, Իշխան-Եպիսկոպոս Քարլ Ֆիլիփ ֆոն Կրայֆենքլաու ցու Ֆոլրաթսի խնդրանքով, ան ճամբորդեց դէպի Վիւրցպուրկ, ուր հասաւ 1750 Նոյեմբերին։ Ան այնտեղ մնաց երեք տարի, որոնց ընթացքին իրականացուց առաստաղի նկարչութիւնները Նոր Ռեզիտենց պալատին մէջ (աւարտած՝ 1744-ին)։ Ան որմնանկարեց «Կայսերական Սրահ»ը՝ իր որդիներուն՝ Ճանտոմենիքոյի եւ Լորենցոյի համագործակցութեամբ, ապա հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու յօրինուածք մը Պալթազար Նոյմանի նախագծած հոյակապ մուտքի աստիճանասրահին համար։ Ասիկա 677 քառակուսի մեթր (7287 քառակուսի ոտնաչափ) տարածութեամբ ահռելի առաստաղի որմնանկար մըն է, որ աւարտեցաւ 1753 Նոյեմբերին։
Անոր «Մոլորակներու եւ Ցամաքամասերու Այլաբանութիւնը» կը պատկերէ Ապողոնը, որ կը սկսի իր օրական ընթացքին․ անոր շուրջի աստուածութիւնները կը խորհրդանշեն մոլորակները, իսկ այլաբանական կերպարները կը ներկայացնեն չորս ցամաքամասերը։ Այս որմնանկարին Եւրոպայի բաժնին մէջ ան ընդգրկեց քանի մը դիմանկարներ, ներառեալ ինքնադիմանկար մը, իր որդւոյն՝ Ճանտոմենիքոյի, իշխան-եպիսկոպոս ֆոն Կրայֆենքլաուի, նկարիչ Անթոնիօ Պոսսիի եւ ճարտարապետ Պալթազար Նոյմանի դիմանկարները։
== Վերադարձ դէպի Վենետիկ եւ Վենեթօ (1753–1770) ==
Թիէփոլօ Վենետիկ վերադարձաւ 1753 թուականին։ Ան այժմ մեծ պահանջարկ ունէր թէ՛ տեղական մակարդակով եւ թէ՛ արտասահման, ուր ընտրուեցաւ Փատուայի Ակադեմիայի նախագահ։ Ան շարունակեց իրականացնել թատերական ոճի որմնանկարներ եկեղեցիներու համար․ «Հաւատքի Յաղթանակը»՝ «Քիեզա տելլա Փիէթա» եկեղեցւոյ համար, վահանակային որմնանկարներ՝ «Քա' Ռեցցոնիքօ»ի համար (ուր այժմ կը պահուի նաեւ Պալացցօ Պարպարիկոյէն տեղափոխուած անոր առաստաղի որմնանկարը), եւ նկարներ՝ վենետիկեան գիւղական շրջաններու ազնւական ապարանքներու համար, ինչպիսիք են Վիչենցայի Վիլլա Վալմարանան եւ Սթրայի Վիլլա Փիզանիի համար պատրաստուած առաստաղի ճոխ փառաբանական որմնանկարը։
Պալացցօ Լապիայի մէջ գտնուող իր որոշ հռչակաւոր որմնանկարներուն մէջ ան պատկերեց երկու տեսարան Քլէօփաթրայի կեանքէն՝ «Անթոնիոսի եւ Քլէօփաթրայի Հանդիպումը» եւ «Քլէօփաթրայի Խնճոյքը», ինչպէս նաեւ առաստաղի կեդրոնական որմնանկարին մէջ՝ «Պելլերոֆոնի Յաղթանակը Ժամանակի Նկատմամբ»։ Այստեղ ան համագործակցեցաւ Ճիրոլամօ Մենկոցցի Քոլոննայի հետ։ Քոլոննայի հետ այս կապը, որ նաեւ օփերայի բեմադրութիւններու ձեւաւորող էր, կը ընդգծէ Թիէփոլոյի որմնանկարներուն մէջ յօրինուածքը իբրեւ բեմականացուած հնարք ներկայացնելու աճող միտումը։ «Խնճոյքը» որմնանկարին ճարտարապետական ոճը նոյնպէս կը յիշեցնէ Վերոնէզէի «Կանայի Հարսանիքը» գործը։ 1757 թուականին ան Թիենէ ընտանիքին համար նկարեց խորանի պատկեր մը, որ կը ներկայացնէր Սուրբ Կայէթանի փառաբանութիւնը․ անիկա կը գտնուի Քամիզանօ Վիչենթինոյի Ռամփացցօ գիւղակի եկեղեցւոյ մէջ։
== Մատրիտ ==
1761 թուականին Սպանիոյ Շարլ Գ․ թագաւորը պատուիրեց Թիէփոլոյի ստեղծել առաստաղի որմնանկար մը՝ Մատրիտի Արքայական Պալատի գահասրահը զարդարելու համար։ Փառաբանական բնոյթ ունեցող նիւթը «Սպանիոյ Փառաբանութիւնը» է, որ ունի այլաբանական պատկերումներ՝ յիշեցնելով Սպանիոյ տիրապետութիւնը Ամերիկաներու մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Ան նաեւ նկարեց պալատի երկու այլ առաստաղներ եւ իրականացուց բազմաթիւ մասնաւոր պատուէրներ Սպանիոյ մէջ։ Սակայն ան տառապեցաւ Նորդասականութեան ծագող չեմպիոնին՝ Անթոն Ռաֆայէլ Մենկսի նախանձէն եւ դառն ընդդիմութենէն․ Մենկսի աջակիցին՝ Թագաւորի խոստովանահօր՝ Խոաքիմ տէ Էլեքթայի դրդումով, Արանխուէսի Սան Փասքուալ եկեղեցւոյ համար Թիէփոլոյի պատրաստած կտաւներու շարքը փոխարինուեցաւ իրենց նախասիրած արուեստագէտին գործերով<ref>Wittkower 1993, p. 486.</ref>։
== Մահ ==
Թիէփոլօ մահացաւ Մատրիտի մէջ, 27 Մարտ 1770-ին։ Ան թաղուած է Վենետիկի «Մատոննա տէլլ'Օրթօ» եկեղեցւոյ մէջ։
Անոր մահէն ետք, խիստ Նորդասականութեան վերելքը եւ յետ-յեղափոխական շրջանի բացարձակապետութեան անկումը պատճառ դարձան իր անուան հետ կապուած Ռոքոքօ ոճի դանդաղ անկման, սակայն չկրցան խաթարել անոր հռչակը։ 1772 թուականին, Թիէփոլոյի որդին բաւարար չափով յարգուած էր՝ դառնալու Ճիովաննի Բ․ Քորնարօ տոժին նկարիչը՝ ստանձնելով Վենետիկի Սան Փոլօ թաղամասին մէջ գտնուող Պալացցօ Մոչենիկոյի ձեւաւորման գործը։
== Ժառանգութիւն<ref name=":0" /> ==
1878-ին Մարք Թուէյն իր օրագրին մէջ գրած է․ «Թիէփոլոն ''իմ'' արուեստագէտս է»<ref name=":3">Andersen, Wayne (25 June 2012). "Il Rosa Tiepolo: The Last Breath of Happiness in European Art". ''Toward New Paradigms''. '''17''' (4): 517–523 – via Taylor & Francis Online.</ref>։
Ռոպերթօ Քալասսոյի «Թիեփոլոյի վարդագոյնը» (իտալերէն՝ ''Il Rosa Tiepolo'') գիրքը, որ իր անուանումը առած է Մարսել Փրուսթի կողմէ իր քանի մը կին կերպարները նկարագրելու համար գործածուած մակդիրէ մը, Թիեփոլոյի կեանքի մեկնաբանութիւնն է իբրեւ ''Ancien Régime''-ի (Հին վարչակարգի) վերջին արուեստագէտը՝ ներկայացնելով անոր գործը իբրեւ «երջանկութեան վերջին շունչը Եւրոպայի մէջ»։ Անիկա կը պարունակէ Թիեփոլոյի առեղծուածային ''Capricci'' ( Քափրիչչի) եւ ''Scherzi'' (Սքերցի) գործերու մանրամասն վերլուծութիւնը<ref name=":3" />։
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
[[Ստորոգութիւն:Գեղանկարիչներ]]
fkal5o8tzkx7bv7eyv6k4rwpntdse7f
Յովհաննէս Պօղոս Բ.
0
33513
255997
255905
2026-10-13T13:16:34Z
Maral Dikbikian
4797
255997
wikitext
text/x-wiki
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Յովհաննէս Պօղոս Բ.'''<ref name=":1">{{Citation|title=Pope John Paul II|url=https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Pope_John_Paul_II&oldid=1379001441|date=2026-10-07|accessdate=2026-10-08|language=en}}</ref> ({{Lang-la|Ioannes Paulus Secundus}}, {{ԱԾ}}), [[Հռոմի Պապ|Հռոմի 264-րդ Պապը]]։ Ի ծնէ տրուած աշխարհիկ անունն է՝ '''Քարոլ Վոյթիլա''' ({{lang-pl|Karol Józef Wojtyła}})։ Ան գահ նստած է 16 Հոկտեմբերի 1978 թուականին, Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ գլուխ եւ [[Վատիկան|Վատիկանի]] միապետ մնացած է մինչեւ իր վախճանումը։ Ան ԺԶ. դարու Ատրիանոս Զ.-էն ի վեր առաջին ոչ իտալացի քահանայապետն էր, ինչպէս նաեւ պատմութեան մէջ երրորդ ամէնաերկար սպասարկած պապը՝ Սուրբ Պետրոսէն եւ Պիոս Թ.-էն ետք։ Ասկէ զատ, ան Ի. դարու կարեւոր փիլիսոփայ մը եւ աստուածաբան մըն էր։
Երիտասարդ տարիքին Վոյթիուա երբեմն աշխատած է որպէս բեմական դերասան։ Ան 1938-ին՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն քիչ առաջ, աւարտած է Լեհաստանի Վատովիցէ քաղաքի տղոց երկրորդական վարժարանը։ Պատերազմի ընթացքին, գերմանական հարկադիր աշխատանքի ճամբար առեւանգուելէ եւ ղրկուելէ խուսափելու համար, ան արձանագրուած է քարահանքի մը մէջ ծանր պայմաններով աշխատանքի։ Վոյթիուա ի վերջոյ ձեռնարկած է [[Դերասան|դերասանութեան]], սէր տածած է այս արհեստին հանդէպ եւ մասնակցած՝ տեղական թատրոնի ներկայացումներուն։ Լեզուական մեծ ձիրքերով օժտուած Վոյթիուան կ'ուզէր համալսարանին մէջ լեհերէն ուսանիլ։ Ուսանողութեան տարիներուն, Ատամ Սթեֆան Սափեհայի հետ զրոյց մը զինք քաջալերած է աստուածաբանութիւն ուսանելու եւ քահանայ դառնալու։ Ի վերջոյ, Վոյթիուա բարձրացած է մինչեւ Քրաքովի արքեպիսկոպոսի, ապա՝ կարտինալի աստիճանին (երկու պաշտօններն ալ վարած էր իր հովանաւոր-ուսուցիչը)։ Վոյթիուան քահանայապետ ընտրուած է 1978 Հոկտեմբերին գումարուած քահանայապետական ընտրողական ժողովի (քոնքլաւ) երրորդ օրը՝ դառնալով աւելի քան մէկ դարու ընթացքին ամէնաերիտասարդ պապերէն մէկը։ Ժողովը հրաւիրուած էր Յովհաննէս Պօղոս Ա.-ի մահէն ետք, որ որպէս պապ ծառայած էր ընդամէնը 33 օր։ Վոյթիուան, ի նշան յարգանքի, որդեգրած է իր նախորդին անունը<ref>"John Paul the Great Catholic University". John Paul the Great Catholic University. Archived from the original on 22 January 2012. Retrieved 28 January 2012.</ref>։
Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, [[Էքիւմենիք Շարժում|էքիւմենիզմի]] (տիեզերական եկեղեցական միութեան) ոգիով, փորձած է բարելաւել Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները Հրէութեան, Իսլամութեան եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ՝ անաստուածութիւնը (աթէիզմ) նկատելով ամէնամեծ սպառնալիքը։ Ան պահպանած է Եկեղեցւոյ նախկին դիրքորոշումները այնպիսի հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են՝ վիժումը (վիրահատական յղիութեան ընդհատումը), արհեստական բեղմնաւորման կանխարգիլումը, կանանց քահանայական ձեռնադրութիւնը եւ կուսակրօնութիւնը․ թէեւ ան պաշտպանած է Վատիկանեան Երկրորդ Ժողովի բարեփոխումները, սակայն անոնց մեկնաբանութեան մէջ ընդհանուր առմամբ աւանդապահ համարուած է<ref>"John Paul's Conservative Legacy". ''CBS News''. 3 April 2005. Retrieved 1 January 2023.</ref><ref>"The Riddle of John Paul II". ''Beliefnet''. Retrieved 18 May 2018.</ref>։ Ան շեշտը դրած է ընտանիքի եւ ինքնութեան վրայ՝ միաժամանակ քննադատելով սպառողականութիւնը, հեշտասիրութիւնը եւ հարստութեան ձգտումը։ Ան պատմութեան մէջ ամէնաշատ ճամբորդած համաշխարհային առաջնորդներէն մէկն էր՝ իր քահանայապետութեան ընթացքին այցելելով 129 երկիր։ Որպէս «սրբութեան համընդհանուր կոչին» տուած իր յատուկ կարեւորութեան մէկ մասը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը երանելի հռչակած է 1,344 անձ<ref>"Beatifications By Pope John Paul II, 1979–2000". Office of Papal Liturgical Celebrations. Retrieved 1 January 2023.</ref> եւ սրբադասած՝ 483 հոգի, որ աւելին է, քան նախորդ հինգ դարերու ընթացքին իր նախորդներուն կատարած համատեղ թիւը։ Իր մահուան ատեն, ան արդէն նշանակած էր Կարտինալներու դասի (քոլեճի) մեծամասնութիւնը, օծած կամ համաօծած էր աշխարհի եպիսկոպոսներէն շատերը եւ ձեռնադրած՝ բազմաթիւ քահանաներ<ref>"Pope John Paul II (St. Karol Józef Wojtyła)". ''Catholic-Hierarchy.org''. David M. Cheney. Retrieved 31 October 2014.</ref>։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը մահացած է 2 Ապրիլ 2005-ին, եւ իրեն յաջորդած է Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապը։
Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կը վերագրուի բռնատիրութիւններու դէմ պայքարիլը եւ իր հայրենի Լեհաստանի ու Եւրոպայի մնացեալ մասին մէջ համայնավարական (քոմիւնիստական) իշխանութեան աւարտին նպաստելը<ref>Lenczowski, John (2002). "Public Diplomacy and the Lessons of the Soviet Collapse". JSTOR review.</ref>։ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի օրօք Կաթողիկէ Եկեղեցին մեծապէս ընդլայնած է իր ազդեցութիւնը Աֆրիկայի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ՝ պահպանելով իր ազդեցութիւնը Եւրոպայի եւ աշխարհի մնացեալ մասերուն մէջ։ 19 Դեկտեմբեր 2009-ին Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապին կողմէ ան հռչակուած է «պատուելի», իսկ 1 Մայիս 2011-ին (Աստուածային Ողորմութեան Կիրակի) երանելի դասուած է։ 27 Ապրիլ 2014-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը սրբադասուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ՝ Յովհաննէս ԻԳ. Պապին հետ մէկտեղ<ref>"Report: Pope Francis Says John Paul II to Be Canonized April 27". ''National Catholic Register''. 3 September 2013. Archived from the original on 5 November 2013. Retrieved 6 September 2013.</ref>։ Ան քննադատուած է քահանաներու կողմէ մանուկներու սեռային չարաշահման դէմ քայլեր չառնելու կամ բաւարար խստութիւն ցոյց չտալու մեղադրանքով՝ ինչպէս Լեհական Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ որպէս արքեպիսկոպոս<ref>Lepiarz, Jacek (15 March 2023). "Poland: John Paul II abuse cover-up claims divide a nation". ''Deutsche Welle''. Retrieved 16 March 2023.</ref>, այնպէս ալ իր քահանայապետութեան ընթացքին<ref>Horowitz, Jason (14 November 2020). "Sainted Too Soon? Vatican Report Cast John Paul II in Harsh New Light". ''New York Times''. Retrieved 12 June 2026.</ref>։ Իր սրբադասումէն ետք, որոշ կաթողիկէներու կողմէ ան անուանուած է «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Մեծ», թէեւ այդ տիտղոսը պաշտօնական չէ<ref>"John Paul the Great Catholic University". Archived from the original on 5 February 2016. Retrieved 13 February 2016.</ref>։
Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի օրօք մշակուած եւ հրապարակուած են ժամանակակից Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու ամէնակարեւոր փաստաթուղթերը․ 1983-ի Կանոնական Օրէնսգիրքը (որ վերանայած եւ թարմացուցած է 1917-ի Կանոնական Օրէնսգիրքը) եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը (Քրիստոնէական վարդապետութիւն/Քրիստոնէական ուսուցում), որ Հռոմէական Քրիստոնէականէն ի վեր հրապարակուած առաջին համընդհանուր քրիստոնէական դասագիրքն էր։
== Վաղ Կեանք<ref name=":1" /> ==
Քարոլ Եոզեֆ Վոյթիլա (Karol Józef Wojtyła) ծնած է լեհական Վատովիցէ քաղաքին մէջ։ Ան լեհ Քարոլ Վոյթիլայի (1879–1941) եւ հեռաւոր լիթուանական ծագում ունեցող Էմիլիա Քաչորովսքայի (1884–1929) երեք զաւակներէն ամենակրտսերն էր։ Էմիլիան, որ ուսուցչուհի էր, մահացաւ սրտի կաթուածէ եւ երիկամային անբաւարարութենէ 1929 թուականին, երբ Վոյթիլա ութ տարեկան էր։ Անոր աւագ քոյրը՝ Օլկան, մահացած էր իր ծնունդէն առաջ, սակայն ան շատ մտերիմ էր իրմէ 13 տարիով մեծ եղբօր՝ Էտմունտի (ծանօթ իբրեւ Մունտեք) հետ։ Էտմունտի բժշկական աշխատանքը ի վերջոյ պատճառ դարձաւ անոր մահուան՝ խանտակառով (scarlet fever), կորուստ մը, որ խորապէս ազդեց Վոյթիլայի վրայ<ref>"CNN Report Pope John Paul II 1920–2005". ''CNN''. Archived from the original on 6 April 2005. Retrieved 1 January 2009.</ref><ref>Stourton 2006, p. 11.</ref>։
Վոյթիլան մկրտուեցաւ իր ծնունդէն ամիս մը ետք, Առաջին Հաղորդութիւնը ստացաւ 9 տարեկանին, իսկ Դրոշմի խորհուրդը՝ 18 տարեկանին։ Իբրեւ տղայ, Վոյթիլա մարզասէր էր, յաճախ ֆութպոլ կը խաղար իբրեւ դարպասապահ։ Իր մանկութեան ընթացքին Վոյթիլան շփում ունեցաւ Վատովիցէի հրէական մեծ համայնքին հետ։ Դպրոցական ֆութպոլային խաղերը յաճախ կը կազմակերպուէին հրեաներու եւ կաթոլիկներու խումբերուն միջեւ, եւ Վոյթիլան յաճախ կը խաղար հրեաներու կողմը։ 2005 թուականին ան վերյիշեց․ «Կը յիշեմ, որ Վատովիցէի տարրական դպրոցի դասընկերներէս առնուազն մէկ երրորդը հրեաներ էին։ Երկրորդական դպրոցին մէջ անոնք աւելի քիչ էին։ Ոմանց հետ շատ բարեկամական յարաբերութիւններու մէջ էի։ Եւ ինչ որ զիս կը զարմացնէր անոնցմէ ոմանց մէջ՝ անոնց լեհական հայրենասիրութիւնն էր»։ Մօտաւորապէս այս ատեն էր, որ երիտասարդ Քարոլը ունեցաւ աղջկայ մը հետ իր առաջին լուրջ յարաբերութիւնը։ Ան մտերմացաւ Կինքա Պէեր անունով աղջկայ մը հետ, որ նկարագրուած է իբրեւ «հրէական գեղեցկուհի՝ ապշեցուցիչ աչքերով եւ ագռաւի փետուրի պէս սեւ մազերով, վտիտ, արտակարգ դերասանուհի»<ref>Stourton 2006, p. 32.</ref>։
1938-ի միջոցներուն, Վոյթիլան եւ իր հայրը հեռացան Վատովիցէէն եւ տեղափոխուեցան Քրաքով, ուր ան արձանագրուեցաւ Եակիելոնեան Համալսարանը (Jagiellonian University)։ Ուսանելով այնպիսի նիւթեր, ինչպէս բանասիրութիւնն ու տարբեր լեզուներ, ան աշխատեցաւ իբրեւ կամաւոր գրադարանավար, եւ թէեւ անկէ կը պահանջուէր մասնակցիլ «Ակադեմական Լեգէոն»ի պարտադիր զինուորական վարժանքներուն, ան մերժեց զէնք արձակել։ Ան հանդէս եկաւ տարբեր թատերախումբերու հետ եւ աշխատեցաւ իբրեւ թատերագիր։ Այս ընթացքին անոր լեզուական տաղանդը ծաղկեցաւ, եւ ան սորվեցաւ մինչեւ 15 լեզուներ՝ լեհերէն, լատիներէն, իտալերէն, անգլերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, լիւքսամպուրկերէն, հոլանտերէն, ուքրաներէն, սերպ-խորուաթերէն, չեխերէն, սլովաքերէն եւ էսպերանթօ, որոնցմէ իննը լայնօրէն գործածեց իբրեւ հռոմէական պապ։
1939-ին, Լեհաստան ներխուժելէ ետք, Նացիական Գերմանիոյ բռնագրաւման ուժերը փակեցին համալսարանը։ Աշխատունակ տղամարդիկ պարտաւոր էին աշխատիլ, ուստի 1940-էն 1944 թուականներուն Վոյթիլան, Գերմանիա արտաքսուելէ (տեղահանուելէ) խուսափելու համար, աշխատեցաւ իբրեւ ճաշարանի սպասարկու, ինչպէս նաեւ կրաքարի հանքի մը մէջ իբրեւ ծանր աշխատաւոր եւ «Սոլվէյ» քիմիական գործարանին մէջ։ 1940 Փետրուարին ան հանդիպեցաւ Եան Թիրանովսքիին, որ զինք ծանօթացուց Կարմելեան հոգեւորականութեան եւ «Կենդանի Վարդարան» երիտասարդական խումբերուն։ Նոյն տարին ան ունեցաւ երկու ծանր արկածներ․ ելեկտրակառքի (թրամուայ) հարուածին հետեւանքով ստացաւ գանգի կոտրուածք, իսկ հանքին մէջ բեռնատար ինքնաշարժի զարնուելով՝ ստացաւ վնասուածքներ, որոնց պատճառով անոր մէկ ուսը միւսէն աւելի բարձր մնաց, եւ ան ունեցաւ մշտական կքուածք։ Անոր հայրը, որ նախկին աւստրօ-հունգարական ենթասպայ էր, իսկ հետագային՝ լեհական բանակի սպայ, մահացաւ սրտի կաթուածէ 1941 թուականին՝ երիտասարդ Վոյթիլան ձգելով որբ եւ անմիջական ընտանիքին միակ ողջ մնացած անդամը։ Անդրադառնալով իր կեանքի այս շրջանին՝ շուրջ 40 տարի ետք ան ըսած է․ «Ես մօրս մահուան ատեն այնտեղ չէի, եղբօրս մահուան ատեն այնտեղ չէի, հօրս մահուան ատեն այնտեղ չէի։ Քսան տարեկանիս արդէն կորսնցուցած էի բոլոր այն մարդիկը, որոնք կը սիրէի»<ref>Stourton 2006, p. 60.</ref>։
Հօր մահէն ետք ան սկսաւ լրջօրէն մտածել քահանայութեան մասին։ 1942 Հոկտեմբերին, մինչ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը կը շարունակուէր, ան բախեց Եպիսկոպոսարանի դուռը եւ խնդրեց ուսանիլ քահանայութեան համար։ Շուտով ան սկսաւ հետեւիլ դասընթացքներու գաղտնի ընդհատակեայ ընծայարանին մէջ, որ կը ղեկավարուէր Քրաքովի արքեպիսկոպոս, ապագայ կարտինալ Ատամ Սթեֆան Սափեհայի կողմէ։ 29 Փետրուար 1944-ին Վոյթիլան հարուածուեցաւ գերմանական բեռնատարի մը կողմէ։ Գերմանական Վերմախթի սպաները խնամեցին զինք եւ ուղարկեցին հիւանդանոց։ Ան երկու շաբաթ անցուց այնտեղ՝ ապաքինուելով ուղեղի ծանր ցնցումէն եւ ուսի վնասուածքէն։ Անոր թուաց, թէ այս արկածն ու իր ողջ մնալը իր կոչման հաստատումն էին։ 6 Օգոստոս 1944-ին՝ «Սեւ Կիրակի» կոչուող օրը, Կեսթափօն Քրաքովի մէջ երիտասարդ տղամարդիկ հաւաքեց՝ տեղւոյն ապստամբութիւնը ճնշելու նպատակով, ինչպէս որ ըրած էր Վարշաւայի վերջին ապստամբութեան ատեն։ Վոյթիլան փրկուեցաւ՝ պահուըտելով Թինեջքա փողոցի թիւ 10 հասցէին գտնուող իր հօրեղբօր տան նկուղին մէջ, մինչ գերմանական զօրքերը կը խուզարկէին վերնայարկը։ Աւելի քան 8,000 տղամարդիկ եւ տղաք ձերբակալուեցան այդ օրը, մինչ Վոյթիլան փախաւ Արքեպիսկոպոսարան, ուր մնաց մինչեւ գերմանացիներու հեռանալը<ref>''Między Heroizmem a Beatialstwem'' [''Between Heroism and Bestiality'']. Częstochowa. 1984.</ref><ref>Stourton 2006, p. 63.</ref><ref>Davies 2004, pp. 253–254.</ref>։
17 Յունուար 1945-ի գիշերը գերմանացիները փախան քաղաքէն, եւ սաները վերատիրացան աւերուած ընծայարանին։ Վոյթիլան եւ ուրիշ սան մը կամաւորագրուեցան զուգարաններէն սառած արտաթորանքի կոյտերը մաքրելու գործին։ Վոյթիլան նաեւ օգնեց Էտիթ Ցիրեր անունով 14-ամեայ հրեայ փախստական աղջկայ մը, որ փախած էր Չէնսթոխովայի նացիական աշխատանքային ճամբարէն։ Էտիթ ուշաթափած էր երկաթուղիի կայարանին վրայ, ուստի Վոյթիլան շալկեց զայն մինչեւ գնացք եւ անոր հետ մնաց Քրաքով տանող ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին։ Հետագային ան Վոյթիլային վերագրեց այդ օրը իր կեանքը փրկելու տասը։ «Պնէյ Պրիթ» (B'nai B'rith) կազմակերպութիւնն ու այլ իշխանութիւններ նշած են, որ Վոյթիլան օգնած է նացիներէն պաշտպանելու բազմաթիւ այլ լեհ հրեաներ։
Լեհաստանի նացիական բռնագրաւման ընթացքին, հրեայ ընտանիք մը իրենց որդին՝ Սթենլի Պերկըրը, ուղարկեց ոչ-հրեայ լեհ ընտանիքի մը մօտ՝ պահուըտելու համար։ Պերկըրի հարազատ հրեայ ծնողքը սպաննուեցան Ողջակիզման (Holocaust) ատեն, եւ պատերազմէն ետք Պերկըրի նոր քրիստոնեայ ծնողքը խնդրեցին Քարոլ Վոյթիլայէն, որ մկրտէ տղան։ Վոյթիլան մերժեց՝ ըսելով, որ երեխան պէտք է մեծնայ իր ծնողաց եւ ազգին հրէական հաւատքով, եւ ոչ թէ իբրեւ կաթոլիկ։ Ան ըրաւ ամէն կարելին, որպէսզի ապահովէ Պերկըրի հեռացումը Լեհաստանէն՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր հրեայ ազգականներուն կողմէ մեծցուելու համար։
2005 Ապրիլին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ․-ի մահէն կարճ ատեն անց, Իսրայէլի կառավարութիւնը ստեղծեց յանձնախումբ մը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ․-ի ժառանգութիւնը պատուելու համար։ Իտալիոյ հրէական համայնքի ղեկավար Էմմանուէլ Փաչիֆիչիի (Emmanuele Pacifici) առաջարկած պատուոյ տիտղոսներէն մէկն էր «Ազգերու Արդար» (Righteous Among the Nations) մետալը։ Վոյթիլայի վերջին՝ «Յիշողութիւն եւ Ինքնութիւն» (Memory and Identity) գիրքին մէջ, ան նացիական ռեժիմի 12 տարիները նկարագրեց իբրեւ «անասնութիւն»՝ մէջբերելով լեհ աստուածաբան եւ փիլիսոփայ Կոնստանտի Միխալսքիէն<ref>''Między Heroizmem a Beatialstwem'' [''Between Heroism and Bestiality'']. Częstochowa. 1984.</ref>։
== Եպիսկոպոսութիւն եւ կարտինալութիւն ==
=== Կոչում՝ եպիսկոպոսական աստիճանի ===
4 Յուլիս 1958-ին, երբ Վոյթիուա արձակուրդի ընթացքին մակոյկով կը շրջէր Լեհաստանի հիւսիսային լճային շրջանին մէջ, Պիոս ԺԲ. Պապը զինք նշանակեց Քրաքովի օժանդակ եպիսկոպոս։ Հետեւաբար, ան հրաւիրուեցաւ Վարշաւա՝ հանդիպելու Լեհաստանի Նուիրապետ՝Կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի հետ, որ զինք տեղեկացուց իր նշանակումին մասին<ref>John Paul II, Pope (2004). ''Rise, Let Us Be On Our Way''. Warner Books. ISBN <bdi>978-0-446-57781-6</bdi>.</ref><ref>Stourton 2006, p. 103.</ref>։ Վոյթիուա ընդունեց Քրաքովի արքեպիսկոպոս Էուկենիւշ Պազիաքի օժանդակ եպիսկոպոսի նշանակումը եւ 28 Սեպտեմբեր 1958-ին ստացաւ եպիսկոպոսական օծում (որպէս Օմբիի տիտղոսակիր եպիսկոպոս)․ ձեռնադրիչ գլխաւոր սրբազանն էր Պազիաքը, իսկ աջակից եպիսկոպոսներն էին Վրոցլաւի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսութեան օժանդակ եպիսկոպոս Պոլեսուաւ Կոմինեքը (Սոֆենէի տիտղոսակիր եպիսկոպոս) եւ Սանդոմեժի օժանդակ եպիսկոպոս Ֆրանչիշեք Եոփը (Դաւլիայի տիտղոսակիր եպիսկոպոս)։ Կոմինեքը յետագային դարձաւ Վրոցլաւի Կարտինալ-Արքեպիսկոպոս, իսկ Եոփը աւելի ուշ եղաւ Վրոցլաւի օժանդակ եպիսկոպոս, ապա՝ Օպոլէի եպիսկոպոս<ref>"His Holiness John Paul II, Biography, Pre-Pontificate". Holy See. Retrieved 1 January 2008.</ref>։ 38 տարեկանին Վոյթիուա դարձաւ Լեհաստանի ամէնաերիտասարդ եպիսկոպոսը։
1959-ին Վոյթիուա սկիզբ դրաւ ամէնամեայ աւանդութեան մը՝ Կաղանդի (Սուրբ Ծննդեան) գիշերուան Կէսգիշերային Պատարագ մատուցանելով Քրաքովի արուարձանին մէջ գտնուող Նովա Հութայի բաց դաշտին վրայ, որ բանուորական «մոտելային» քաղաք մըն էր՝ առանց որեւէ եկեղեցական շէնքի։ 1962 Յունիսին Պազիաք մահացաւ, եւ Յուլիս 16-ին Վոյթիուա ընտրուեցաւ Արքեպիսկոպոսութեան Կապիտուլար Փոխանորդ (ժամանակաւոր կառավարիչ)՝ մինչեւ նոր արքեպիսկոպոսի մը նշանակումը։<ref>"John Paul II Biography (1920–2005)". A&E Television Networks. Retrieved 1 January 2009.</ref><ref>"His Holiness John Paul II : Short Biography". ''Vatican Press Office''. 30 June 2005. Archived from the original on 30 December 2008. Retrieved 1 January 2009.</ref>
== Քահանայապետութիւն ==
=== Ընտրութիւն ===
1978 Օգոստոսին, Պօղոս Զ. Պապին մահէն ետք, Վոյթիուա քուէարկեց քահանայապետական ընտրողական ժողովին (քոնքլաւ) մէջ, որ ընտրեց Յովհաննէս Պօղոս Ա.-ը։ Յովհաննէս Պօղոս Ա. մահացաւ որպէս պապ ծառայելէ ընդամէնը 33 օր ետք՝ պատճառ դառնալով երկրորդ քոնքլաւի մը գումարման։
1978-ի երկրորդ քոնքլաւը սկսաւ 14 Հոկտեմբերին՝ յուղարկաւորութենէն տասը օր ետք։ Ժողովը երկուքի բաժնուած էր քահանայապետական երկու զօրաւոր թեկնածուներու միջեւ․ Ճանովայի պահպանողական արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Ճուզեփփէ Սիրի, եւ Ֆլորանսի ազատական արքեպիսկոպոս ու Յովհաննէս Պօղոս Ա.-ի մտերիմ բարեկամ՝ Կարտինալ Ճովաննի Պենելլի։
Պենելլիի աջակիցները վստահ էին, որ ան պիտի ընտրուէր, եւ նախնական քուէարկութիւններու ընթացքին Պենելլիին ընդամէնը ինն քուէ կը պակսէր յաջողութեան հասնելու համար։ Այնուամենայնիւ, երկուքն ալ բախեցան բաւարար ընդդիմութեան, որպէսզի որեւէ մէկը կարենար յաղթանակ տանիլ։ Միլանի արքեպիսկոպոս Ճովաննի Քոլոմպօն կը նկատուէր փոխզիջումային (համաձայնեցուած) թեկնածու իտալացի կարտինալ-ընտրողներու միջեւ, սակայն երբ սկսաւ քուէներ ստանալ, ան հրաժարեցաւ՝ հայտարարելով, որ ընտրուելու պարագային պիտի չընդունէր քահանայապետութիւնը։ Վիեննայի արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Ֆրանց Քէօնիկ իր ընտրակիցներուն առաջարկեց Վոյթիուան որպէս այլ փոխզիջումային թեկնածու։ Վոյթիուա յաղթեց երրորդ օրուան (16 Հոկտեմբեր) ութերորդ քուէարկութեան ընթացքին։
Վոյթիուայի շուրջ համախմբուած կարտինալներուն շարքին էին Ճուզեփփէ Սիրիի աջակիցները, Սթեֆան Վիշինսքին, ամերիկացի կարտինալներու մեծ մասը (Ճոն Քրոլի գլխաւորութեամբ) եւ այլ չափաւորական կարտինալներ։ Ան ընդունեց իր ընտրութիւնը հետեւեալ խօսքերով․ «Հաւատքի հնազանդութեամբ հանդէպ Քրիստոսի՝ իմ Տիրոջս, եւ վստահութեամբ՝ հանդէպ Քրիստոսի Մօր ու Եկեղեցւոյ, հակառակ մեծ դժուարութիւններուն, կ՚ընդունիմ»։ Ապա Պապը, ի նշան յարգանքի իր անմիջական նախորդին, ինչպէս նաեւ ի պատիւ հանգուցեալ Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս ԻԳ. Պապերուն, առաւ '''Յովհաննէս Պօղոս Բ.''' քահանայապետական անունը, իսկ աւանդական ճերմակ ծուխը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութեան տեղեկացուց, որ պապը ընտրուած է։ Լուրեր կային, թէ նոր պապը կը փափաքէր կոչուիլ '''Ստանիսլաւ Պապ'''՝ ի պատիւ համանուն լեհ սուրբին, սակայն կարտինալները զինք համոզած էին, որ այդ մէկը հռոմէական անուն չէր։ Երբ նոր քահանայապետը երեւցաւ պատշգամին վրայ, ան խախտեց աւանդութիւնը՝ դիմելով հաւաքուած բազմութեան․<blockquote>«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք տխուր ենք մեր սիրելի Յովհաննէս Պօղոս Ա. Պապին մահուան համար, եւ ուստի կարտինալները հրաւիրեցին Հռոմի նոր եպիսկոպոս մը։ Անոնք զինք հրաւիրեցին հեռաւոր երկրէ մը․ հեռաւոր, եւ սակայն միշտ մօտիկ՝ հաւատքի եւ քրիստոնէական աւանդութիւններու մեր հաղորդութեան պատճառով։ Ես կը վախնայի այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ, բայց եւ այնպէս կ՚նեմ զայն՝ Տիրոջ հանդէպ հնազանդութեան եւ մեր Սրբուհի Մօր՝ Մարիամի հանդէպ ամբողջական հաւատարմութեան ոգիով։ Ես ձեզի հետ կը խօսիմ ձեր... ո՛չ, մեր իտալերէն լեզուով։ Եթէ սխալ մը ընեմ, կը խնդրեմ, սրբագրեցէ՛ք զիս»<ref>Stourton 2006, p. 171.</ref><ref>Agasso, Renzo. ''Caro Karol''. Effata Editrice IT, 2011. p. 23.</ref><ref>Bottum, Joseph (18 April 2005). "John Paul the Great". ''The Weekly Standard''. pp. 1–2. Retrieved 1 January 2009.</ref><ref>First Greetings and First Blessing to the Faithful: Address of John Paul II, Monday, October 16, 1978 {{webarchive|url=https://web.archive.org/web/20131018234821/https://www.vatican.va/holy_father/john_paul_ii/speeches/1978/documents/hf_jp-ii_spe_19781016_primo-saluto_it.html|date=18 October 2013}}. Vatican. ''Vatican.va''.</ref>։</blockquote>Վոյթիուա դարձաւ 264-րդ պապը՝ ըստ պապերու ժամանակագրական ցանկին, եւ առաջին ոչ իտալացին՝ 455 տարուան ընթացքին։ Ըլլալով ընդամէնը 58 տարեկան՝ ան ամէնաերիտասարդ պապն էր 1846-ի Պիոս Թ. Պապէն ի վեր, որ 54 տարեկան էր։ Իր նախորդին նման, Յովհաննէս Պօղոս Բ. հրաժարեցաւ աւանդական պապական գահակալութեան պսակադրութենէն (գահակալութեան թագադրութենէն) եւ փոխարէնը ստացաւ եկեղեցական պաշտօնական ձեռնադրութիւն/օծում՝ պարզեցուած պապական գահակալութեան արարողութեամբ մը, 22 Հոկտեմբեր 1978-ին։ Իր գահակալութեան ընթացքին, երբ կարտինալները պիտի ծնկէին իր առջեւ՝ իրենց ուխտը տալու եւ իր մատանին համբուրելու համար, ան ոտքի ելաւ, երբ լեհ հոգեւորական՝ Կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքին ծնկի եկաւ, արգիլեց զինք մատանին համբուրելէ եւ պարզապէս գրկախառնուեցաւ անոր հետ<ref>"Events in the Pontificate of John Paul II". vatican.va. 30 June 2005. Archived from the original on 28 October 2011. Retrieved 1 January 2009.</ref>։
== 1983-ի Կանոնական Օրէնսգիրքի եւ 1992-ի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի հրապարակումը ==
Յովհաննէս Պօղոս Բ. ամբողջական բարեփոխումի ենթարկեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրաւական համակարգը (լատինական եւ արեւելեան), ինչպէս նաեւ բարեփոխեց Հռոմէական Քուրիան (պապական վարչակազմը)։
18 Հոկտեմբեր 1990-ին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքը հրապարակած ատեն, Յովհաննէս Պօղոս Բ. հաստատեց․<blockquote>«Այս Կանոնագիրքի հրապարակումով, ամբողջ Եկեղեցւոյ կանոնական կարգաւորումը ի վերջոյ կը հասնի իր լրումին՝ յաջորդելով... 1988-ի "Հռոմէական Քուրիայի մասին Առաքելական Սահմանադրութեան", որ աւելցուած է երկու Կանոնագիրքերուն ալ որպէս Հռոմի Քահանայապետին գլխաւոր գործիքը՝ "այն հաղորդութեան համար, որ կը միաւորէ, կարծես թէ, ամբողջ Եկեղեցին"»։<ref>Ap. Const. ''Sacri Canones''. Code of Canons of the Eastern Churches, Latin-English Edition, New English Translation (Canon Law Society of America, 2001), page xxv. Cf. ''Pastor Bonus'' n. 2</ref></blockquote>1998-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. հրապարակեց ''«Ad tuendam fidem»'' ինքնագիր (motu proprio) հրովարտակը, որ փոփոխութեան ենթարկեց 1983-ի Կանոնական Օրէնսգիրքի երկու կանոնները (750 եւ 1371) եւ 1990-ի Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքի երկու կանոնները (598 եւ 1436)։
== Ներողութիւններ ==
Յովհաննէս Պօղոս Բ. ներողութիւն խնդրեց բազմաթիւ խումբերէ, որոնք տարիներու ընթացքին տառապած էին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ձեռքով։ Նախքան պապ դառնալը, ան եղած էր այնպիսի նախաձեռնութիւններու ակնառու խմբագիրն ու աջակիցը, ինչպիսին էր 1965-ի Լեհ Եպիսկոպոսներու հաշտութեան նամակը՝ Գերմանացի Եպիսկոպոսներուն։ Որպէս պապ, ան պաշտօնապէս հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց ավելի քան 100 սխալներու եւ իրագործուած անարդարութիւններու համար, որոնցմէ են․
* Իտալացի գիտնական եւ փիլիսոփայ Կալիլէօ Կալիլէյի (որ ինքն ալ ջերմեռանդ կաթողիկէ մըն էր) դէմ 1633-ի շուրջ տեղի ունեցած դատական գործընթացին համար (31 Հոկտեմբեր 1992)։
* Ատլանտեան ստրկավաճառութեան մէջ կաթողիկէներու ունեցած մասնակցութեան համար (9 Օգոստոս 1993)։
* Բողոքական Բարեկարգութեան (Ռեֆորմացիայի) յաջորդած խարոյկի վրայ այրումներուն եւ կրօնական պատերազմներուն մէջ եկեղեցական նուիրապետութեան ունեցած դերին համար (20 Մայիս 1995, Չեխիոյ Հանրապետութիւն)։
* Կանանց դէմ գործադրուած անարդարութիւններու, կանանց իրաւունքներու ոտնահարման եւ պատմութեան ընթացքին կանանց նսեմացման համար (10 Յուլիս 1995, «Իւրաքանչիւր կնոջ» ուղղուած նամակին մէջ)։
* Հոլոքոսթի ընթացքին բազմաթիւ կաթողիկէներու անգործութեան եւ լռութեան համար (16 Մարտ 1998)։
2000 թուականի Մեծ Յոբելեանը ներառեց նաեւ Եկեղեցւոյ մեղքերու թողութեան աղօթքի օր մը՝ 12 Մարտ 2000-ին։
20 Նոյեմբեր 2001-ին, Վատիկանէն դիւրակիր համակարգիչով (laptop) Յովհաննէս Պօղոս Բ. ղրկեց իր առաջին ելեկտրոնային նամակը (e-mail)՝ ներողութիւն խնդրելով կաթողիկէ եկեղեցականներու սեռային չարաշահումներու դէպքերուն համար, Աւստրալիոյ մէջ եկեղեցւոյ հովանաւորած բնիկ (ապորիճինալ) երեխաներու «Գողցուած սերունդներուն» համար, ինչպէս նաեւ Չինաստանէն՝ գաղութատիրական շրջանին կաթողիկէ առաքելանոցներու (միսիոնարներու) վարքագիծին համար։
== Մահ եւ յուղարկաւորութիւն ==
=== Վերջին ամիսները ===
1 Փետրուար 2005-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. հիւանդանոց փոխադրուեցաւ կրիփի (կրիպի) հետեւանքով առաջացած շնչառական դժուարութիւններու պատճառով։ Ան հիւանդանոցէն դուրս ելաւ 10 Փետրուարին, սակայն երկու շաբաթ ետք դարձեալ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ շնչառական խնդիրներով եւ ենթարկուեցաւ շնչափողահատումի (թրաքէօթոմիա)։
=== Վերջին հիւանդութիւնը եւ մահը ===
31 Մարտ 2005-ին, միզուղիներու վարակումէ մը ետք, անոր մօտ առաջացաւ սեպտիկ տագնապ (արեան վարակում)՝ բարձր ջերմութեամբ եւ արեան ցած ճնշումով, սակայն ան հիւանդանոց չփոխադրուեցաւ։ Փոխարէնը, անոր առողջական վիճակին կը հետեւէր մասնագէտ բժիշկներու խումբ մը՝ իր անձնական բնակարանին մէջ։ Ասիկա Պապին եւ իրեն մօտիկ եղողներուն կողմէ ընկալուեցաւ որպէս նշան, որ ան կը մօտենար մահուան․ ատիկա կը համապատասխանէր Վատիկանի մէջ մահանալու իր փափաքին։ Նոյն օրը աւելի ուշ, Վատիկանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին տրուած էր Հիւանդաց Օծման խորհուրդը՝ իր բարեկամին եւ քարտուղարին՝ Սթանիսլաւ Տզիվիշի կողմէ։ Իր մահէն մէկ օր առաջ, իր ամենամտերիմ անձնական բարեկամներէն մէկը՝ Աննա-Թերեզա Թիմիենիցքան, այցելեց իրեն՝ անկողնոյն մօտ։ Պապին կեանքի վերջին օրերուն, Առաքելական Պալատի վերին յարկին գտնուող պապական բնակարանին մէջ, ուր ան պառկած էր, լոյսերը վառ պահուեցան ամբողջ գիշերը։ Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուեցան եւ երկու օր շարունակ հսկում կատարեցին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին եւ շրջակայ փողոցներուն մէջ։ Լսելով այս մասին՝ հոգեվարքի մէջ գտնուող պապը, ըստ ըսուածին, հաստատած է․ «Ես ձեզ փնտռեցի, եւ հիմա դուք եկաք իմ մօտ, եւ երախտապարտ եմ ձեզի»<ref>"Final Days, Last Words of Pope John Paul II". Catholic World News (CWN). 20 September 2005. Retrieved 1 January 2009.</ref>։
Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2005-ին, Կեդրոնական Եւրոպայի ամառնային ժամանակով (CEST) մօտաւորապէս ժամը 15:30-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. արտասանեց իր վերջին խօսքերը լեհերէնով՝ ''«Pozwólcie mi odejść do domu Ojca»'' («Թոյլ տուէք ինծի երթալ Հօր տունը») իր օգնականներուն, եւ շուրջ չորս ժամ ետք ինկաւ անզգայութեան (քոմայի) մէջ։ 30 Ապրիլ 2000-ին Ֆաւսթինա Քովալսքայի սրբադասումը հաստատող Զատկուան Երկրորդ Կիրակիի նախօրէի Պատարագը նոր աւարտած էր իր անկողնոյն մօտ, որ գլխաւորած էր Տզիվիշը եւ երկու լեհ պաշտօնակիցներ։ Անկողնոյն մօտ ներկայ էր նաեւ ուքրանացի Կարտինալ Լուպոմիր Հուսարը, որ Լեհաստանի մէջ որպէս քահանայ ծառայած էր Յովհաննէս Պօղոսի հետ, ինչպէս նաեւ «Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտի Սպասաւորուհի Քոյրեր» միաբանութեան լեհ կրօնաւորուհիները, որոնք կը վարէին պապական տնտեսութիւնը։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. մահացաւ իր անձնական բնակարանին մէջ ժամը 21:37-ին (CEST / 19:37 UTC)՝ սեպտիկ տագնապի հետեւանքով առաջացած խոր ճնշումնկումէն (հիփոթենզիայէ) եւ արեան շրջանառութեան ամբողջական կանգէն յառաջացած սրտի կանգի (սրտի կաթուածի) պատճառով։ Անոր մահը հաստատուեցաւ, երբ 20 վայրկեան շարունակուած ելեկտրասրտագրութիւնը (ԷԷԿ/ECG) ցոյց տուաւ ուղիղ գիծ<ref>The New York Times (19 September 2005). "Vatican Releases Official Record of Pope John Paul II's Final Days". ''The New York Times''. Retrieved 29 January 2018.</ref>։
Իր մահուան ատեն ան չունէր մօտիկ ընտանիք․ իր զգացումները արտացոլուած են 2000 թուականին իր Վերջին Կտակին վերջաւորութեան գրուած խօսքերուն մէջ։ Յետագային Տզիվիշ ըսաւ, որ ինք չէր այրած քահանայապետին անձնական նշումները՝ հակառակ անոր որ այդ խնդրանքը կտակին մէկ մասը կը կազմէր։<ref>"Pope aide 'has not burned papers'". ''BBC News''. 5 June 2005. Retrieved 12 August 2013.</ref>
== 100 Ամեակ ==
Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ Վատիկանի հրատարակչատունը լոյս ընծայած է «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-100 տարի։ Խօսքեր եւ լուսանկարներ» վերնագրով հատոր մը: Գիրքին նախաբանին հեղինակն է Ֆրանսիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Այս գիրքը կ՚ամփոփէ անոր կեանքի մանրամասները՝ ծնունդէն մինչեւ մահ<ref>{{Cite web|url=https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2020-05/hy-karol-wojtyla-100-anni.html|title=Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակին առթիւ լոյս կը տեսնէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ - 100 տարի։ Խօսքեր եւ լուսանկարներ» հատորը։ - Vatican News|date=2020-05-06|website=www.vaticannews.va|language=hy|accessdate=2026-10-02}}</ref>:
== Պատկերասրահ ==
<gallery widths="150" heights="150">
Պատկեր:PopeJohnPaulIIStatueAlmudena gobeirne.jpg|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:PopeJohnPaulIIStatueAlmudena_gobeirne.jpg|[[Մատրիտ|<small>Մա</small><small>տրիտ</small>]]<small>,</small> [[Սպանիա|<small>Սպանիա</small>]]
Պատկեր:Park Jordana w Krakowie - JPII.JPG|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:Park_Jordana_w_Krakowie_-_JPII.JPG|[[Քրաքով|<small>Քրաքով</small>]]<small>, [[Լեհաստան]]</small>
Պատկեր:Praça João Paulo II.jpg|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:Pra%C3%A7a_Jo%C3%A3o_Paulo_II.jpg|<small>Քոիմպրա, [[Փորթուկալ]]</small>
Պատկեր:Pápež Košice1.jpg|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:P%C3%A1pe%C5%BE_Ko%C5%A1ice1.jpg|<small>Քոշիցէ, [[Սլովենիա]]</small>
</gallery>
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
[[Ստորոգութիւն:Հռոմի Պապեր]]
a2udyyi2t4r6cxqb8ja5u72foip7iyl